Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակած են Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի մը հաստատման հեռանկարներուն շուրջ։
Չավուշօղլու եւ Պայրամով կանգ առած են նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու կեանքի կոչման վերաբերեալ նիւթերու վրայ։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021