ՍՓԻՒՌՔԸ՝ ՇՓՈԹԱՀԱՐ

Ճիշդ խօսք է, որ սփիւռքահայութեան համար ամենակարեւորը եւ կիզակէտայինը՝ երկիր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնն է։ Նոր մօտեցում մը չէ այս շեշտադրումը, ոչ ալ գեղեցիկ շարադրութեան մը հատուածը, որուն տարբերակները մե՜ծ շռայլութեամբ կը թափին մեր գլխուն՝ մասնաւորապէս այս օրերուն։

Հաստատուած խօսք է, որ սփիւռքին համար հայ մնալու, հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու դրուածքը անպայմանօրէն խարսխուած է Հայաստանին վրայ։

Եթէ կարգ մը կասկածամիտներ այս մօտեցումը կրնան հարցադրել կամ անոր մասին առարկութիւններ կատարել՝ ըսելով, որ մօտիկ անցեալին սփիւռքը ապրեցաւ ու գոյատեւեց առանց անկախ Հայաստանի մը։ Այդ վերագրումը կամ փաստարկը նոյնպէս խոցելի է, որովհետեւ այդ օրերուն եւս կար, գոյութիւն ունէր, կը շնչէր ու կ՚ապրեցնէր Խորհրդային Հայաստանը։ Այս մուտքը ըրի պարզապէս հասնելու համար այսօրուան դրութեան, որ մեծապէս վիրաւոր վիճակ մըն է, որուն ծայրերուն ալ կան մեծ անորոշութեան մը քղանցքները։

Ինչո՞ւ անորոշութեան մէջ է սփիւռքը եւ ի՞նչ պատճառներով է, որ այդ անորոշութիւնը կրնայ դուռ բանալ մեծ հոգելքումներու եւ նոր կրակ տալ ձուլման գործընթացներուն։

Երբեք գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի մէջ հայ մնալու դրուածքները առաջուան նման հեշտ հասանելի գործեր չեն։ Հայ մնալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ տնտեսական բարւոք դիրք ունենալ, որու շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ ընտանիքի զաւակները հայկական դպրոց ուղարկել, որպէսզի ապագային ալ այդ զաւակները հայ մեծնան եւ հայ դառնան։

Միայն բառերու, բաժակաճառերու, ընտանեկան առիթներու ընթացքին աճող դրոյթ մը չէ հայութիւնը, նաեւ այն պատճառով, որ այսօրուան մեր կեանքին մէջ ամէն ինչ պայմանաւորուած է փոխազդեցութիւններու՝ կամ ստանալիք կամ տալիք ներուժին ուժով։ Ճիշդ է, որ Ճոն Քենետիի խօսքը այս առումով օգտակար զէնք մըն է, որուն գերագոյն միտքը՝ «Մի՛ հարցներ, թէ հայրենիքդ ինչ կու տայ քեզի, այլ նայէ, թէ դուն ինչ կու տաս այդ հայրենիքին»։ Բայց եւ այնպէս, այս խօսքը մեծապէս կը փոխէ իր ուղենիշները, եթէ խօսքը հասնի սփիւռքահայութեան, որ հայ մնալու համար պարտաւոր է դառնալ լաւ քաղաքացին այն երկրին, ուր ան կ՚ապրի, իսկ երկրորդ հերթին ալ իր լաւ յատկանիշներու ամբողջական հանրագումարը կը հաւաքագրէ եւ այս անգամ կու տայ իր հայրենիքին՝ Հայաստանին։

Այդպէս եղաւ անցնող 44-օրեայ պատերազմին, երբ սփիւռքահայութեան «ապրող» տեսակը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի կարողանայ հասնիլ փոքր Հայաստանի ծով կարիքներուն։ Եւ ծանր պարտութենէն ու մեծ ողբէն յետոյ ալ հայութիւնը այսօր, յատկապէս սփիւռքի հայութիւնը կ՚ապրի մեծ անորոշութիւն։

