ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ՇԵՇՏՈՎ ԿԸ ԽՕՍԻ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԻ ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» բանակցային ձեւաչափը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ՝ եթէ պարզուի, որ այդ հարթակին վրայ պիտի չքննարկուին այնպիսի հարցեր, որոնց քննարկման շուրջ հայկական կողմը այլ ձեւաչափերու մէջ ներգրաւուած է։ Վարչապետ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ կրկնեց այս մօտեցումը, որ վերջին շրջանին Երեւանէն յաճախ կը բարձրաձայնուի եւ անոր նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ՝ մանաւանդ այն հանգամանքի լոյսին տակ, թէ Թիֆլիզ կը մերժէ նախատեսուած այս հարթակին ներգրաւուելու։ Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան նշեց, որ այս հարցը քննարկման նիւթ դարձած է նաեւ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ։ Ռուսաստանն ալ այս կապակցութեամբ կը բաժնէ Հայաստանի տեսակէտը։

«Յառաջիկայ օրերուն, եթէ չեմ սխալիր, դեկտեմբերի 10-ին, «3+3» կամ «3+2» ձեւաչափի նախնական նիստի նման հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ։ Հայաստան պիտի մասնակցի արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալի մակարդակով, որովհետեւ այս ձեւաչափով տեղի պիտի ունենայ այն նախնական հանդիպումը, ուր պիտի քննարկուին ապագայ ընելիքները։ Շարունակութիւնը պիտի ըլլայ ըստ այդ քննարկման արդիւնքներուն», ըսաւ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021