ԱՂՕԹՔ
(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
Տէրունական աղօթքին վերջին խնդրանքը, սովորական խնդրանք մը ըլլալէ աւելի, պաշտպանութեան խնդրանք մըն է, որով աղօթողը Տիրոջ պաշտպանութեան կը դիմէ, կարենալ յաղթահարելու համար այս կեանքի ընթացքին իրեն հանդիպած փորձութիւններուն դէմ:
Փորձենք հասկնալ ի՞նչ կը նշանակէ փորձութիւն: Փորձութիւն կը նշանակէ փորձանք, նեղութիւն, մեղքի առաջնորդող արարք կամ գործ, մտային խարխափում, երեւակայութեան ազատութիւն եւ այլն:
Աստուածաշունչը արդեօք կը խօսի՞ փորձութեան մասին:
Հին կտակարանին մէջ Յոբ Երանելիին պատմութիւնը, փորձութեան վերաբերեալ հետաքրքրական դէպք մըն է, ուր կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած թոյլ կու տայ սատանային, որպէսզի փորձէ Յոբին: Այսպէս, սատանան տեսնելով Յոբի ունեցած առաւելութիւններն ու բարօր կեանք մը ապրելու պայմանները եւ միաժամանակ տեսնելով անոր ունեցած հաւատարմութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ, Աստուծոյ դիմելով կ՚ըսէ, որ եթէ ան այդ բոլոր պայմաններէն զրկուի, կը դադրի հաւատարիմ մնալէ Իրեն եւ նոյնիսկ կը սկսի հայհոյել (տե՛ս, Յոբ 1.11): Աստուած, սակայն, կը պատասխանէ սատանային. «Ահա ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես» (Յոբ 1.12): Տէրը այսպէսով, սատանային թոյլտուութիւն կու տայ, որպէսզի սատանան փորձէ Յոբը: Կարգ մը մարդիկ Յոբի այս պատմութիւնը կարդալով, սխալ կ՚ըմբռնեն կատարուածները եւ կը տարուին եզրակացնելու, թէ Աստուած մարդը փորձութեան կ՚ենթարկէ: Այդպիսիները չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Յակոբոս Առաքեալ կ՚ըսէ, որ «փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՛ թէ Աստուած է, որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ: Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1.13-14): Յոբի պատմութեան մէջ ալ, եթէ ուշադրութեամբ կարդանք, կը տեսնենք, որ Աստուած Ի՛նք չէ փորձողը, այլ՝ Աստուած Ինք պարզապէս թոյլ կու տայ, որպէսզի փորձութիւնները տեղի ունենան: Իսկ Յոբի պատմութեան աւարտը բոլորիս ալ ծանօթ է, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր հաւատացեալ կրնայ դաս քաղել, թէ կարեւորը այս աշխարհի մէջ ունեցած հարստութիւնն ու լաւ պայմանները չեն, այլ՝ կարեւորն ու էականը հաւատացեալին հաւատարմութիւնն ու հաւատքն է Աստուծոյ նկատմամբ, որ զինք բոլոր փորձութիւններէն պիտի ազատէ եւ ա՛լ աւելի ամրացնէ իր քայլերը փրկութեան ճանապարհէն ընթանալու համար:
Ոմանք կ՚ըսեն, սակայն, լաւ եթէ Աստուած չէ, որ մարդիկը կը փորձէ, հապա ինչո՞ւ համար Ծննդոց Գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ «Աստուած փորձեց1 Աբրահամը» (Ծն 22.1). ուշադիր պէտք է ըլլալ այստեղ եւ պէտք է ճիշդ կերպով հասկնանք գրուածը: Այստեղ օգտագործուած «փորձեց» բառը, ո՛չ թէ պէտք է ընկալել որպէս՝ փորձել, այլ զայն պէտք է հասկնալ որպէս՝ քննել, այսինքն՝ Աստուած պարզապէս քննեց Աբրահամը, եւ քննեց ո՛չ թէ որովհետեւ կասկած ունէր անոր հաւատարմութեան մասին, այլ ինչպէս Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ, քննեց՝ որպէսզի գովէ զինք, գովէ իր ունեցած հաւատարմութիւնը: Հետեւաբար, փորձել եւ քննել իրարմէ տարբեր բաներ են եւ կարելի չէ զանոնք նոյնացնել: Այս ուղղութեամբ Սաղմոսացին մէջ կը կարդանք. «Տէրը կը քննէ արդարը» (Սղ 11.5), այսինքն՝ Աստուած Իրեն հաւատարիմ եղող մարդիկը կը քննէ, ո՛չ թէ կասկածի հետեւանքով, այլ՝ գովելու եւ զօրացնելու համար Իր զաւակները, որպէսզի շարունակեն արդարութեան ճանապարհներէն քայլել, հասնելու համար՝ փրկութեան: Արդարեւ, Աստուած կարիք չունի փորձելու մարդը՝ Իր ձեռագործը, Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս ամէն ինչը գիտէ, «որովհետեւ Դուն, Ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սիրտերը ու երիկամունքները»:
Երեմիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ես՝ Տէրս, միտքը կը քննեմ, սիրտերը կը փորձեմ, որպէսզի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ» (Եր 17.10). այս օրինակը այստեղ կը մէջբերեմ, որպէսզի ընթերցողին համար առաւել եւս յստակ դառնայ, թէ երբ Աստուծոյ մարդիկը փորձելու մասին կը խօսինք, պէտք է յստակ ըլլայ մեզի համար, որ փորձելը Աստուծոյ պարագային չունի՛ այն իմաստը, ինչ որ մենք այսօր կ՚օգտագործենք ու կը հասկնանք, այլ խօսքով փորձելը Աստուծոյ պարագային ժխտական արդիւնք չունի եւ ո՛չ ալ ժխտական արդիւնք կը հետապնդէ, այլ՝ ընդհակառակը, դրական արդիւնք է, որ կը հետապնդէ, որն է՝ մարդուն փրկութիւնը եւ փառաւորումը: Իսկ Երեմիա մարգարէին այս տողերը կարծէք Յակոբոս առաքեալի հետեւեալ տողերուն կանխատեսումն է. «Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով: Ապա ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղքին ծնունդ կու տայ, իսկ մեղքը երբ իր լրումին հասնի՝ մահուան պատճառ կ՚ըլլայ» (Յկ 1.14-15). Աստուած, ըստ Երեմիա մարգարէի խօսքերուն՝ «մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ», այսինքն՝ եթէ բարի պտուղներ տուած է, վարձատրութիւնը՝ բարի կ՚ըլլայ, իսկ եթէ չար պտուղներ տուած է, վարձատրութիւնը՝ չար կ՚ըլլայ. սակայն, վարձատրութիւնը չար ըլլալուն պատճառը Աստուած՝ Ի՛նք չէ, այլ՝ մա՛րդն է, որովհետեւ ինչպէս Յակոբ առաքեալ կը բացատրէ՝ «իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով»:
Այլ դիտանկիւնէ եթէ ուզենք նայիլ եւ ընդունինք ոմանց կարծիքը, թէ Աստուած մարդիկը կը փորձէ, այդպիսիներուն հետեւեալ հարցումը կու տամ: Եթէ Աստուած է, որ մարդիկը կը փորձէ, հապա ինչպէ՞ս հասկնալ կամ ինչպէ՞ս բացատրել Ղուկասի աւետարանին մէջ արձանագրուած հետեւեալ տողերը. «Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ վերադարձաւ Յորդանանէն։ Ապա Սուրբ Հոգիին կողմէ առաջնորդուած՝ գնաց անապատ, ուր քառասուն օր փորձուեցաւ Սատանայէն» (Ղկ 4.1-2): Այդ կարծիքը ունեցողները կ՚ընդունի՞ն մեր Տիրոջ Քրիստոսի մարդեղութիւնը, կ՚ընդունի՞ն Անոր կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած ըլլալը, եթէ կ՚ընդունին, հետեւաբար ինչպէ՞ս կը մտածեն, թէ Աստուած կրնայ Ինքզինք փորձել, կամ ի՞նչ նպատակով Աստուած Ինքզինք պիտի խաբէ: Չէ՞ որ նոյնԻնքն մեր Տէրը ըսած է, թէ՝ «որեւ թագաւորութիւն, որ ինքն իր մէջ բաժան-բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի, եւ որեւէ քաղաք կամ ընտանիք, որ ինքն իր մէջ բաժնուած է՝ կանգուն չի՛ մնար» (Մտ 12.25). այսինքն՝ եթէ Աստուած Ինքզինք կը փորձէ, ուրեմն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կործանած է, քա՛ւ լիցի: Զգոյշ ըլլանք մեր արտայայտութիւններուն եւ յայտնած կարծիքներուն մէջ եւ առանց լաւապէս հասկնալու Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուածները չխօսինք, որպէսզի մեր սխալ հասկացողութեամբ պատճառ չդառնանք ուրիշերուն եւս սխալ ճանապարհներով ընթանալու:
Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք» (Մտ 26.41). այստեղ կը տեսնենք, որ մեր Փրկիչը Իր աշակերտներուն ուղղելով այս խօսքերը, անոնց միջոցով խրատ մըն է, որ կու տայ բոլոր հաւատացեալներուն՝ արթուն մնալու եւ աղօթելու, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնան: Այստեղ հարց կը ծագի սակայն, թէ ո՞վ է փորձողը, ի՞նչ նպատակով եւ ինչո՞ւ համար կը փորձէ: Եթէ Տէրունական աղօթքին այսօրուան մեր նախադասութիւնը ուշադրութեամբ կարդանք, կը տեսնենք, որ փորձողը՝ չարն է, որովհետեւ մեր Տէրը սորվեցնելէ ետք մեզի ըսել, թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք, կ՚աւելցնէ ըսելով, այլ՝ փրկէ՛ մեզ չարէն: Իսկ ո՞վ է չարը. սատանան, որով յստակ կը դառնայ, թէ մարդիկը փորձութեան մէջ ձգողը կամ փորձութեան առաջնորդողը սատանան է: Իսկ թէ ինչո՞ւ համար կամ ի՞նչ նպատակով կը փորձէ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ խաբէ եւ իր հետ յաւիտենական տանջանքներուն մասնակից դարձնէ, եւ այս ամէնը՝ նախանձին պատճառով, որովհետեւ ան չի՛ կրնար դիմանալ, երբ կը տեսնէ, որ մարդիկ փրկութեան ճանապարհին մէջ են, եւ ամէն կերպով կ՚աշխատի, որպէսզի շեղէ մարդիկը փրկութեան ճանապարհէն եւ առաջնորդէ դէպի կորուստի ճանապարհ: Եւ ահա, մեր Տիրոջ խօսքերը՝ արթուն մնալը եւ աղօթելը ճիշդ այն բանին համար է, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնանք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 16
Վաղարշապատ, 30 հոկտեմբեր 2018
1 Արաբերէն թարգմանութիւններուն մէջ գործածուած է քննել բայը եւ ո՛չ թէ փորձել: Մեր գրաբար թարգմանութեան մէջ փորձել բայը օգտագործուած է, որ սակայն երբ աշխարհաբարի թարգմանենք, կ՚ունենանք հետազօտել, քննել, ընտրել բացատրութիւնները: