ԾԱՂԻԿ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏ

Կը շարունակենք Բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով Բժշկապետին «Ծաղիկ եւ պատուաստ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1904-ին:

Գրքոյկը կը սկսի Բժշկապետին նախաբանով, այսպէս.

Ծաղիկը անցեալին նոյնչափ ահաւոր էր, ինչքան ժանտախտը:

Մենք հիմա նոյնիսկ անկարող ենք հասկնալ այն զարհուրելի աւերումները, որ այս հիւանդութիւնը ամէն կողմ կը կատարէր:

Պատմագիրները կը յիշատակեն այնպիսի համաճարակներ, որոնցմէ ազգաբնակութեան ահագին մասը կոտորուած է:

Պատմաբանի մը ըսելով, Եւրոպայի մէջ քանի որ պատուաստում չկար, ամբողջ ազգաբնակութեան 1/12-1/10-ը (այսինքն՝ 10 մարդէն մէկը) կը մեռնէր, իսկ մեռնող հինգ երեխաներէն երեքը՝ ծաղիկէն էր:

Ուրիշ գրող մը կը բացագանչէ. «Ամէն ինչ “ծաղիկ” բառէն կը դողար»:

Երբեմն համաճարակը այնքան սոսկալի էր, որ մեռածները անթաղ կը մնային:

18-րդ դարուն ամբողջ կղզիի մը ազգաբնակութենէն միայն երկու երեխայ փրկուեցան, այն ալ՝ որովհետեւ պատուաստուած էին:

Հնդկաստանի Թիպէթ քաղաքին մէջ անգամ մը համաճարակը այնքան սարսափելի էր, որ բոլորը փախան եւ երեք տարի քաղաքը ամայի մնաց:

Եթէ ծաղիկը իր զոհը չէր սպաններ, ան կը կուրցնէր, կը խլացնէր, կը նուաղեցնէր, ուժասպառ կ՚ընէր եւ հիւանդոտ կը դարձնէր: Կոյրերուն 2/3-ը ծաղիկէն կը կուրնային:

Իւրաքանչիւր դասակարգի եւ իւրաքանչիւր հասակի մարդիկ՝ նորածիններէն սկսած մինչեւ ծերերը, բոլորն ալ կը վարակուէի եւ կը մեռնէին: Ֆրանսացիներու թագաւոր՝ Լուի XV-ը ծաղիկէն մեռաւ, ինչպէս նաեւ ռուսաց կայսր՝ Պետրոս II-ը: Այս ցաւը այնքան զարհուրելի էր, որ հիւանդէն նոյնիսկ ամենէն մօտ ազգականները կը փախչէին, նոյնիսկ մայրերը անտէր կը ձգէին իրենց զաւակները:

Մեր օրերուն հիւանդութիւնը սանձուած է, բայց դարձեալ ամբոխին անզգուշութիւնն ու տգիտութիւնը ահագին քանակութեամբ զոհեր կը խլէ մեր մէջէն:

Ռուսաստանի խորքերը, ուր ժողովուրդը տակաւին չէ ճանչցած ծաղկապատուաստութեան անհրաժեշտութիւնը, այսօր ալ ծաղիկը բազմաթիւ մարդիկ կը կոտորէ: Այսպէս, Վիատոկի նահանգին մէջ 1875-ին, ծաղիկէն 12,760 հոգի մեռաւ, իսկ Քազանի նահանգին մէջ՝ 61,000. 1804-10 թուականներու ընթացքին, Ռուսաստանի մէջ 827 հազար մարդ մեռաւ:

Մեր մէջ եւս ծաղկախտը մեծ կոտորած կ՚ընէ: Զոհերու թիւի մասին, որ իւրաքանչիւր տարի այս հիւանդութիւնը կը տանի՝ ճիշդ տեղեկութիւններ չունինք, սակայն իւրաքանչիւր ընթերցող անշուշտ կը յիշէ մահուան մի քանի դէպքեր եւ տեսած կ՚ըլլայ բազմաթիւ կոյրեր, խուլեր եւ չեչոտ դէմքեր:

Այս զոհերը կ՚ապրէին, այս կոյրերն ու խուլերը կուրցած եւ խուլցած չէին ըլլար հիմա, եթէ ծնողները հասկցած ըլլային ծաղիկի վտանգները եւ ժամանակին հոգ տանէին իրենց երեխաները փրկելու մասին:

Այս գիրքն ալ ուղղակի այդ նպատակով կը գրենք, որպէսզի ծնողներուն սորվեցնենք իրենց զաւակները այդ սարսափելի ցաւէն պաշտպանել:

ԴՐ. Վ. ԱՐԾՐՈՒՆԻ

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

ԾԱՂԻԿ

1. Ի՞ՆՉ Է ԾԱՂԻԿԸ

Ծաղիկը վարակիչ հիւանդութիւն է: Վարակը (վարակիչ թոյնը) բշտիկներու թարախին մէջ կը գտնուի. եթէ այդ թարախէն վերցնենք ու պատուաստենք առողջ մարդուն, կը հիւանդացնենք զայն: Նոյնիսկ չորնալէն ետք թոյնը չ՚ոչնչանար:

Ծաղիկին իսկական յարուցանող միքրոպը տակաւին գտնուած չէ, բայց պէտք է ենթադրել, որ այս հիւանդութեան (ինչպէս եւ բոլոր վարակիչ հիւանդութիւններուն) պատճառն ալ միքրոպ մըն է, որ մի միայն բշտիկներու թարախին մէջ կը գտնուի1: Եւ, իրապէս, հիւանդի մը ուրիշ ո՛չ մէկ արտադրութիւն վարակիչ զօրութիւն ունի. ո՛չ թուքը, ո՛չ մէզը, ո՛չ քրտինքը եւ ո՛չ ալ արիւնը:

Ծաղիկին թոյնը շատ թռուցիկ է, այսինքն՝ օդի միջոցով հեշտութեամբ կ՚անցնի: Այնպէս որ ո՛չ միայն կը վարակուին այն անձերը, որոնք հիւանդին հետ կը շփուին, կը խնամեն զինք, կը լուան անոր հագուստները, եւ այլն, եւ այլն, այլեւ անոնք՝ որոնք մի քանի վայրկեանով հիւանդին սենեակը կը մտնեն եւ դուրս կու գան: Կը պատահի, որ տունէ տուն կ՚անցնի վարակը: Յաճախ ալ մի քանի անձերու միջոցով կը կատարուի վարակումը, այսինքն՝ մարդ մը շփուելով հիւանդի մը հետ՝ ինք չի՛ վարակուիր, այլ՝ վարակը դուրս կը տանի (հագուստին, ձեռքերուն հետ), եւ ուրիշի մը կը վարակէ:

Դիակներն ալ վարակիչ զօրութիւն ունին:

Սակայն, պէտք է գիտնանք, որ այդ ցաւը վարակիչ է նոյնիսկ բշտիկներ դուրս տալէ առաջ:

Ըսենք նոյնպէս, որ ծաղիկին վարակը չափազանց դիմացկուն է: Ան կրնայ տարի մը եւ աւելի պահուըտած մնալ եւ դարձեալ մարդոց վարակել: Դէպքեր եղած են, երբ հիւանդը ամբողջ տարի մը հեռացած եղած է տունէն, մէկ տարի ետք սակայն, այդ տունը մտնողը վարակուած է:

2. ՎԱՐԱԿՈՒՄԸ

Վարակը մեր մարմինին մէջ կը մտնէ գլխաւորաբար օդին հետ՝ շնչառութեան ընթացքին: Օդին հետ ան մեր թոքերուն մէջ կը մտնէ, թոքերուն մէջ արիւնին հետ կը խառնուի, այնտեղ կ՚աճի եւ կը թունաւորէ մեզ: 

Վարակումը առհասարակ այսպէս կը կատարուի: Բայց, կրնայ պատահիլ նաեւ, որ այդ թոյնը ուղղակի մեր արիւնին մէջ իյնայ, որեւէ մէկ վէրքի կամ պատռուածքի եւ քերծուածքի միջոցով:

Ծաղիկը ո՛չ մէկ հասակի մարդ կը խնայէ: Նոյնիսկ դէպքեր եղած են, որ նորածին երեխան ծնած ատեն ծաղիկի ցանով (դուրս տուածով) ծածկուած եղած է: Ատիկա կը պատահի, երբ մայրը ծննդաբերութեան ժամանակները ծաղիկ կ՚ունենայ: Ծաղիկը, ինչպէս ըսած ենք, բոլոր երկիրներուն մէջ տարածուած է, իւրաքանչիւր կլիմայի եւ եղանակներու մէջ:

Մէկ անգամ հիւանդացողը այլեւս ընդհանրապէս չի՛ վարակուիր. չափազանց քիչ կը պատահի, որ մարդ երկրորդ անգամ հիւանդանայ, իսկ երեք անգամ՝ երբե՛ք:

3. ԾԱՂԻԿԻՆ ԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐԸ

Ծաղիկով հիւանդին սենեակը կը մտնենք, ձեռք կու տանք անոր կամ անոր իրերուն, կը շնչենք վարակուած օդով եւ կը վարակուինք: Սակայն, անմիջապէս չենք հիւանդանար: 10-14 օր կ՚անցնի, վարակը արիւնին մէջ կամաց-կամաց կ՚աճի եւ մենք ոչինչ կը զգանք: Իրաւ է, ոչինչ կը զգանք, ցաւի ո՛չ մէկ նշան կայ մեր վրայ, այնուամենայնիւ մենք արդէն վարակուած ենք եւ նոյնիսկ ուրիշներն ալ կրնանք վարակել:

Ըսածս թող տարօրինակ չթուի: Զարմանալի դէպք մը պատմեմ, որ կը հաստատէ ինչ որ ըսի.

Հիւանդանոցի մը մէջ հիւանդ մը պառկած էր, որուն վէրքերը չէին ծածկուեր: Այդպիսի պարագաներու մէջ վէրքերուն առողջանալը արագացնելու համար այսպէս կը վարուին: Նոյն հիւանդին կամ ուրիշ հիւանդ մարդու մը մաշկէն փոքրիկ, բարակ կտորներ կը կտրեն եւ վէրքի վրայ կը դնեն (կը պատուաստեն). այդ կտորները կը փակին, կ՚աճին ու կը տարածուին, եւ վէրքը շուտով նոր մաշկով կը ծածկուի: Յիշուած հիւանդանոցին մէջ ալ նոյնը ըրին: Հիւանդ մը կար, որուն վէրքերը չէին լաւնար եւ անհրաժեշտ էր այդ ձեւի պատուաստում կատարել: Ճիշդ այդ ընթացքին կնոջ մը թեւը պիտի կտրէին: Բժիշկը օգտուեցաւ կտրուած թեւի մաշկով եւ անկէ կտորներ վերցուց ու պատուաստեց յիշուած հիւանդին վէրքին վրայ:

Հիմա տեսէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ:

Մի քանի օր ետք կնոջ մարմինին վրայ ծաղիկի բշտիկներ դուրս եկան եւ երկու օր ետք, այն հիւանդն ալ, որուն պատուաստած էին այդ կնոջ թեւի կաշին, ծաղիկով բռնուեցաւ:

Կասկած չկայ, որ թեւը կտրելու ատեն, այդ կինը արդէն ծաղիկի թոյնով վարակուած էր, թէեւ տակաւին ո՛չ մէկ նշան կար վրան: Հիւանդութիւնը քանի մը օր ետք միայն երեւան եկաւ, բայց քանի որ պատուաստի մաշկին կտորներուն մէջ ալ թոյն կար արդէն, այն մարդն ալ վարակուեցաւ…

Այսպէս, ուրեմն, 10-14 օր անհրաժեշտ է, որպէսզի ծաղիկին թոյնը որեւէ մէկ ախտանշանով արտայայտուի:

