ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Մենք աւելի քեզ ապրելով սիրեցինք քան մեռնելով
Անոր համար դուն մեռար ա՛լ աւելի եւ մնացիր ափ մը հող
                                                                                                                                                                           Սարմէն

Կեան­քը ինք­նին գո­յա­մարտ է… սա­կայն երբ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը կը հաս­տա­տուի կ՚ամ­րա­նայ իր հո­ղին վրայ, ու եր­կար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թեան տի­րա­նայ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կար­ծես կը մոռ­ցուին ար­տա­քին պայ­քար­նե­րը ու կ՚ըն­թա­նայ սո­վո­րա­կան դար­ձած օ­րի­նա­չա­փու­թեան մը վրայ:

Եւ կը բա­ցուի լե­զուն բա­նաս­տեղ­ծին.- «Մենք խա­ղաղ էինք մեր լեռ­նե­րի պէս, դուք հող­մե­րի պէս փչե­ցիք վայ­րա­գ»,  (Յ.­ Շի­րազ): Այ­սինքն՝ ձե­ւով մը դա­տա­պար­տու­թիւն՝ ար­տա­քին հո­վե­րուն մինչ­դեռ ու­րիշ գոր­ծա­ծա­կան ճշմար­տու­թիւն մըն ալ կայ, որ կ՚ը­սէ.- «Խա­ղա­ղու­թեան շրջա­նին պա­տե­րազ­մի կը պատ­րաս­տուի­ն», որ­պէս­զի ուշ չըլ­լայ ու ողբ ու կո­ծը չփրթի…

Եւ սա­կայն ժո­ղո­վուրդ­ներ ի­րենց խառնուած­քին, բնու­թեան ազ­դե­ցու­թեան ու ան­ցեա­լի փոր­ձա­ռու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք կ՚ու­նե­նան մտա­ծե­լա­կերպ ու առ այդ կ՚ըն­թա­նան պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թին:

Բագ­րա­տու­նեանց հարս­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը Ա­նին տա­կա­ւին հիաց­մունք կը պատ­ճա­ռէ իր ճար­տա­րա­պե­տա­կան ա­րուես­տով: Իսկ Ա­նին՝ բնո­րո­շուած է իբ­րեւ հա­զար ու մէկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու քա­ղաք…

Վեր­ջա­պէս կար­ծես ա­ւե­լի եր­կին­քին վստա­հեր ենք, քան՝ մե­զի, ու հա­զա­րա­մեակ մը ա­ռաջ Նա­րե­կա­ցին երկ­նեց «բա­ն»ե­րու շարք՝ «Ընդ Աս­տու­ծո­յ»: Տես­նենք մէ­կը ա­նոնց­մէ.- Բան ԾԱ. «Ու հի­մա, ես մա­հուան ար­ժա­նի եւ ա­մէն կեր­պով խա­բուած մահ­կա­նա­ցուս, պէտք է պա­ղա­տիմ երկ­րա­ծի՞ն մէ­կու մը­…» եւ կը սկսի թուել եղ­բայր, հօր, մօր ու «աշ­խար­հի թա­գա­ւոր­նե­րո՞ւն ար­դեօք, ո­րոնք միշտ մարդ սպան­նե­լու արուես­տը կը մշա­կեն քան թէ ապ­րեց­նե­լու, ո՛չ եր­բեք, այլ քե­զի՛ միայ­ն», «Օրհ­նեալ Աս­տուա­ծ»: Ու­րեմն՝ հա­յու տի­պար մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Նա­րե­կա­ցին…

Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ Շիլ­լէ­րի մէկ քեր­թուա­ծը. «Երկ­րի Բաշ­խու­մը».

Ա­ռէք աշ­խար­հը, Զեւսն ա­ղա­ղա­կեց մար­դոց ներ­քե­ւում…

­Վերց­րէք բո­լո­րը ձեզ է պատ­կա­նու­մ: Արդ, գոր­ծի կը լծուին ծեր, ե­րի­տա­սարդ, հո­ղա­գործ, ազ­նուա­կան, վա­ճա­ռա­կան, թա­գա­ւոր, ով ին­չի կրնայ տի­րա­նալ: «Ու Աբ­բան ընտ­րեց ա­մե­նաազ­նիւ նրբա­համ գի­նի­ն»:Եւ «Բո­լո­րո­վին ուշ­…ա­մէ­նու­րեք էլ չկար ո­չինչ, բա­նաս­տեղծն ե­կա­ւ»: Ար­դէն ուշ էր ու սկսաւ ող­բալ ու «բարձ­րա­ձայն կան­չեց եւ Ե­հո­վա­յի գա­հոյ­քի ա­ռաջ գե­տին խո­նար­հուե­ց»: Այ­լեւս շատ ուշ էր…: «Ի՜նչ ա­րած, եր­կիրն ձեռ­քից հա­նել եմ, ա­սաց Ե­հո­վան: Եւ ե­թէ եր­կին­քի մէջ ապ­րիլ կ՚ու­զես, ին­ծի հետ… որ­քան յա­ճախ դու այս­տեղ գալ ու­զես, բաց է քո ճամ­բան»:

Այ­սինքն ան­ցեալ դա­րու նա­հա­տակ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն՝ Դանիէլ Վա­րու­ժա­նին, իր մէկ նա­մա­կին. «Յի­սու­սի հայ­րե­նախ­տէն վերջ մարդ փո­խուե­ցաւ ծննդա­վայր Բրգնի­կէն՝ Պո­լիս. «Ու ես կ՚եր­թամ դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սի­ն»:

Բժշկա­կա­նօ­րէն «հայ­կա­կան հի­ւան­դու­թիւ­ն» կայ ե­ղեր… այս մեր նշած­ներն ալ՝ այլ հի­ւան­դու­թիւն…

­Հի­ւան­դու­թիւն մը, որ ոտ­քերդ կը կտրէ հո­ղէն, կը վե­րա­նաս… ու կ՚ապ­րիս երկ­նա­յին ե­րա­զանք­նե­րը… կը յի­շեմ նաեւ տող մը. «Ես պատ­րան­քը սի­րե­ցի» (Լե­ւոն Շանթ):

Ապ­րիլ հո­ղիդ վրայ, ա­րեան կա­պով, հո­ղին բոյ­րով ու կան­չով գի­տակ­ցու­թե­նէ ա­ւե­լի կիրքն է զօ­րա­ւոր, ո­րով միա­ձոյլ՝ պի­տի դի­մագ­րա­ւես ար­հա­ւիրք­նե­րը բո­լոր, ան­կա­րե­լին կա­րե­լիի վե­րա­ծե­լով եւ ե­րա­զա­յի­նը՝ ի­րա­կա­նով, ո­րով պի­տի ըլ­լանք տի­րա­կան:

Փա­խուս­տը ո­րե­ւէ ժամա­նակ չէ ե­ղած լու­ծու­մը վերջ­նա­կան:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017