«ՄԵԾ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ՝ ՔԱՆԻ ՉԷ ԱՊՐԱԾ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ԱԶԱՏԱՄԻՏ Է»

Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս այցելած էր Երեւան, ուր իր ներկայութիւնը երաժշտական շրջանակներու հետ ծանօթացման համար առիթ ընձեռեց։ Կեցութեան օրերուն մենք եւս զրուցեցինք Մարալ Այվազին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Ի՞նչ առիթով Երեւան էք։

-Հինգերորդ անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուիմ։ Այս անգամ տարբեր առիթով՝ Պոլսոյ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ երգչախումբին հետ եկած եմ։ Մէկուկէս տարի առաջ արդէն Պատրիարքարանի սրահէն ներս այս թատերախաղը ներկայացուցինք Պոլսոյ «Եոլճու» թատերախումբին հետ։ Թատերախաղը նուիրուած է Կոմիտաս Վարդապետին։ Վերջին մէկուկէս տարուան մէջ 32 ներկայացում եղաւ։ Հազարներով մարդիկ տեսան ներկայացումը եւ հիացան։ Շատ մեծ արձագանգ գտաւ։ Կ՚ուզեմ նշել, որ թուրք ըլլալով, իրենց կատարած գործը մեծ է։ Թուրք թատերագիրի մը նախանձախնդրութեամբ պատրաստուած է սքանչելի բեմագրութիւն մը։ Ան գտած է դերասան մը, որ կարծէք ճիշդ Կոմիտասն է, շատ կը նմանի անոր։

-Ի՞նչ է նիւթը՝ ամփոփ ձեւով։

-Կոմիտասի կեանքը կը ներկայացնէ։ Թատերախաղը կը սկսի Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին վերջին հանգրուանէն՝ Փարիզի հիւանդանոցին մէջ։ Այդ տեսարանով կը սկսի խաղը։ Յետոյ հոն, յիշատակներով եւ յիշողութիւններով, անոր կեանքի տարբեր փուլերը կը յայտնուին բեմին վրայ, սկսած՝ մանկութենէն։

-Թուրքերը ինչպէ՞ս ընկալեցին այս գործը։

-Շատ լաւ վերաբերմունք ունէին։ Արդէն ներկայացումը թրքերէնով էր։ Ոմանք գիտնալով եկան՝ նախապէս ծանօթ էին Կոմիտասին։ Ուրիշներ նախքան ներկայացումը, Կոմիտասի մասին սկսան պրպտել։ Թատերասրահէն դուրս արդէն ցուցասրահին մէջ զետեղուած էին Կոմիտասի մասին զանազան գիրքեր, տեսանիւթեր, եւ այլն։

-Գլխաւոր բեմագրութիւնը ո՞վ գրած է։ Ովքե՞ր են գլխաւոր հերոսները։

-Բոլորը թուրքեր են։ «Եոլճու» թատերախումբն է, որ կը թարգմանուի «ճամբորդ»։ Բեմագիրն ու բեմադրիչը Ահմէտ Սամի Էօզպուտաքն է։ Ֆէհմի Քարաարսլանը Կոմիտասը մարմնաւորող դերասանն է։ Թատերախումբի գլխաւոր ղեկավարն է Ումութ Կիւլէրը։ Երեք շատ արժէքաւոր անձնաւորութիւններ են, որոնք կրցան յաջողցնել այս գործը։ Մեր երգչախումբի խմբավարին՝ Յակոբ Մամիկոնեանին հետ կապ հաստատեցին, որպէսզի թատերախաղին մէջ կամ ընթացքին Կոմիտասի երգերէն նմոյշներ երգենք՝ վարագոյրի մը ետեւէն, քառասուն հոգինոց երգչախումբով։ Ես իբրեւ մենակատար ներկայացայ։

-Թատերախաղը թրքերէն էր, բայց Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ ֆրանսերէնով։ Ինչո՞ւ։

-Յարմար նկատուեցաւ, որ այս փուլին թրքերէնով չըլլայ։ Հեղինակները մեծ հասկացողութեամբ ընդունեցին, ինչպէս ըսի՝ իսկապէս մտաւորական մարդիկ են։

-Երեւանի հանդիսատեսը ինչպէ՞ս ընդունեց թատերախաղը։

-Հայաստանի ներկայացումները «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ համատեղ գործակցութեամբ եղան։ Մենք ալ ունէինք մեր հիւրերը, որոնք շատ լաւ տպաւորուեցան։ Ես հիւր մը ունէի, որ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորն է, Գեղամ Նազարեանը, որ լաւ լրագրող է եւ որուն փոքր որդին զոհուեցաւ Արցախի պատերազմին։ Բարեկամս է Նազարեանը, որուն հետ երեք-չորս տարի առաջ ծանօթացայ։ Եկաւ մեծ որդիին հետ, որ թրքագէտ է։ Ներկայացումէն ետք իրենց կարծիքն ու դրական տպաւորութիւնը յայտնեցին ինծի։

