ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներուն։ Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու առընթեր, այս խորհրդակցութեան մասնակցեցան երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն պատկան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ըստ ոլորտներու ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական հիմնական խնդիրները եւ իրավիճակի բարելաւման հնարաւորութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ պետական քաղաքականութեան թիրախաւորման հիմքին կարեւորուած՝ երկրի ժողովրդագրական իրավիճակի վրայ ազդող հիմնական մաքրօգործօններուն, գերակայութիւններուն եւ անոնց լոյսին ներքեւ իրականացուելիք միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ թիրախային նպատակին հասնելու խթաններուն։

Խորհրդակցութեան սկիզբին Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու համազգային նպատակը դժուարին, բայց իրականանալի խնդիր մըն է։ Ան յաղթահարելի համարեց նաեւ ժողովրդագրական իրավիճակի վրայ ներկայիս բացասաբար ազդող՝ Հայաստանի եւ հարեւաններու ունեցած յարաբերութիւններու պատճառով առկայ անվտանգութեան խնդիրները։ Նախանշուած թիրախային նպատակին հասնիլը, Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, պէտք է ըլլայ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններու խնդիրը եւ 2040 թուականէն վերջ ալ ժողովրդագրական իրավիճակի շարունակական բարելաւումը պէտք է կարեւորուի նոյն չափով։

Խորհրդակցութեան ընթացքին արտայայտուած կարծիքներուն հիման վրայ Սերժ Սարգսեան տուաւ շարք մը յանձնարարականներ։ Մասնաւորապէս կառավարութեան յանձնարարուեցաւ մշակել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական իրավիճակի (մինչեւ 2040 թուականը) բարելաւման ռազմավարական հիմնադրոյթները, արտացոլել զանոնք մինչեւ 2030 թուականը երկրի զարգացման ռազմավարութեան մէջ՝ սահմանելով համապատասխան բաղադրիչներ եւ հնգամեայ թիրախներ յետագայ ծրագրերու մշակման եւ իրականացման համար։ Ընդգծուեցաւ, որ կառավարութեան կողմէ մշակուող բոլոր ռազմավարական ծրագրերը պէտք է անդրադառնան ժողովըր-դագրական իրավիճակին՝ հիմք ընդունելով կառավարութեան իսկ կողմէ հաստատուած ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման մինչեւ 2040-ի ռազմավարական հիմնադրոյթներն ու այդ պահուն գործող համապարփակ ռազմավարական ծրագրի մօտեցումները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017