Ես Ո՛չ «Մայտան» Կ՚ուզեմ Ո՛չ ալ «Գարուն»

Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Երբ կրկէսի մէջ ենք, պէտք է ըլլալ գազանազուսպը եւ ո՛չ գազաններէն մին»...

Հայրենիքը կ՚եռայ այսօր: Ան յղի է ամէն  տեսակի անակնկալներով ու վտանգներով: Ամէն ոք, ամէն բան կը խօսի, կը գրէ ու կ՚ընէ: Աղմուկ, աղաղակ: Կրկէս է հոն: Ես կը հասկնամ փողոց իջնող ժողովուրդին ներկայ հոգեվիճակը, բայց ունիմ իմ անձնական տեսակէտը, որ հետեւեալն է.

Ես «ՄԱՅՏԱՆ» չեմ ուզեր: «ԳԱՐՈՒՆ» ալ չեմ ուզեր: Ես կ՚ուզեմ մինչեւ Մայիս 1-ը Հայաստանի քաղաքական իշխանութեան հետ առընչուած հարցերը լուծուին խաղաղ ձեւով, բանակցութիւններով ու փոխհասկացողութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ:

Ի՞նչ են Նիկոլ Փաշինեանին յայտարարած առաջնահերթ կամ Բ. եւ Գ. փլանները: Վերջնագրերն ու ամբոխավարութիւնը լաւ տեղ չեն տանիր: Ժողովուրդը պէտք չէ նաեւ տանիլ անյայտ ուղղութեամբ: Պէտք չէ ժողովուրդին  անորոշ խօսքեր ըսել: Միայն իշխանափոխութիւնը բաւարար չէ: Ժողովուրդը պէտք է իմանայ ի՞նչ են իր փոխընտրութիւններն ու այլընտրանքները, որպէսզի կարողանայ քննարկել եւ ապա կողմնորոշուիլ: Ժողովուրդը միշտ բարի է ու զգացական: Պէտք չէ չարաշահել այս տուեալը: Մեր ժողովուրդը արժանի է լուսաբանութեան:

Ես յեղափոխութիւններ տեսած եմ, կարդացած ու ապրած կեանքիս ընթացքին: Գրածս զառանցանք չէ: Ցաւ է:

Ատենին ժողովուրդին ընդվզման ալիքին վրայ բարձրացած Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը նոյն ժողովուրդն էր, որ հեռացուց իշխանութենէն:  Ժողովուրդի բուռն հակակրանքին արժանացած ու հեռացուած Կարէն Տեմիրճեանը՝ քանի մը տարի ետք իշխանութեան հասաւ նոյն ժողովուրդին ամենաբարձր քուէով: Ես այս կը ՅԻՇԵՄ,  ՏԵՍԵՐ ԵՄ: Ես չեմ զառանցեր:

Ես չեմ ուզեր կրկնուի «Լե-ւոն, Լե-ւոն»ը: Նաեւ.- Ես վստահաբար կ՚ըսեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ դառնալով անպայմանօրէն պիտի ՉԴԱԴՐԻ արտագաղթը: Նման բան պատրանք է: Տնտեսական կտրուկ աճ ալ պիտի ՉՊԱՏԱՀԻ բնականաբար: Այդ մէկը պատրանք է: Նաեւ չեմ հաւատար, որ Նիկոլ Փաշինեանը վատ մարդ է կամ Կարէն Կարապետեանը վարչապետ դառնալով ոչինչ պիտի ընէ: Այս մէկը հաստատ գիտեմ:

Ես «Մայտան» չեմ ուզեր: Խելքի աշեցէք: Տեսէ՛ք տեղւոյն ժողովուրդներուն վրայ որքա՜ն սուղ արժեցին տարածքաշրջանին այլ երկիրներուն մէջ իբր թէ ժողովրդավարութիւն բերելու ելած այսպէս կոչուած առաքելութիւնները: Տեսէ՛ք, ի՞նչ ըրին «Գարուն»ները ուրիշ երկիրներու մէջ: Խելքի աշեցէք:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018