ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլտատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ Մոսկուա այս փուլին ինքզինքին աւելի մօտիկ կը նկատէ Անգարան՝ Աթէնքի բաղդատմամբ։ Թերթերը կը շեշտեն, որ ռուսական կողմը համապատասխան պատգամը յստակօրէն փոխանցած է՝ ներառեալ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի բերնով։ Ռուսաստան այս փուլին անհանգստութիւններ ունի՝ Եգէականի ափի Տետէաղաչի շրջանէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Յունաստանի տարածքին մէջ կատարուած զինուորական կուտակումներուն հետեւանքով։ Այդ բոլորը տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ հետ սահմանակից գօտիի մէջ։

Միցոթաքիս Փութինի հետ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձած է ուժանիւթի ոլորտին՝ նկատի ունենալով, որ Յունաստան յառաջիկայ ձմրան համար Ռուսաստանէն բնական կազի յարմար սակագին մը կ՚ակնկալէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021