ԱՐԴԱՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Երեւանի Գրողներու տան մէջ վերջին օրերուն մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ի պատիւ քուէյթահայ հասարակական գործիչ ու բարերար, նաեւ գրող Կիրակոս Գույումճեանի, որ սփիւռքի եզակի դէմքերու շարքին կը դասուի ու կը ջանայ մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան խթանման ճանապարհին։ Մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին Կիրակոս Գույումճեանին շնորհ-ւեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Գրական վաստակ» շքանշանը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մրցանակը Կիրակոս Գույումճեանին շնորհուեցաւ՝ հայ գրականութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան բարձր գնահատեց մեծարեալի անցած ուղին ու վաստակը՝ մասնաւորապէս մատնանշելով արաբերէն ստեղծագործութիւններու կտրուածքով ցուցաբերած ուշադրութիւնը եւ եռանդը։ 

Կիրակոս Գույումճեան, որ իր թոռնիկներուն հետ մասնակցեցաւ պարգեւատրման արարողութեան, հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Այս առթիւ ան կրկնեց իր նուիրումը՝ հայ գրականութեան, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի խնդիրներուն նկատմամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022