-Ինչպէ՞ս գտաք Երեւանը։ Գիտեմ, որ ձեր մէջ մեծ սէր մը կայ Երեւանի հանդէպ։ Այս անգամ ինչպէ՞ս տեսաք մեր հայրենիքը։ Ձեր մէջ եղած սէրը քաղաքին նկատմամբ եւ Երեւանը՝ ինչպէս որ կայ իրականութեան մէջ իրարու հետ կը խօսի՞ն։

-Այո՛ անշուշտ իրարու հետ կը խօսին։ Երանի Երեւանէն դուրս ալ կարենայի շրջիլ։ Բայց հիմա երեք-չորս օրերով եկած ենք եւ այդ սահմանափակ ժամանակի մէջ միայն կրցայ Երեւանի կեդրոնը մնալ։ Հարկաւ, ամառնային գեղեցիկ օրեր են, լուսաւոր օրեր։ Բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կան, ամէն ինչ շատ ուրախ, շատ երջանիկ, շատ լաւ, շատ ադիական, խանութներ, փողոցներ, շէնքեր՝ շատ խնամեալ։ Ուղղակի արդէն կեդրոնն ենք, հրապարակի մօտ՝ Հիւսիսային պողոտայի վրայ։ Հոս ուր որ գտնուեցայ, անհաճոյ բան մը արդէն չկար, ուրեմն ամէն ինչ կարգին է։

-Ապագայի համար ունի՞ք ծրագիրներ, որոնց կ՚ուզէք անդրադառնալ։

-Ինն ամիս առաջ արդէն Երեւան եկած էի նոր երգի մը պատրաստութեան համար՝ պիտի հրապարակեմ «սինկըլ» մը, որ զուգերգ մըն է, գերմանաբնակ, երաժիշտ, իմ լաւ ընկեր՝ Առէն Էմիրզէին հետ։ Քանի մը տարի առաջ երբ Գերմանիա գացի, հոն երգը արդէն պատրաստած, աւարտած էինք, բայց կ՚ուզէի, որ շատ լաւ տեսանիւթ մը պատրաստուի։ Կապ հաստատեցի երեւանցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Մարիամ Գէորգեանին հետ։ Հոկտեմբեր ամիսն էր։ Պատմական շատ ազդեցիկ վայրերու մէջ նկարահանումներ կատարեցինք։ Առէնը Գերմանիոյ մէջ նկարահանեց։ Պանդուխտի նիւթով երգ մըն է։ Երկու ամիս վերջ պիտի հրապարակենք երգը։ Ամառը Գնալը կղզիի «Հրանդ Պարսամեան» մարզադաշտին մէջ, Նաւասարդեան խաղերու բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն ելոյթ ունեցայ։ Այս տարի ցանկութիւն ունիմ յարմար՝ ընդունելի ծրագիրով համերգներ տալ Պոլսոյ մէջ։ Հայկական ժողովրդական, էսթրատային երգեր կան, որոնք ժամանակին նաեւ քրտերէնով կամ թրքերէնով ալ երգուած են։ Այս երգերու ցանկը արդէն պատրաստած եմ եւ այս գաղափարը յայտնած եմ շատերու, որպէսզի առիթը ստեղծուի եւ ներկայանամ Թուրքիոյ հասարակութեան։ Դիմած եմ թէ՛ քաղաքապետութեան եւ թէ՛ նախարարութեան։

-Հայաստանի հանրութիւնը ձեզի կը ճանչնա՞յ։

-Բոլորը չեն ճանչնար զիս։ Անշուշտ փափաքս է, որ բոլորին հասանելի ըլլան իմ երգերս։ Երեք տարիներ առաջ արդէն ձայնասկաւառակ մը հրապարակած եմ։ Քայլ առ քայլ կը յառաջանանք։ Խմբային, կազմակերպչական մեծ աշխատանք կը պահանջէ, երաժշտական արտադրական ընկերութիւններու հետ գործակցութիւն կը պահանջէ, որպէսզի ծանուցումներու ճամբով աւելի տարածուին երգերս ու հանրաճանաչ դառնամ։

-Կը զգամ, որ Հայաստանի կողմէ հետաքրքրութիւն չկայ սփիւռքահայ երգիչներու հանդէպ։ Ճի՞շդ է նկատողութիւնս։

-Ճիշդ էք։ Մեծ մասը շատ հետաքրքրուած չեն։ Որոշ երաժիշտներ զիս փնտռած ու հասած են արդէն։ Կայ որոշ հետաքրքրութիւն մը մասնագէտներու կողմէ։ Հալէպահայ երաժիշտ մը կայ, որուն հետ կապ հաստատուեցաւ, ապագային կարելի է անոր հետ համագործակցութիւն մը ըլլայ։

