Կարելի Չէ՞(ր)…
Պէյրութի մէջ իմ ծնունդս եւ ծննդավայրս ըլլալը իմ ընտրանքս չէր: Ոչ ալ՝ ծնողքիս եւ մեծ ծնողքիս, որոնք իրենց պապենական տունէն՝ պատմական Հայաստանէն արմատախիլ եղան եւ հաստատուեցան Հալէպ, ապա՝ Պէյրութ: Ու տակաւին, լիբանանեան հպատակութիւնը տուաւ ինծի ինքնութիւն եւ քաղաքացիութիւն իմ կեանքին համար:
Ես մեծցայ, դաստիարակուեցայ ու ապրեցայ եւ մինչեւ օրս, որոշ համեմատութեամբ, Լիբանանի մէջ: Պէյրութը եղաւ տուն, եւ անոր ուժականութիւնը սիրեցի՝ որպէս ապրելու մղիչ ուժ եւ կորով: Լիբանանն ու անոր հպատակութիւնը տուաւ ինծի մշակութային եւ քաղաքական-քաղաքացիական ինքնութիւն եւ մասնակցութիւն, ինչ որ անհրաժեշտ գրաւականներ են(էին) իմ-մեր կեանքին համար:
Բայց իմ մեծնալու գործընթացին մէջ կային նաեւ սորվելու գիտակցութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Եւ անոր մէջ հիմնական տեղ ունէր հայկական ինքնութիւնը: Մանաւանդ՝ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, որուն ազատ, շրջահայեաց մշակոյթը ու ընկերա-քաղաքական իրավիճակները մեծապէս պիտի սատարէին անոր:
Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը՝ որպէս գաղութ, ունեցան իրենց ազգային-մշակութային եւ ընկերային կեանքերու բեղուն դրուածքը: Եւ այս, եթէ մէկ կողմէ ներլիբանանեան եւ լիբանանահայ կարգավիճակներէն մեկնելով, բայց նաեւ՝ համահայկական ու համազգային եւ տակաւին հայրենական ու Հայաստան որպէս պետականութիւն: Լիբանանահայ գաղութը անցաւ շատ մը փուլերէ: Լիբանանեան քաղաքացիական առաջին պատերազմի դէպքերուն՝ 1958-ին, լիբանանահայ գաղութը ունեցաւ մարդկային-նիւթական կորուստներ, բայց նաեւ՝ ներհայկական բախումներ՝ հետեւանք լիբանանեան քաղաքական տարբեր հոսանքներու մասնակցութեան: Այս եղաւ մեր գաղութի տխուր պատմութեան էջերէն մին: Ես չապրեցայ այդ օրերը, քանի հազիւ մէկ տարեկան մանուկ էի այդ ժամանակ: Բայց լսած եմ մօրմէս ու իրենց ականատեսի փորձառութիւնները, քանի հայրս երբեք չէր ուզեր խօսիլ այդ դէպքերուն մասին:
1958-ի դէպքերէն ետք լիբանանահայ գաղութը ապրեցաւ իր վերելքի շրջաններէն մին եւ մինչեւ 1975, երբ ծայր առաւ, այսպէս ըսած, (ան)հասկնալի քաղաքացիական պատերազմը:
Լիբանանահայ գաղութը իր կուսակցական-եկեղեցական ու միութենական առաջնորդներու խոհեմ եւ հեռատես քաղաքականութեամբ կրցաւ միաւորել եւ ստեղծել մէկ դիրք: Դրական չէզոքութիւն՝ սրբագրելով 1958-ի փորձառութեան սխալները: Եթէ դրական չէզոքութիւնը եղաւ մէկ կողմէ լիբանանահայութեան դիրքը պատերազմող կողմերու միջեւ որպէս անկողմնակալ հաւաքականութիւն, բայց նաեւ՝ դաստիարակութիւն: Ես ու իմ սերնդակիցներս մեծցանք դրական չէզոքութեան այդ երկարամեայ դիրքորոշումին դաստիարակութեան մէջ՝ սորվելով կամրջել եւ հաւասարակշռել մեր հայկական ու լիբանանեան ինքնութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Կրցանք սորվիլ եւ տեսնել, որ մենք հայ ենք, բայց ծնած ենք Լիբանանի մէջ, եւ այս մեր ընտրութիւնը չէր: Բայց երախտապարտ ենք Լիբանանին ու պատրաստ ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու անոր վերելքին, բայց ոչ երբեք՝ սակարկելով մեր հայկական-ազգային ինքնութիւնը:
Պատմութիւնը անպայմանօրէն արձանագրած է, ու տակաւին, լիբանանահայ գաղութի քաղաքական-ազգային այս կեցուածքը լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տասնհինգ տարիներու որպէս հեռատես, առողջ եւ շինարար կեցուածք: Գաղութն ալ ունեցաւ իր տուժածները եւ մարդկային զոհերը եւ նիւթական վնասները: Վերջապէս, պատերազմական վիճակ էր եւ կարելի չէր չազդուիլ: Բայց լիբանանահայ գաղութին դիրքը եկաւ յարգանք վայելելու բոլոր հոսանքներէն, նոյնիսկ՝ կարգ մը քաղաքական կողմերէն, որոնք կ՚ուզէին տեսնել լիբանանահայ գաղութը միացած՝ իրենց պատերազմական շարքերու կողքին: Եթէ լիբանանեան պատերազմը վերջացաւ ոչ յաղթող, ոչ պարտուող իրականութեամբ (եւ չեմ ալ գիտեր՝ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տըւ-եալներով ալ յանկարծ վերջացաւ), բայց լիբանանահայ գաղութը եւ անոր դիրքը ցոյց տուին, որ ան եղաւ բարոյական, եւ ինչո՞ւ չէ, իրաւական յաղթող գլխաւոր կողմերէն մէկը: Եւ լիբանանահայ գաղութի այս դրական չէզոքութիւնը մէջտեղ եկաւ միասնականութեամբ… Միասնականութիւնը՝ հայ եկեղեցական-քաղաքական եւ միութենական բոլոր կողմերուն: Եւ եթէ ես ու բոլորս ճաշակեցինք լիբանանեան պատերազմի դառն փորձառութիւնները, բայց ան նաեւ եղաւ դպրոց: Դպրոց մը, ուր սորվեցանք հաւասարակշռութիւն՝ մեր հայկական ու լիբանանեան պատկանելիութիւններուն մէջ, բայց նաեւ՝ միասնականութեան: Եւ թէ՝ միասնականութիւնը ուժ է, դրական ուժ, որ կը շինէ: Եւ եթէ լիբանանահայ գաղութը կրցաւ վերականգնիլ այս քաղաքական պատերազմի դժուար փորձառութենէն ետք, պատճառներէն մին էր նաեւ գաղութին միասնական կեցուածք-դիրքորոշումը:
Կը պատրաստուինք 6 Մայիս 2018-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Երկիրը ողողուած է թեկնածուներու նկարներով, բայց նաեւ՝ լոզունգներով ու նշանաբաններով: Բոլորն ալ կը ձգտին երկրին բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: Ակներեւ են հայ թեկնածուներու նկարները եւ անունները՝ բաւական մեծ թիւով, նկատի ունենալով, որ միայն վեց աթոռ կայ հայերուն համար խորհրդարանին մէջ: Ու տակաւին, կարելի է տեսնել հայ թեկնածուները այս կամ այն խմբակին մէջ՝ մէկը միւսին դէմ մրցակից եւ հակադրուած: Եւ արագ ակնարկ մը նետելով բոլոր հայ անուններուն վրայ՝ կրնամ տեսնել, թէ շատ են ծանօթները ու բարեկամները… Կարող, փորձառու եւ սիրելի…
Բայց կը մնայ մէկ իրագործելի պարտականութիւն… Որո՞ւ քուէարկել: Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ հայկական քաղաքական որեւէ կուսակցութեան մը անդամ չեմ եւ իմ մասնակցութիւնը ազգային-գաղութային կեանքի մէջ կու գայ այլ բնագաւառներէ: Բայց ի՜նչ խօսք, ունիմ մտահոգութիւնը…
Եւ այդ մտահոգութիւններէն… Արդեօք կարելի չէ՞ր միասնական ու հաւաքական լիբանանահայ ցուցակով մը ներկայանայինք երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն: Բայց չէ՞ որ ապրած ենք պատմութեան փորձը. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ անոր նկատմամբ դրական չէզոքութեան միացեալ կեցուածքը: Ու տակաւին, Մեծ եղեռնի իննսուն ու հարիւր ամեակները, ուր միասնական կեցուածքներով շատ բան նուաճեցինք: Եւ տակաւին, կարելի է առիթները մէկ-մէկ թուարկել: Բայց արդեօք կարելի չէ՞ր այս ընտրութիւններուն ալ համախոհական ցանկ-կեցուածք մը յառաջացնէինք:
Կը հասկնամ, որ ներկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրական ուղղեգիծը իւրայատուկ է: Համամասնական դրութիւնը, կ՚ըսէ, «յղի» է շատ մը անակնկալներով, եւ որ կրնայ հաշուարկները խանգարել: Ես ալ դիմեցի իմ բարեկամ օրէնսգէտ-փաստաբան Տքթ. Ռուբէն Ավշարեանին, որպէսզի բարի ըլլայ բացատրելու ինծի ներկայ ուղեգիծը: Ռուբէնը համբերութեամբ մէկ-մէկ ներկայացուց ծրագրին տարբեր ելքերը, ինչ որ կարելի էր տեսնել, թէ բաւական խնդրայարոյց էր… Բայց արդեօք այս դրութիւնը իր բոլոր մարտահրաւէրներով պիտի չկարենա՞ր գաղութը քով-քովի բերել եւ մէջտեղ հանել հասարակ յայտարար մը՝ դիմագրաւելու համար զայն հաւաքական միտքով եւ կեցուածքով մը: Վերջապէս, մենք՝ որպէս գաղութ, ապրած ենք աւելի ճգնաժամային պատմութեան փորձը եւ կրցած ենք գտնել «ելքը»… Հապա այս անգա՞մ: Կարելի չէ՞(ր):
Լիբանանահայ գաղութը համասփիւռքեան ընդհանրական տարածքին վրայ ու մէջ միշտ ալ եղած է առաջատարի ու պատասխանատու դիրքի մը վրայ եւ նկատուած՝ կարեւոր միաւոր մը համահայկական մեր իրականութեան մէջ: Լիբանանահայ գաղութը եւ իր կարողականութիւնները, անոր մարդուժի եւ մտաւոր ներուժը մինչեւ այսօր տակաւին կը մնան ի զօրու: Այս իմաստով լիբանանահայ գաղութէն ակնկալութիւնները բաւական շատ են, եւ այս՝ ոչ միայն ներլիբանանեան իմաստով, բայց նաեւ՝ համասփիւռքեան եւ հայրենի պետականութեան առանցքը կազմելու իմաստով: Եւ հայրենիքի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը առաջարկուելէն ետք ան ջանք չխնայեց իր սփիւռքեան անդրանիկ այցելութիւնը տալու լիբանանահայ գաղութին եւ հանդիպիլ տարբեր կառոյցներու հետ: Ինչպէ՞ս բացատրել եւ հասկնալ այս երեւոյթը եթէ ոչ՝ լիբանանահայ գաղութի կարեւորութիւնը ներկայ համահայկական իրականութենէն ներս:
Այս բոլորը ինքնագովութիւն չէ: Տուեալներ են, որոնք ցոյց կու տան լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը մէկ կողմէ, բայց նաեւ պատասխանատուութիւնը եւ ակնկալութիւնները՝ միւս կողմէ: Մեր համահայկական շատ մը հիմնահարցերու եւ մարտահրաւէրներու մէջէն իրականութիւնն է դարձեալ, որ գաղութներ կը նային մեզի՝ լիբանանահայութեան, որպէս նախաձեռնող եւ մտայղացող ու, տակաւին, ազգային-եկեղեցական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս առաջնորդի եւ լիցքաւորումի դերով: Եւ այս տուեալներէն մեկնելով, մենք՝ որպէս լիբանանահայ գաղութ, չենք կրնար նկատի չառնել այս բոլոր գործօնները եւ չհամադրել ու չներդաշնակել մեր ազգային-քաղաքական գործունէութիւնները նաեւ մեկնելով այս իրականութիւններէն: Մեր ներլիբանանեան բոլոր գործունէութիւնները կարելի չէ անջատել եւ զատորոշել համահայկական իրավիճակներէն: Տեղ մը առընչուած են բոլորը միասին: Եւ տակաւին, ի՞նչ խօսք՝ ներկայ ժամանակներու համաշխարհային տուեալները եւ քաղաքական-տնտեսական ու ընկերային բոլոր զարգացումները: Այսօր «լինելու-չլինելու» պայքարը, քիչ մը ամէն տեղ, ունի տարբեր ընթացք, եւ անոր բովանդակութիւնը այլ ալիքներու վրայ է: Եւ այս իրավիճակները մեզի՝ հայերուս, նաեւ պիտի ստիպեն, որ մենք որդեգրենք միացնող եւ միաւորող աշխատանքային գործընթաց՝ համադրելով կարողականութիւնները եւ ուժը: Եւ այս համաշխարհային կարգավիճակէն սկսելով եւ տեղայնացնելով զայն գաղութներու պարագային: Եւ այս իմաստով լիբանանահայ գաղութը պէտք է ըլլայ առաջատարի դիրքի վրայ:
Պիտի յիշենք եւ վերյիշենք, որ միասնականութիւնը մեր գոյատեւումի եւ յատկապէս ներկայ իրավիճակներու մէջէն անհրաժեշտ գրաւական է: Միասնականութիւնը բառարանային գոյական չէ միայն, ոչ ալ մեզի համար մեր շատ մը այլ առաջադրանքներուն մէջէն մէկ հատը զատելու ընտրանք: Միասնականութիւնը մեզի՝ հայերուս, ներառեալ լիբանանահայուն պարտականութիւն է… Եւ աւելի՛ն: Ան պարտաւորութիւն է: Ե՛ւ պարտականութիւն, ե՛ւ պարտաւորութիւն է, որովհետեւ տուժած ժողովուրդ ենք: Եւ այս մտահան կարելի չէ ընել: Ես Պէյրութ ծնայ, որովհետեւ կը պատկանիմ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած երրորդ հայկական սերունդին: Եւ Պէյրութը, շատ սիրելով հանդերձ, իմ ու ընտանիքիս ընտրանքը չէր… Մենք պիտի սորվինք եւ սորվեցնենք, որ հայկական ազգային աւանդին պահանջատիրութիւնը մայրենին, քրիստոնէական հաւատք, մշակոյթ, ճանաչում եւ իրաւական հատուցում՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ պէտք է հաւասարակշռել մեր լիբանանեան պատկանելիութեան հետ: Այս մէկը կարելի չէ սակարկել: Սորվելու եւ սորվեցնելու այս իրականութիւնը պէտք է յաջողցնել, եթէ մէկ կողմէ մեր միասնականութեամբ, բայց այդ միասնականութիւնը եւ անոր ուղեգիծը պէտք է գայ եւ պէտք է ըլլայ մեր ազգային-եկեղեցական-կուսակցական ու միութենական կառոյցներու եւ անոնց դաստիարակութիւններուն մէջէն եւ անոնց միջոցով: Եթէ լիբանանահայը պիտի լիցքաւորուի իր ազգային ինքնութեամբ ու ինքնագիտակցութեամբ եւ պիտի հաւասարակշռէ զայն լիբանանեան պատկանելիութեան հետ, բայց այս գործընթացը պարտի ըլլալ մեր ազգային կառոյցներու միջոցով եւ անոնց դաստիարակութեան մէջէն: Եւ միասնականութիւնը, որ կը պատրաստուի մեր ազգային կառոյցներու մէջ եւ մէջէն, կրնայ նաեւ լաւապէս ուրուագծել հայկական-լիբանանեան այս հաւասարակշռութեան գործօնը: Եւ մեր գաղութային միասնականութեան նպատակակէտը լիբանանահայ այս դիմագիծը ու ինքնութիւնը կերտելուն մէջ է: Եւ կրնանք հոս այս իրավիճակին ու անոր ընթացքին մէջ հանգիստ ալ զգալ: Ոչ հայեր կրցած են աւելի լաւ ձեւով հասկնալ մեզ մեր այս իրավիճակին մէջ եւ ամէն ժամանակէ աւելի հասկնալ մեր պատմութիւնը եւ գոյապայքարը:
Բայց տակաւին կայ 6 Մայիս 2018-ը. լիբանանեան խորհրդարանի ընտրութիւնները: Եւ կ՚իմանամ, որ հայ թեկնածուներու թիւը հասած է երեսունի, եւ որոնք պիտի մրցին վեց հայկական աթոռներու համար ու դարձեալ՝ տարբեր խմբակներու մէջէն… Թէեւ մեծամասնութիւնը ծանօթ է ու, տակաւին, բարեկամ եւ սիրելի…
Եւ դարձեալ հարցումը: Կարելի չէ՞(ր) միասնական համախոհութիւն մը ստեղծել ներկայացնելու համար լիբանանահայ գաղութը երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն: Հոն, ուր մեր հաւաքական կամքը կրնայինք վերածել աշխատանքի, որ կրնար ստեղծել ամուր ու համադրող կեցուածք: Կեցուածք մը, որ կրնար ըլլալ շինարար ուժ, եւ որ նաեւ մեծապէս կրնար զօրավիգ ըլլալ այլ գաղութներու, որովհետեւ գաղութներ եւ յատկապէս հայկական՝ իրարմով կրնան զօրանալ:
Վերջապէս, կարելի չէ՞(ր) քիչ մը ամէն տեղ՝ մամուլ, հեռուստացոյց, պաստառ, թռուցիկ, փողոց ու, տակաւին, բոլորը եւ բոլորս միասին ըսենք եւ ըսէինք՝
«Ընտրեցէք լիբանանահայ թեկնածուն»:
Լիբանանահայ միասնական միտքը եւ ուժը: Ուժը, որ կը շինէ:
Կարելի չէ՞(ր)…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