Այս բոլորը ամրագրելու համար վերջերս հեռավար կապով զրուցեցի՝ Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէն, հասարակական գործիչ տքթ. Ներսէս Սարգիսեանին հետ։ Սոյն առիթէն օգտուելով բացի Հայաստանի եւ Արցախի թեմաներէն, խօսեցայ քորոնաժահրի հետեւանքներուն, համայնքի դժուարութիւններուն, բայց մանաւանդ Հայաստանի հանդէպ համայնքի ունեցած նուիրուածութեան եւ ներկայիս տիրող ընդհանուր հիասթափութեան մասին։

Ստորեւ մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած բարդ իրավիճակը կը շարունակուի Քուէյթի մէջ. ի՞նչ են իրական պատճառները։

-Պատճառները բազմաթիւ են եւ բարդ։ Նախ մինչեւ օրս այս ժահրի առանձնայատկութիւնները լրիւ չեն բացայայտուած։ Ան արագ փոխուելու «mutation»ի յատկութիւն ունի եւ անոր վարակելու եղանակը շատ արագ է եւ պայմանաւորուած՝ մարդկանց դիմադրողականութեան հետ։ Վիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ։

-Մահաբեր համավարակէն ի վեր ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր առօրեային մէջ եւ կրնանք ենք յայտարարել, որ արդէն ընտելացաք կեանքի նոր պայմաններուն հետ։

-Կրնանք ըսել յարմարեցանք, սակայն չընտելացանք կացութեան հետ: Գոյատեւելու հարց կայ, պատասխանատուութիւններ կան՝ անհատական թէ հաւաքական, պարտաւոր ենք յարմարիլ եւ մեր պարտականութիւնները կատարել։

-Քուէյթի հայկական գաղութը, ինչպէս համայն երկիրը, տագնապեցաւ քորոնժահրի համավարակի հետեւանքով։ Ի՞նչ էին իրական դժուարութիւնները եւ կարողացաւ համայնքը բարեյաջող կերպով դուրս գալ տագնապէն։

-Դժուարութիւնները բազմաթիւ են եւ բազմպիսի, որոնք ազդած են մեր կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ՝ ընկերային, հոգեբանական, առողջապահական, տնտեսական եւ այլն։

Քուէյթի հայկական գաղութի պատասխանատու շրջանակները ամէն ճիգ ի գործ դրին, որպէսզի մեղմեն իրվիճակի ազդեցութիւնը հայ ընտանիքներուն վրայ, եղաւ պահ մը, երբ շատ վատ կացութեան մէջ յայտնուած ընտանիքներուն սննդակողովներ բաժնուեցան, տրուեցան առողջապահական խորհրդատուութիւններ, օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ կեցութեան հետ կապուած թղթաբանական հարցերու շուրջ եւ այլն։ Միեւնոյն ատեն գաղութը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի համայնքային կեանքը շարունակուի։ Եկեղեցին, դպրոցը եւ բոլոր միութիւնները անխափան գործեցին, յարմարուելով ստեղծուած կացութեանց եւ օրէնքներուն։ Մինչ այդ, գաղութը անկախ իր աննպաստ պայմաններէն, օժանդակութեան ձեռք երկարեց Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն։ Մեր գաղութէն աւելի քան 190 հազար տոլար հանգանակուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ Հայաստան ու Արցախ որպէս օժանդակութիւն։ Նոյնը եղաւ Լիբանանի գաղութին համար, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի զարհուրելի պայթումին որպէս հետեւանք՝ լիբանանահայութիւնը շտապօգնութեան կարիքը ունէր. այս բոլորը այս փոքրիկ հայ գաղութի կենսունակութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ցուցանիշներն էին։

-Կը հետեւիք անշուշտ Հայաստանի զարգացումներուն: Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք ընդհանուր պատկերը եւ ձեր կարծիքով Հայաստան ու Արցախ ի՞նչ յենարաններով պիտի կարողանան դուրս գալ ամեհի աղէտէն։

-Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը խորապէս ազդած է գաղութի հոգեբանութեան վրայ։ Բոլորս հիասթափութիւն կ՚ապրինք, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները 44 օր ստեցին, սուտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, տեղւոյն արաբ ժողովուրդին մօտ հեղինակազրկման հոգեվիճակ ապրեցանք, որովհետեւ մենք անոնց կը պնդէինք հայկական պաշտօնական տեղեկատուութեան թէզերու ճշգրտութիւնը եւ լծուած էինք այդ քարոզչութեան։ Ապա Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան նպատակով հանգանակուած գումարները (մանաւանդ գաղութի տնտեսական աննպաստ շատ դժուար կացութեան պայմաններուն մէջ) «Հայասատան» համահայկական հիմնադրամի ճամբով մտան պետական պիւտճէ, այս ձեւով անվստահութեան խոր մթնոլորտ ստեղծեցին գաղութէն ներս, այդ հաստատութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Այդ գումարները չէին հանգանակուած, որպէսզի պետական ընթացիկ ծախսերը բաւարարէին, որոնցմէ բաժին մըն ալ պարգեւավճարի ձեւով մսխուէին։ Հաշուեքննութեան բացակայութիւնը բարդ իրավիճակ ստեղծած է եւ այս իրավիճակը խոր վիհ կը յառաջացնէ Հայաստան-սփիւռք կապերուն վրայ. պատերազմի իրադարձութիւններու անյստակութիւնը, պատասխանատուութենէ խուսափելու փորձերը, ապա յետպատերազմի ժամանակահատուածին սխալ քարոզչութիւնը, պարտուածի դիրքերէն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ եղբայրութիւն ընելու կոչերը, որոնք կը հնչեն այս իշխանութիւններու զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ, սփիւռքի մօտ խոր ընդվզում յառաջացուցած են։

Այս բոլորը մեր մօտ ստեղծած են այն համոզումը, որ Հայաստանի այս իշխանութիւնները դաւաճանած են 2018-ի ժողովուրդի արդար ցասումի տեսլականներուն եւ օր առաջ պէտք է հեռանան եւ ենթարկուին հաշուեքննութեան եւ դատաստանի։

-Խօսելով մասնաւորապէս Քուէյթի Ազգային վարժարանին մասին, որուն տնօրէնն էք, ի՞նչ են յետ համավարակի շրջանին ստեղծուած նոր պայմանները եւ արդեօք կարողացա՞ք դիմակայել նոր տեսակի մարտահրաւէրներուն։

-Քուէյթի Ազգային վարժարանը գերագոյն ճիգեր ի գործ դրաւ, որպէսզի յաղթահարուի համավարակի ստեղծած իրավիճակը։ Այսօր կրնանք քաջ յայտարարել, որ մենք յաղթական դուրս գալու ճանապարհին վրայ ենք եւ այս բոլորը եղաւ որպէս արդիւնք հսկայական ճիգերու եւ կազմակերպուած աշխատանքի։ Այս շրջանին մենք կրցանք բարեյաջող ձեւով լուծել երկու խնդիրներ.

Դասական դասաւանդութենէն անցնիլ առցանց դասաւանդութեան, լուծելով բազմաթիւ խնդիրներ, ապա առցանց դասաանդութիւնը իրագործեցինք արհեստավարժ ձեւով։ Այս մէկը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր, ուր մէկ անձի պէս աշխատեցան տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ ուսուցչական կազմը։

Դպրոցը իր բոլոր զուգահեռ եկամտաբեր աղբիւրներէն (աւանդական քէրմէս, ամավերջի հանդէսներ, նուիրատուութիւններ, ձեռնարկներ) զրկուելու պայմաններուն մէջ, մանաւանդ որ Կրթական նախարարութիւնը 25 առ հարիւր զեղչ պարտադրեց կրթաթոշակներուն վրայ, ծնողները յայտնուած էին տնտեսական տագնապի մէջ, կրցանք հաւասարակշռել դպրոցի տնտեսական վիճակը, կրճատումներ եւ վերադասաւորումներ կատարելով, որու նկատմամբ մեր վարժարանի պաշտօնէութիւնը գիտակից գործակցութիւն եւ հասկացողութիւն ցուցաբերեց։

Այս բաժնին մէջ մեր վարժարանի «Շրջանաւարտից միութիւն»ը կը կատարէ գնահատելի աշխատանք։ Մեր շրջանաւարտ աղջիկներն ու տղաքը մեծ սիրով եւ նուիրումով փարած են վարժարանին:

Կը հաւատամ, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանը տակաւին երկար ճանապարհ ունի իր դիմաց եւ պիտի շարունակէ իր երթն ու առաքելութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021