-Հայաստանի մէջ էսթրատային, ժողովրդական երգերը նաեւ մեծ «շուկայ» մը ունին։ Այդ արտադրողները ձեզի հանդէպ հետաքրքրութիւն մը ցոյց տուա՞ծ են։

-Մինչեւ հիմա՝ ոչ։ Պատճառը այն է, որ որեւէ հաստատուած կապ չկայ մեր միջեւ։ Անշուշտ, երազս է Հայաստանի մէջ համերգներ տալ։ Ապագային անպայման այդպիսի բան պիտի կազմակերպեմ։ Քայլ առ քայլ, դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով կ՚ընթանամ։ Հայաստանի ժողովուրդը տակաւին զիս չի ճանչնար, հետեւաբար, երբ ժամանակը յարմար ըլլայ՝ ծրագիրը հասուննայ, արդէն հանդէս կու գամ համերգներով Հայաստանի մէջ։ Հիմա պոլսահայ համայնքին առջեւ մեր ներկայացումները պիտի կատարենք։ Ձմեռնամուտին ալ համերգներով հանդէս պիտի գամ Պոլսոյ մէջ։

-Կը նկատեմ, որ Պոլսոյ մէջ մշակութային որոշակի աշխուժութիւն մը կայ։ Ատիկա դրական կը համարէ՞ք։

-Քորոնաժահրին յայտնութիւնը մարդիկը ստիպուած հեռացուց մշակութային կեանքէն։ Այդ իրենց մէջ կարօտ մը ստեղծեց։ Ատենին պոլսահայութեան մեծամասնութիւնը հայերէն երգերէն հեռու կը մնար. աւելի թրքերէն եւ յունարէն մտիկ կ՚ընէին։ Գիտէք, մերինները քէֆը կը սիրեն։ Հիմա անդրադարձան, որ ունինք շատ գեղեցիկ՝ ժողովրդական երգեր, որոնք ուրախ մթնոլորտ կրնան ստեղծել։ Անդրադարձան, որ մեր երգերով ալ կրնանք քէֆ ընել։ Ուրախ եմ, որ պոլսահայ երիտասարդութեան մօտ աշխուժութիւն մը կայ։ Այս տարի Գնալը կղզիի մէջ երտասարդներու աջակցութեամբ մշակութային մեծ աշխատանք մը յաջողցուցինք։ Առիթը ունեցանք վայելելու նուագողներն ու երգողները։

-Այս ժամանակներուն դժուա՞ր է պոլսահայ ըլլալը։

-Կան որոշ դժուարութիւններ, բայց երաժշտութիւնը, որ ինքնին սուրբ գործ մըն է, անոր ճամբով ժողովուրդին հասնիլը դժուար չէ։ Քաղաքական առումով կրնամ օրինակ մը տալ։ Երբ Պոլիսէն Երեւան կու գայի, տեսան հայկական անցագիրս, թուրք ոստիկանները պարզօրէն ըսին. «Երկու անցագի՞ր ունիք»։ Հայաստանի մէջ ալ հայկական անցագիրով շատ հանգիստ անցայ։ Իսկ երբ ճամպրուկովս դռնէն դուրս կ՚ելլէի, ոստիկանը հարցուց, թէ ուրկէ՞ կու գամ։ Երբ ըսի, թէ Պոլիսէն կու գամ, ըսաւ, որ ճամպրուկս մեքենային մէջէն անցընեմ։ Տհաճ է այս վիճակը։ Պոլսահայ երգչուհի ըլլալն ալ շատ դժուար է։ Ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի, թէ կ՚ուզեմ մեծ հանրութեան մօտենալ, որովհետեւ, հայ ըլլալով, լայն հանդիսատես չունինք։ Թուրքերը եւ քիւրտերը միլիոնաւոր հանդիսատես ունին։ Յոյսով եմ, որ կը յաջողիմ։

-Շուտով պիտի վերադառնաք, մեզի համար ալ շատ սիրելի քաղաք՝ Պոլիս։ Ի՞նչ պիտի ըսէք պոլսահայերուն։

-Ատեն-ատեն համացանցի միջոցով զանազան նկարներ կը տեղադրեմ։ Արդէն այդ նկարները շատ բան կը խօսին։ Շատ ընկերներ ունիմ, որոնք Հայաստան տակաւին չեն այցելած։ Զանոնք կը քաջալերեմ, որպէսզի գան անգամ մը տեսնեն։

-Իսկ առ հասարակ, մտավախութիւններ ունի՞ք Հայաստանի ապագային առընթեր։

-Վախ չէ, բայց մտահոգութիւն ունիմ։ Քաղաքական իմաստով մտահոգութիւններ ունիմ։ Պէտք է, որ խելացի քայլերով առաջ երթանք։ Երիտասարդութեան վրայ մեծ յոյս ունիմ, քանի որ անոնք սովետական շրջանի ճնշումներուն տակ չեն ապրած եւ աւելի ազատամիտ են։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022