Այս ժամանակամիջոցը,- թոյնը ընդունած պահէն մինչեւ հիւանդութեան ախտանիշներուն երեւնալը-, գաղտնի կամ խմորման շրջան կը կոչուի:

Անցաւ այս շրջանը. վարակումին 14-րդ օրն է. յանկարծ, սաստիկ դողոց մը վրայ կու տայ, որ 1/2 ժամ կամ մէկ ժամ եւ աւելի կը տեւէ, ու մարմինին տաքութիւնը արագ կը բարձրանայ եւ մի քանի ժամուան ընթացքին 30-40 աստիճանի կը հասնի: Տաքութեան հետ, անշուշտ, կ՚արագանայ նաեւ զարկերակը, որ մէկ վայրկեանի մէջ 120-150 անգամ կը խփէ, շնչառութիւնը կը ծանրանայ, հիւանդը կը հեւայ, կը սրտնեղի, իսկ երեխաները ուշագնացութիւն, կարկամումներ, զառանցանք եւ այլն կ՚ունենան: Միաժամանակ, սոսկալի ջարդող գլխացաւը հիւանդին հանգիստ չի՛ տար. նոյն ձեւի ցաւեր կը զգացուին նաեւ մէջքին, ոտքերուն եւ թեւերուն վրայ:

Ախորժակը, անշուշտ, կորսուած է, բերանէն գարշահոտութիւն կը բուրէ, լեզուն չոր է եւ սպիտակ փառով ծածկուած, փորկապութիւն ալ [կ՚ունենայ]: Յաճախ սրտխառնութիւն եւ փսխում: Ամբողջ մարմինը կարծես կ՚այրի:

Աչքերը կը կարմրին եւ արցունքներով կը լեցուին. հիւանդը չի՛ կրնար լոյսին նայիլ:

Երբեմն կոկորդի ցաւ եւ հազ կը յառաջանայ: Մէզը սաստիկ մուգ է եւ նուազ քանակով: Երբեմն քիթէն արիւնահոսութիւն կ՚ըլլայ:

Հիւանդը երկու-երեք օր անընդհատ կը տանջուի եւ տակաւին անկարելի կ՚ըլլայ որոշել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հիւանդին դրութիւնը: Անշուշտ, եթէ քաղաքին կամ գիւղին մէջ ծաղիկ կայ, պէտք է ենթադրել, որ ծաղիկ պիտի ըլլայ:

Չմոռնանք ըսել, որ այս երկու-երեք օրուան ընթացքին մարմինին վրայ զանազան բշտիկներ ու ցաներ դուրս կու տան, բայց ասոնք ոչ մէկը նմանութիւն ունին ծաղիկի իսկական բշտիկներուն հետ: Այս շրջանին հիւանդը կրնայ մեռնիլ: Երբեմն ալ ցաներուն հետ կամ առանց ցաներուն մաշկին վրայ զանազան արնակոյտեր կ՚երեւին, որոնք քորոցի գլուխի չափ մուգ կարմիր բծիկներ են: Երբ այս արնակոյտերը շատ տարածուած կ՚ըլլան մարմինին վրայ, անոնք կրնան տեղ-տեղ միանալ եւ ընդարձակ բիծեր կազմել, ինչպէս կը պատահի փորի տակի մասին հետ: Այս պարագաներուն արիւնահոսութիւնը կ՚ըլլայ բերանէն եւ յետոյքէն: Մէզն ու կղկղանքը նոյնպէս արիւնախառն կ՚ըլլան: Այս ձեւը ամենէն ծանր ծաղիկն է, որմէ գրեթէ բոլորը կը մեռնին տակաւին իսկական ծաղկացանէն առաջ:

Դողոցէն եւ տաքութեան բարձրանալէն 3-4 օր ետք, դէմքին ու գլուխին վրայ ծաղիկի իսկական պզուկները (ծաղկացան) դուրս կու տան, մէկ օր ետք, նոյն ցանը ամբողջ մարմինը կը ծածկէ:

Տեսնենք թէ ի՛նչ տեսք ունի այդ ցանը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1 

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս մեր «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը» գրքոյկը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2022