ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս օրերուն կ՚այցելէ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան կ՚ունենայ զանազան շփումներ։ Այս շրջանակին մէջ Պերճ Սեդրակեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։

Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Պերճ Սեդրակեանի զրոյցը տեւած է շուրջ ժամ մը։ Անոնք անդրադարձած են Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022