ԽԱՂԱՂ ՕՐԵՐՈՒ ԽԱԲԵԲԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԴԻՄԱԿԱՅՈՂ ՊԱՐԿԵՇՏԸ
Արդի ժամանակներուն փտածութիւնը համատարած երեւոյթ դարձած է: Դժբախտաբար կրթական ասպարէզն ալ զերծ չէ մնացած այդ կործանարար ախտէն: Այն աստիճան, որ ատոր դէմ պայքարը երբեմն երկսայրի սուրի կը վերածուի: Ատոր կողքին, բարեբախտաբար կան ոգեշնչող երեւոյթներ, որոնք իսկապէս դաստիարակիչ եւ օրինակելի են հակամարտութիւններով հարուստ մեր դարուն: Կեանքը միշտ ալ արդար չի գտնուիր ուսումնատենչներուն հանդէպ, սակայն անոնք կը դիմագրաւեն բոլոր դժուարութիւնները՝ հասնելու իրենց նպատակին: «Պի. Պի. Սի.» հրապարակած է իրարմէ անջատ երկու յօդուածներ, որոնցմէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք հատուածներ:
*
ՈՒՍՄԱՆ ՏԵՆՉԸ ՓԼԱՏԱԿ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հակառակ պատերազմի բոլոր անպատեհութիւններուն եւ դըժ-ւարութիւններուն՝ Մարիամ Համմատ կը փորձէ ուսանիլ Հալէպի՝ սուրիական քաղաքացիական պատերազմի սեւ սրտին մէջ:
«Իմ քաղաքս փլատակներու վերածուած է», կ՚ըսէ ան: Հակառակ մնայուն վտանգի տակ ըլլալուն, ռմբակոծումներու պատճառով բը-նակարանէն պարտադրուած երկու անգամ տարհանուելուն, առանց ելեկտրականութեան հոսանքի, կամ ջուրի ապրելուն, 22-ամեայ այս երիտասարդուհին մերժած է ուսանելէ հրաժարիլ:
ՔԱՆԴՈՒՈՂ ՔԱՂԱՔԸ
Չորս տարի առաջ ան աւարտած է դպրոցը եւ սկսած՝ յաճախել Հալէպի համալսարանը, ուր իր շուրջը տասնեակներով ուսանողներ զոհ-ւեցան ռմբակոծումի պատճառով:
«Ես իմ ընկերներս տեսայ սպան-նըւած եւ մինչեւ հիմա չեմ կրնար մոռնալ պատահածը: Ես բազմաթիւ վիրաւոր ուսանողներ տեսայ: Ամէն բան սարսափելի էր», կ՚ըսէ Մարիամ:
Անոր տան շրջանը եւս վտանգաւոր էր: «Ես բազմաթիւ առիթներով մահուան շատ մօտ գտնուեցայ: Ընտանիքիս հետ վարձեցինք բնակարան մը, որ միայն 500 մեթր հեռու կը գտնուէր ճակատէն: Բազմաթիւ հրթիռներ ինկան մեր բնակարանին շրջակայքը: Դրացիներ զոհուեցան: Հրթիռներ երկու անգամ հարուածեցին մեր բնակարանը»:
Ան կը յիշէ յարձակումի մը ատեն քալելը, փոշիին եւ մութին մէջ, անտեղեակ՝ շուրջը գտնուողներուն ողջ կամ մեռած ըլլալէն: Մարիամ կը խօսի Հալէպի մէջ կեանքի մասին, որ եղած է սարսափի եւ վտանգի խառնուրդ մը:
«Ես շատ կու լայի, երբ աչքերուս առջեւ կը տեսնէի իմ քաղաքիս կործանումը», կ՚ըսէ ան:
ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏՐԵԼԸ
Բայց Մարիամի հակազդեցութիւնը եղած է յամառօրէն շարունակել եւ իր ուսանիլը օգտագործել որպէս զոհերը մեծարելու ձեւ մը: Ան առցանց ուսանող մը եղաւ պատերազմի գօտիին մէջ՝ հետեւելով Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող «Եունիվըրսիթի օֆ տը փիփըլ» համալսարանի դասընթացքներուն՝ որոշելով լաւատես ըլլալ եւ վերականգնումի ծրագիրներ մշակել:
