ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆ. ՀԱՅ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԴՐՕՇԱԿԻՐԸ
Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։
Հայ ժողովուրդի երաժշտական ժառանգութեան մէջ իր բարձրարժէք ներդրումը ունեցող վարպետն է Հայաստանի հողէն հեռու ծնած ու ապրած, բայց հայ ազգի ու հայրենիքի ամենէն իրաւ եւ ինքնուրոյն երաժշտականութիւնը լիաթոք շնչաւորած ու աշխարհին հաղորդած տաղանդաշատ արուեստագէտը։
Ալեքսանդր Սպենդիարեան հայկական երաժշտութեան արմատներուն խորապէս թափանցած ու լիարժէք տիրապետած երաժիշտն է, որ ստեղծագործական բուռն ծաղկում ապրելով եւ անմահ երկեր արարելով՝ հայոց սերունդներուն ժառանգ յանձնեց այնպիսի հրաշալի գործեր, ինչպիսիք են «Ալմաստ» օփերան, նուագախումբի համար գրուած «Երեւանեան էտիւդներ»ը եւ «Ղրիմի էսքիզներ»ը։
Ինչպէս արուեստի քննադատները կը վկայեն, Սպենդարեանի ստեղծագործութիւնները կը զատորոշուին «հայ ազգային դիմագիծին հաւատարիմ մնալու իւրայատկութեամբ, կշռութայնութեամբ, բանաստեղծականութեամբ եւ քնարականութեամբ»:
Իր ստեղծագործական գլուխ-գործոցը հանդիսացող «Ալմաստ» օփերան առանձինն բաւարար է, որպէսզի հայոց սերունդները իրենց յուզաշխարհին եւ ազգային էութեան մէջ միշտ զգան ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը հայ հոգիի քնարական զեղումներուն, խրոխտ կշռոյթին եւ խոհուն իմաստութեան։
Համահայկական ու համառուսական տարողութեամբ հաստատուած մեծա-հըռչակ արժէք էր Ալեքսանդր Սպենդիարեան եւ արդէն 54 տարեկան էր, երբ 1924 թուականին հայրենիք հրաւիրուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ։ Վարպետը հաստատուեցաւ Երեւան եւ իր մեծ աւանդը ներդրաւ Հայաստանի Գիտութեան ու արուեստի հիմնարկի, Պետական երաժշտանոցի, Սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երաժշտական հրատարակչութեան հիմնադրման աշխատանքներուն մէջ:
Մեր ժողովուրդը իր երաժիշտ ու երգահան վարպետին ու երաժշտական բազմավաստակ դաստիարակին ըստ արժանւոյն բազմեցուց հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրի գահին։ Յետ մահու՝ Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ Սպենդարեանի անուան Տուն-թանգարանը, վարպետին անունով կոչուեցաւ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնը, ինչպէս եւ՝ Երեւանի թիւ մէկ երաժշտական դպրոցը: Երգահանին երկերու ամբողջ ընտրանին լոյս տեսաւ 11 հատորեակով:
Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-թանգարանի կայքէջը հետեւեալ ամփոփումով կը ներկայացնէ վարպետին կեանքն ու գործը, վաստակն ու արժէքը.
Հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր, երաժիշտ-երգահան, խմբավար, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Ալեքսանդր Աֆանասիի Սպենդիարեանը ծնած է 1 նոյեմբեր 1871-ին, Տավրիկեան նահանգի Դնեպրովեան գաւառի Կախովկա աւանը (այժմ Ուքրայնոյ Խերսոնի մարզ): Նախնիները Հայաստանի հին մայրաքաղաք Անիէն սերած էին: Երաժիշտի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած են Սիմֆերեփոլի մէջ: Ստեղծագործական կարողութիւնները երաժշտութեան, նկարչութեան եւ բանաստեղծութեան նկատմամբ ի յայտ են եկած մանուկ հասակէն։
1882-էն 1890 իր տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Սիմֆերոփոլի կիմնազիային մէջ: 1890-էն 1895 յաճախած է Մոսկուայի Պետական համալսարանը: Մէկ տարի ուսանած է Բնագիտութեան հիմնարկին մէջ, ապա տեղափոխուած է Իրաւաբանութեան հիմնարկ:
Նուագած է ուսանողական նուագախումբին մէջ իբրեւ առաջին ջութակ: Ուսանողական այդ տարիներուն, զուգահեռաբար, շարունակած է ջութակի իր դասերը մեծ թատրոնի դերասան Պեկարսկիի եւ երաժշտական յօրինումի տեսութեան դասերը ռուս երաժիշտ ու ազգագրագէտ Ն. Ս. Կլենովսկիի մօտ: Իսկ 1896-էն 1900 երաժշտական յօրինումի մասնաւոր դասեր առած է ռուս մեծահռչակ երաժիշտ Ն. Ռիմսկի Կորսակովի մօտ:
