ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ, ԵԹԷ…

Ֆէյսպուքը, Ինսթակրամը եւ Թուիթըրը այլեւս մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ արդէն իսկ բազմաթիւ անձերու համար անհրաժեշտութիւն են: Սակայն, ինչպէս ամէն բան, ատոնք եւս երբ կը չափազանցուին, կ՚ունենան ժխտական ազդեցութիւն, անխուսափելի վնասներ, որոնց մասին յաճախ կը նշեն մասնագէտներ: Ուշադիր պէտք է ըլլալ, որպէսզի ընկերային ցանցերը կեանքի ժխտական երեւոյթները չըլլան:

Այս առընչութեամբ յօդուածագիր Ճ. Մորիսընի գրութիւնը վերջերս հրապարակուած է «Պի.Պի.Սի.»ի մէջ:

*

ՃՆՇՈՂ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾԵԼ

Բարեկամներէս մէկը վերջերս թուային կերպով անհետացաւ, ընկերային բոլոր ցանցերէն դուրս ելաւ: Քանի մը ուրիշներ նշեցին, որ իրենք ալ նոյնը պիտի ընեն: Անկասկած դուք ալ ունիք ընկերներ, որոնք կ՚ուզեն դադար առնել իրենց թուային կեանքերէն:

Մէկ կողմէ կրնամ կարեկցիլ: Ժամանակակից աշխարհի ներկայ իրավիճակը՝ ձայներ, որոնք կը գոռան ձեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար, եւ դիւրին է թոյլ տալ, որ ամենէն ժխտական նիւթերը հասնին ձեզի եւ ձեզ ընկճեն: Այս մէկը կրնայ սպառիչ ըլլալ, եւ եթէ ձեր իրական կեանքը արդէն պայքար է, թուային մռայլութիւնը աւելցնելը կրնայ ճնշիչ ըլլալ:

Պարտադիր չէ, որ այդպէս ըլլայ: Գիտակցուած եւ զգոյշ ջանքերու շնորհիւ՝ ես ստիպած եմ, որ ընկերային ցանցի երեք հիմնական հարթակները դառնան կեանքիս դրական կողմերը, կամ յոռեգոյն պարագային՝ չէզոք: Հակառակ անոր որ ատոնցմէ ոմանք պարծենկոտ են այն բանին համար, թէ որքան բազմաթիւ են իմ ընկերներս, սակայն հարցը հետեւեալն է. պէտք է գիտնալ ինչպէս գործածել այս ծառայութիւնները, որպէսզի անոնք ձեզի համար շահաւէտ ըլլան, այլ ոչ թէ ձեզ ընկճեն իրենց վնասակար հոսքերով:

Անշուշտ ծրագիրներու սահմանափակումներ դնելը եւ նոյնիսկ պարզապէս հաղորդագրութիւնները անջատելը կրնան օգտակար դառնալ, բայց այստեղ ներկայացուած քայլերը կրնաս կատարել իւրաքանչիւր հարթակի սեփական ծրագիրներուն մէջ, եւ անոնք նախատեսուած են մեծապէս օգտակար դառնալու համար:

Ահաւասիկ ինչպէս.

ՖԷՅՍՊՈՒՔ

Ֆէյսպուքը ծայրայեղ մեծ կամ հզօր գոյացութիւն, բեհեմովտ (աստուածաշնչային առասպելական գետաձի) մըն է՝ օրական աւելի քան 1.5 միլիառ աշխոյժ օգտատէրերով: Անիկա ապահով գրաւ մըն է, որ դուք ունիք հաշիւ, կամ գոնէ ատեն մը ունեցած էք: Այն, որ սկսաւ որպէս ընկերներու հետ լուսանկարներ փոխանակելու անմեղ միջոց, ամբողջովին այլ բան դարձած է:

Եւ քանի որ Ֆէյսպուքը դարձած է ժամանակակից գոյութեան այդպիսի բաղկացուցիչ մասը, անոր դարձուածքները, բառախաղերը մաս կը կազմեն ընկերային խօսակցական լեզուին. ճոքերը՝ մէկը ձեր ընկերներու ցանկէն կը հանէք եւ անոր հետ քաղաքական ու հասարակական ճիւղաւորումները ամէն տեղ են: Ֆէյսպուքի մէջ մարդիկ արգելափակելը (պլոք), թոյլ չտալը ուրիշներուն տեսնել կամ մեկնաբանել ձեր հաղորդագրութիւնները՝ շատ ծանր է: Որոշ իրավիճակներու մէջ այդ ուղիները կրնան օգտակար ըլլալ: Ֆէյսպուքը հանգստաւէտ դարձնելու ամենէն դիւրին ձեւը, սակայն, շատ թաքուն արարք է. չհետեւիլ ֆէյսպուքեան ընկերներու գործունէութեան (Unfollow):

