ԱԿՆԱՐԿ - 52 - ՀԱՅՈ՞Ց ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԹԷ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի գործող իշխանութիւնները վերջերս այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ իրենց դիմաց ծառացած բոլոր խնդիրները լուծած են, այնքան ազա՜տ ժամանակ ունին, որ այլեւս իրենք ալ չեն գիտեր ինչով զբաղին, այդ պատճառով հազար ու մէկ մանրուքներու ետեւէն իյնալով, կը փորձեն «հզօրացնել» մեր պետութիւնը…:
Մեր պետութիւնը «հզօրացնելու» այդ գործընթացի ընթացքին, կը նկատենք, որ ո՛չ մեր Պետութեան Սահմանադրութիւնը, ո՛չ Հայոց Պատմութիւնը, ո՛չ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, ո՛չ սփիւռքը զերծ կը մնան գործող իշխանութիւններուն գերանդիէն:
Փաստ է, որ գործող իշխանութիւնները երբեք կապ չունին ո՛չ ազգութեան, ո՛չ պետականութեան եւ ո՛չ ալ հայերնասիրութեան հետ: Անոնք լաիք անունին տակ ամէն տեսակի հակազգային ու հակապետական աւեր կը գործեն:
Օրինակ մը տալու համար, ընթերցողը թող պահ մը չէզոք կերպով ուսումնասիրէ գործող Կրթութեան նախարարութեան անցնող մի քանի տարիներուն գործունէութիւնը եւ պիտի համոզուի, թէ ի՜նչ աւերներ կը գործուին այդ ոլորտէն ներս: Ոլորտ մը, որ մեր յետագայ սերունդները կերտելու թիւ մէկ կռուանն է: 7-րդ դասարանի այս տարուան թողարկուած դասագիրքը, ԲԱՑԱՅԱՅՏՕՐԷՆ խեղաթիւրումն է մեր դարաւոր պատմութեան: Հակառակ բազմաթիւ գիտնականներու, մասնագէտներու եւ պատմաբաններու կարծիքներուն, դիտարկումներուն, կառուցողական քննադատութիւններուն, սակայն, ո՛չ դասագիրքին հեղինակը, ո՛չ առաւել եւս Կրթութեան նախարարութեան թիւ մէկ դէմքը կ՚ուզեն հասկնալ, կամ ըմբռնել, ընդհակառակը, ջայլամի հոգեբանութեամբ, իրենց գլուխը մխրճած են իրենց մութ ու գաղտնի ծրագիրներուն մէջ եւ չեն ուզեր ոչինչ տեսնել եւ ոչինչ լսել…:
Անդին, բոլոր ան պետական պաշտօնեաները, որոնք դէմ կ՚արտայայտուին, կը քննադատեն ներկայ իշխանութիւններու գործելաոճը, ապա աշխատանքէ կ՚ազատուին, կը հալածուին, նեղութիւններու կ՚ենթարկուին: Ըսածիս ամենէն վառ օրինակներէն մէկը այն է, որ այս տողերս գրած ատեն, իմացայ թէ պատմութեան գիտութիւններու թեկնածու՝ յարգարժան Արման Մալոյեանի գլխաւորած ԿԶՆԱԿ հիմնադրամի վերապատրաստումի ծրագիրներուն մշակման եւ վերապատրաստումներու արդիւնաւէտութեան գնահատումի բաժինը պիտի լուծարուի: Պատճա՞ռը. շատ պարզ, որովհետեւ յարգարժան պրն. Մալոյեան Հայոց Պատմութեան 7-րդ դասագիրքի հետ կապուած իր դիտարկումները հրապարակած է պարբերաբար, երկու գրութիւններով: Այս մասին յարգարժան պրն. Մալոյեանը իր դիմատետրի էջին վրայ հետեւեալ կերպով արձագանգած էր. «Ես որպէս մասնագէտ, այլ ոչ թէ պաշտօնեայ եմ ներկայացել, իսկ ԿԳՄՍՆ-ն, անշուշտ, տեղեկանում է դիտարկումներին, ինչպէս եւ նախորդ անգամուայ դիտարկումներին: Պարտաւորուած չեմ գրախօսելու դասագիրքը, իմ քաղաքացիական պարտքն եմ համարել օգնելու ուսուցիչներին: Նաեւ նշեմ, որ այսօր ծանուցում եմ ստացել ԿԶՆԱԿ-ի տնօրէնից, որ մարտի 27-ին [2024] լուծարւում է իմ ղեկավարած բաժինը եւ ես ու իմ բաժնի աշխատակիցները աշխատանքից ազատուելու են այդ օրը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Գերպ. Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանը հետեւեալ հրապարակումը կատարած է իր դիմատետրի էջին վրայ. «Ցաւով տեղեկացայ, որ ԿԶՆԱԿ-ը որոշել է լուծարել Արման Մալոյեանի ղեկավարած բաժինը: Պարզից էլ պարզ է, որ իրական պատճառն արհեստավարժ պատմաբանի քննադատութիւնն է Հայոց Պատմութիւն առարկայի 7-րդ դասարանի տխրահռչակ, անհաշիւ սխալներով լի նոր դասագրքի վերաբերեալ եւ նրա քաղաքացիական ազնիւ, անաչառ դիրքորոշումը: Տխուր է իրականում եւ մտահոգիչ, կարծես թէ 37 թ. ոգին վերաարթնացել է… Փոխարէնը գնահատեն եւ շնորհակալութիւն յայտնեն նման մարդկանց, փորձում են վարչական լծակներով լռեցնել: Ցաւօք, սա էլ վերջը չէ…»:
Այս բոլորի կողքին վերջին շրջանին հրապարակ նետուեցաւ դպրոցներէն ներս Հայոց Պատմութեան դասանիւթի անունը փոխել, դարձնելու համար Հայաստանի Պատմութիւն: Մանրամասնութիւններու պիտի չերթամ, որովհետեւ անիմաստ է: Աւելին, նախարարութեան տուած պատճառաբանութիւնները, իրենց սահմանափակ մտածողութեան սահմաններէն դուրս չ՚ելլեր, այսինքն՝ անոնք յստակ ծրագիրներ ունին, եւ այնքան ատեն որ իշխանութիւնը իրենց ձեռքն է, ամէն ինչ պիտի ընեն՝ իրագործելու համար իրենց ծրագիրները, որոնք ո՛չ մէկ առընչութիւն ունին հայկականութեան, ազգայնութեան, պետականութեան եւ հայրենիքի ու հայրենասիրութեան հետ:
Մէկ բան յստակ է, որ այս անգամ եւս նպատակ կայ խեղաթիւրելու մեր պատմութիւնը, Հայաստան-սփիւռք կապը կտրել, Հայաստանի կապը մէկ անգամ ընդ միշտ գոլորշիացնելու: Մէկ խօսքով, ո՛չ մէկ լաւ բան կը սպասուի այս բոլորէն:
Աւարտելու համար, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Շաւարշ Միսաքեանի՝ 14 ապրիլ 1956 թուականին գրած մէկ խմբագրականէն հատուած մը, նուիրուած՝ Հրամանատար Դրաստամատ Կանայեանին: Այսպէս.
«…Հայաստանը, մինչեւ անգամ ամբողջ Կովկասը բաց գիրքեր էին իրեն համար, ռազմագիտական ծրագիրներ որոճալու համար։
Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու աշխարհագրական տարբերութիւնները, հակառակորդին ռազմագիտական առաւելութիւնները, յանդուգն մտածումներ կը թելադրէին իրեն, ինչպէս Ռուբէնի։ Եւ ելքեր կը փնտռէր ու կը գտնէր, առանց ակադեմական հատորներ պրպտելու։
Հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, այսքանը կը բաւէր, փրկութեան ճամբան գտնելու համար։
Մնացեալը սրատեսութեան, քաջութեան եւ յարատեւութեան խնդիր էր։
Մեր ֆետայիները գիրքերէն չսորվեցան հայրենիք փրկելու կամ կերտելու գաղտնիքը։ Ոչ ալ թութակաբար իւրացուցին օտարին գիտելիքները։
Հայրենիքի ձայնը, անոր տառապանքն ու երկունքը ամբողջ ակադեմիա մը կը կազմէին իրենց համար։
Դրօները մնացին անպարտելի, վասնզի հայրենիքի ազատութեան գաղափարը հոգեշահ քարոզ չէր իրենց համար, այլ միս եւ ոսկոր։ Կամք եւ աշխատանք։ Անձնուիրութիւն եւ հաւատարմութիւն։
Պատմական շարականագիրը շատ քիչ բան գիտէր բուն անձնազոհութեան մասին, երբ կ՚երգէր «Անձինք նուիրեալքը»։
Մեր ժամանակակից պատմութիւնը ստեղծեց նուիրեալներու սերունդ մը, որ լեռ ու ձոր կը թնդացնէր տարիներով, յանուն ազատութեան եւ խաղաղութեան։
Այսօր սակաւաթիւ դէմքեր մնացած են արիներու այդ սքանչելի փաղանգէն, որ իր բազուկով ճեղքեց հայ ժողովուրդին լացի ու խաւարման մշուշը։
Ուրիշ ոեւէ ժողովուրդի քաջերը պիտի չկրնային աւելին կատարել, տուեալ պայմաններուն մէջ»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