ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ. ՈՉ-ԹԱՒՇԵԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Երէկ ուշադրութիւնս գրաւեց ամերիկեան պահպանողական թերթ՝ «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի տեսակէտ բաժնի տակ հրապարակուած մէկ վերլուծական յօդուածը, որուն հեղինակն է լրագրող Լ. Թոտ Ուուտը:

Յօդուածին վերնագիրն է «Քաղաքական վրիժակռիւներ Հայաստանի մէջ», որուն ընդհանուր տրամաբանութիւնը բնաւ ալ դրական չէր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան մասին: Անոր միտք բանին հիմնուած էր հետեւեալ բանին վրայ «Հայաստանի մէջ իրականացուող քաղաքական վրիժակռիւը փխրուն եւ խոցելի կը դարձնէ օրէնքի իշխանութիւնը»: Բաւականին վտանգաւոր վերլուծում:

Քննարկելիքս այստեղ, սիրելի ընթերցող, նշեալ յօդուածին բովանդակութեան մանրամասնութիւնը չէ, որքան անոր ոգին, որ շատ խանդավառ չէ Հայաստանի մէջ կատարուածով:

Սկսելու համար ըսեմ, որ մտածեցի, որ ուրկէ՜ ուր այս թերթը Հայաստանի մասին յօդուած ուզած է հրապարակել: Մինչ այդ սկսայ նկատել ընկերային համացանցի վրայ անոր անխնայ տարածումը Հայաստանի թէ՛ յեղափոխականներուն կողմէ եւ թէ ոչ-յեղափոխականներուն (հակայեղափոխական դրուածքը չեմ սիրեր): Ոչ-յեղափոխականներուն նպատակը յստակ է անշուշտ, իսկ յեղափոխականները, երեւի տեղւոյն մշակոյթին վրայ հիմնուած թերեւս, թերթը կ՚ամբաստանէին վճարովի փրոփականտ ընելու մեղադրանքով, որ ըստ իս, մակերեսային է, որովհետեւ նման թերթեր, յանուն իրենց արհեստավարժ վարկին, զգոյշ են նման անբարոյականութիւն մը գործելու: Նմանօրինակ թերթեր անկախ ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան մէջ իրենց ունեցած հակակարծիք հրապարակումներուն, զարմանալիօրէն միասնական են, ինչ կը վերաբերի ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան արտացոլումին…: Հետեւաբար այս յօդուածին այս ժամանակով հրապարակուիլը, ըստ իս, Ամերիկայի վարչակարգին Հայաստանի նոր իշխանութեան հանդէպ ունեցած դիրքորոշումը կ՚արտացոլացնէ կերպով մը…:

Անցնիմ նիւթիս: Հայաստանի մէջ կատարուած այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութիւնը հակառակ իր ունեցած ժողովրդականութեան, որուն պատճառները շատ են, ունի լուրջ մարտահրաւէրներ: Նախ այն պատճառով, որ նման ժողովրդականութիւն շատ յաճախ խաբուսիկ է եւ ժամանակաւոր, որովհետեւ միեւնոյն ժողովուրդը կրնայ նաեւ յուսախաբութիւն ապրիլ եթէ նկատի ունենանք նման յեղափոխութիւններու օգտագործած փոփիւլիզմի արդիւնք չափազանցուած խոստումները: Ոմանք օգոստոս 17-ի նշանաւոր հանրահաւաքի ներկայութեան թիւը չափանիշ որդեգրած են: Մինչ ուրիշներ կը պնդեն, որ որեւէ վարչակարգ, նոյնիսկ հակասական, եւ նոյն երկրին մէջ, ունի իր 100 հազար ներկաներու թիւը, որոնք պատրաստ են հրապարակ ողողելու տուեալ օրուայ իշխանութեան կազմակերպած հանրահաւաքի մը պարագային:

Կը մնայ ի՞նչ: Կը մնայ վերլուծել ներկայ իրավիճակը։ Ինչ կը վերաբերի վարչակարգին ունեցած արտաքին նեցուկին, որ նոյնքան կարեւոր է գոյատեւելու համար, որքան իր ունեցած ներքին ժողովրդականութիւնը, եթէ ընդունինք անոր կայունութիւնը:

Սկսինք:

ՄԵՐՔԷԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մերքէլի այցելութիւնը պատահեցաւ շատ կարեւոր հանգրուանի մը, ուր ըստ երեւոյթին Գերմանիա իր ազդեցութիւնը եւ քաղաքականութիւնը ի գործ կը դնէ կամ կը փորձարկէ Կովկասի մէջ: Մինչեւ այս պահս յստակ չէ Մերքէլի այցելութենէն Հայաստանի քաղած քաղաքական օգուտը, նամանաւանդ որ ոչ ոք գիտէ, թէ Գերմանիա, որպէս իր կովկասեան գործընկեր Ատրպէյճա՞նը պիտի ընտրէ, թէ՞ Հայաստանը…: Աւելի՛ն, հակառակ յոյսերու, գերմանական նիւթական լուրջ օժանդակութեան մը նշոյլը չկայ տակաւին, որուն այնքան պէտք ունի Հայաստանի նոր վարչակարգը: Բան մը, որ Եւրոպայի ոչ այնքան տաք քաղաքականութեան արտացոլացումը կարելի է համարուիլ Հայաստանի նկատմամբ: Իսկ Մերքէլի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը բնաւ երբեք պէտք չէ շփոթուի Հայաստանի հանդէպ նեցուկով, ինչպէս կարգ մը պարզամիտներ կը կարծեն: Գերմանիա Մեծ եղեռնը ճանչցած էր Հայաստանի նախկին վարչակարգի օրերուն եւ այդ մէկը կը վերաբերի աւելի Գերմանիոյ իշխող ուժերուն ընտրական ներքին քաղաքականութեան ու պատմական մէկ պա-հուն Թուրքիոյ ուղարկուած մէկ տոմսակին, քան Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերուած նեցուկի:

ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Իրան կը համարուի Հայաստանի սահմանակից բարեկամ պետութիւն եւ տնտեսական գործընկեր, հակառակ տնտեսական գործառնութեան համեմատաբար չնչին գումարին: Այսօր սակայն տակաւին յայտնի չէ, որ Ամերիկան որքան պիտի հանդուրժէ այդ կապը՝ իր պարտադրած ամպարկոյի ծիրէն ներս: Անմիջապէս նշեմ, որ այդ հանդուրժողականութիւնը անմիջականօրէն անշուշտ կապուած պիտի ըլլայ Ամերիկայի ցուցաբերելիք նեցուկին՝ հանդէպ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱԼԱՇՆԻՔՈՎԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Վերջերս տեղի ունեցաւ ռուսական Քալաշնիքովը Հայաստանի մէջ արտադրուելու համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը պատկան կողմերու միջեւ: Նախ ըսենք, որ նման համաձայնութիւն մը օրերու արդիւնք չի կրնար ըլլալ, այլ երկարաժամկէտ բանակցութիւններու, որոնք հաւանաբար սկսած էին շատ ժամանակ առաջ: Երկրորդ, մեր ձեռքին մէջ ունեցածը տակաւին արտադրութեան համաձայնագիրն է եւ ոչ արտադրութիւնը կամ անոր տարողութիւնը, որ բնականաբար կը կարօտի ռուսական իշխանութեան բարեացակամ մօտեցումին հանդէպ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ կարելի է ամէն ինչ ամփոփել ու հիմնուիլ հետեւեալ հարցերու պատասխանին վրայ.

Ա. Գերմանիան, Արցախի հիմնախնդիրն ալ նկատի առած, քաղաքական եւ նիւթաբարոյական նեցուկ պիտի ցուցաբերէ՞ Հայաստանի նոր իշխանութեան:

Բ. Հակառակ իր իսկ պարտադրած պատժամիջոցներուն, Ամերիկան աչք պիտի խփէ՞ Հայաստանի եւ Իրանի մէջ առկայ տնտեսական գործակցութեան եւ փոխանակումներուն:

Գ. Ռուսաստանը պիտի արտօնէ՞ զինարտադրութեան համար կնքուած համաձայնագրին անմիջական գործադրութիւնը:

Եթէ այս հարցադրումներուն պատասխանները դրական դուրս քան՝ շատ բարի: Սակայն եթէ ժխտական ըլլան, ապա Հայաստանի իշխանութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ է ի բացակայութիւն արտաքին նեցուկի, բան մը, որ պիտի հաստատէ, թէ այնտեղ իրագործուածը մոմէնթումի արդիւնք էր, ինչ կը վերաբերի նախկին վարչակարգին դէմ եղած դժգոհութիւններուն եւ պատահականութեան ընձեռած յաջողութիւնն է, որուն ապագան մութ կրնայ ըլլալ դժբախտաբար:

Կը մնայ փորձութեամբ լի սեպտեմբերը: Ըստ ծրագրուածին, սեպտեմբերին պիտի կայանայ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները, որուն արդիւնքէն շատ բան կախուած է: Անոր քուէատուփերուն արդիւնքն է, որ պիտի հաստատէ իրական ժողովրդականութիւնը ու անոր ճշգրիտ ծաւալը:

Յառաջիկայ սեպտեմբերին վարչապետ Փաշինեանի առաջադրած թեկնածուն, իշխանութեան հաշւոյն եթէ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ չընտրուի, ապա այդ մէկը մեծ պարտութիւն պիտի համարուի իշխանութեան, որուն ըստ երեւոյթին միակ ապաւէնը իր յայտարարած ժողովրդականութիւնն է հանդէպ իր գոյութեան: Հակառակ պարագային գոյութեան ապահովումը պիտի կարօտի լուրջ միջոցառումներու, որ ոչ մէկուն ձեռնտու է:

Օրերը յղի են փորձութիւններով եւ մարտահրաւէրներով: Ապագան ալ զայն սպասողին համար մօտիկ է:

Սպասենք եւ տեսնենք: Մինչ այդ մեր հայրենիքին մաղթենք կայունութիւն եւ անխախտելի ապահովութիւն ու… տրամաբանութիւն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018