ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՔԱԹԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Տոհա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հետ։ Այս առթիւ անոնք կը քննարկեն երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները՝ այդ բոլորին անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու համայնապատկերին վրայ։

Տոհայի միջազգային օդակայանին մէջ Արմէն Սարգսեան դիմաւորուեցաւ Քաթարի Պետական նախարար Համիտ պին Ապտիւլազիզ էլ Քուվարիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021