ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դրական երանգներով եւ կարեւոր ակնկալիքներով փակեց 2017 տարին: Բնականաբար անցեալ տարուան ամենէն կարեւոր ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ կնքուած համաձայնագիրն էր, որ կարեւոր ու դրական սպասումներ բերող դուռ մը պիտի ըլլայ հայութեան համար: Քաղաքական արեւելումներու առընթեր յստակ կեցուածք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շատերու կողմէ անսպասելի համարուած այս համաձայնութիւնը կնքելով՝ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ ինք «խաղին տէր»ը քաղաքական գործիչ մըն է:

Ռուսական ճակատին հետ սերտ յարաբերութիւններ, ներքին կայունութեան վրայ կարեւոր գրաւ, քաղաքական կեանքին մէջ նոր առիթներու ձեւաւորում ու ամենակարեւորը յառաջիկայ տարի՝ 2018-ին խորհրդարանական համակարգի անցում. այս բոլորը շեշտակի խորագրերն են այն կարեւոր գործօններուն, որոնք պիտի պարփակեն Հայաստանի ու հայութեան ընդհանուր կեանքը, անշուշտ չմոռնալով Մայիսեան առաջին հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձի նշումը, որ ամենէն աւելի պէտք է դառնայ հաշուետուութեան եւ պատմութենէն դասեր քաղելու կարեւոր առիթ:

Ներքոգրեալ սիւնակներով փորձած ենք կարճ եւ անմիջական ոճով մը մեր ընթերցողներուն ներկայացնել տարուան հիմնական զարգացումները: Միշտ շեշտը դնելով անաչառ լրագրութիւն կատարելու հիմնարար սկզբունքին վրայ: Տարբեր մակարդակի դէպքեր, իրադարձութիւններ, երկրի վիճակագրական պատկերը ներկայացնող կարճ լուրեր եւ պատահարներ ներկայացնելով՝ փորձած ենք հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել հայրենի կեանքի կարեւոր առանցքները, միշտ նպատակ ունենալով տեղ տալ հայկական կեանքի երանգապնակը լեցնող բոլոր կողմերուն եւ երեսակներուն:

Այս բոլորէն անդին ու վստահելով մեր սիրելի ընթերցողներու հաւատարմութեան՝ պիտի արձագանգենք ու ըսենք, որ մենք մեզ լաւագոյնը չհամարելով հանդերձ փորձած ենք կարելի եղածին չափ շարունակել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընդհանուր քաղաքականութիւնը, այն ապաւէնով, որ հարիւր եւ աւելի տարիներու աւանդին վրայ հիմնուած մեր սիրելի թերթը ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ Պոլսոյ եւ առհասարակ հայաշխարհի վստահելի եւ լուսատու լրատուական փարոսներէն մին:

Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րը՝ 2017-ին 

ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը հրապարակեց 100 օրուան աշխատանքներու ամփոփումը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը տրամադրեց կառավարութեան գործունէութեան 100 օրուան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն: Նշենք, որ կառավարութեան աշխատանքի ամփոփ տեղեկագրին հրապարակման զուգահեռ մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս կու գար վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Ան ասուլիսի ընթացքին կ՚ամփոփէր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործունէութեան 100 օրը եւ կը ներկայացնէր տարբեր ոլորտներու ախտորոշուած խնդիրները, որոնց լուծման տեսլականը եւ այդ ուղղութեամբ 100 օրերու ընթացքին կատարուած աշխատանքները:

Սերժ Սարգսեան. «Արցախցիները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ի՞նչ կարգավիճակով կ՚ուզեն ապրիլ»

Զօրացուած զինուորական ծառայողներու հետ Դիլիջանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Նախագահ Սերժ Սարգսեան կրկնած է իր դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ: «Մեր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը որոշելն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու միջոցով», ըսած է նախագահը՝ ընդգծելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի արցախցիներուն պարտադրել ապրելու իրենց պայմաններով: «Այնտեղ ապրողները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ կարգավիճակով կ՚ուզեն ապրիլ: Որեւէ մէկը իրաւունք չունի անոնց պարտադրել ապրիլ իրենց պայմաններով. ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ ուրիշները: Ես չեմ ըսեր, որ հայ ժողովուրդի կամքը պէտք է անտեսել: Բացարձակապէս ոչ, որովհետեւ առանց Հայաստանի, առանց մեր ողջ ժողովուրդի, Ղարաբաղի մէջ ապրողները բոլոր ժամանակներուն կարող չեն այդ խնդիրը լուծել: Բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է որոշենք իրենց փոխարէն: Մենք պէտք է սատարենք, որպէսզի անոնց կամքը կատարուի: Եւ ես վստահ եմ, որ կու գայ ժամանակ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կը լուծուի այդ ճանապարհով», յաւելած է հանրապետութեան ղեկավարը: Անդրադառնալով բանակցային գործընթացին՝ Սերժ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ այս ամբողջ ընթացքին հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ եղած են տարբեր մօտեցումներ ու առաջարկներ, սակայն մենք երբեք այնքան մօտ չենք եղած իր նշած նպատակին, որքան հիմա, եւ միջազգային հանրութեան մօտեցումներն ալ այսքան յստակ չեն եղած: «Այսօր միջազգային հանրութեան մօտեցումը ակնյայտ է. Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն կողմէ: Բայց խնդիրը այն է, որ մենք գործ ունինք կողմի մը հետ, որու նպատակն է հայութեան դուրսմղումը Լեռնային Ղարաբաղէն: Անոնք կարողացան այդ ընել Նախիջեւանի մէջ, անոնք կարողացան այդ ընել մնացած հայաշատ վայրերու մէջ, եւ անոնց նպատակը սա է, ուստի բացարձակապէս վստահութիւն չկայ: Իսկ եթէ վստահութիւն չկայ, ապա մենք պիտի կարողանանք ամրագրել այնքան մանրամասներ, որոնք հնարաւորութիւն չեն տար իրենց՝ կէս ճանապարհին կանգնելու», ըսած է Նախագահ Սարգսեան՝ յաւելելով, որ մնացած բոլոր խնդիրները հեշտութեամբ կը լուծուին, եթէ ատրպէյճանցիները իրօք անկեղծ ըլլան իրենց մօտեցումներում մէջ:

Սերժ Սարգսեան Ծառուկեանի մասին. «Ես չեմ ողջունած Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական դաշտ վերադառնալը»

«Շատ հակիրճ կ՚ըսեմ՝ ես չեմ ողջուներ Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական դաշտ վերադառնալը, իսկ ինչ կը վերաբերի դաշինքներու կազմաւորման կամ քաղաքական տարբեր ուժերու մասնակցութեան ընտրապայքարին, ինչպէս ըսի՝ դրական երեւոյթ կը համարեմ», այսպէս յայտատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան «Հանրապետական» կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նիստին իր ունեցած ելոյթի ընթացքին։ Նախագահը անդրադարձած է նաեւ տեղի ունեցող դաշինքներու կազմաւորման գործընթացին եւ նշած. «Շատ առողջ եւ ողջունելի գործընթաց է: Կը յիշէք, սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկումներու ընթացքին մենք կը պնդէինք, որ տեղի կ՚ունենայ քաղաքական հաստատութիւններու, քաղաքական հիմնարկներու խոշորացում, կը ձեւաւորուին դաշինքներ, եւ կ՚ունենանք շատ աւելի կայուն եւ արդիւնաւէտ քաղաքական դաշտ: Անցած է ընդամէնը մէկ տարիէն մի քիչ աւելի, եւ ահա, խնդրեմ, տեսէք, որ մենք ճիշդ կը պատկերացնէինք գործընթացը: Մենք առնուազն տասնհինգ տարիէ ի վեր կը լսէինք, որ մեր երկրին մէջ կայացած չէ քաղաքական դաշտը, որ մեր երկրին մէջ կուսակցութիւնները չեն խոշորանար: Կը խօսէինք, իւրաքանչիւրը տարբեր դեղատոմսեր կ՚առաջարկէր, բայց գործընթաց չէր ընթանար: Ես վստահ եմ, որ ընտրութիւններէն յետոյ այդ դաշինքները կը դառնան կուսակցութիւններ: Մնացած փոքր կուսակցութիւնները, անշուշտ, կը մնան, բայց անոնք այլեւս որեւէ դերակատարում չեն ունենար, կուսակցութիւնները կը խոշորանան: Այդ մեր երկրին անհրաժեշտ է, եւ կ՚ուզեմ, որ առաջին հերթին դուք, այնուհետեւ նաեւ մեր ժողովուրդը վստահ ըլլայ, որ այն գաղափարները, որոնք դարձած են Սահմանադրութիւն, այսպէս չ՚ըլլար: Կրնան ըլլալ որոշակի անհարթութիւններ, որոշակի թեթեւ խնդիրներ յառաջանայ, բայց մենք համակարգ կը փոխենք, նոր համակարգ կը ստեղծենք, եւ այդ պարագային անհարթութիւնները, այդ եղած փոքր խնդիրները, կը կարծեմ, որեւէ խոչընդոտ չեն եւ չեն կրնար դառնալ խնդիրներ: Մարդ տուն մը կը կառուցէ, հարիւրաւոր խնդիրներ կը յառաջանան, յետոյ միտքը կը դնէ երկրորդը կառուցել իր սխալներու համար, իրեն հաճելի չեկածի վրայ, իսկ մենք պետութեան կառավարման համակարգ կը փոխենք, եւ բոլորս այստեղ պէտք է շատ համոզուած ըլլանք»:

ՓԵՏՐՈՒԱՐ

Հայաստան-Միջազգային դրամատուն նոր համաձայնագիր

2016 թուականի 23 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ ստորագրուեցաւ «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիր» վարկային համաձայնագիրը: Համաձայնագրով կը սահմանուէր ծրագրի իրագործման հիմնական երկու եւ մէկ լրացուցիչ բաղադրիչ, որոնց իրականացման համար Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանի պիտի տրամադրէր 55 միլիոն ամերիկեան տոլար: Նախագիծը մշակելու ժամանակ հաշուի առնուած էր Վրաստանի մէջ իրականացուած փորձը եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային զարգացման ծրագրի վերաբերեալ կատարուած տնտեսական ոլորտի աշխատութեան առաջարկութիւնները: «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիր»ը բաղկացած էր երեք բաղադրիչներէ՝ Քաղաքային վերածնունդ եւ զբօսաշրջային օղակներու զարգացում (50.41 միլիոն ամերիկեան տոլար), որ ունի իր ենթաբաղադրիչները: Ժառանգութեան վերականգնում, զբօսաշրջային շրջաններու զարգացում, պետական-մասնաւոր ներդրումներ եւ չնախատեսուած արտակարգ իրավիճակներու համար նախատեսուած նիւթական յատկացումներ:

Արթուր Սարգսեան կամ «Հաց բերողը» ձերբակալուեցաւ

2016 թուականին Պետական պահպանութեան ծառայութեան գունդի գրաւման օրերուն «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին սնունդ մատակարարած Արթուր Սարգսեան, որ յայտնի է «Հաց բերողը» անունով, ձերբակալուեցաւ: Ձերբակալման լուրէն ետք անոր պաշտպան-փաստաբանը այլ մանրամասնութիւններ չյայտնեց:

Նշենք, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին օժանդակելու մէջ մեղադրուող Արթուր Սարգսեան ազատ արձակուած էր 31 Դեկտեմբեր 2016-ին։ Ան կը մեղադրուէր «Սասնայ ծռեր»ուն օժանդակելու մէջ:

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւս Մայր Աթոռ պիտի ժամանէ

«Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ չէր, քանի որ Պոլսոյ մէջ մասնակցած էր Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնի առթիւ կազմակերպուած միջոցառման»․ այս մասին յայտնեց Պոլսոյ մէջ հրատարակուող ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը՝ Արա Գօչունեան: «Սահակ սրբազանն ալ պիտի մասնակցէր, բայց հոգեւորականներու եւ անոր միջեւ յարաբերութիւնները սրուած էին, այդ պատճառով չէր եկած», ըսաւ ան։ Գօչունեան նշած էր, որ Արամ Աթէշեանի՝ աւելի ուշ Էջմիածին հասնելու հանգամանքը շատոնց յայտնի էր, ըստ անոր, այդ բանէն նախօրօք տեղեակ էր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը: Յիշեցնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջելով Էջմիածին ժամանած էին Պոլսոյ Պատրիարքարանէն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան:

Միրզոյեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն ապաստան կը խնդրէ

Ծանր պայմաններու հետեւանքով Ատրպէյճանէն խոյս տուած Շահին Միրզոյեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք խնդրեց: Միրզոյեւ, որ լրագրողներուն ըսաւ, որ չդիմանալով Պաքուի իշխանութիւններուն երկրի փոքրամասնութեանց դէմ կիրառած ճնշումներուն պատճառաւ ստիպուած է խոյս տալ երկրէն: Յիշեցնենք, որ Միրզոյեւ Թալիշական մշակոյթի խորհուրդի անդամ էր, Թալիշական ազատագրական շարժման մասնակից եւ «Թոլիշի Սատօ» թերթի թղթակից: Ներկայացուած հայցէն կարճ ժամանակ անց Հայաստանի իշխանութիւնները դրական ձեւով արձագանգեցին Շահին Միրզոյեւի խնդրանքին։ 

Փեքին դեսպանատուն պիտի կառուցէ Երեւանի մէջ

Չինական կողմին Երեւան քաղաքի մէջ կը տրամադրուի հողատարածք՝ դեսպանութեան նոր շէնք կառուցելու նպատակով: Հայաստանի կառավարութեան նիստին այդ օրակարգը սեղանի վրայ կը բերուէր 13 Յունիս 2005-ին, Փեքինի մէջ ստորագրուած համաձայնագրին հիմքով: Նախագծին կից ներկայացուած հիմնաւորման մէջ նշուած էր, որ 1992-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ, յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը հաստատուն կերպով զարգացած են՝ ներառելով նոր ոլորտներ, իսկ ներկայ պահուն երկու երկիրներու միջեւ էականօրէն աշխուժացած են քաղաքական երկխօսութիւնը եւ միջխորհրդարանական եւ միջկուսակցական կապերը, մշակութային, գիտակրթական եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներէն ներս համագործակցութիւնը: Աւելի՛ն. Չինաստանը Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է եւ երկրորդ խոշոր առեւտրային գործընկերը՝ Ռուսաստանէն ետք:

Նշենք, որ երկու երկիրներու միջեւ 2016 թուականի արդիւնքներով ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած էր շուրջ 408 միլիոն ամերիկեան տոլար: Հայաստանի մէջ արձանագրուած է չինական դրամագլուխի ներդրմամբ՝ 23 ձեռնարկութիւն: 2010- 2012 թուականներուն անհատոյց օգնութեան ծրագրերու շրջանակներէն ներս Չինաստանի կառավարութեան որոշումով՝ Հայաստան հասած են 88 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ եւ 249 քաղաքային հանրակառքեր:

ՄԱՐՏ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը մասնակցի ՀՀԿ-ի նախընտրական արշաւին

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը մեկնարկը ներկայացուցած էր տեսահոլովակով։ Նախընտրական պաշտօնական կայքէջն ու դիմատետրի (facebook) էջը կը կրեն «Հայաստան իմ սէր» (lovearmenia.am) խորագիրը, իսկ կարգախօսն էր՝ «Անվտանգութիւն եւ յառաջընթաց»:

Տեսահոլովակը կոչուած էր «Փոխենք աշխարհը», որ ներկայացուեցաւ «Ռէինքարնացիա» խումբին կողմէ, իսկ հարուածային գործիքները (ճազ) նուագեց Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«Հաց Բերողը» մահացաւ

Մարտի 16-ին, «Արմենիա» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացաւ «Հաց բերողը» կեղծ անունով յայտնի Արթուր Սարգսեան։ Այս մասին տեղեկացուցած էր «Արմենիա»ի փոխ-տնօրէն Արսէն Գրիգորեան: «Հաց բերողը»՝ Արթուր Սարգսեան դիմած էր հիւանդանոց, պորտային օղակուած ճողուածքի բարդութեամբ եւ ենթարկուած էր վիրահատութեան ու համացած էր Մարտի 16-ին: «Ան իր մահէն քանի մը օր առաջ ցաւեր ունեցած էր, սակայն բարդութեան աստիճանը չէր գիտակցած: Այդ աղիքային անանցանելիութիւն էր, որ յանգեցուցած էր անդառնալի հետեւանքներու», ըսած էր Արսէն Գրիգորեան:

Արթուր Սարգսեան, որ կը մեղադրուէր «Սասնայ ծռեր»ուն օժանդակելու համար, նախորդ՝ 2016 թուականի Դեկտեմբերի 31-ին ազատ արձակուեցաւ, սակայն քննչական մարմնէն խուսափելու պատճառաբանութեամբ բերման ենթարկուած էր եւ 2017-ի Փետրուարի 9-ին՝ կալանաւորուած, իսկ Փետրուարի 10-ին անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էր:

Սամուէլ Պապայեան ձերբակալուած

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Պապայեան ձերբակալուեցաւ: Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն լուրը խոստացան մեկնաբանել աւելի ուշ: Մինչ այդ «Համախմբում» կուսակցութեան անդամ, «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի համամասնական ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու՝ Անդրանիկ Թեւանեան հաստատած էր տեղեկութիւնը: «Ես տեղեկութիւն ունիմ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ բերման ենթարկուած է», ըսած էր Անդրանիկ Թեւանեան՝ նշելով, թէ բերման ենթարկելու պատճառները յստակ չեն:

Մայր Աթոռէն օրհնութեան գիր՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահին

Մայր Աթոռի մէջ կայացուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստի աւարտին, Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան խօսք մը կը յղէր Մարտին Պոլսոյ Պատրիարքութեան կրօնական ժողովին կողմէ ընտրուած տեղապահ՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին: Յղուած օրհնութեան գիրին մէջ մասնաւորաբար կ՚ըսուէր.

«Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ընտրեալ տեղապահին, հոգեւոր ողջ դասին եւ պոլսահայ հաւատաւոր մեր բոլոր զաւակներուն: Մեր յորդորը կը բերենք ձեզի՝ խոհեմութեամբ ու սիրոյ ոգիով յաղթահարել առկայ խնդիրներն ու խոչընդոտները եւ եկեղեցական կարգաց ու կանոնաց համաձայն գտնել բարւոք լուծումներ պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացնելու՝ ի նպաստ պոլսահայութեան կեանքի խաղաղութեան ու համերաշխութեան վերահաստատման», պատգամած է Վեհափառ Հայրապետը՝ Ամէնողորմ Տիրոջ զօրակցութիւնն ու հովանին հայցելով Պոլսոյ Աթոռի ուխտապահ եկեղեցականաց հոգեւոր իրենց ծառայութեան մէջ», ըսուած էր հաղորդագրութեան մէջ։

ԱՊՐԻԼ

Եդուարդ Շարմազանով. «Թափանցիկ ու ժողովրդավարական ընտրութիւններու իրականացման համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով 1 Ապրիլին ընդունեց ԱՊՀ-ի միջազգային դիտորդական առաքելութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սպիտակ Ռուսինոյ Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխ-նախագահ Պոլեսլաւ Պիրշտուքի: Ան հիւրերուն ներկայացուց նոր ընտրական օրէնսգիրքի առանձնայատկութիւնները եւ բաց ու թափանցիկ ընտրութիւններու համար ստեղծուած հնարաւորութիւնները՝ արձանագրելով, որ փաստաթուղթը Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած է ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ լիակատար փոխհամաձայնութեան պայմաններու մէջ:

2017-ի ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցած է 1.574.947 անձ

2.587.706 ընտրութեան իրաւունք ունեցողներէն ընտրութեան մասնակցած է 1.574.947 անձ կամ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 60.86 առ հարիւրը: Այս մասին յայտնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան։

«Ելք»ի վստահուած անձերուն վրայ զինեալ յարձակում գործելու համար մեղադրուող անձը կալանաւորուեցաւ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւանի Քննչական վարչութեան Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի քննչական բաժնին մէջ ձեռնարկուեցան անհրաժեշտ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ՝ 2017 թուականի Մարտ 31-ի ուշ երեկոյեան Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի մէջ արձանագրուած միջադէպի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։ Նախաքննութեամբ ձեռք բերուած նախնական փաստական տուեալներու հիման վրայ՝ Ապրիլի 3-ին Ա. Այվազեանին մեղադրանք առաջադրուած էր որպէս խափանման միջոց կալանաւորումը ընտրելու վերաբերեալ։

ՀՀԿ-ին ամենաշատ ձայներ բերած թեկնածուներու տասնեակը

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած տուեալներով՝ Ազգային ժողով կ՚անցնի չորս քաղաքական ուժ ՀՀԿ՝ 49.12 առ հարիւր, «Ծառուկեան» դաշինք՝ 27.32 առ հարիւր, «Ելք»՝ 7.77 առ հարիւր, ՀՅԴ՝ 6.57 առ հարիւր։ Տարածքային թեկնածուներու ցուցակով Հայաստանի 13 ընտրատարածքներէն 12-ին մէջ յաղթած են ՀՀԿ-ի տարածքային թեկնածուները, մէկուն մէջ՝ թիւ 10 ընտրատարածքի, յաղթած էր ԲՀԿ-ի թեկնածուն: Ձայներու մեծամասնութիւնը, սակայն, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան համար ապահոված է թիւ 5 ընտրատարածքի՝ Արարատի մարզի մէջ ՀՀԿ-էն առաջադրուած թեկնածու Արայիկ Գրիգորեան՝ 45.339 ձայն: Կուսակցութեան համար երկրորդ ամենամեծ թիւով ձայներ ապահոված թեկնածուն թիւ 9 ընտրատարածքի մէջ առաջադրուած Կարէն Կարապետեանն էր՝ 44.255 ձայն: Երրորդ հորիզոնականի վրայ՝ թիւ 3 ընտրատարածքի մէջ առաջադրուած թեկնածու Սամուէլ Ալեքսանեանն էր՝ 42.472 ձայն:

2016-ին Հայաստանի միջազգային պահուստները աճած

Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պահուստները 2016 թուականի ընթացքին աւելցած են 428 միլիոն 737 հազար 305 ամերիկեան տոլարով եւ տարուան վերջը կազմած է 2 միլիառ 204 միլիոն 176 հազար 542 ամերիկեան տոլար: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է Կեդրոնական դրամատունը հիմնուելով Հայաստանի միջազգային պահուստներու վիճակի եւ կազմի վերաբերեալ տեղեկանքէն։

Նալպանտեան ելոյթ ունեցաւ Եւրոպայի Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթ ունեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին։ Նալպանտեան մասնաւորապէս ըսած է «Շարժունակութիւնը եւ մարդոց միջեւ շփումները անհրաժեշտ են մեր հասարակութիւններու միջեւ կապերու ընդլայնման համար: Սա Արեւելեան գործընկերութեան հիմքին դրուած առանցքային սկզբունքներէն մէկն է։ Այս յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու եւ մեր հասարակութիւնները իրարու առաւել մօտեցնելու ուղիներէն մէկը մուտքի արտօնագրի ազատականացումն է: Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին յաջողութեամբ իրականացուցած են մուտքի արտօնագրի դիւրացման եւ յետընդունման համաձայնագիրները: Եւրոմիութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ աշխատելու ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան հետ։ Իր հերթին Հայաստանը եւս յանձնառու է շարունակել սերտ համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ»:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Ազգ-բանակը հասարակութեան ինքնակազմակերպման ձեւ է»

«Ազգ-բանակ 2017» խորագրով համաժողովի բացման նիստէն ետք աշխատանքները շարունակուեցան «Ազգ-բանակ. անվտանգութեան բանաձեւ» խորագրով: Քըն-նարկման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, ով նշեց, թէ «Ազգ-բանակ» գաղափարը իր միտքի արգասիքն է, եւ ան միջնադարէն սկսած է: «Բանակը պատրաստ է այդ գաղափարին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ բանակի նկատմամբ անգիտակից սէրը պէտք է վերածել յարգանքի: «Ազգ-բանակը հասարակութեան ինքնակազմակերպման ձեւ է, եւ մեր պարագային՝ խոր արմատներ ունեցող հասարակութեան մէջ, որ դարերով պետականութիւն չէ ունեցած, այն փրկօղակ է դէպի պետութիւն, պետականութեան նոր մօտեցումներ ձեւաւորելու առումով», եզրակացուց Վիգէն Սարգսեան։

Ժիրայր Սեֆիլեանի քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտեցաւ

«Հիմնադիր խորհրդարանի» անդամ Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ նոյն գործի շրջանակներու մէջ կալանաւորուած Ներսէս Պօղոսեանի եւ այդ գործով միւսներու դէմ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտեցաւ: Ներսէս Պօղոսեանի պաշտպան Արայիկ Պապիկեան յայտնեց. «Գործի նախաքննութիւնը վերջնականապէս աւարտած է եւ շուտով կ՚ուղարկուի դատարան»: Նշենք, որ 2016 թուականի Մայիս 20-ին Երեւանի Հալապեան փողոցի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի մասնակից Mersedes-Benz վաճառանիշի ինքնաշարժը բեռնախցիկի մէջ հրազէն հանդիսացող երկու ինքնաձիգ եւ ռազմամթերք հանդիսացող փամփուշտներ յայտնաբերելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործը միացուած էր ՊՊԾ-ի գունդի գրաւման գործին։ Յիշեցնենք, որ Մայիս 20-ի դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցուած էր Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը, որոնք կատարուած են խումբ մը անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ։ Քրէական գործի շրջանակներու մէջ մեղադրանք առաջադրուած է Յովհաննէս Պետրոսեանին, Ներսէս Պօղոսեանին, Հրայր Թոփչեանին, Աշոտ Գուգուշեանին, Գալուստ Գրիգորեանին, Սասունիկ Կիրակոսեանին։

Սարգսեան ընդունեց Միշէլ Ֆարաոնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերով պետական նախարար Միշէլ Փիէռ Ֆարաոնին հետ: Սարգսեան ողջունեց հիւրը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի նշանակալի իրադարձութիւնը Սարգսեան լաւ մը առիթ համարած է արժեւորելու եւ բարձր գնահատելու երկու երկիրներու ժողովուրդներու աւանդական ջերմ կապերն ու պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է 2012-ի Նոյեմբերին իր պետական այցը բարեկամ Լիբանան եւ պետական նախարարէն խնդրած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունին փոխանցել իր ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը: Հանդիպման ժամանակ Սարգսեան Միշէլ Փիէռ Ֆարաոնը պարգեւատրեց Բարեկամութեան շքանշանով՝ հայ-լիբանանեան տնտեսական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար:

ՄԱՅԻՍ

ԿԸՀ-ն հրապարակեց նորընտիր խորհրդարանի ամբողջական կազմը

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 3 Մայիսին հրապարակած է այն թեկնածուներուն անունները, որոնք 2 Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով պատգամաւորական յանձնարարագրեր ստացած են: ՀՀԿ-ի տարածքային ցուցակներով պատգամաւորի յանձնարարագիր ստացած են՝ 26, ՀՀԿ ցուցակով ազգային փոքրամասնութիւններէն՝ 3, իսկ համամասնական ցուցակէն՝ 28 անձ:

«Ծառուկեան» դաշինքի տարածքային ցուցակով պատգաւորական յանձնարարագրեր ստացած են՝ 15, Համապետական ցուցակի երկրորդ մասէն (ազգային փոքրամասնութիւններ)՝ 1, իսկ առաջին մասէն՝ 15 անձ: «Ելք» դաշինքի տարածքային ցուցակներով պատգամաւորական յանձնարարագրեր ստացած են՝ 4 , իսկ դաշինքի համապետական ցուցակէն՝ 5 անձ: ՀՅԴ-ի տարածքային ցուցակներէն ստացած են՝ 3, իսկ համապետական ցուցակի առաջին մասէն՝ 4 անձ: Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստի օրը նշանակուած էր 18 Մայիսը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան վարչապետի եւ կառավարութեան հրամանագիր ստորագրեց

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 Մայիսին Կարէն Կարապետեանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակելու մասին հրամանագիր ստորագրեց: Նախագահը նաեւ հրամանագրեր ստորագրեց երկրի կառավարութեան կազմի անդմաներուն վերաբերեալ: Այդ հրամանագրերու համաձայն՝ Հայաստանի միջազգային տնտեսական ներգրաւման եւ բարեփոխումներու նախարար նշանակուեցաւ Վաչէ Գաբրիէլեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար՝ Սուրէն Կարայեան, արտաքին գործոց նախարար վերանշանակուեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան, պաշտպանութեան նախարար՝ Վիգէն Սարգսեան, գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Իգնատի Առաքելեան, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար՝ Աշոտ Մանուկեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական ոլորտի նախարար՝ Վահան Մարտիրոսեան, արդարադատութեան նախարար՝ Դաւիթ Յարութիւնեան, սփիւռքի նախարար վերանշանակուեցաւ՝ Հրանոյշ Յակոբեան, իսկ ելեւմուտքի նախարար՝ Վարդան Արամեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 25-ամեակը

Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Արցախի Նախագահ  Բակօ Սահակեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, Քամերային երաժշտութեան սրահէն ներս ներկայ գտնուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյին:

ՅՈՒՆԻՍ

Հայաստանի երեխաներու 33 առ հարիւրը աղքատութեան մեջ է

Հայաստանի ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայ անդրադառնալով Հայաստանի երեխաներու խնդիրներներուն՝ ըսաւ. «Հայաստանի մէջ երեխաներու 33 տոկոսը կը բնակի աղքատութեան մեջ, եւ այս մէկը շատ մեծ ցուցանիշ է: Մենք պէտք է փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի կարողանանք երեխաներուն աջակցիլ, քանի որ այդ աղքատութիւնը նաեւ լրացուցիչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ այդ երեխաներու վրայ, որոնք ունին նաեւ հաշմանդամութիւն», ըսաւ ան: Թանիա Ռատոչայ նկատեց, որ Հայաստանի բազմաթիւ երեխաներու ծնողներ տարբեր խնդիրներու հետեւանքով զանոնք կը տեղափոխեն այլ հաստատութիւններ: «Ամէն երեխայի պէտք է ընտանիք, ջերմութիւն, ծնողներու ներկայութիւն: Ասոր համար պէտք է աջակցիլ, որպէսզի երեխաները չզրկը-ւին անոնցմէ», ըսաւ ան:

Արցախի տնտեսութիւնը աճ կ՚արձանագրէ

Արցախի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2017-ի Յունուար-Մարտ ամիսներու տուեալներով։ Այդ վիճակագրութեան համաձայն, 2017-ի Մարտին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2016 թուականի Մարտ ամսուան բաղդատմամբ կազմած է է 107.8 տոկոս, 2017-ի Փետրուարին համեմատ՝ 106.2 տոկոս, իսկ 2017-ի Յունուար-Մարտին 2016-ի նոյն ամիսներուն համեմատ՝ 111.5 տոկոս:

Երեւանի մէջ զբօսաշրջութեան թիւի երեւելի աճ

Ազգային վիճակագրութեան ծառայութիւնը ներկայացուցած է ներքին զբօսաշրջութեան տուեալները, ըստ որոնց՝ 2017 Յունուար-Մարտ ամիսներուն Հանրապետութեան տարածքէն ներս հիւրանոցային զբօսաշրջիկներու թուաքանակը կազմած է 90.634 մարդ: Համեմատելով անցեալ տարի հիւրանոցներուն մէջ տեղաւորուած զբոսաշրջիկներու թուաքանակին հետ ապա պէտք է նշել, որ այս տար-ւան թիւը աճած է 20.1 առ հարիւր տոկոսով:

Ծխողներու թիւի նուազեցման փորձ

Մենք կը փորձենք 5-7 տարուան ընթացքին ծխողներու քանակը նուազեցնել 30 տոկոսով: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան: Ըստ Ալթունեանի, Հայաստանի մէջ ուռուցքային հիւանդութիւններու տագնապալի պատկեր կայ եւ այդ հիւանդութիւնները սերտ կապ ունին ծխելու հետ: «Մեր պայքարը այդ հիւանդութիւններու դէմ կը մղենք ոչ թէ վիրահատական սրահներու մէջ, այլեւ մենք անհրաժեշտութիւն ունինք կանխարգիլման: Իսկ կանխարգիլման հիմնական դրոյթը ծխելու դէմ պայքարն է» շեշտեց նախարար Լեւոն Ալթունեան:

Աֆղանիստան մեկնող Հայաստանի խաղաղապահ զօրախումբի անդամները ծանօթացան ՄԱԿ-ի բանաձեւներուն

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Բնակ-չութեան հիմնադրամի 2017-ի համագործակցութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ 29 Յունիսին Աֆղանիստան խաղաղապահ առաքելութեան մեկնող Հայաստանի զօրախումբի անդամներուն համար կազմակերպուած է սեմինար-քննարկում՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւներուն առնչուող թեմաներուն շուրջ: Միջոցառման նպատակն էր բարձրացնել անձնակազմի իրազեկուածութիւնը, տեսական եւ գործնական գիտելիքները՝ յետագային խաղաղապահ առաքելութիւններու մեկնող զօրախումբերու համար սեփական ուժերով քննարկումներ կազմակերպելու կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով։

ՅՈՒԼԻՍ

Դաւթաշէնցիներու համար անհրաժեշտ է բարեկարգ շուկաներ 

Երեւանի Դավթաշէն վարչական շրջանի բնակիչներու համար փողոցային առեւտուրը նախընտրելի չէ, բայց քանի որ տարածքի մէջ բարեկարգուած շուկայ չկայ, կ՚օգտուին փողոցներու մէջ վաճառուող ապրանքներէն: «Փողոցային առեւտուրը ընդունելի չէ: Թող շուկայ կառուցեն, այս մարդիկն ալ տանին, հանգստօրէն վաճառեն», նշեց քաղաքացիներէն մէկը՝ յաւելելով, որ շուկաներ չեն կառուցեն, որովհետեւ ան եկամտաբեր չէ: Բնակիչները նշած էին, որ իրենց քաղաքակիրթ շուկաներ պէտք են, փողոցայինը առեւտուրի ձեւ չէ: «Նախընտրելի է, որ աւելի բարեկարգ ըլլայ, բայց ամբողջ շրջանին մէջ շուկայ չկայ: Ինչ ընենք, չօգտուի՞նք», ըսաւ այլ բնակիչ մը: Հիմնականին քաղաքացիները փողոցներու մէջ վաճառուող միրգերը եւ բանջարեղէնները կը գնեն այն պատճառով, որ մօտ է իրենց տուներուն եւ գիները մատչելի են:

Սկսաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի 3-րդ փուլը

3 Յուլիսին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան յարկին վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հայաստանաճանչութեան 2017-ի «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, տեղեկացուցած էր նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: Ծրագրի 3-րդ փուլին մասնակցեցան 172 սփիւռքահայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ աշխարհի 14 երկիրներէն՝ Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Մոլտովայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Աբխազիայէն, Յորդանանէն, Քուէթէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Չեխիայէն եւ Շուէտէն:

Տաքը կը սպառնայ բերքին

Հայաստանի մէջ եղանակային բարձր ջերմաստիճանը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգեց այս տարուան բերքին վրայ այն առումով, որ հողի մէջ եղած խոնաւութիւնը արագ կը գոլորշիանայ, իսկ բոյսի բնական կենսունակութիւնը եւ զարգացումը ապահովելու համար անհրաժեշտ է լրացուցիչ ոռոգում: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Աշոտ Յարութիւնեան:

«Ոսկէ ծիրան»ը մշակեց «Հայեացք ներսէն եւ դուրսէն»ը, որ գրաքննութեան ենթարկուեցաւ

Հայաստանի մէջ ԼԿՊԹ (լեզպի, կէյ, պիսեքսուէլ, թրանսճենտըր) համայնքի հարցերով զբաղուող «Փինք Արմենիա» (Հանրային տեղեկատուութիւն եւ գիտելիքի կարիք) հասարակական կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն տարածեց «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի իր ցանկէն ԼԿՊԹ համայնքի մասին պատմող երկու շարժապատկերները հանելու հետ կապուած։

Սակայն Սինեմաթօկրաֆիստներու միութիւնը, որուն դահլիճին մէջ պիտի ցուցադրուէին ֆիլմերը, որոշեց գրաքննել զանոնք՝ պահանջելով հանել այդ երկու շարժանկարները ծրագրէն, հակառակ պարագային ամբողջութեամբ հանել ծրագիրը։ 23 Յունիսին մահացաւ Սինեմաթօկրաֆիստներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գէորգեան եւ որպէս արդիւնք «Ոսկէ ծիրան»ը չեղեալ նկատեց ամբողջ ծրագիրը, ուր առկայ էր մօտ 40 շարժապատկերներ, որոնք ԼԿՊԹ-ի հարցերէն զատ կ՚անդրադառնային ընկերային ոլորտին վերաբերող այլ խնդիրներու, հայկական հարցին, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ այլն։

Ռուբէն Մեհրաբեան. «Կ՚երթանք «փրոպլէմ 2018»ին ընդառաջ, կը թեւակոխենք խորհրդարանական դարաշրջան»

Ներքաղաքական ոլորտին մէջ առանձնապէս ոչ մէկ բան տեղի կ՚ունենայ, բացառութեամբ քանի մը դրուագներէ. լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնեց քաղաքական եւ միջազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի փորձագէտ Ռուբէն Մեհրաբեան: «Ես կը կարծեմ, որ մենք կ՚երթանք փրոպլէմ 2018-ին ընդառաջ», ըսաւ ան, պարզաբանելով՝ յառաջիկային նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտները կ՚աւարտին եւ Հայաստանը ամբողջութեամբ կը թեւակոխէ խորհրդարանական դարաշրջան, եւ այդ փոփոխութիւններու ծրագիրը ամբողջութեամբ իրական կը դառնայ», ըսաւ ան:

Վանք գիւղին մէջ բացուած է ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիսի 8-ին Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ մասնակցած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Սահակեան 2016 թուականի ապրիլեան գործողութիւններու ժամանակ ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար Վանք գիւղի խումբ մը ազատամարտիկները պարգեւատրած է «Մարտական ծառայութիւն» մետայլով:

ՕԳՈՍՏՈՍ

«Նախիջեւան Ատրպէյճանի համար հաւանական գործողութիւններու նոր թատերաբեմ»

Տարածքաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեանի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները պիտի վերսկսին։ Ըստ վերլուծաբանին, Ատրպէյճանի համար գրաւիչ է յարձակման նոր փորձը։ «Ես կը մնամ այն կարծիքին, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի վե-րըսկսին, յատկապէս եթէ դիտարկենք, թէ կողմերը որքանով շահագրգիռ են այդ նիւթով: Նախ՝ Ատրպէյճանը: 2016-ը Ատրպէյճանի համար նշանակալի ձեռքբերում եղաւ: Առաջին անգամն է, որ այդ երկիրը որեւէ տարածք գրաւած է, անկախ այն բանէն, թէ այդ որքան չնչին տարածք է: Միւս կողմէ` այս անգամ անոնք այլեւս յանկարծակի չեն գար, իսկ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ուժերը շատ աւելի լաւ պատրաստուած եւ աւելի լաւ պաշտպանուած են: Այլ կերպ ըսած, եթէ նոր մարտեր սկսին՝ Ատրպէյճան նորէն յարձակման նախաձեռնէ, զոհերու թիւը աւելի մեծ կ՚ըլլայ, քանի որ Ատրպէյճան այս անգամ կը փորձէ աւելի ծանր փորձագիտութիւն օգտագործել եւ թիրախաւորել քաղաքացիական բնակչութեան կեդրոնները: Այնպէս որ սա աւելի ծանր կ՚ըլլայ, քան 2016-ի Ապրիլինը: Բացի այդ, Ատրպէյճանի տեսակէտէ` ոչինչ կը խանգարէ նոր յարձակումը, ոչ ոք ճնշում կը գործադրէ։ Այնպէս որ Ատրպէյճանի համար շատ գրաւիչ է յարձակման նոր փորձը», ըսած է Կիրակոսեան: Ըստ վերլուծաբանին, նոր ռազմական գործողութիւնները կրնան նաեւ ոչ կանխամտածուած լայնածաւալ պատերազմի պատճառ դառնալ:

Նովիքով. «Հայաստան պատրաստ է միանալ Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի նախաձեռնած դաշինքին»

Ռուսաստանի գլխաւոր շտապի անօդաչու սարքերու կիրառման համակարգի զարգացման վարչութեան պետ, զօրավար Ալեքսանտր Նովիքով յայտարարած է, որ Հայաստան ու Սերպիա պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց զօրամիաւորումներով մասնակցիլ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնել:

«Իրանի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն համապատասխան հրաւէրներ ուղարկուած էին: Հայաստան եւ Սերպիա պատրաստ են ուղարկել իրենց զօրամիաւորումները: Չինացի սակրաւորներու մասնակցութեան հարցը կը քննարկուի», ռուսական պետական «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, 25 Օգոստոսին յայտնած է Նովիքով, Մոսկուայի մէջ կայացած միջազգային ֆորիւմի ժամանակ: Այս տարուան Ապրիլին կայացած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին Ռուսաստանի դեսպանի փոխանորդ Վլատիմիր Սաֆրոնքով հանդէս եկած էր Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար միջազգային դաշինք ստեղծելու առաջարկով:

Մահացած է հայրենի գրող Պերճ Զէյթունցեան

Այսօր կեանքէն հեռացած է ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը։

Զէյթունցեան ծնած է 1938 թուականի Յուլիսի 18-ին, Եգիպտոս, Խորհրդային Միութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ է։ 1948 թուականին Զէյթունցեան հայրենադարձած է։

1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ»ի խմբագիրը, այնուհետեւ եղած է հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» սթուտիոյի գլխաւոր խմբագիրը, 1975-1986 թուականներուն՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղարը։ 1991-1992 թուականներուն եղած է Հայաստանի Մշակոյթի առաջին նախարարը: Անոր առաջին գիրքը տպագրուած է 1956 թուականին։ Զէյթունցեան հեղինակ է 12 թատերգրութիւններու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ։ Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներու, այդ թուին՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Հայաստանի նախագահը ներկայ եղաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման

Սեպտեմբերի 1-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած է Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման արարողութիւնը: Բացման հանդիսութեան Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ներկայ գտնուած է աշխատանքային այցով Արցախ մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներուն հեռուստամարաթոններու ընթացքին հաւաքուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ։ Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ այցելած են գինիի նորաբաց գործարանը:

Նախագահ Սարգսեան 2 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի միջոցառումներուն:

Սերժ Սարգսեան. «Հայաստանը շահագրգռուած է, որպէսզի Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի»

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, 6 Սեպտեմբերին, իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի մօտ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմէտ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ: Հանդիպման ժամանակ զրուցակիցները քննարկած են հայ-սուրիական յարաբերութիւններու օրակարգը: Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ Սար-գսեան յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւններն ու բարեկամ սուրիացի ժողովուրդը՝ երկրի նախագահի գլխաւորութեամբ, կը կարենան դիմակայել այդ մեծ փորձութեան, եւ երկրին մէջ հաստատուտի խաղաղութիւն ու կայունութիւն, որով շահագրգռուած է Հայաստան: Սուրիոյ դեսպանը իր հերթին ընդգծած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները բարձր կը գնահատեն բարեկամ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը երկրի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին:

Վիգէն Սարգսեան. «Հայաստանի խոշոր զօրամասերուն մէջ «Թումօ» կեդրոններ պիտի ստեղծուին»

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, «Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի խոշոր զօրամասերուն մէջ պիտի ստեղծուին «Թումօ» կեդրոններ, որոնք պիտի նպաստեն ծառայողներու համակարգային գիտելիքներու զարգացման: Նախարարը նշած է նաեւ, որ «Թումօ» կեդրոնի հետ համապատասխան պայմանաւորուածութիւն արդէն ձեռք բերած են, սակայն առաջարկը բաց է բոլորի համար եւ պիտի չսահմանուին միայն «Թումօ»ի հետ համագործակցութեամբ:

Համահայկական խորհուրդի անդրանիկ նիստը պիտի կայացուի Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութիւններուն

«Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի ժամանակ, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ սփիւռքի ներկայացուցիչներու խորհրդակցութեան արդիւնքով ստեղծուած է Համահայկական խորհուրդ: Քննարկման աւարտին ձեւաւորուած է խորհուրդի՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերեալ սկզբունքները: Ձեւաւորուած է նաեւ անուանական յանձնախումբ, որ երեք ամսուայ ընթացքին պիտի հաւաքէ սփիւռքի յայտնի կառոյցներէն առկայ առաջարկները համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման սկզբունքներուն վերաբերեալ: Այս մասին լրագրողներուն արտայայտուած է նախագահի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Նիկողոսեան: Խորհրդակցութեան բոլոր մասնակիցները համաձայնած են, որ Համահայկական խորհուրդը նպատակադրուած չէ երկրորդելու կամ ստուերելու սփիւռքի աւանդական կառոյցներու կամ կուսակցութիւններու գործունէութիւնը: Ան միտուած է աւելի ուժեղացնել սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի ներքին կեանքին: Համահայկական խորհուրդի անդրանիկ նիստը պիտի գումարուի Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութիւններու ընթացքին:

«Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովը

«Հայաստան-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի աշխատանքները ամփոփուած են 20 Սեպտեմբերին, մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անմիջական հոգածութեան ներքոյ անցած են համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքները: Սփիւռքի նախարարը շեշտած է, որ համաժողովին հնչած բոլոր առաջարկութիւնները, նկատառումներն ու դիտողութիւնները պիտի ուսումնասիրուին եւ արծարծուած խնդիրները լուծումներ ստանան: «Համաժողովի բոլոր զեկուցումները կ՚ամբողջացուին, որմէ յետոյ կը կազմուի եւ լոյս կը տեսնէ համաժողովի զեկուցումներու ժողովածուն», նշած է ան: Այնուհետեւ Յակոբեան ներկայացուցած է «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ» ուղղութեան քննարկումներու արդիւնքները: Անդրադառնալով սփիւռքի ուծացման խնդիրներուն՝ նախարարը նշած է. «Մեր շատ հայրենակիցներ կը հեռանան համայնքային կեանքէն, որու արդիւնքին կ՚արագանայ ուծացման գործընթացը։ Միւս կողմէ հայուն բնորոշ է օտար իրավիճակներու մէջ արագ հա-մարկուելու յատկութիւնը, որու արդիւնքին օտար երկրներու մէջ մենք ունինք բազմաթիւ յաջողակ հայեր եւ կը հպարտանանք անոնց ձեռքբերումներով: Անցնող օրերուն բոլորի խօսքին ու զրոյցին մէջ հայ ինքնութեան պահպանութեան հարցերը կային: Համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններով սփիւռքի մէջ ընթացող ուծացման գործընթացները ունեցած են աննախադէպ ծաւալներ: Հայկական ինքնութիւնը դարձած է խոցելի. կը փակուին հայկական դպրոցները, կը նուազի մայրենի լեզուով խօսողներու թիւը, կ՚աւելնան խառն ամուսնութիւնները, որու հետեւանքով կը վնասուին հայ ինքնութեան արմատները, կը ջլատուի հայկական համայնքներու ներուժը»: Ան շեշտած է, որ Հայոց պետութիւնը կ՚իրականացնէ մասնագէտներու պատրաստման եւ վերապատրաստման, դասագիրքերու Հայաստանի մէջ տպագրելուն եւ սփիւռքի համայնքներ առաքելուն, արագացուած դասընթացքներ կազմակերպելուն, միօրեայ դպրոցներու ստեղծման աջակցելուն ուղղուած ծրագրեր:

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

«Ցմահ բանտարկեալներու հարցով կայ քաղաքական որոշում»

1 Սեպտեմբեր 2017-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ պահուած է 3754 անձ, որոնցմէ 97-ը՝ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած: Նշուած 97 անձանցէն 13-ը պահուած են կիսափակ ուղղիչ հիմնարկի մէջ, իսկ 84-ը՝ փակ ուղղիչ հիմնարկի մէջ: 18 Ապրիլ 2003-էն առ այսօր ցմահ ազատազրկման դատապարտուած անձինք պայմանական վաղաժամկէտ չեն ազատուած եւ անոնց նկատմամբ նշանակուած պատիժի չկրած մասը աւելի մեղմ պատժատեսակով չէ փոխարինուած: Այս տուեալները յայտնած են Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութենէն: Ցմահ ազատազրկման դատապարտուածներու 2003-էն ետք պայմանական վաղաժամկէտ ազատման դէպք չարձանագրուելու մասին խօսելով, ցմահ դատապարտեալ Արթուր Մկրտչեանի պաշտպան Ռոպերթ Ռեւազեան ըսած է. «Այս հարցին երկու տեսակէտէ կրնանք նայիլ՝ կամ մեր քրէակատարողական համակարգը իր հիմնական գործառոյթը չի կրնար իրականացնել, որ որեւէ մէկը փաստօրէն չէ ուղղուած, եւ ըստ այդմ որոշուած որ այդ անձերը պէտք չէ ազատ արձակել: Կը կարծեմ, որ երկրորդ հանգամանքը կը գործէ տուեալ պարագային, կայ քաղաքական որոշում, որ որեւէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած անձ ազատ չարձակուի»:

Նալպանտեան. «Պաքու հաւատարիմ չէ»

5 Հոկտեմբերին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունած էր Եւրոպական Միութեան խորհուրդի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Վալթէր Սթիվենսի: Հանդիպման ընթացքին, Նալպանտեան կարեւորած է ԵՄ-ի հետ տարբեր մակարդակներով պարբերական հանդիպումներու իրականացումը։ Գոհունակութեամբ նշուած է, որ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ կը ծաւալուի ընդգրկուն փոխգործակցութիւն: Զրուցակիցները ընդգծած էին, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումը կրնայ դառնալ Պրիւքսելի մէջ կայանալիք ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը: Նալպանտեան անդրադառնալով տարածքաշրջանային հարցերուն՝ նշած էր, որ Պաքուն մշտապէս մերժած է ԵԱՀԿ-ի Միսնքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու առաջարկութիւնները եւ ան պէտք է ապացուցէ իր հաւատարմութիւնը Մինսքեան խմբակի առաջարկած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդներու իրերահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքին եւ տարածքային ամբողջականութեան տարրերուն:

«Մանկապարտէզներուն սնունդի հարցը երկարաժամկէտ լուծումներու կարիք ունի»

Նոյեմբերի վերջերը Երեւանի մէջ հարց բարձրացուած էր մանկապարտէզներուն մէջ երեխաներուն տրամադրուող անառողջ սնունդի մասին եւ թէ ինչ աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ: Այս հարցին անդրադարձած էր Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ ծնողները անընդհատ այդ հարցը կը բարձրացնեն։ «Սա կարճաժամկէտ լուծման հարց չէ: Ես կ՚ուսումնասիրեմ այդ թեման՝ համապատասխան ստուգումներու միջոցով, կ՚ուսումնասիրուի, թէ որքա՛ն սնունդ կը ստանան երեխաները եւ ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ սնունդի որակին: Հիմա պէտք է այնպէս ընել, որ այլ սննդատեսակներ ներառնուին երեխաներու սննդակարգին մէջ, որպէսզի թէ՛ ջերմուժը ապահովուի եւ թէ առողջ ըլլայ», ըսած է ան: Ըստ անոր, սա այնքան ալ հեշտ չէ, բայց քանի որ երեխաներու առողջութեան կը վերաբերի, ապա պէտք է ըլլայ, թէկուզ քաղաքապետարանի պիւտճէէն մանկապարտէզներու սնունդին յատկացուող գումարի աւելացումով:

