ԵԿԵՂԵՑԱՍԷՐ, ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՈՒ ՄԱՐԴԱՍԷՐ ԲԱՐԵԿԱՄ՝ ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԱՆՄՈՌԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Այսօր՝ մայիս 28, Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատման նուիրական օրը, առաւօտ կանուխ իմ շատ սիրելի եւ մօտիկ բարեկամ, վստահելի խորհրդատու ու երկար տարիներու եկեղեցական, ազգային եւ հայրենասիրական ծրագրերու իրականացման մէջ ինծի գործակից եւ հայրենակից տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի մահուան գոյժը իմացայ։ Հանգուցեալի երկար տարիներու շատ սիրելի կողակիցը՝ Շողակը ելեկտրոնային իր գրութեան մէջ այս շատ ցաւալի լուրը կը հաղորդէր հետեւեալ ձեւով. «Այս գիշեր՝ իր ընտանիքի անդամներով շրջապատուած, խաղաղ կերպով մեր սիրելի Ռաֆֆին բաժնուեցաւ այս աշխարհէն…»։ Կ՚ուզեմ բաժնել Ռաֆֆիի սիրած Ս. Գիրքի հետեւեալ հատուածը. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքը։ Եւ հիմա ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր ինծի պիտի տայ Տէրը՝ արդար դատաւորը, այն օրը, իբրեւ հատուցում» (2 Տիմոթէոս 4.7)։

Իր կեանքի վերջաւորութեան՝ Պօղոս առաքեալ շատ սիրելի աշակերտին՝ Տիմոթէոսին ուղղուած այս տողերուն մէջ կ՚ուզէ իր աշակերտին փոխանցել այն ճշմարտութիւնը, թէ եկած է պահը մեկնելու այս աշխարհէն։ Ու իր երկրաւոր կեանքի այս վերջին հանգրուանին առաքեալը հոգեպէս բաւարարուած կը զգայ։ Բաւարարուած կը զգայ, որովհետեւ կրցած է իր կեանքը արժեւորել միշտ վառ պահելով իր հաւատքը՝ հակառակ, որ ըմբոշխած էր կեանքի ցաւերն ու տառապանքները։ Պօղոս առաքեալ գիտէ, թէ արդարութեան պսակը իրեն կը սպասէ։

Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան կը սիրէր Ս. Գիրքի այս հատուածը, որովհետեւ առաքեալի խօսքին մէջ արտայայտուած ոգին եղաւ նաեւ իրը։ Երբ 2014 թուականին Հայ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի անունով զինք կը պատուէինք, այդ առթիւ իր մասին պատրաստուած տեսանիւթին մէջ հետեւեալը կը յայտարարէր. «Հայրս ինծի փոխանցեց կտակ մը՝ սիրէ եկեղեցին ու ծառայէ եկեղեցիին։ Իմ փափաքս է փոխանցել այս կտակը իմ զաւակներուս ու թոռներուս… Կը զգամ, որ Տէրը առաջնորդած է իմ կեանքս։ Կեանքը, որ կ՚ապրիմ, մինչեւ այս պահը եղաւ բաւարար ու գոհացուցիչ։ Կը զգամ, որ կեանքս չվատնեցի»:

Սիրելի Ռաֆֆիի յիշատակին դիմաց կանգնած այս պահուն՝ կրնամ ինքնավստահ յայտարարել, որ հանգուցեալը կեանքը արժեւորեց եւ իմաստաւորեց Աստուածահաճոյ իրագործումներով։ Հետեւաբար, ինքնավստահ կրցաւ կրկնել Պօղոս առաքեալի այն տողերը, որոնք ուղղուած էին իր սիրելի աշակերտին՝ Տիմոթէոսին։

Ռաֆֆին իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Աստուածաշունչի պատգամները գործադրելով։ Հոգածու էր ուրիշներու հանդէպ ու միշտ պատրաստակամ՝ օգնելու բոլորին։ Այլոց օգտակար հանդիսանալու իր այս ոգին էր, որ զինք առաջնորդած էր ընտրելու բժշկութեան ասպարէզը:

Ան չմոռցաւ իր հօրը կտակը. «սիրէ եկեղեցին ու ծառայէ եկեղեցիին»։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իրագործեց այդ կտակը՝ խոր սիրով ծառայելով Հայ Եկեղեցիին, որու ծառայութեան ճանապարհին ստանձնեց զանազան պատասխանատու պաշտօններ ու պարտականութիւններ, եղաւ եկեղեցական խորհուրդի անդամ, թեմական պատգամաւոր, թեմական խորհուրդի անդամ, Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւոր, Ս. Ներսէս ճեմարանի վարչութեան անդամ։ Սիրով մասնակցեցաւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու գործունէութեան՝ իբրեւ վարչութեան անդամ։ Սիրով ու հաճոյքով ծառայեց իր ազգին, եկեղեցիին, հայրենիքին ու մարդկութեան։ Իր ազնուափայլ եւ սիրելի կողակից Շողակի հետ՝ Ռաֆֆիին բարեգործութիւնները բազում են։

Ռաֆֆիին համար կեանքի ճիշդ ընկերոջ ընտրութիւնը մեծագոյն յաջողութիւնն էր։ Շողակը իրեն համար, ինչպէս ի՛նք կ՚ըսէր, եղաւ մեծագոյն պարգեւը։ Անոնք երկուքով՝ իբրեւ օրինակելի զոյգ, զիրար ամբողջացուցին։ Միատեղ իրականացուցին բազմաթիւ ծրագրեր։

Ռաֆֆին խորհրդատուն էր նաեւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Բախտաւոր կը զգամ, որ Ռաֆֆին եղաւ նաեւ իմ մօտիկ բարեկամս ու վստահելի խորհրդատուս։ Յիշատակները շատ են…

Մօտաւորապէս 23 տարիներ առաջ, կիրակի առաւօտ մը Ռաֆֆին ընտանիքի անդամներով Ս. Վարդան Մայր Տաճար եկաւ՝ երկու օրեր առաջ ծնած իր առաջին թոռնիկը գրկած։ Հիւանդանոցէն նախքան տուն երթալը, Ռաֆֆին անդրանիկ թոռնիկը բերած էր եկեղեցի, որպէսզի նորածինը ստանայ իր առաջին օրհնութիւնը։

Տարիներ առաջ, երբ Ս. Ներսէս ճեմարանի նախկին շէնքը խիստ վերանորոգման կարիք ունէր, դիմեցի Ռաֆֆիին ու Շողակին՝ խնդրելով, որ ղեկավարեն վերանորոգման հանգանակութեան ծրագիրը։ Խնդրանքիս սիրով ընդառաջեցին եւ իրենց ջանքերով կարելի եղաւ անհրաժեշտ գումարը գոյացնել: Ճեմարանի շէնքի վերանորոգումը իրականացնելով՝ կարելի եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ այս կարեւոր հաստատութեան առաքելութեան շարունակութիւնը ապահովել։

Կը յիշեմ դէպի պատմական Հայաստան մեր ուխտագնացութիւնը։ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին մեր մասնակցութիւնը։ Աշխարհահռչակ արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի ծննդավայր՝ Խորխոմ գիւղ մեր այցելութիւնը։ Պիտի չմոռնամ իմ հայրենակից Ռաֆֆիի եւ ուխտագնացութեան բոլոր մասնակիցներուն հետ միասին Արաբկիրի հայկական գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստան արարողութիւնը։ Ռաֆֆիին հետ յիշատակներս շատ են ու անմոռանալի, ինչպէս ինքը՝ Ռաֆֆին ինծի համար պիտի մնայ անմոռանալի։

Վստահ եմ, որ այժմ արքայութեան մէջ Տէրը՝ արդար դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝ սիրելի Ռաֆֆիին պիտի շնորհէ արդարութեան պսակը։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

(28 մայիս 2020)

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020