1901-էն 1917, հաստատուած ու ապրած է Խրիմի մէջ՝ ծաւալելով ստեղծագործական, խմբավարական, մշակութային եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն: Այս շրջանին հաստատուած են իր բարեկամական մտերմիկ յարաբերութիւնները Չեխովի, Կորքիի, Ռեպինի, Ռախմանինովի, Շալեապինի, Կուպրինի, Կլազունովի, Լեադովի, Կյուիի, Արենսկիի, Պլումենֆելտի եւ Զպրուեւայի արժէքով մեծերու հետ, որոնք յաճախ կը հիւրընկալուէին Սպենդիարեաններու Եալթայի առանձնատան մէջ:
Խրիմի մէջ իր ունեցած ստեղծագործական բեղուն գործունէութեան շրջանին է, նաեւ, որ Սպենդիարեան 1917-ին ձեռնարկեց, Ամենայն Հայոց Բանաս-տեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Թմբկաբերդի առումը» երկարաշունչ բանաստեղծութեան հիման վրայ, «Ալմաստ» օփերայի ստեղծումին, որ աւարտուն տեսք ստացաւ միայն 1923-ին։ «Ալմաստ»ը եղաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի երաժշտական ժառանգութեան եւ ստեղծագործական ուղիին զարգացման գագաթնակէտը։
Հայկական ազգային ինքնուրոյն օփերային արուեստի զարգացման առումով՝ «Ալմաստ»ը նշանաւորեց հիմնական ու կարեւոր դարձակէտ մը։ Իր արհեստավարժ-մասնագիտական կատարելութեամբ, երաժշտական-թատրերգական յագեցուածութեամբ, ինչպէս եւ ձեւի, բովանդակային խորքի ու երաժշտական արտայայտչամիջոցներու վարպետութեամբ, կոթողական այս ստեղծագործութիւնը հասաւ դասական կատարելութեան՝ իր արժանի տեղը գրաւելով համաշխարհային օփերային արուեստի լաւագոյն նմոյշներու շարքին։
1924-ին Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, Սպենդիարեան ձեռնարկեց երաժշտական մշակոյթի զարգացման լայնածաւալ աշխատանքներու: Իր ջանքերով Երեւանի Երաժշտանոցին մէջ հաստատուեցաւ առաջին նուագախմբային դասարանը եւ կազմակերպուեցաւ առաջին սիմֆոնիք նուագախումբը, որուն անդրանիկ համերգը անձամբ ղեկավարեց Ալեքանդր Սպենդիարեան ինք։
1926 թուականին մեծ երաժիշտը արժանացաւ Հայաստանի «ժողովրդական արտիստ»ի եւ Երեւանի Երաժշտանոցի «առաջին պրոֆեսոր»ի կոչման:
Ալեքսանդր Սպենդիարեան մահացաւ Երեւան՝ 1928-ի Մայիս 7-ին, թոքերու բորբոքման հետեւանքով։
Վարպետը հայոց սերունդներուն կտակեց ստեղծագործական հարուստ եւ բազմաժանր ժառանգութիւն մը. Մէկ օփերա՝ «Ալմաստ»ը, սիմֆոնիք երկեր՝ «Երեւանեան էտիւդներ» (1925), «Ղրիմեան էսքիզներ» (1903-1912), «Երեք արմաւենի» սիմֆոնիք պատկեր (ըստ Մ. Լերմոնտովի - 1905), «Էտիւդ հրէական թեմաներով», «Կոնցերտային նախերգանք» (1900), «Կոնցերտային վալս», կամերագործիքային երկեր, «Կանտաբիլէ», «Պրելիւդ» լարային քառեակի համար, «Վալս», «Բարկարոլա», «Մենուետ», «Սկերցօ», ռոմանսներ, ձայնային-գործիքային երկեր: Իր երեք ստեղծագործութիւններուն համար՝ «Երեք արմաւենի» սիմֆոնիք պատկեր 1908-ին, «Բեդա քարոզիչը» լեգենդը 1910-ին եւ «Մենք կը հանգստանանք» մելոդեկլամացիան 1912-ին, Սպենդիարեան արժանացած է Կլինքայի անուան մրցանակի: Հայ դասական երաժըշ-տութեան հիմնադիրը գրեց ստեղծագործութիւններ նաեւ նուագախումբերու համար:
Յայտնի են ազատութեան պայքարի համար որպէս կոչ հնչող Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստա-նի»ի ներշնչումով գրուած «Այնտեղ, այնտեղ, դէպ վեր այն դաշտը» երաժշտական ստեղծագործութիւնը, «Առ Հայաստան» եւ այլն:
Սպենդարեան անգնահատելի աւանդ ունեցաւ հայկական ազգային երաժշտական յօրինման դպրոցի եւ անոր ոճական ինքնատպութեան ձեւաւորման գործին մէջ: Ան արդարօրէն կը համարուի նաեւ հայկական սիմֆոնիզմի հիմնադիրը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