ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ (Գ.)

Ելիցի մէջ յիշուած արեւելեան հովը շատ մը քննադատներու կողմէ գործածուած է որպէս բանալի «արդար» բացատրութեան, հոն նկարագրուած դէպքին։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ արեւելեան զօրաւոր հովը (կամ թերեւս, աւելի ճիշդ՝ հիւսիս-արեւելեան հովը) կրնար չորցնել լիճի մը ջուրը եւ կամ ծովու մը ծոցին ջուրը (բայց ո՛չ Միջերկրականինը եւ ոչ ալ Սուէզի պարանոցինը), յատկապէս եթէ կլիման տաք է։ Մինչդեռ չոր հովին հանդարտեցումով կամ իր ուղղութեան փոփոխմամբ ծովը կրնար դառնալ եւ ծածկել եգիպտացիները։ Որոշ աւանդութեան մը համաձայն՝ այս իրողութիւնը կը բացատրուի Եհովայի զօրութեամբ. երկրորդ՝ որպէս բնական բացատրութիւն միայն համոզիչ է, եթէ «ծով» բառով այստեղ ակնարկուած է որպէս շատ թեթեւ մարմինով ջուրին, կամ պարզապէս թաց ճահիճին։

Իսկ ծովէն անցքին մասին կ՚ըսէ, թէ այդ մէկը միայն կը բացատրուի իրենց տագնապահար մարդու հոգեվիճակով։  Որովհետեւ անոնք այնքան խոր տագնապի մէջ էին, որ «ծովէն անցքը» իրենց համար եղաւ հրաշք մը, որպէս թէ ծովը երկուքի բաժնուեր էր եւ իրենք այդպէս անցեր էին։ Եւ այդպէս կը թուէր իրենց, որովհետեւ անոնք այլեւս վճռած էին իրենց ելքը, ինչ ձեւով ալ ըլլար, ծովու թէ ցամաքի, աւազուտքի թէ ճախճախուտքի միջոցաւ, որովհետեւ այլեւս որեւէ ճար, փախուստի որեւէ ելք պէտք է փնտռէին՝ ազատելու համար եգիպտացիներուն ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հասնելու համար իրենց նպատակին։

Տակաւին ոմանք կ՚ենթադրեն, որ Կարմիր ծովը Papyrus Lake-ը կամ Papyrus Marsh-ը ըլլայ, որ ծանօթ է 13-րդ դարէն եկած, եգիպտական թղթածրարներուն ճամբով, գտնուած Tanis-ի մօտ։ Աւելի՛ն. «Մովսէսի ձեռքը երկնցնելը ծովուն վրայ եւ Տիրոջ արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձնելը ծովը ամբողջ գիշերը…» (Ել 14.21), ցոյց տալու համար է իսրայէլացիներուն, թէ լոկ բնութեան անսովոր արարք մը չէ պատահածը, այլ՝ ուղղակիօրէն Աստուծոյ արարքը։ Պէտք է նշել նաեւ, թէ այս հրաշքին դրդապատճառը պարզ հովը չէր (ինչ որ կատարելապէս բնական էր), այլ կարող ուժի հով մը, որ ծայր տուաւ յարմար տեղին եւ յարմար ժամանակին։

«Ծովը ցամքեցաւ» (Ել 14.21) արտայայտութիւնը խօսակցական յստակ պատկեր է։ Աւազուտին յատակը բաւարար չոր պէտք է ըլլար, որպէսզի իսրայէլացիները քալելով կարենային անցնիլ, բայց բաւարար կակուղ՝ եգիպտացիներուն կառքերուն անիւներուն համար, եթէ ի մտի ունենանք անոնց աւազախրումը, երբ անոնք փորձեցին անցնիլ։

Տակաւին, երբ Մովսէս իր ձեռքը դարձեալ երկնցուց ծովուն վրայ, ծովուն ջուրը դարձեալ իր տեղը դարձաւ, եւ այսպէսով Իսրայէլի Աստուածը պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի չաստուածները։ Մինչ եգիպտացիներ իրենց չաստուածներէն ապահով յաղթութիւն կը յուսային, փոխարէնը անոնք կրեցին նուաստացուցիչ պարտութիւն։

Ծովէն անցքի մասին կան նաեւ երեք այլ տեսութիւններ.

Ա. Ել 14.21-ի տուեալին համաձայն կ՚ըսուի, թէ բնական երեւոյթ էր, դէպք էր, եւ թէ հրաշքը պէտք է վերագրել զուգադիպութեան, այսինքն՝ բնական ուժերուն։

Բ. Ել 14.27-29-ի տուեալին համաձայն, ջուրերը կը ծածկեն եգիպտացիները. ասոնց համար կ՚ըսուի, թէ մենք կը համաձայնինք հրաշքի գաղափարին հետ, այն բացարձակ զգացումով, որ որեւէ բացատրութիւն աննիւթ է։

Գ. Իսկ երրորդ տեսութիւնը թերեւս Ել 14.24-25-ին համարն է, որուն համար կ՚ըսուի, թէ ո՛չ ջուր կայ եւ ոչ ալ յատուկ հրաշք մը, այսինքն՝ եգիպտացիները կը նկատեն, որ սխալ բան մը տեղի կ՚ունենար, ուստի կը նահանջեն։

Վերջապէս պէտք է ըսել, թէ իսրայէլացիներուն անցքը ծովէն՝ կը նշանակէ իրենց ստրկութեան ու տագնապալից վիճակէն, այսինքն՝ Եգիպտոսէն փախուստը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Կարմիր ծովը անցնիլ՝ մեղքերէն սրբուիլ կը նշանակէ։ Այսպէսով, անոնք հասան փրկութեան աստիճանին, Քրիստոսի հետ խաչուեցան, թաղուեցան եւ ապա յարութիւն առին եւ այլեւս ոեւէ անձ (այս պարագային՝ ոեւէ եգիպտացի), ոչ մէկ իշխանութիւն ունէր իրենց վրայ (Հմմտ. Հռ 6.3-14)։ Հետեւաբար, եգիպտացիները (որոնք կը խորհրդանշեն մեղաւոր մարդիկը) մեղքի մէջ կը մեռնին (այս պարագային՝ ծովուն մէջ ընկղմելով), իսկ իսրայէլացիները (այսինքն՝ արդարացած մարդիկը) կը փրկուին (այս պարագային՝ Աստուծոյ օգնութեամբ ծովէն ապահով կերպով կ՚անցնին)։

6.- Ջուրին իմաստն ու նշանակութիւնը

Աշխարհի ստեղծագործութեան ընթացքին, Աստուած ստեղծեց նաեւ ջուրը, որ նկատուեցաւ իբրեւ կենսատու աղբիւր։

Հազարաւոր դարեր առաջ ստեղծուած այս նիւթը ցարդ կը պահէ իր անհրաժեշտութիւնն ու կարեւոր դերակատարութիւնը աշխարհի վրայ։

Հին ժամանակներէն սկսեալ, ջուրը ունեցած է իր նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, սկսելով Հին Հայոց Պատմութեան էջերէն, որոնք երբ կը թերթատենք, անպայման որ կը հանդիպինք պաշտամունքային որոշ արարողութիւններու՝ հիներու հաւատքը ջուրին «բուժիչ» յատկութեան մասին։ Հայերը նաեւ պաշտած են կրակն ու ջուրը, զանոնք նկատելով օգտակար ու մաքրելու զօրութիւն ունեցող տարրեր. նման բացատրութեան կարելի է հանդիպիլ նաեւ Աստուածաշունչի էջերուն, որոշ ծիսական արարողութիւններու առիթով։ Նշենք, թէ եբրայական գրականութեան հին պատառիկներէն մէկուն մէջ կը գտնուի ջուրի պաշտամունքի երգ մը, ուր կը փառաբանուի անապատի մէջ ջրհոր փորելու եւ ջուր պարգեւելու համայնքային բարիքը։ Իսկ հայոց մէջ ջուրի պաշտամունքին ամենէն գեղեցիկ օրինակը Վանայ ծովն է, որուն «կապոյտին» մէջ անոնք կը տեսնէին «Շամիրամի ուլունքներուն» գոյնը. որովհետեւ կախարդիչ օտար թագուհին, հայոց կողմէ հալածուած ատեն, աճապարանքին մէջ, իր ուլունքներուն ծովը ձգած էր։

