ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանրապետական Մաղթանք»։ Պատարագիչն էր տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։

Սրբազանը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր «Այն ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ»։ Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ընտրեց ազատ ապրելու եւ բարեշէն իր կեանքը կառուցելու դժուար, բայց եւ արժանապատիւ ճամբան: Ան նշեց, որ անկախութեան պատմութիւնը նորագոյն մեր տարեգրութեան հրաշապատումն է՝ հիւսուած մեր ժողովուրդի արիասիրտ զաւակներուն հաւատքով ու տեսիլքով: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կը նշանաւորուի այն համգամանքով, որ Հայաստանը կը թեւակոխէ պատմական նոր հանգրուան մը իր թաւշեայ յեղափոխութեամբ:

«Հայրենիքի Անկախութեան տօնը պայմանաւորուած է մաքուր հայրենասիրութեամբ եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ: Այն բոլորին որ ականատես դարձանք եւ լսեցինք երբեւէ չտկարացնէ մեզ, այլեւ կրկնապատկուած ջանքերով եւ անչափելի հաւատքով պիտի լծուինք հայրենակերտումի սրբազան առաքելութեան: Էական է, որ քրիստոնէական սէրը իշխէ մեր կեանքի վրայ, որպէսզի պայծառատես ոգով նայինք դէպի լուսաւոր ապագան: Ինչքան օրհնուած ենք, որ Աստուած կը պահպանէ մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ երկիրը,  ուր այսօր կը գործեն երիտասարդ եւ իմաստուն առաջնորդներ: Մեզի կը մնայ միմեանց օրհնել սիրով ու ներողամիտ ոգով, փոխադարձ յարգանքով եւ արդար գնահատականներով եւ ամենէն կարեւորը մեր մէջ արմատաւորելու այն գիտակցութիւնը, որ միասնակամ ուժերով պիտի կառուցենք մեր երկիրը եւ արժեւորենք Անկախութիւնը՝ մեր Սուրբ Հողը», դիտել տուաւ Սրբազանը։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, դպրաց դասի, սարկաւագներու, քահանայ հայրերու եւ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թափօր կազմուեցաւ, որ ուղղուեցաւ դէպի Մայր տաճարի շրջափակ։ Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։ Հաւատացեալները եկեղեցականաց դասուն ձայնակցելով՝ միահամուռ երգեցին «Ամէն։ Ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա» մաղթանքը։

Աւարտին, Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ պատրաստուած տաղաւարին տակ հաւատացեալներ հարիսան ճաշակեցին, զրուցեցին եւ ուրախութեամբ իրենց տուները մեկնեցան։ 

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018