Օրինակ՝ Ճոնաթան Պըրպրիճ 43 տարեկան է: Վերջերս ան Ֆէյսպուքէն գրեթէ ամբողջութեամբ հեռացաւ: Պատճառը, ըստ իս, շատ տրամաբանական էր. «Ֆէյսպուքը կը պնդէ ինծի ցոյց տալ այն բոլոր փաստերը, որոնք իմ ընկերներէս մէկը վէճի մը ընթացքին ներկայացուցած է իր ցեղապաշտ, խտրական հարազատներուն, որոնց ես բնաւ չեմ հանդիպած»: Մինչ Ֆէյսպուք վերջերս շատ թարմացուցած է իր ալկորիթմը, այդուհանդերձ, Ֆէյսպուք կը խորհի, որ ձեզ կը հետաքրքրէ, թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսին ձեր ընկերները: Եթէ ձեր ընկերները անընդհատ վիճաբանութիւններու մէջ են անծանօթ մարդոց հետ, դուք ատոնք պիտի տեսնէք:

Անոր լուծումը, բացի Ֆէյսպուքէն ընդհանրապէս հեռանալու արմատական տարբերակէն, Ֆէյսպուքի մէջ բոլորին գործունէութեան չհետեւիլն էր (unfollow): Եթէ դուք ֆէյսպուքեան եզրով՝ անֆալօ ընէք մէկը, չէք տեսներ անոնց գրառումները կամ անոնց խօսակցութիւնները: Դուք տակաւին կը մնաք ընկերներ, եւ անոնք դեռ կրնան տեսնել ձեր գրառումները, բայց դուք չէք տեսներ անոնց գրառումները կամ մեկնաբանութիւնները անծանօթներու գրածներուն վերաբերեալ: Ձեր սեփական լրահոսը նոյնպէս՝ բաւական դատարկ կ՚ըլլայ: Այդուհանդերձ, դուք կրնաք սեղմել կոճակը՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ տեղադրած են ձեր ընկերները: Դուք նոյնպէս տակաւին կը տեսնէք գրառումները ձեր մաս կազմած որեւէ խումբի մէջ՝ ձեւացնելով, թէ դուք դեռ կը հետեւիք անոնց: Ճոնաթան կրկին հետեւեցաւ ընտրուած քանի մը մարդոց, որոնք ան գիտէ, որ առցանց չեն վիճիր:

Դուք, անշուշտ, պէտք չէ նոյնքան ծայրայեղ ըլլաք, որքան Ճոնաթանը, բայց Ֆէյսպուքի մէջ այլոց գործունէութեան չհետեւելու առողջ մօտեցումը կրնայ հրաշքներ գործել: Ունի՞ք ընկեր մը, որ միայն ժխտական բաներ կը հրապարակէ: Կամ մէկը, որ միայն կոպիտ մեկնաբանութիւններ կը գրէ: Գացէք իրենց էջը եւ անֆալօ ըրէք: Ձեր լրահոսը կը դառնայ շատ աւելի հանդարտ եւ շատ աւելի հաճելի:

ԻՆՍԹԱԿՐԱՄ

Ես Ինսթակրամը կը սիրեմ: Իմ Ինսթակրամիս լրահոսին 60 առ հարիւրը շուներու լուսանկարներ են, 50 առ հարիւրը՝ ճամբորդական լուսանկարներ եւ 10 առ հարիւրը՝ ընկերներու կողմէ տեղադրուած նկարներ: Ան միշտ եւ ամբողջովին, իմ թուային կեանքիս դրական մասն է: Ես կը հետեւիմ մէկ հաշիւի, այսինքն ես ձեզ չեմ խաբեր, պարզապէս մօտէն նկարուած շուներու քիթերու նկարներ տեղադրած եմ: Ինչպէ՞ս չէք կըր-նար ժպտիլ, երբ նման բան կը յայտնուի ձեր էջին մէջ:

Ինսթակրամը զգալիօրէն դիւրին է հաճելի դարձնել՝ համեմատած Ֆէյսպուքի եւ Թուիթըրի հետ: Պարզապէս մի՛ հետեւիք այն գրառումներուն կամ հեշթեկներուն, որոնք ձեզի հաճելի չեն թուիր: Եթէ մէկը կը տեղադրէ միայն իր զարմանալի ճամբորդութիւններուն նկարները եւ այդ իրողութիւնը ձեզ կ՚ընկճէ… մի՛ հետեւիք անոնց:

Դուք, եթէ կ՚ուզէք, նոյնպէս կրնաք սահմանափակել ձեր գրառումները տեսնողները, որպէսզի կրճատուի մեկնաբանողներու թիւը, եւ նոյնիսկ կրնաք լռեցնել (mute) այլ մարդոց թարմացումներն ու պատմութիւնները:

Այս պարզութեան բացառութիւնը «Որոնում»ի տուփիկն է, որ ցոյց կու տայ թուացեալ պատահական լուսանկարներ՝ պատահական հաշիւներէ: Ես լսած եմ, որ մարդիկ կը դժգոհին, որ Ինսթակրամը Որոնման էջին մէջ միայն կարեւոր կը նկատէ ազդեցիկ մարդիկը ու վատ գեղեցկութեան խորհուրդները: Գիտէ՞ք՝ իմս ի՛նչ ցոյց կու տայ. 60 առ հարիւր շուներու նկարներ, 30 առ հարիւր ճամբորդութեան նկարներ եւ 10 առ հարիւր այլ նկարներ:

Որոնման էջը բացարձակապէս պատահական չէ: Ինսթակրամը գիտէ, թէ ի՛նչ կը նայիք, եւ կ՚ենթադրէ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէք տեսնել: Ահաւասիկ, թէ որքանո՛վ ան յատուկ է. Ինսթակրամը ինծի պարզապէս միայն «շուներ» ցոյց չի տար, այլ հիմնականին մէջ ցոյց կու տայ իմ նախասիրած շուներուս երկու տեսակները: Եւ գիտէ՞ք՝ ինչ, ես ճիշդ ատիկա կը փնտռեմ, ուրեմն ան կը շարունակէ ինծի ցոյց տալ:

Այսպիսով, բոլորովին պարզ է, որ եթէ Ինսթակրամը ձեզի ցոյց կու տայ բաներ, որոնք ձեզի հաճելի չեն թուիր, մի՛ կոխէք անոր վրայ: Այլ բանի մը վրայ կոխեցէք: Այս բոլորը յարմարցնելու եւ ձեզի ցոյց տալու համար երկար ժամանակ չի պահանջուիր: Եթէ կ՚ուզէք աւելի արագ ազատիլ այն բոլորէն, որոնք ձեզի հաճելի չեն թուիր, կրնաք այնպէս ընել, որ ծրագիրը (app) աւելի քիչ ցոյց տայ: Կամ պարզապէս զանց առէք Որոնման էջը եւ միայն նայեցէք ձեր հետեւած հաշիւներուն՝ ենթադրելով, թէ այդ ցուցակը ամփոփած էք պարզապէս այն մարդոցմով, որոնք ուրախութիւն կը պատճառեն:

ԹՈՒԻԹԸՐ

Մինչ դիւրին է Ինսթակրամը դրական դարձնել, ինչպէս նաեւ՝ Ֆէյսպուքը, հեշտ չէ նոյնը կատարել Թուիթըրի համար: Բաւական դժուար է անտեսել այն, ինչ որ չես ուզեր տեսնել:

Սակայն Թուիթըրի վրայ կան բաւական զուարճալի հաշիւներ: Կան հաշիւներ, որոնք կը տեղադրեն պատահական, հիանալի խօսքեր, նկարներ, եւ ասիկա բաւական հաճելի է: Ուրեմն կարելի է Թուիթըրը դրական հարթակի վերածել, պարզապէս ատիկա կատարելը աւելի ճիգ կը պահանջէ, քան՝ միւս երկու ընկերային ցանցերը:

Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի «ընկերներուն չհետեւելու» օրէնքը այստեղ նաեւ կարելի է գործադրել: Կրնաս դադրեցնել հաղորդագրութիւններ ստանալը կամ արգելափակել հաշիւ մը: Ասիկա կը ձերբազատէ թունաւոր օգտատէրերէն: Որոշ չափով օգտակար կը նկատուի նաեւ դադրեցնել որոշ բառեր տեսնելը: Այս մէկը ժամանակ կը խլէ, բայց քեզի առիթ կու տայ զտելու այն, ինչ որ քեզի նեղութիւն կը պատճառէ: Ասիկա պէտք է մէկիկ մէկիկ կատարել, բայց գոնէ ոչինչէ լաւ է:

Եթէ կայ յատուկ հաշիւ մը, որ միշտ կը վերազետեղէ այլ հաշիւներու բովանդակութիւններ, բայց դուք կը հաւնիք անոնց բուն թուիթներուն, կրնաք դադրեցնել վերազետեղումները տեսնելու ընտրանքը:

Կրնաք նաեւ օգտագործել Որակի զտիչը եւ այլ յառաջացած զտիչներ, որպէսզի չտեսնէք նոր հաշիւներու, կամ քանի մը հետեւորդներ ունեցողներու (հաւանաբար՝ անտեղի կամ վնասակար հաշիւներ) գրառումները:

Թուիթըրը կարելի եղածին չափ հաճելի դարձնելու համար միայն հետեւէ այն հաշիւներուն, որոնք կը տեղադրեն գրառումներ, որոնք քեզի հաճելի կը թուին:

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Վերոնշեալ խորհուրդները քեզի կարելիութիւն կու տան այս ծառայութիւնները դասաւորելու այնպիսի ձեւով մը, որ կարենաք միայն տեսնել այն, ինչ որ կ՚ուզէք տեսնել: Բայց դուք ի՞նչ կ՚ուզէք աշխարհին ցոյց տալ: Ասիկա բնականաբար շատ տարբեր հարցում մըն է: 22 տարեկան Էյմի Լիու զգացած է, որ ինք կեղծ անձնաւորութիւն ցոյց կու տար ընկերային ցանցերուն վրայ, եւ այդ իրողութիւնը պատճառներէն մէկն էր, որ ան հրաժարեցաւ ընկերային ցանցերը օգտագործելէ: «Զգացի, որ ես ցոյց կու տայի իմ կեղծ տարբերակս, որ իսկական չէ, յատկապէս՝ Ինսթակրամի վրայ, ուր քու կեանքդ չի կրնար թերութիւններ եւ սխալներ ունենալ, որովհետեւ ամէն բան ամփոփուած է մէկ գեղեցիկ նկարի մէջ»:

Ասիկա ես շատ լաւ կը հասկնամ: Ես տարուան կէսը կը ճամբորդեմ եւ շատ պատմութիւններ կը դնեմ Ինսթակրամի վրայ, թէ ո՛ւր եմ եւ ի՛նչ կ՚ընեմ: Ասիկա հանրային է, բայց նաեւ ընկերներուս համար է: Նոյնիսկ իմ անձնական Ֆէյսպուքի էջիս վրայ հազուադէպօրէն կը տեղադրեմ ժխտական փորձառութիւններուս մասին: Երբ այսպէս կ՚ընէի անցեալին, կը ստանայի մեկնաբանութիւններ, ինչպէս՝ «կը ճամբորդես, ամէն բան կատարեալ է, մի՛ գանգատիր»: Ասիկա անարդար է եւ սխալ, բայց երբ ինչ որ աշխարհին կ՚որոշես ցոյց տալ, կատարեալ կը թուի, մարդիկ կը կարծեն, որ ամէն բան կատարեալ է: Դադրեցուցի այդպիսի գրառումներ կատարելը, ինչ որ դժուար է, երբ ամէն բան լաւ չ՚ընթանար կեանքիս մէջ, բայց սորվեցայ, որ ընկերային ցանցերը այն վայրը չեն, ուր կրնաս աջակցութիւն ստանալ:

Պէտք չունիս տեղադրելու այն, ինչ որ չես ուզեր: Պէտք չունիս որեւէ բան տեղադրելու: Կայ անշուշտ բաժնեկցելու ճնշումը, բայց ինչ եւ որքան կը բաժնեկցիս, ատիկա քեզի կը վերաբերի: Շատ հաւանական չէ, որ մէկը զգայ, եթէ դուն մէկ կամ երկու շաբաթ գրառում չկատարես, մանաւանդ եթէ շարունակես աշխոյժ մնալ եւ ուրիշներու գրառումներուն վրայ մեկնաբանութիւններ կատարես:

Ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ առցանց աշխարհէն հեռացած իմ բարեկամուհիիս: Ինք տակաւին հեռու է: Այդ հանգամանքը զիս կը տխրեցնէ, որովհետեւ չեմ կրնար տեսնել, թէ ան ի՛նչ կ՚ընէ յաճախական ձեւով: Բայց քանի մը շաբաթը անգամ մը կը խօսինք: Իրեն համար ատիկա դրական մեծ քայլ եղած է: Չի գիտեր՝ կը վերադառնա՞յ, բայց գիտէ, որ վերադառնալը ընտրանք մըն է, եթէ ուզէ:

Վերադառնալը նաեւ կրնայ քեզի համար որոշումը դիւրացնել. կրնաս որեւէ պահու հաշիւներդ վերաշխուժացնել, կամ կրնաս նոր հաշիւ մը բանալ՝ ընտրուած ընկերներով: Թերեւս որոշ ժամանակ հեռու մնալէ ետք աւելի լաւ գաղափար մը կ՚ունենաս, թէ ի՛նչ կարօտցած ես եւ ինչո՛ւ կ՚ուզես այս ծառայութիւնները օգտագործել:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020