Ասոր արձագանգը կը գտնենք նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ՝ ըլլա՛յ իր սովորական գործածութեամբ ու նշանակութեամբ, ըլլայ ծիսական-պաշտամունքային արարողութիւններու ընթացքին, ինչպէս է պարագան Մկրտութեան ու Պատարագին, որոնց մէջ ջուրը կը ներկայանայ որպէս անխուսափելի պայման գործածութեան, իբրեւ մաքրութեան ու մեղքերու թողութեան նշան, որուն գերագոյն օրինակը կը տեսնենք նոյնինքն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մէջ, երբ Ան ալ սովորական մարդոց նման գնաց ու մկրտուեցաւ եւ անկէ ետք սկսաւ Իր առաքելութեան։

Մկրտութեան խորհուրդով ու ջուրի լուացումով է, որ մենք ալ կը զինուորագրուինք Աստուծոյ ծառայութեան եւ կը ստանանք որդիներ յորջորջումը։ Ահաւասիկ ջուրի գործածութեան մէկ-երկու օրինակ. Ոտնլուայի ընթացքին ջուրը կը գործածենք՝ դարձեալ իբրեւ խորհրդանիշ մաքրութեան ու յոռի ճամբաներէն ձերբազատութեան։

Ասոնց կողքին կարելի է յիշել նաեւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ դարձեալ կը պարտադրէ եւ անխուսափելի կը դարձնէ իր գործածութիւնը։

Քրիստոս ինքզինք կոչեց աղբիւրը ջուրին, որմէ ցայտող ջուրը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի յագեցնէ մեր ծարաւը։ Ահաւասիկ մեզի ուղղուած կոչ մը, որ մեզ կը խթանէ՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար ջուրին իմաստը՝ իր լայն ու բովանդակ առումով։

Նշեցինք ջուրին զանազան յատկութիւններն ու գործածութիւնները, որոնց կարեւորագոյնը մեր նիւթին համար կը նկատենք մկրտութեան խորհրդանիշ եղող մեղքերու թողութիւնը, որ սերտ կերպով կ՚առընչուի իսրայէլացիներուն փրկութեան խորհուրդին հետ (այս պարագային՝ եգիպտացիներէն անոնց փախուստին եւ ծովէն ապահով անցքին հետ)։

7.- Որոշ դասեր, որոնք կարելի է քաղել ելից ԺԴ. գլխուն մէջ նկարագրուած դէպքերէն

ա.- Երբ Աստուած մեզ դժուարութեան մը կ՚առաջնորդէ, Ան նաեւ մեզի կը հայթայթէ անկէ յաղթական դուրս գալու միջոցներ։

բ.- Աստուած մեզ կը պաշտպանէ անոնցմէ, որոնք կ՚ուզեն մեզի վնաս հասցնել։

գ.- Աստուած միջոցներ հնարած է յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն, մեր կացութիւնը որքան ալ շփոթեցնող ըլլայ կամ բարդ։

դ.- Կը նշուի ամբողջական հաւատքին կարեւորութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ։

ե.- Անոնք՝ որոնք սարսափի կը մատնեն Աստուծոյ մարդիկը, պիտի չարչարուին եւ կորուստի մատնուին, մինչ անոնք՝ որոնք կը ծառայեն Իրեն, պիտի վերապրին՝ հրճուելու եւ փառաբանելու համար։  

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018