Վիգէն Յակոբեանի համաձայն

Եթէ նախագահ Սերժ Սարգսեան վարչապետ դառնալ ուզէ, ապա անոր համար խոչընդոտներ չկան: Այս մասին արտայայտուած էր Վիգէն Յակոբեան՝ խօսելով այն մասին, որ պաշտօնավարման ժամկէտը կէս տարիէն աւարտող Սերժ Սարգսեան 7-ամեայ ծրագիր ներկայացուցած է՝ 2018-2025 թուականներու համար: Ըստ Յակոբեանի՝ այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր, որ Սերժ Սարգսեան յայտ կը ներկայացնէ 2018-էն ետք վարչապետ դառնալու մասին: «Նման ծրագրերը կամայ թէ ակամայ երկարաժամկէտ են, ռազմավարական ծրագրեր են, որոնք կրնան ըլլալ աւելի երկար: Եթէ կը յիշէք, Սերժ Սարգսեան կը խօսէր նաեւ այն մասին, որ Հայաստանի բնակչութիւնը մինչեւ 2040-ը պէտք է դառնայ 4 միլիոն, կ՚առաջարկէր աւելի երկար կտրուածքով ծրագիր, բայց սա չի նշանակեր, որ ան կը պատրաստուի 2018-էն յետոյ ալ վարչապետ դառնալ», ըսած է Վիգէն Յակոբեան:

ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Պըրպենքի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը

Նոյեմբեր 1-էն 3-ը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, ԱՄՆ-ի Հայոց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը:

ԳՀԽ-ի անդամներուն հայրապետական իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Այնուհետեւ քննարկուած է ԳՀԽ-ի կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը, որ պատրաստուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն մարմիններու կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբին կողմէ:

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման ատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ժողովականներուն ներկայացուցած է «2018-ը որպէս երիտասարդութեան տարի» հռչակման վերաբերեալ յառաջիկայ տարի նախատեսուող ծրագրերու մանրամասնութիւնները: Ժողովը ամփոփուած է «Պահպանիչ» աղօթքով։

«Հայաստան ժողովրդագրական խնդիրներ ունի»

Հայաստան ժողովրդագրական լուրջ խնդիրներ ունի, սակայն ամենալուրջը ծնելիութեան անկումն է: Նման յայտարարութիւն ըրաւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ժողովրդագիր Արտակ Մարկոսեան՝ նկատելով, որ խնդիրը այն է, թէ Հայաստան այս առումով չունի մշակուած ժողովրդագրական քաղաքականութիւն: Մարկոսեան շեշտեց՝ 2011 թուականէն մինչ օրս ծնելիութեան անկում ունեցած ենք:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Եգիպտոսի նախագահին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ էլ Սիսիին՝ Հիւսիսային Սինայի Ալ Ռաուտա մզկիթին մէջ եղած ահաբեկչական յարձակման կապակցութեամբ: «Հայաստանը խստագոյնս կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքը եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին՝ ահաբեկչության դէմ անոր մղած պայքարին մէջ։ Այս դժուարին պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ Ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն՝ մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է Սերժ Սարգսեանի ցաւակցական հեռագրին մէջ:

Ստորագրուեցաւ Հայաստան-ԵՄ համաձայնագիրը

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներու միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը: Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը սկսած է 2009-ին՝ խթանելու տնտեսական համարկումի եւ եւրոպական արժէքներու տարածումը նախկին վեց խորհրդային հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրայնոյ, Վրաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ: Նոր համաձայնագրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կրնան շատ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխել իր հաստատութիւնները, քաղաքական համակարգը, աւելի ամրապնդել մարդու պաշտպանուածութիւնը, մարդու իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա կրնայ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն ստանալ ԵՄ-էն, այսպէս կոչուած՝ «աւելին աւելիին» դիմաց: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա ԵՄ կը պարտաւորուի աջակցիլ եւ նպաստել, որպէսզի ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ: Համաձայնագրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին գործառնութեանց համար՝ այսպէս կոչուած, վարկաւորում տեղական տարադրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: Վեհաժողովի հռչակագրին մէջ կային որոշ չլուծուած խնդիրներ, յատկապէս՝ տագնապներու լուծման վերաբերեալ կէտը, որ մինչեւ հիմա յստակեցած չէ, այնտեղ չէ նշուած Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթը: Շրջանին մէջ առկայ տագնապներու վերաբերեալ համաձայնագրին մէջ տեղ գտած է հետեւեալ ձեւակերպումը. «Վեհաժողովի մասնակիցները կոչ կ՚ուղղեն՝ աշխուժացնելու տագնապները լուծելու ջանքերը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ:

«Տագնապներու լուծումը, վստահութեան կառուցումն ու բարիդրացիական յարաբերութիւնները առանցքային են տնտեսական ու ընկերային զարգացման եւ համագործակցութեան համար», նշուած է Արեւելեան գործընկերութեան հռչակագրի բնագրին մէջ: Համաձայնագրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցերու մէջ: Ըստ էութեան, Եւրոսիական տնտեսական միութեան շրջագծին մէջ անվտանգութեան հարցով ամրագրուած պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոմիութեան հետ նման համաձայնութիւններ գոյացնել: Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւնները՝ օգնել Հայաստանին, նաեւ անվտանգութեան ծիրին մէջ, բաւական շահեկան պիտի ըլլայ Հայաստանի համար:

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

Նալպանտեան-Մամետեարով Վիեննայի հանդիպումը

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի գնահատմամբ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումը Վիեննայի մէջ անցած է դրական եւ կառուցողական: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը: APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Հիքմէթ Հաճըյեւ յայտնած է, որ «բանակցութիւններու ընթացքին կայացած են կեդրոնացուած եւ յստակ քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ առկայ առաջարկներու շուրջ», պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու նախարարներուն յաջորդ հանդիպումը 2018 թուականի Յունուարի երկրորդ կէսին իրականացնելու մասին: Նշենք, որ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, ապա միջնորդներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է անոնց հանդիպումը: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ տեղի ունեցած է նաեւ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի առանձնազրոյցը:

Մայր Աթոռը կ՚արձագանգէ Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն

ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը Երուսաղէմի կարգավիճակի վերաբերեալ մեծ անհանգստութիւն յառաջացուց թէ՛ միջազգային եւ թէ կրօնական յարանութիւններու շրջանակներէն ներս: Այդ առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը արտայայտած է, նոյնը ըրած են Երուսաղէմի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք առանձին գրութեամբ դիմած են Թրամփին, որպէսզի ետ քաշէ կայացուած որոշումը: Ինչպէս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան, հիմնական անհանգստութիւնը կապուած է այդ փխրուն կայունութեան ապակայունացման հետ, որովհետեւ ան յղի է նոր բախումներու: «Վտանգ կը տեսնենք, որ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կրնայ նոր թափ ստանալ: Բացի այդ, Երուսաղէմը շատ բարդ քաղաք է, եւ գիտենք, որ բազմաթիւ վիճարկումներ եղած են քաղաքի պատկանելիութեան հետ կապուած, ընդհուպ մինչեւ ժամանակին ՄԱԿ-ի որոշում կայացնելը, որով Երուսաղէմը չէզոք գօտի սահմանուեցաւ», ըսած է ան: Բացի այն, որ հակամարտութեան աշխուժացման խնդիր կայ, Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան նշած է, թէ բազում խնդիրներ կան կալուածներու իրաւունքներուն հետ կապուած: Քրիստոնեաները, իսլամները, հրեաները ունին իրաւունքներ իրենց կալուածներու հետ կապուած: «Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ խառնաշփոթ ստեղծել այդ դաշտին մէջ, քանի դեռ որոշումներ կայացուած չեն կողմերու միջեւ, նման քայլի դիմելը մեծ վտանգ կը պարունակէ, յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով ոչ միայն իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու համար, այլեւ այնտեղ ապրող, մշտապէս իրենց իրաւունքներու համար մարտնչող եկեղեցիներու համար: Գիտէք, դարերով ձեւաւորուած են այդ կալուածներու գործածութեան իրաւունքները, կանոնակարգերը: Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ մեզ կանգնեցնել նոր իրողութիւններու առջեւ», ըսած է ան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018