ԸՍՏ HÜRRİYET-Ի, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

«Հիւրրիյէթ» երէկ գրեց, որ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը վերապահ քայլերով կը շարունակուի։ Այսպէս, երկու երկիրներու միջեւ օդային ուղղակի բեռնափոխադրումներու սկսելուն ուղղեալ պատրաստութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին։ Թերթի աղբիւրները նշած են, որ մինչեւ տարեվերջ օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները պիտի սկսին երկու երկիրներու միջեւ։ Այսպէսով ուղղակիօրէն օդային բեռնափոխադրումով Հայաստանի մէջ վաճառել կարելի պիտի ըլլայ այն թրքական ապրանքները, որոնք Վրաստանի վրայով կ՚առաքուին։

Այս պահուն աշխատանք կը տարուի նաեւ ուրիշ նիւթի մը վրայ։ Այսպէս, Ալիճան սահմանադրան բացման համար մասնագէտներ թեքնիք բնոյթով աշխատանքներ յառաջ կը տանին։ Այս անցակէտը առաջին հերթին պիտի բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Ճանապարհին վրայ կը գտնուի կամուրջ մը՝ 128 մերթ երկարութեամբ։ Անվտանգ անցքերու համար անհրաժեշտ կը նկատուի այս կամուրջի վերանորոգումը։ Քանի մը շաբաթ առաջ մասնագէտներու մակարդակով այս նիւթին շուրջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Յամենայնդէպս, շրջանի խստաշունչ ձմրան պայմաններուն հետեւանքով այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլերը քիչ մը եւս ժամանակ պիտի առնեն։ Յաջորդ քայլափոխին կը նախատեսուի երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի առեւտուրին սկսիլը եւ այս նպատակով ալ այժմէն ցած մակարդակի վրայ թեքնիք աշխատանքները սկսած են։

Այս բոլորը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու շրջանակին մաս կը կազմէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022