«Բայց ասիկա այնքան ալ դիւրին չէ», կ՚ըսէ ան Սքայփի խախուտ հաղորդակցութեամբ խօսած ատեն:
«Ամենէն դժուար բանը Հալէպի մէջ ուսանող ըլլալու համար ողջ ըլլալն է», կ՚ըսէ Մարիամ:
Տակաւին պարբերաբար կ՚իյնան հրթիռներ, կ՚ըլլան ականներու պայթումներ՝ հակառակ հաստատուած զինադադարին, բայց նաեւ կան գործնական մեծ դժուարութիւններ, որոնք կրնային յուսահատեցնել նուազ վճռական ուսանող մը:
ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԲԱՐԴԵՐԸ ԼԻՑՔԱՒՈՐԵԼ
«Մենք երկու տարիէ ելեկտրական հոսանք չունինք: Փոխարէնը՝ մարդիկ կախեալ են ելեկտրածին շարժակներէ, քանի մը ժամուան համար միայն: Ես կ՚երթամ ելեկտրածին շարժակ ունեցող մօտակայ խանութ մը, ուր բջիջային հեռաձայնս եւ համակարգիչս (լեպթոփ) լիցքաւորելը 12 ժամ կը տեւէ: Ապա կու գամ տուն, որպէսզի դասերս պատրաստեմ», կ՚ըսէ ան:
Համացանցի միացումները տկար եւ պարբերական են: Եւ երբ քննութիւն մը կը մօտենայ, համացանցը ամբողջովին կ՚ընդհատուի: Մտահոգուելով, որ կրնայ քննութեան ձախողիլ, Մարիամ պատրաստութիւններ տեսած է Դամասկոս ճամբորդելու, որպէսզի քննութեան մասնակցելու ձեւ մը գտնէ:
«Նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի չափանիշներով, ասիկա շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար, բայց բարեկամներ կրցան հաղորդակցիլ համալսարանին հետ եւ ես կրցայ վերադասաւորել քննութիւնը», ըսաւ Մարիամ:
«ԲՆԱԿԱՆՈՆ ՕՐ»
Երկարատեւ կռիւներ տեղի ունեցած են Հալէպի մէջ՝ կառավարական ուժերուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ, սակայն կան նաեւ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ուժերը, որոնք քաղաքէն շատ հեռու չեն:
Մարիամ կ՚ըսէ, որ անոնք վերջերս փորձած են քաղաք ուղղուող փողոց մը փակել, բայց նոյնպէս կայ գաղափարներու պատերազմը եւ անշուշտ՝ ուսանելու իրաւունքը պահպանելու գաղափարը:
Զինեալներու ներկայութիւնը Մարիամը նոյնիսկ աւելի վճռական կը դարձնէ շարունակելու ուսումը: Մինչ պատերազմի բարձր արհեստագիտութիւնը տեղացած է Սուրիոյ վրայ, այս երիտասարդուհին իր դասերը պիտի սորվէր մոմի լոյսի տակ:
Բայց ան չի բողոքեր: Փոխարէնը՝ ան կը խօսի որպէս ուսանող՝ գոնէ «բնականոն օրուան» մը շեշտուած տենչանքով:
Եւ ի՞նչ պիտի ընէ ան այդ օրը: «Ես կ՚ուզեմ բազմաթիւ բաներ ընել ա՛յդ օրուան ընթացքին», կ՚ըսէ ան:
«Ես կ՚ուզեմ իմ համալսարանս երթալ, ոեւէ բնականոն ուսանողի մը նման: Կ՚ուզեմ ընկերներուս հետ ժամանակ անցընել: Կ՚ուզեմ նստիլ իմ ընտանիքիս հետ», կ՚ըսէ Մարիամ:
Ան պահ մը կը լռէ, ապա կ՚ըսէ. «Կ՚ուզեմ տեսնել բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցի»:
ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵԼ ԱՊԱԳԱՆ
