2022՝ ՎԱԳՐԻ ՏԱՐԻ

Աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2022 տարուան յատուկ կայքերու գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:

Այսպէս, կը հաւատամ, որ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:

Նման «իրականութիւններ» անկասկած, որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի նման յայտարարութիւններու հաւատք ընծայելը: Պէտք է ըսել նաեւ, որ կարգ մը աստղաբաշխներ ո՛չ միայն յոռետես են, այլեւ՝ բաւականին լաւատես: Այս վերջինները իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդու նոր զարթօնքի, այսինքն ելեկտրոնային ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու վրայ:

ՉԻՆԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՑՅՑ

Չինական լուսնային օրացոյցի համաձայն, այս տարին կ՚անուանուի իբրեւ Վագրի տարի:

Չինական աւանդութեան համաձայն, երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ, իր աստուծոյն տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնեէտը եւ ապա անոր յաջորդած էր ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:

Աւանդութիւնը կ՚աւելցնէ նաեւ, որ ամենէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղ գրաւած էր ու այսպէսով կատուն դուրս մնացած էր այս շարքէն:

Իր կարգին, Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Աս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը, կրկնուած է անասունին անունը:

Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.

1.- Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032

2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033

3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022-2034 

4.- Նապաստակ.- 1903-1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2035

5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036

6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037

7.- Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038

8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039

9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040

10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029-2041                                  

11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042

12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043

Չինական աստղաբաշխութեան մէջ, վագրը գրաւած է երրորդ տունը: Ըստ այս հին ժողովուրդի աւանդութեան, այս անվախ եւ սակայն վախազդու գազանը իր տան մէջ պահողը զերծ կը մնայ ոգիներէն, սատանաներէն եւ կրակէն: Այս կը նշանակէ, թէ վագրը գերբնական ուժի յատկութիւններու տէր անասուն մը նկատի առնուած է:

Գիտնականներու համաձայն՝ վագրը սեռած է կատուէն, եւ սակայն չէ ընտելացած, եւ այս ձեւով դասուած է վայրի անասուններու շարքին: Շատ քիչ թիւով վագրեր բարեկամացած են մարդոց հետ կամ առանձնապէս եւ կամ կրկէսներու մէջ:

Կարգ մը հին ժողովուրդներու մօտ, ան իբրեւ հերոս նկատի առնուած է եւ մարդիկ զինք պաշտած են իր «ինքնավստահութեան» եւ «աշխուժութեան» համար: Վագրը միշտ եղած է քաջութեան, նաեւ խորամանկութեան խորհրդանիշը:

Մարդուն համար առիւծէն աւելի վագրը շատ վտանգաւոր կենդանի մըն է, իր բացարձակ համարձակութեան  եւ անկախ վիճակին համար: Հին ազգերը անոնց մօտ  նշմարած են ղեկավարի, արիութեան եւ կռուազանութեան նկարագրերը:

Ժխտական իր նկարագրի կէտերու կողքին, անոր տարին յատկանշուած է իբրեւ լաւատեսութեան, ջերմութեան եւ պարզութեան չափանիշներով:

Հետեւեալ տարիները վագրի տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.

1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022-2034 

Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը իրենց կեանքի տեւողութեան կրնան հանդիպիլ շատ մը անակնկալ վերիվայրումներու: Սակայն միշտ կը գնահատուին իրենց արիութեան եւ յատկապէս արտաքին տեսքին համար: Ֆիզիքապէս առոյգ ըլլալով հանդերձ, զգայուն կ՚ըլլան եւ միշտ իրենց ընտանիքին համար կը ցանկան ամենէն բարին  եւ կատարեալը:

Ասոնք իրենց կեանքի ընթացքին, ընդհանրապէս կ՚ըլլան ղեկավարներ, գաղտնապահ անձեր, անշահախնդիր եւ ուրիշներուն շահերը պաշտպանողներ: Յոռետեսութեան կողքին անոնք հաւատարիմ ընկերակիցներ են, հեռատես եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ լեցուն, որոնք վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շրջապատին՝ իրենց խելացի ու խորաթափանց մտայղացումներով:

Ընդհանրապէս վագրի տարի ծնածները կ՚ըլլան բազմազաւակ, իսկ միւս կողմէ կիները կ՚ըլլան բաւական նախանձոտ, պատուախնդիր եւ հետեւողական: Այրերը՝ ընտանիքի լաւ հայրեր, հաւատարիմ ամուսիններ, հոգատար զաւակներ կ՚ըլլան:

Իրենց նախասիրած գոյնն է բաց կանաչը, իսկ իբրեւ զարդ՝ ադամանդ:

ՎԱԳՐԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԾՆՈՒՆԴՆԵՐ

Վագրի տարին ծնածները ընդհանրապէս կ՚ըլլան դերասան, կատակերգու, երաժիշտ, օդանաւորդ, մեքենավար եւ յատկապէս մրցումի ինքնաշարժներ վարող՝ գրողներ: Օրինակ՝ Ակաթա Քրիստի, Տէմի Մուր, Ճուտի Ֆոսթըր, Մերլին Մոնրօ, Էլիզապէթ Բ. թագուհի, Թոմ Քրուզ, Ռոզի Օտանըլ:

ԴՐԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

Լաւատես, հինը մոռցող, իր ծրագիրներու գործադրութեան միշտ հետամուտ, բարեկամ, բարեացակամ, գրաւիչ, խելացի միշտ յաջողութիւն եւ նպատակ որոնող, քաջ, արի եւ աշխոյժ, ռոմանթիկ, առաջնորդ եւ անկախութիւնը սիրող, ինքնվաստահութիւն ներշնչող եւ իրենց սխալներէն օգտուող: Շուտով յաջողութեան կը հասնին:

ԺԽՏԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

Կարելի չէ բացարձակ վստահութիւն ունենալ, վտանգաւոր են եւ անվստահելի, որովհետեւ միշտ կ՚ուզեն օրէնքը խախտել եւ փոխել: Միշտ կ՚ուզեն ստանձնել առաջնորդի եւ ղեկավարի դերը: Ասկէ մեկնած մեծ հարցեր կը ստեղծուին իրենց կեանքի մէջ: Միշտ կ՚ուզեն յարգուիլ: Ջղային են եւ բախտին հաւատացող: Խիստ ոխակալ են: Յաճախ սխալ որոշումներ կ՚առնեն: Անվստահելի, վայրկեան մը կը ժպտին յաջորդին՝ կու լան: Իրենց արհեստը շուտ կը փոխեն:

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԵՆ 2022 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՍՏՂԵՐԸ

ԽՈՅ (21 ՄԱՐՏ - 20 ԱՊՐԻԼ)

Սքանչելի տարի մը պիտի բացուի: Համբերութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ: Թէեւ մեծ լուծումներու տարի մը պիտի չըլլայ, սակայն զգալի կարգ մը փոփոխութիւններ կը նախատեսուին: Նիւթական գետնի վրայ չնչին բարելաւում մը պիտի արձանագրուի: Սիրոյ մէջ լուրջ յարաբերութիւններ հաստատելու նախաքայլի դիմելու առիթներ կրնան ստեղծուիլ:

Տարուան ընթացքին պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Գործի մէջ նոր հանդիպումներու եւ համաձայնութիւններ կնքելու տարի մըն ալ պիտի ըլլայ:

ՑՈՒԼ (21 ԱՊՐԻԼ - 21 ՄԱՅԻՍ)

Մեծ եռանդով պիտի սկսի տարին: Այս մէկը իր յստակ ազդեցութիւնը պիտի ձգէ տնտեսկան իրավիճակին վրայ: Պէտք է ամէն քայլ առնուի զգուշութեամբ եւ նախապէս ծրագրումով:

2022 տարուան ընթացքին նպաստաւոր պայմանագրութիւններ թէեւ պիտի չստորագրուին, սակայն նիւթական որոշ անկախութիւն ձեռք պիտի բերուի, հակառակ դրամական անցողակի դժուարութիւններուն: Փոփոխութիւններ կը նախատեսուին, անոր համար կարեւոր է ճիշդն ու իսկականը տեսնելու եւ զատորոշելու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 ՄԱՅԻՍ - 21 ՅՈՒՆԻՍ)

Տարուան ընթացքին կարգ մը դժուարութիւններ ինքնաբերաբար պիտի հարթուին: Ճկունութիւնը մեծ դեր պիտի խաղայ այս բոլորին մէջ: Ինքնամփոփումի եւ երկար մտածելու կարիք պիտի զգացուի եւ այս մէկը առիթ պիտի տայ, որ նիւթական եւ տնտեսական բոլոր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկուին: 2022 տարին նոր ծանօթութիւններու եւ բարեկամութիւններու տարին պիտի ըլլայ: Կը թելադրուի ըլլալ սովորականէն աւելի զուսպ եւ ինքնավստահ, իննչպէս նաեւ յաջողելու համար՝ շրջահայեայց:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ ( 22 ՅՈՒՆԻՍ - 22 ՅՈՒԼԻՍ)

2022 տարին իրապաշտ տարի մըն է: Պիտի բացայայտուին բաւական մեծ ու փոքր խնդիրներ եւ հարցեր. կարեւորը կեդրոնացած մնալն է: Միշտ նպաստաւոր չէ ձայնը լսելի դարձնելը: Յաճախ նախընտրելի է լսել նաեւ ուրիշներունը: Այս տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքին պտուղները պիտի քաղուին տարեվերջին, երբ պիտի սկսի ապագայի հիմքերը դնելու նոր շրջանը:  Որեւէ առաջարկ ընդունելու կամ մերժելու պարագային, զղջումներ տեղի պիտի ունենան: Պէտք է միշտ նախապատրաստուիլ եւ ըլլալ իրապաշտ:

ԱՌԻՒԾ (23 ՅՈՒԼԻՍ - 23 ՕԳՈՍՏՈՍ)

2022 տարին պիտի ըլլայ նոր յաջողութիւններու լման տարի մը: Շատ փայլուն ապագայ մը պիտի ծրագրուի: Նոր առաջարկներ պիտի ներկայացուին: Նոր պաշտօններու պիտի տիրացուին եւ նոր պատիւներու պիտի արժանանան: Նիւթական գետնի վրայ մեծ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին՝ դրական եւ առողջ: Ընտանեկան անդամներու եւ բարեկամներու հետ սիրալիր եւ համերաշխ յարաբերութիւններ պիտի մշակուին, որոնք նախանձի պիտի արժանանան: Գաղտնապահութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ ցարդ չիրականացուած ծրագիրներ իրողութիւն պիտի դառնան:

ԿՈՅՍ (24 ՕԳՈՍՏՈՍ - 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ)

Տարին շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն զայն արժեւորել: Պէտք է ըլլալ հետեւողական եւ յարմարող: Տեսակէտի պարտադրումը կրնայ վնասել շատ մը բարեկամութիւններ: Անտեղի ջղայնութենէ եւ անյարմար խօսքերէ ու յարձակողական տրամադրութիւններէ պէտք է միշտ խուսափիլ: Տարեվերջին կարեւոր որոշում մը դրական փոփոխութիւն պիտի բերէ ձեր կեանքին: Կայունութեան եւ յաջողութեան տարի է աշխատողներուն համար:

ԿՇԻՌՔ (23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ - 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ)

2022-ը ռոմանթիկ տարի մը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք սէրը շատ մօտէն ճանչցած են: Այս իսկ պատճառով նոր բարեկամութիւններ պիտի մշակուին: Այս փոփոխութիւնները իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ձգեն հոգեկանին կողքին նաեւ նիւթականին վրայ: Մեծ ու փոքր յաջողութիւններով լեցուն տարի մը պիտի բացուի: Պէտք է զայն լաւ օգտագործել միշտ նկատի ունենալով ապագան: Շնորհիւ ստեղծագործ մտքին, պիտի իրականանան նաեւ նոր երազներ:

ԿԱՐԻՃ (24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ - 22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ)

Տարուան սկիզբին արդէն պիտի բացայայտուի մարդկային բարձր նկարագիրը, որուն շնորհիւ հաշուեյարդար պիտի կատարուի եւ իբրեւ արդիւնք դրական շօշափելի արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգուին: Նոր որոշումներ բոլորովին նոր պատկեր մը պիտի տարածէ: Սիրոյ մէջ վճռական որոշումներ պիտի տրուին: Կեանքի ընթացքը եթէ ոչ ամբողջովին գէթ որոշ չափով մը պիտի փոխուի: Աւելի աշխոյժ, ուրախ եւ կենսունակ վիճակ մը պիտի ստեղծուի:

Աշխատանքի մէջ մտահոգութիւններու փարատումի տարի մը պիտի ըլլայ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (23 ՆՈՅԵՄԲԵՐ - 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ)

Նոր տարին թէեւ նոր եւ դրական փոփոխութիւններ պիտի բերէ սակայն կ՚ակնկալուի, որ ան ունենայ նաեւ ժխտական գիծեր: Ուստի, զգուշութիւն կը թելադրուի: Շրջահայեացութիւնը իր իսկական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ բոլոր հարցերուն առընչութեամբ: Յառաջդիմելու համար բախտին պէտք չէ վստահիլ: Աշխատանքի մէջ խարխափումներ եւ բազմազան դժուարութիւնները իրենց աւարտին պիտի հասնին այս տարուան երկրորդ կիսուն, եթէ տարուած աշխատանքը ըլլայ առաւել կազմակերպուած:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ - 20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ)

Յստակ եւ ճշգրիտ մօտեցումը բոլոր հին ու նոր հարցերուն պիտի տայ դրական լուծում, որուն պիտի յաջորդեն լաւ անակնկալներ: Նիւթական գետնի նոր բարելաւումներ պիտի նկատուին: Նոր գործի առաջարկ մը յաջողութեան նոր դռներ պիտի բանայ: Երկմտանքը կրնայ խանգարել ամէն դրական շարժում եւ մտածում: Տարուան առաջին կիսուն արդէն այս բոլոր կէտերը պիտի յայտնաբերուին: Անորոշութիւններուն վերջ պէտք է դրուի եւ ամէն բան պարզ ու յստակ պէտք է տեսնել:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ - 18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ)

2022 տարին պիտի բացուի նոր խոստումներով եւ ծրագիրներով: Կը մնայ զատորոշել էականն ու արդիւնաւէտը: Նիւթապէս մեծ բաւարարութիւն պիտի զգացուի եւ տարիներու երազներէն մէկը պիտի իրականանայ: Աշխատանքային մարզի մէջ անակնկալ կերպով պաշտօնի բարձրացում մը նիւթապէս պիտի նպաստէ ընտանիքի կամ անհատի պիւտճէին:

Խոհեմ եւ հաւասարակշռուած ըլլալը մեծապէս պիտի նպաստէ բարեկամ կարծուած անհատներու դաւերէն զերծ մնալու համար: Սիրոյ երազային պահեր ապրելու առիթներ պիտի ստեղծուին:

ՁՈՒԿ (19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ - 20 ՄԱՐՏ)

Երեւակայութիւնը իր բարերար դերը պիտի ունենայ յատկապէս տարուան կիսուն, երբ նոր առաջարկներ եւ նոր ծրագիրներ պիտի մշակուին: Ասոնց իրագործումով պիտի յաջորդէ նիւթական բարելաւումը եւ պիւտճէական հաւասարակշռութիւնը: Այս մէկը մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէ: Իրապաշտ կեցուածքը հարցերու մօտեցման եւ քննարկման ճամբուն համար հաճելի անակնկալներ պիտի ստեղծեն: Յառաջդիմութիւնը պիտի ըլլայ զանազան դժուարութիւններու յաղթահարումը:

Արդ, այս էջերու ընթերցումներէն ետք, ձեզի կը մաղթեմ հաճելի անակնկալներով լեցուն, բախտաբեր եւ երջանկաբեր տարի մը եւ յոյսով եմ, որ նախատեսութիւններուն դրականները ըլլան իրական եւ ձեր կեանքը լեցուի միայն բարիով, լաւով, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022