ՊԱՅՔԱՐԸ ՆԱԵՒ ԺԱՀՐԵՐՈՎ…
Գրեթէ տասն օրուան մէջ միլիառաւոր տոլարի վնաս, մտավախութիւններ եւ ամենաէականը խուճապի առաջնորդող ընդհանուր դրութիւն մը։
Չինաստանի մէջ եղած զարգացումները, յառաջիկայ օրերուն սպասուելիք զարգացումները եւ մտահոգութիւնները կարծես թէ պատահական չեն։ Ի հարկէ, խնդրին առընթեր կան առողջապահական ոլորտի մասնագէտներու գնահատականները, որոնք բաւական մոխարգոյն են, սակայն հարցը միայն առողջական ոլորտի խնդիր մը չէ։
Գաղտնիք չէ, որ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ առկայ մրցակցութիւնը յատկապէս վերջին ամիսներուն անցաւ բաւականին կարեւոր փուլերէ։ Տնտեսական հարկեր, ԱՄՆ-ի կողմէ սեղմումներ, պատժամիջոցներու մասին խօսքեր եւ սպառնալիքներ, սուր պայքար ու մանաւանդ մրցակցութիւն։
Հեռու մնալով խնդիրները «դաւադրական տեսութեան» հարթակ տեղափոխելէ, յստակ է, որ մինչեւ այս պահը եղած զարգացումները մեծ վնաս տուին Չինաստանին, որ այսօր ունի մեծ ներուժ ու կարծես թէ շատ ալ հեռու չէ աշխարհի տնտեսական հզօրը դառնալու «չինական երազէն»։ Ու այն դէպքերը, որոնք այսօր իրականութիւն կը դառնան, անշուշտ նպատակ ունին ճզմել այդ երազը։
Այս բոլորէն անդին ու այսօր ստեղծուած ընդհանուր պատկերը լաւապէս հասկնալու միտումով, նաեւ յստակեցնելու համար, թէ ի՛նչ տեսակի ժահրի հետ գործ ունինք, կամ ո՛ւր են այն կէտերը՝ ուր այդ ժահրը «ինքզինք» լաւ ու առողջ կը զգայ, կամ ի՛նչ դրոյթներով այդ մահացու վարակը կրնայ զարգանալ, կարողացայ լիբանանահայ հմուտ բժիշկ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեանին հետ ունենալ տեղեկութիւններով յագեցած զրոյց մը, զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ։
Լիբանանահայ բժիշկին խորհուրդը իմ ընթերցողներուն. «Մաքուր մնալ, միշտ լուացուիլ եւ խուասփիլ յաճախ ձեռնուելու եւ համբուրուելու սովորութենէն»։
-Ձեր կարծիքով, իրապէ՞ս վտանգաւոր է քորոնա ժահրը, կամ եղածին վերաբերեալ բարձրացուած աղմուկը ուռճացուած է։
-Քորոնա ժահրը, այո, իսկապէս վտանգաւոր է, եւ վերջին տուեալներով՝ ան կը համարուի ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործող՝ Միջազգային առողջապահութեան գործակալութեան ամենավտանգաւոր ժահրերու ցուցակին մաս կազմող ժահրերէն մին։ Այդպէս համարելով քորոնան դարձաւ վտանգաւորութեան ամենաբարձր ցուցանիշ ունեցող կարմիր գոյնով ներկայացուող ժահր։
Քորոնան վտանգաւոր է, որովհետեւ շատ արագ կրնայ փոխանցուիլ, նամանաւանդ, յաճախ ճամբորդութեան ենթակայ մարդոց մօտ, որովհետեւ շատ լաւ գիտէք, թէ օդանաւերուն մէջ մարդիկ արհեստական թթուածին կը շնչեն, եւ այդ պայմաններուն մէջ եթէ մէկ հոգի անընդհատ փռնգտայ, հազայ, կրնայ կողքիններուն փոխանցել եւ կրնայ ամբողջ օդանաւին մէջ գտնուողներուն վարակել: Այստեղ պէտք է նշել, որ քորոնայի պարագային մտահոգիչը այն է, որ վարակը կրողներուն մօտ ան կրնայ մինչեւ 14 օր չերեւալ եւ յետոյ մէկ անգամէն երեւալ...։ Այս մէկը իսկական հարց ծագեցուցած է, տեսնենք, թէ ինչպէս առաջքը պիտի կարենան առնել:
Հետեւաբար, ժահրին շուրջ ստեղծուած աղմուկը ուռճացուած չէ, սակայն կայ մօտեցում, որ կարգ մը լրատուական գործակալութիւններ կը փորձեն պատկերը աւելի ուռճացնել եւ այդ մէկը կը կատարեն յետին նպատակներով։
-Չինաստանէն հեռու եղող երկիրները, օրինակի համար, ինչպիսին են Լիբանանը, Սուրիան, Հայաստանը, արդեօք վտանգուած են այս ժահրի փոխանցումով։
-Նախ ըսեմ, որ հիմնական վտանգաւոր տեղերը մեծ օդակայաններն են, մանաւանդ անոնք, որոնք ցամաքամասերու միջեւ կապ օդակայաններ կը համարուին եւ ուր ուղեւորահոսքը շատ մեծ է: Իմ ունեցած տուեալներով՝ պէտք է խուսափիլ մի քանի մեծ օդակայաններէ, ինչպիսին են ՝ Մալեզիոյ միջազգային օդակայանը, Սինկափուրի միջազգային օդակայանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու՝ Ապու Տապիի եւ Տուպայիի մեծ օդակայանները, Տոհայի օդակայանը, Իսթանպուլի օդակայանը, եւ որպէս Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ գտնուող մեծ օդակայաններէն, Լոնտոնի եւ Ֆրանսայի «Շարլ տը Կոլ» օդանաւակայանները:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Հայաստանին եւ Սուրիոյ, մինչեւ այս պահը մեծ անհանգստութեան պատճառ մը չունինք, սակայն, ինչպէս գիտէք, կրնան ըլլալ Չինաստանէն, օրինակ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եկած մարդիկ, ուրկէ ալ ուղղուին Հայաստան կամ Լիբանան, եւ եթէ այդ անձը վարակուած է, կրնայ վարակը փոխանցել շուրջիններուն, մանաւանդ այն մարդոց, որոնց՝ անքնութեան կամ որեւէ այլ պատճառով մարմնի դիմադրողականութիւնը թուլացած է։
-Կան տեղեկութիւններ, որ այս ժահրը «զարգացուած» եւ ապա «դուրս եկած» է Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ գործող բժշկագիտական ծառայութիւն իրականացնող տարրալուծարանէ մը։ Կը հաւատա՞ք այդ վարկածին։
-Հիմա, այն ինչ որ ես կարդացի, բժշկագիտական կեդրոնէ դուրս եկած է, ուր ֆրնասացիներ փորձարկումներ կ՚ընեն, սակայն իմ կարծիքով, շատ ճիշդ չէ այդ լուրը: Եթէ Ուհան քաղաքի մասին է խօսքը, նախ նկատի ունենանք, որ Ուհան նահանգը մօտաւորապէս Սուրիոյ կէսին չափ է, այնտեղ ճարտարարուեստական, դեղամիջոցներու տարրալուծարաններու, գործարաններու շատ մեծ կեդրոններ կը գործեն, անոր բնակչութիւնը միլիոնաւոր ժողովուրդ է։ Իսկ ինչ տուեալ, որ մինչեւ հիմա մեր ձեռքը ունինք, կ՚ըսէ, թէ քորոնան օձերէ եկած վարակ է, բան մը, որ համոզիչ է։ Այս ժահրի աղբիւրը կրնան օձերը ըլլալ, որովհետեւ բոլորիս ծանօթ է, որ Չինաստանի մէջ օձերու վաճառականութիւնը տարածուած է, այնտեղ մարդիկ օձի միս կ՚ուտեն. կը մնայ գտնել, թէ ինչպէս զարգացաւ այս վարակը...։
Առ ի գիտութիւն ըսեմ նաեւ, որ քորոնան նորութիւն մը չէ, ան վաղուց կար, բայց այն գործօնը, որ մէկ անգամէն պատճառ դարձաւ համաճարակի աստիճանի հասնելու, հաւանաբար շըր-ջանի բնակչութեան մէջ տարածուելու՝ անոնց կենցաղին մէջ առկայ սխալներու հետեւանք է։
-Պետական մարմիններ եւ ծառայութիւններ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմեն իրենց երկիրները հեռու պահելու համար այս մահացու ժահրէն։
