ՏԱԳՆԱՊԸ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ ԿԱՄ…

Մեզմէ շատ-շատերուն համար նախատեսելի էր, որ այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստ մը գումարելով, հեզասահ կերպով պիտի ընտրէր երկրին նոր վարչապետը:

Սակայն ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած տեսագրութիւնը (Ֆէյսպուքի վրայ) որոշ կասկածներ առաջ կը բերէր: Փաշինեան իր համախոհներէն (որ համակիրներէն շատ աւելի են) կը խնդրէր առաւօտեան ժամերէն ներկայանալ Հանրապետութեան հրապարակ, դարձեալ նախկին հունին բերելու համար վարչապետի ընտրութեան հարցը:

Ի դէպ, Փաշինեան կ՚ըսէր, որ «Հայաստանի Հանրապետական» կուսակցութիւնը նպատակ ունի տապալել այսօրուան նիստը եւ այդ առումով ալ ան իր համախոհներէն կը պահանջէր դարձեալ հաւաքուիլ Երեւանի ճիշդ կեդրոնը:

Յառաջիկայ ժամերը բաւական տրամաթիք են Հայաստանի համար, երկիրը պիտի կարողանա՞յ դուրս գալ այս քաղաքական տագնապէն, կամ թէ Հայաստանը մուտք պիտի գործէ քաղաքական տագնապի նոր փուլ մը, որ կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ, յատկապէս տնտեսական մակարդակի վրայ:

Սպասենք…

ԵԹԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԻ...

Անկախ այն հանգամանքէն, որ այսօր Հայաստան նոր դիմագիծով մը պիտի ներկայանայ աշխարհին, յստակ սկսած է դառնալ, որ վերջին երկու շաբթուան տարբեր մակարդակի խմորումներէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր շրջան մը կը թեւակոխէ: Խնդիրը այսօր միայն Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուիլ-չընտրուիլը չէ, այլ բաւական սուր լարումներու մէջ մտնելէ ետք քաղաքական կեանքին վերադարձը եւ բոլոր կողմերուն երկխօսութեան հաւատալու վճռակամ մօտեցումը: Այստեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ Փաշինեան յատկապէս իր շուրջ ստեղծուած եւ ձիւնագնդակի տարողութիւն ստացող մասսային լարուածութիւնը տեսնելով պահ մը մտածեց, որ շատ արագ միջոցի մը ընթացքին այդ ներուժը կրնայ գործել ոչ միայն իրեն, այլ ամբողջ Հայաստանին դէմ:

Ու այդ հանգամանքը հաշուի առնելէ ետք, արագօրէն «բարեփոխեց» իր «լեզուամտածողութիւն»ը, միանգամայն դրական նշաններ ուղղելով մինչեւ այս պահը երկրի մեծամասնութեան իրաւասութիւնները ունեցող «Հայաստանի Հանրապետական» կուսակցութեան վերնախաւին:

 Ճիշդ է, որ առանց Սերժ Սարգսեանին «Հանրապետական» կուսակցութիւնը առաջուան ուժը պիտի չունենայ, բայց իրողապէս այսօր ալ «Հանրապետական»ը կը շարունակէ մնալ երկրի գլխաւոր ուժ:

Ու անկախ ամէն ինչէ, ինչպէս երէկ ալ գրած էինք, Հայաստանի մեծամասնական ուժը կրնայ որեւէ պահու ոչ միայն խանգարել Փաշինեանի վարչապետ ընտրուիլը, այլ «յամառութիւն» ընելով տապալել բոլոր գործընթացները ու երկիրը առաջնորդել դէպի խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք յստակ սկսած է դառնալ, որ Փաշինեանի այսօր կուտակած համաժողովրդային ղեկավարի համբաւը կրնայ շատ արագ սպառիլ, եթէ Փաշինեան արագ քայլեր չկատարէ, երբ ամէն ճիգ գործադրելով փորձէ պահպանել համաժողովրդային «առաջնորդ»ի վարկանիշը:

Փաշինեան ժողովուրդին օգնութեամբ պիտի հասնի իշխանութեան: Սակայն այդ ժողովուրդը այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս «իր հունէն ելած», «ջղայնացած» եւ «աչքը ամէն ինչ առնող» հանրութիւն մը, որուն նաեւ կարելի է ամբոխ անունը տալ:

Ամբոխը վտանգաւոր է: Ասկէ առաջ ալ այդ մասին քննարկած էինք ու ամենակարեւորը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր համախոհները գիտակցին, որ ամբոխի տրամադրութիւնը շուտով ի վնաս իրեն կրնայ «զարգանալ»:

Այս բոլորին հետ մէկտեղ յստակ է նաեւ, որ Փաշինեան կը խօսի «վրէժ լուծել»ու հոգեբանութենէն հեռու ըլլալու մասին: Ան այս առումով երէկ կարեւոր նշաձողեր կը հաստատէր ու կը «հաւաստիացնէր», որ ինք պետական որակներու կրողն է, հետեւաբար նաեւ պետական գործիչի ունակութիւններ ունեցող քաղաքական կերպար:

Ի վերջոյ Փաշինեան հրապարակ եկած է ոչ միայն ընդդիմադիր առաջնորդի դերով, այլ իշխանութիւնը «վերցնել»ու ու երկրին մէջ երիտասարդ շունչ մը բերելու ոգիով:

Երիտասարդական ոգի, այդ է հաւանաբար Փաշինեանի եւ իր կողմնակիցներուն գլխաւոր ուժը, որոնց միջոցաւ ալ Հայաստանը բախտաւոր առիթ ունի դրական նոր փուլ մը թեւակոխելու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018