ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ան Սոչիի մէջ պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը ներկայիս կը շարունակուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Անգարայի աղբիւրները քանի մը օր առաջ արդէն տեղեկացուցին Էրտողանի այցելութեան մասին։ Այդ հաղորդումներէն անմիջապէս վերջ, Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Էրտողանի Սոչի կատարելիք այցի առընչութեամբ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, արտաքին քաղաքականութեան հարցերով Քրեմլինի աւագ խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքով յայտարարեց, որ թուրք եւ ռուս ղեկավարներու յառաջիկայ շաբթուան տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Հարկ է յիշեցնել, որ միջոց մը առաջ ռուսական կողմը նախաձեռնած էր «Սուրիոյ ժողովուրդներու համաժողով» մը կազմակերպելու աշխատանքներուն։ Նախատեսուած էր այդ համաժողովին հրաւիրել նաեւ Սուրիոյ քիւրտերը։ Այդ կէտին վրայ թրքական կողմը դրսեւորեց որոշ վերապահութիւն եւ Մոսկուան ալ յետաձգեց համաժողովը։ Էրտողան-Փութին քննարկումները տեղի պիտի ունենան այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ։
Ըստ Եուրի Ուշաքովի բացատրութիւններուն, Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները վերադարձած են մօտաւոր անցեալի ճգնաժամին նախորդող վիճակին եւ ներկայիս կարեւոր թափ ստացած են։ Ուստի, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը մանրամասնօրէն պիտի քննարկուի երկու նախագահներուն կողմէ։ Էրտողան եւ Փութին բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն պիտի շօշափեն Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ հարցերը։ Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ «Սուրիոյ ժողովուրդներու համաժողով»ի կազմակերպման վերաբերեալ հարցերն ալ մաս կը կազմեն օրակարգային հաւանական նիւթերու շարքին։