-Պետական մակարդակով, հետեւեալը կրնանք ըսել. ժահրի փոխանցման առաջքը առնելու համար, սահմանային հսկողութեան դրութիւն պէտք է որդեգրուի. երկրի օդակայաններուն, նաւահանգիստներուն, սահմանային կէտերուն ջերմաստիճանի քննիչ սարքեր պէտք է տեղադրուին, որպէսզի անմիջապէս բոլոր երկիր մուտք գործողներուն ջերմութիւնը հսկուի եւ անոնք, որոնց ջերմաստիճանը 38.5-էն վեր է, մեկուսացուին: Եթէ այդպիսի սարք չունին, ապա բժշկական անձակազմեր՝ իրենց յատուկ հագուստներով կրնան օդանաւ մուտք գործել եւ սովորական ջերմաչափերով բոլորին ջերմաստիճանը չափել: Եթէ մէկու մը հանդէպ կասկած ըլլայ, զայն կրնան առողջապահական մեկուսարան առաջնորդել (քարանթինա)։ Այստեղ պէտք է նշել, որ նման պարագաներու համար պէտք եղած բոլոր տեսակի ծախսերը կը տրուին հիւանդ անհատի պետութեան կողմէ, բան մը որ միջազգային համաձայնութեան հիմքով կը կատարուի։
-Իսկ ի՞նչ խորհուրդ կու տաք քաղաքացիներուն, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնեն անոնք այս վարակէն զերծ մնալու համար։
-Պէտք է անպայման ձեռքերը ջուրով եւ օճառով լուան, եթէ շրջապատին մէջ կասկածելի որեւէ մէկը կայ, որ անընդհատ կը փռնգտայ, անկէ հեռու մնան, մարդոց հետ հանդիպելու ժամանակ ձեռնուելու կամ համբուրուելու սովորութենէն զերծ ըլլան, երբ մէկը հարբուխ է եւ փռնգտաց ու անոր աչքէն արցունք արտահոսեցաւ, քթահոսութիւն եղաւ, այդ հեղուկներէն հեռու մնան։ Ու նաեւ աչքերը, քիթը, բերանը լուան ու չորցնեն, վերջը՝ այն մակերեսները, որոնց վրայ կրնայ փռնգտալու պատճառով լորձունքի կաթիլներ յայտնուիլ, անընդհատ հականեխեն, այդ մակերեսները մաքրեն, եւ ամենէն կարեւորը՝ կենդանիներէն հեռու մնան, եթէ անհանգիստ են, անպայման մարդոցմէ հեռու մնան, մեծ քանակութեամբ հեղուկներ ընդունին, որպէսզի մարմինը չչրազրկուի:
Ըսեմ, որ կարգ մը լրատուական գործակալութիւններու կողմէ տարածուած լուրը, թէ ժահրը մեկուսացնող պատուաստը գտնուած է, յերիւրանք է։ Մինչեւ այս ժամը, չկայ այդպիսի բան մը, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մարդիկ լծուած չեն պատուաստ մը գտնելու աշխատանքին, բայց առ այսօր, կ՚ընդգծեմ, որ քորոնայի պատուաստ մը գոյութիւն չունի:
-Եղածին մէջ քաղաքական դաւադրութեան վարկածներու մասին լսած է՞ք. այդ առումով ալ ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։
-Այո, քաղաքական վարկածը հոս արդէն իր տեղը ունի, որովհետեւ Չինաստանը, մեծ տէրութիւններու մաս կազմող մրցակից երկիր է, եւ որեւէ փորձանքի դէմ յանդիման գտնուելուն պէս, շահագրգիռ կողմեր կը սկսին նիւթը շահարկել։ Այսօր եթէ ժահրի պատճառով չինական մեծ քաղաք մը փակուեցաւ, Շանկհայ քաղաքի ունեցած մեծ օդակայանի մը ուղեւորներուն թիւը յիսուն տոկոսով նուազեցաւ, անշուշտ, որ Չինաստանի պէս միլիառ ու կէս հաշուող երկրի մը համար, տնտեսական ծանր վնասներ կրնայ յառաջացնել: Բայց ես կը կարծեմ, որ չինացիներուն համար այս մէկը մեծ հարց մը չէ, մէկ շաբաթ, տասն օրէն կը գտնեն ճարը, քանի որ, չմոռնանք, այսօր ունի համայնավարական կեդրոնացած կառավարութիւն մը, որ իր հերթին ունի ամէն դիրութիւնները՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ մարդկային, թէ՛ դեղօրայքային, հետեւաբար ամէն ձեւով կրնան առաջքը առնել, մանաւանդ, որ չինացի ժողովուրդը իր կառավարութեան անսացող ժողովուրդ մըն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան