ԳԾԵԼՈՒ ԲՈՒԺԻՉ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ
Գծելն ու ներկելը մատչելի եւ հաճելի զբաղումներ են, որոնց համար պէտք չեն սուղ եւ արտասովոր պիտոյքներ, միայն պէտք ունինք ներկի, վրձինի ու թուղթի: Այդ պատճառով ալ շատեր կը նախընտրեն իրենց ազատ ժամերը անցընել գծելով կամ ներկելով: Այնուհետեւ գծելը բացի ժամանցի մէկ տարբերակ ըլլալէ, ունի առողջապահական զանազան օգտակարութիւններ:
Գծելը կը զարգացնէ մեր ստեղծագործ միտքը եւ երեւակայութիւնը: Միւս կողմէ, ան յիշողութեան տկարութենէ տառապողներուն կ՚օգնէ՝ թարմացնելու իրենց մտային կարողութիւնը:
Քանի որ արուեստը մարդուս ներքին զգացումներն ու ապրումները արտայայտելու միջոց մըն է, հետեւաբար ներկելն ու գծելը կը նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան հմտութիւններու զարգացման: Անհատը գծե կոտութիւնը եւ այլ տկարութիւններ:
Գիտնականներ առողջութեան վրայ գծելու ունեցած գլխաւոր ազդեցութիւնը՝ ճնշուածութեան փարատումը կը համարեն: Կեանքի պայմանները կրնան դժուար ըլլալ, անհատներ երբեմն կը փորձեն զանոնք շրջանցել ներկելով եւ գծելով: Անոնք, հետեւաբար, ճնշուածութենէն կը ձերբազատուին եւ իրենց զգացումները ազատօրէն կը դրսեւորեն գոյներով եւ գիծերով: Այսպէսով անոնք ժամանակաւորապէս կ՚ելլեն վախի եւ հոգերու աշխարհէն ու կ՚անցնին հաճելի եւ հետաքրքրական նոր աշխարհ մը:
Ներկելն ու գծելը կրնան խթանել ճըգ-նաժամային հարցերու լուծման կարելիութիւնները:
Իրօք, գծելը մարդուս կը սորվեցնէ, որ հարց մը կրնայ մէկէ աւելի լուծումներ ունենալ: Այնպէս ինչպէս ճերմակ թուղթէ մը գեղարուեստական պատկերներ ի յայտ կու գան, նոյնպէս ալ մենք գծելով կարելիութիւն կ՚ունենանք կաղապարուած մտածելակերպէ դուրս ելլել եւ աւելի խորունկ ու ազատ մտածել:
Գեղարուեստական պատկերներ ստեղծելով անհատի մը բացասական մը-տածումները կը նուազին. անոնց կը փոխարինեն դրական մտածումներն ու զգացումները: Ուստի գծելը թոյլ կու տայ, որ մարդս ինքզինք լաւ զգայ. ան կը խթանէ ինքնավստահութիւնը եւ կը ներշնչէ անձը՝ հաւատք ունենալու իր կարողութիւններուն վրայ: Գծելը այս առաւելութիւններուն շնորհիւ, մարդը աւելի ուրախ կը դարձնէ, մարմնի ու միտքի խաղաղութիւն կը զգայ, բայց մանաւանդ աւելի արդիւնաբեր կը դառնայ:
Անհատը իր զգացումները կ՚արտայայտէ արուեստով, որուն կողքին, սակայն, ան գծելով ազատ կ՚արձակէ իր թաքնուած ապրումները: Այն աստիճան, որ երբ ոեւէ անհատ խորասուզուած ըլլայ իր գծագրութեան մէջ, իր մարմնային ցաւերը կ՚անհետանան:
Գծելը ունի աղօթելու, երգ ունկնդրելու եւ մտախոհութիւն կատարելու նոյն ազդեցութիւնը: Աւելի՛ն. ան առողջանալու գործընթացը կ՚արագացնէ:
Գիտնականներ պատերազմէ եւ այլ դժուար պայմաններէ տառապողներուն կը թելադրեն, որ գծելով արտայայտեն իրենց զգացումները:
Գծելով, շատ մը հիւանդութիւններէ կարելի է բուժուիլ: Ընտանիքի եւ սիրելիներու քաջալերանքին կողքին, գծելով վատառողջ մարդիկ կրնան հասնիլ ներքին խաղաղութեան եւ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն:
Իւրաքանչիւր հոգեվիճակ կամ դժուարութիւն ունի իրեն համապատասխան գծագրութիւն:
- Եթէ յոգնածութիւն կը զգաք, ծաղիկներ գծեցէք:
- Բարկութեան պարագային՝ ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծեր:
- Ցաւի պարագային՝ երկրաչափական մարմիններ:
- Եթէ տխուր էք, ծիածան գծեցէք:
- Ճիշդ որոշում կայացնելու համարգ ալիքներ եւ շրջանակներ գծեցէք:
- Ցրուած միտքերը հաւաքելու համար քառակուսիներ գծեցէք:
- Դէպքերը յիշելու համար գունաւոր նախշեր գծեցէք:
- Ձեր ուժը վերականգնելու համար գեղատեսիլ վայր մը գծեցէք:
- Ձեր զգացումներուն մէջ խորանալու համար ձեր դիմանկարը գծեցէք:
- Կարօտախտի պարագային լաբիւրինթոս գծեցէք:
Խառնաշփոթ միտքով կարելի չէ հան-դարտօրէն մտածել եւ հարցերուն ճիշդ լուծումներ գտնել: Հոգեբաններու կարծիքով, գծագրութիւնը լաւ միջոց մըն է խառնաշփոթ միտքերը կարգաւորելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: Ազատ ժամ գտէք, մատիտ կամ վրձին առէք եւ գծելու սկսէք:
ՇԱՂԻԿ ՍՐՈՒՐԵԱՆ