Բայց այսպիսի ահաւոր քանդումին դիմաց ան ինչո՞ւ կ՚ուզէ համալսարանական վկայական ստանալ: Մարիամ կ՚ըսէ, որ պատերազմի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ կրթութիւնը, ուսումը կենսական են. դրական բան մը, որ մարդիկ իրարու կը կապէ վերակառուցելու համար աւելի լաւ կեանք մը:
«Ի՛նչ ալ ըլլայ, մենք այս հզօր խայծը, շարժառիթը ունինք ատոր ձգտելու: Դուք ատիկա կը տեսնէք փոքր երախաներուն մէջ, որոնք իրենց դպրոցները կը յաճախեն, նոյնիսկ երբ որեւէ պահու կրնան ռմբակոծուիլ»:
«Կրթութիւնը իմ կեանքիս մէջ որեւէ ատեն միշտ կարեւոր եղած է: Ատիկա ինծի յոյս կու տայ, որ ես կրնամ ունենալ աւելի լաւ ապագայ: Ատիկա ինծի պիտի օգնէ, որպէսզի ես վերակառուցեմ իմ երկիրս եւ բոլոր քանդուածները»:
Մարիամ առցանց կը պատրաստուի Գալիֆորնիոյ «Եունիվըրսիթի օֆ տը փիփըլ» համալսարանէն ստանալու համար վարչագիտութեան վկայականը: Համալսարանը կ՚աջակցի աշխարհի մէջ այն անձերուն (ներառեալ 15 ուսանողներ՝ Հալէպէն), որոնց այլապէս մատչելի չէ համալսարանական ուսումը:
ՈՐՈ՞ՆՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆ ՆԻՇԵՐԸ ԵՐԲ ԽԱՐԴԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ՏՐՈՒԵՑԱՒ
Առեղծուած մըն է: Դուք կ՚ակըն-կալէք քննութեան աւելի նուազ փտած համակարգ, որուն շնորհիւ ունակութիւնները փայլին՝ անկախ աշակերտին տնտեսական դիրքէն: Բայց Ռումանիոյ մէջ հակափտածութեան յաջող արշաւի մը ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է, որ հետեւանքներէն մէկը ուղղակի հակառակն է ատոր նպատակին. աւելի աղքատ աշակերտները իրականութեան մէջ վատագոյն արդիւնքը տուին խարդախութենէ զերծ քննութեան մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը կատարած է երեք տնտեսագէտներէ կազմը-ւած խմբակ մը, ներառեալ՝ Իստ Անկլիա համալսարանի դասախօս Տքթ. Օանա Պորքան, որ անձամբ ականատես եղած է այս փտածութեան, երբ 2006 թուականին երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի էր Ռումանիոյ մէջ:
Փտածութիւնը բացայայտ եղած է, երբ ան պատրաստուած է մասնակցելու պաքալորէայի քննութեան, որ պիտի վճռէր, թէ աշակերտը կրնա՞յ համալսարաններու ընտրանիին մաս կազմել: Տքթ. Օանա Պորքան կ՚ըսէ. «Խարդախութիւնը տեղի կ՚ունենար բացէ ի բաց: Քննութեան առտուն աշակերտները կը շրջագայէին դրամ հաւաքելու, որպէսզի փոքր յատկացում մը ընեն հսկողներուն: Աշակերտներէն ոմանք կը վճարէին, ոմանք՝ ոչ, ատիկա կամաւոր էր: Տեսած եմ բարձր նիշեր ստացած աշակերտներ, որոնք ընդհանրապէս ցած նիշեր կ՚ունենային: Ասիկա շատ ուժգին եւ երկարատեւ տպաւորութիւն ձգած է»: Այնքան ուժգին, որ իր դերակատարութիւնը ունեցած է Տքթ. Օանա Պորքանի ասպարէզին մէջ:
Պաքալորէայի քննութեան խարդախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 2010 թուականին, երբ հարիւրաւոր աշակերտներ ճիշդ նոյն պատասխաններով քննութեան թուղթեր յանձնեցին: Այս անգամ սուլիչները հնչեցին եւ տեղեկատուական միջոցներու փոթորիկը առաջնորդեց բարձրաստիճան պատասխանատուներու դատական հետապնդումներու եւ պաշտօնազրկումներու: Որպէս արդիւնք՝ կառավարութիւնը յաջորդ քննութիւններուն համար որդեգրեց հակափտածութեան խիստ միջոցառումներ:
Նկարչական սարքերով հսկելու դրութիւն հաստատուեցաւ քննութեան սրահներուն մէջ, եւ կանխելու համար խաբեբայութիւնները, որդեգրուեցան խիստ պատիժներ՝ տուգանք, պաշտօնազրկում, իսկ այն աշակերտները, որոնք խաբեբայութեան ընթացքին կը բռնուին, չեն կրնար կրկին մասնակցիլ քննութեան: «Բազմաթիւ դատավարութիւններ տեղի ունեցան: Փտածութեան դէմ օրէնքի հիմամբ 2010-2013 թուականներուն դատ-ւեցան 280 ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնցմէ 99-ն վեց ամիսէն հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան»:
Բոլոր նշանները այնպէս ցոյց կու տային, որ փտածութեան դէմ արշաւը կը գործէ: 2012-ին քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնը գրեթէ 50 առ հարիւրով նը-ւազած էր՝ բաղդատած 2009 թուականին, 80 առ հարիւրէն՝ 43 առ հարիւրի: Նախապէս խոյացող միջին նիշերը նուազած եւ կայունացած էին:
Ուսումնասիրութեան ընդհանուր արդիւնքը ողջունուեցաւ:
Սակայն Տքթ. Պորքան եւ համահեղինակները ուզեցին պարզել, թէ այս արշաւի տարբեր երեւոյթները որքա՞ն արդիւնաւէտ եղած են: Անոնք Ռումանիոյ 42 գաւառներէն իւրաքանչիւրէն օգտագործեցին վիճակագրական ճշգրիտ տուեալներու վերլուծումներ: Նիշերու վը-րայ ազդող այլ հնարաւոր գործօններ վերացուեցան՝ օգտագործելով հսկողութեան խմբակներ եւ համեմատելով արդիւնքները զանազան վայրերու մէջ, ուր, օրինակ, նկարչական սարքերով հսկելու դրութիւն հաստատուած է տարբեր տարիներու:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները պարզած են, որ լուսանկարչական սարքերը եւ պատիժի իսկական սպառնալիքը, միացած՝ խիստ հսկողութեան, առաւել՝ տեղեկատուական միջոցներու հաղորդումները, այս արշաւը շատ ազդեցիկ դարձուցած են:
Այս ուսումնասիրութեան զգայացունց անակնկալը, սակայն, բացայայտուեցաւ, երբ անոնք ուսումնասիրեցին աշակերտներուն վրայ արշաւին ազդեցութիւնը՝ ընկերա-տնտեսական առումով: Կըր-թաթոշակի յատկացումներ ստացող աւելի աղքատ աշակերտներու քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնները նուազած են 14 առ հարիւրով, բաղդատած՝ աւելի բարեկեցիկներու 8 առ հարիւրին:
Ուսումնասիրողները եզրակացուցած են, որ «փտածութեան դէմ արշաւը պատճառ դարձած է, որ աղքատ եւ բարեկեցիկ աշակերտներու միջեւ անհաւասարութիւնը աւելնայ, եւ ատիկա յատկանշականօրէն նուազեցուցած է բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու անոնց կարելիութիւնները»: Ուսումնասիրողները կը խոստովանին, որ իրենք անակնկալի եկած են այս արդիւնքէն եւ կը դժուարանան առանձնացնել հաւանական պատճառ մը: Ամենէն հաւանական մեղաւորը, որուն ականատեսը եղած է Տքթ. Օանա Պորքան, կը թուի ըլլալ «հաւաքական» եւ «չնչին» ձեւը փտածութեան. գլխաւորաբար հարուստ աշակերտները կը կաշառեն հսկիչներ, բայց ատկէ բոլորը կ՚օգտուին: Ատիկա աւելի աղքատ աշակերտներուն «անվճար» առիթ կ՚ընձեռէ աւելի բարձր նիշեր ստանալու:
Ատիկա նոյնպէս կը նշանակէ, որ երբ խարդախութիւնը վերացուեցաւ, հարուստ աշակերտներու ակադեմական առաւելութիւնը աւելի բացայայտ դարձաւ: Կը թուի, թէ խարդախութիւնը ձեւով մը հաւասարելու ազդեցութիւն կ՚ընձեռէր:
«Արծաթեայ խաւ մը կայ այս բոլորին մէջ. երբ փտածութիւնը համատարած էր, մենք չէինք գիտեր անհաւասարութեան իսկական չափը: Մեր ուսումնասիրութեան արդիւնքը բացայայտեց, որ հաւասարութեան ճեղքը, բացը որքա՜ն աւելի մեծ է: Երբ գիտնանք իսկական տարողութիւնը, կառավարութիւնը կրնայ յաղթահարել անհաւասարութեան աղբիւրները, պատճառները»:
Հեղինակները իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն աւելի ընդարձակ գործադրութիւնը կը տեսնեն, օրինակ՝ որքա՞ն իմաստուն է համալսարան մուտքի համար այդքան շատ կախեալ ըլլալ «ծանրակշիռ» քննութենէ: Տքթ. Օանա Պորքան թէեւ ցարդ ուղղակի պատասխան մը չէ ստացած կառավարութենէն, սակայն կը յուսայ, որ նոր կառավարութիւնը եւ կրթութեան նոր նախարարը նկատի կ՚առնեն այս խնդիրները եւ կը գործեն:
Առցանց համալսարանը ունի Կէյթս հիմնադրամի, Հիւլէթ Փակարտի եւ Կուկըլի նման հովանաւորներ՝ չորս տարուան դասընթացքներով եւ կամաւոր, հանգստեան կոչուած ակադեմական դասախօսներով:
Համալսարանի տնօրէն Շայ Ռեշէֆ կ՚ըսէ. «Մենք այլընտրանքն ենք անոնց, որոնք ոչ մէկ այլընտրանք ունին»:
Մարիամ իր ուսումնառութիւնը կը տեսնէ որպէս տեսակ մը կեանքի փրկարար պարան եւ յոյսի աղբիւր: Ան կ՚ըսէ. «Ամբողջ աշխարհի ուսանողները պէտք է գնահատեն իրենց ունեցած կարելիութիւնները»:
Մարիամ միայն կ՚երազէ անոնց նման «բնականոն կեանք» ունենալ: «Կը յուսամ, թէ ո՛վ որ կը կարդայ իմ պատմութիւնս, պիտի չյուսալքուի իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն: Ես կը հաւատամ, որ բոլոր դժուարութիւններէն ետք կու գայ մեծ վերածնունդ մը եւ մեծարելով ոեւէ ընկեր, դրացի եւ սուրիացի, որ կորսնցուցած է իր կեանքը այս պատերազմին պատճառով, մենք պէտք է լաւատես մնանք»:
Եւ եթէ այդ հաւատքը տատանի՞: «Երբ ես ընկճուած կը զգամ, մայրս ինծի կ՚ըսէ. «Ասիկա կ՚անցնի»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան