Հայ Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան Դա­րե­րու Հո­լո­վոյ­թը

Ա.- ՊԱՏ­ՄԱ­ԿԱՆ

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի մը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցայ­տող աղ­բիւրն է, ո­րուն ճամ­բով կը պատ­մուի ժո­ղո­վուր­դի մը ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ա­ռաս­պել­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ հոն կը հաս­տա­տուի ա­նոր տա­ղանդն ու հնա­րամ­տու­թիւ­նը:

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէ տար­բեր կա­րա­տե­սակ­ներ եւ ժա­նեա­կա­գոր­ծու­թիւն: Դժուար ե­ղած է ծա­գու­մին ճշդու­մը, ա­ռար­կա­յին տա­րի­քը, փոխ­հարս­տա­ցու­մը, պատ­ճառ՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն երկ­րէ եր­կիր գաղ­թը: Շատ հի­նէն ե­կած ար­հեստ մըն է, բայց միշտ նոր, կի­րար­կուած աշ­խար­հի տա­րած­քին, Ա­րե­ւել­քէն-Ա­րեւ­մուտք, հիւ­սի­սէն-հա­րաւ: Իւ­րա­քան­չիւր եր­կիր մշա­կած է իր ու­րոյն ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան տե­սա­կը՝ ներշն­չուե­լով բնու­թե­նէն եւ գոր­ծա­ծե­լով տե­ղայ­նա­կան հում­քեր:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­կա­ռակ ռազ­միկ, հո­ղա­գործ, խաշ­նա­րած, հան­քա­գործ ըլ­լա­լուն, ե­ղած է ստեղ­ծա­գոր­ծող բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ եւ զար­գա­ցու­ցած իր մշա­կոյ­թը:

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը վե­րա­պա­հուած էր մաս­նա­ւո­րա­պէս ի­գա­կան սե­ռին, նոյ­նիսկ իշ­խան­նե­րու կի­ներ, թա­գու­հի­ներ ու ա­նոնց դստեր­քը ստեղ­ծա­գոր­ծած են այդ մար­զին մէջ: Ա­նոնց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած են ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան անհը-րա­ժեշտ նիւ­թեր: Ա­նոնք ա­սեղ­նա­գոր­ծած են տար­բեր դի­պակ­նե­րուն (շատ նուրբ կեր­պաս) վրայ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով բուրդ, մե­տաքս, բամ­պակ, ոս­կե­թել, ար­ծա­թա­թել թե­լեր եւ այլն:

Գրի­գոր Գան­ձա­կե­ցիի վկա­յու­թեամբ, Ար­զու Խա­թու­նը իր աղ­ջիկ­նե­րուն հետ միա­սին Ս. խո­րա­նի սե­ղա­նին ձե­ռա­գոր­ծած են ծած­կոց մը Ս. Փրկի­չին պատ­կե­րով, այն­քան բնա­կան, որ տես­նող­նե­րը սքան­չա­ցած են եւ փառք տուած Աս­տու­ծոյ, այս­պի­սի իշ­խա­նու­հի ու­նե­նալ­նուն: Ձե­ռա­գոր­ծած են նաեւ Հաղ­բա­տի, Մա­կա­րա, Դա­դէ վան­քե­րուն հա­մար ծած­կոց­ներ, ուր պատ­կե­րուած են Քրիս­տո­սի կեան­քէն բա­ժին­ներ: Կ՚ար­ժէ յի­շել նաեւ Խո­րի­շա­նը՝ Զա­քա­րէ եւ Ի­ւան Զա­քա­րեան­նե­րու քոյ­րը եւ Ջա­լալ իշ­խա­նին մայ­րը, որ ա­մուս­նոյն մա­հէն ետք հաս­տա­տուած է Ե­րու­սա­ղէմ եւ ձե­ռա­գոր­ծե­լով կրցած է իր ապ­րուս­տը շա­հիլ:

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ամ­բողջ տա­րած­քին ի­գա­կան սե­ռը կը զբա­ղէր ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեամբ եւ ձե­ռա­գոր­ծով, մա­նա­ւանդ այն շրջա­նին, երբ հայ կի­նը կորսն­ցու­ցած էր իր եր­բեմ­նի ա­զա­տու­թիւ­նը, ար­տա­քին ճնշում­նե­րու եւ մա­նա­ւանդ իս­լամ մշա­կոյ­թի ազ­դե­ցու­թեան տակ: Իր հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը գտաւ ձե­ռա­րուես­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, զար­դա­րեց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն տա­րազ­նե­րը՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­րուես­տով, օգ­տա­գոր­ծե­լով քա­րեր, ու­լունք­ներ, մե­տաքս եւ այլ թե­լեր՝ կա­րե­լով եւ նախ­շե­լով շուր­ջառ, խոյր, վա­կաս, ու­րար, փո­րու­րար շա­պիկ, խաչ­վառ եւ այլն. ձե­ռա­գոր­ծուած ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րու պատ­կեր­նե­րով:

Սո­վո­րու­թիւն էր, որ աղ­ջիկ­ներ, փոքր տա­րի­քէն պատ­րաս­տէին ի­րենց օ­ժի­տը՝ կա­րե­լով եւ նախ­շե­լով թան­կար­ժէք թե­լե­րով եւ կամ տնա­յին բամ­պա­կով ու բուր­դով հա­գուստ­ներ, սպի­տա­կե­ղէն, օ­ձիք­ներ, գի­շե­րա­նոց­ներ, ան­ձե­ռո­ցիկ­ներ, բար­ձի ե­րես, սփռոց, ծած­կոց ու վա­րա­գոյր: Ան­շուշտ ժա­նեա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը միշտ ներ­կայ ե­ղած է ա­ւե­լի նուրբ օ­ձիք­նե­րու եւ ծած­կոց­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Շատ հի­նէն մե­զի հա­սած են Ա­նի քա­ղա­քէն հե­տե­ւեալ ա­սեղ­նա­գործ ի­րե­րը ա.- դամ­բա­րա­նէ մը աղջ­նա­կի մը հա­գուս­տի կտոր­ներ, ուր կ՚ե­րե­ւին բարձր մա­կար­դա­կի աշ­խա­տանք, բ.- Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի խաչ­վա­ռը՝ մէկ ե­րե­սը կը ներ­կա­յաց­նէ Լու­սա­ւո­րի­չի նկա­րը, մէկ կողմ՝ Տրդատ թա­գա­ւո­րը, միւս կողմ՝ Ս. Հռիփ­սի­մէն, իսկ միւս ե­րե­սը՝ Քրիս­տո­սը, մե­տաք­սէ կտո­րի վրայ, բամ­պա­կէ եւ մե­տաքս թե­լե­րով: Շատ նուրբ աշ­խա­տանք մը, որ պա­հուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի գան­ձա­տան մէջ:

Բ.- ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ

Հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծա­կան նշա­նա­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն յի­շենք քա­նի մը հա­տը. Ա­նին, Վաս­պու­րա­կան, Տա­րօ­նը (Պատ­մա­կան Հա­յաս­տան), Կի­լի­կիոյ տա­րած­քի գա­ւառ­նե­րէն՝ Մա­րաշ, Ուր­ֆա, Այն­թապ եւ այլն, Թիֆ­լիզ, Պո­լիս, Ե­րե­ւան եւ այ­լուր: Քա­ղա­քա­կան դէպ­քե­րը, մա­նա­ւանդ 1915-ի Ե­ղեռ­նը, գաղ­թը, թա­լա­նը, ա­ւե­րը, հրդեհ­նե­րը պատ­ճառ ե­ղան, հայ մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րուն կող­քին, ա­սեղ­նա­գոր­ծա­կան ար­ժէք­նե­րու ոչն­չաց­ման:

1910-ին Ուր­ֆա­յի գոր­գի գոր­ծա­տան մէջ կ՚աշ­խա­տէր գեր­մա­նա­ցի պաշ­տօ­նեայ մը Պրիւ­նօ Է­քար ա­նու­նով, որ հիա­ցած Ուր­ֆա­յի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան վրայ, հայ նկա­րիչ­նե­րուն կը պա­տուի­րէ նկա­րել նախ­շե­րը եւ կազ­մել ա­նոնց­մով ալ­պոմ մը: Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը կը վեր­ջա­նայ, Պրիւ­նօ կը վե­րա­դառ­նայ Գեր­մա­նիա, բայց իր հայ կի­նը՝ Սա­թե­նիկ Պէ­զի­կեան կը հրա­ժա­րի հե­տը եր­թա­լէն, նոյ­նիսկ ա­նոր կ՚ար­գի­լէ այդ ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւն­նե­րը հե­տը տա­նիլ: Սա­թե­նիկ վե­րա­մուս­նա­նա­լով հայ ե­րի­տա­սար­դի մը հետ, Հա­յաս­տան կը տա­նի Ուր­ֆա­յի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թե­նէն 230 նա­խա­գի­ծեր եւ կը նուի­րէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին:

1895-ի ետք, Ուր­ֆա­յի Ա­մե­րի­կեան որ­բա­նո­ցի տնօ­րէ­նու­հին՝ Կո­րի­նա Շա­տը­գը, որ­բու­հի­նե­րու ձեռ­քի աշ­խա­տան­քը կը ղրկէ ա­նուա­նի հա­յա­գէտ Յով­հան­նէս Լեփ­սիու­սի, որ իր կար­գին Ուր­ֆա­յի մէջ կը հիմ­նէ աշ­խա­տա­նոց-որ­բա­նոց մը, ո­րուն տնօ­րէ­նու­հի կը նշա­նա­կէ Քա­րէն Եփ­փէ դա­նիա­ցի մի­սիո­նա­րու­հին: Նոյն օ­րե­րուն Այն­թապ կը գտնուէին գեր­մա­նա­ցի բժիշկ Շե­ֆըրտ եւ իր կի­նը, ո­րոնք հայ­կա­կան ձե­ռա­գործ­նե­րը կը ղրկեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Եւ­րո­պա՝ մտա­ծե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին նիւ­թա­կան եւ հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ աշ­խար­հին ցոյց տա­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին աշ­խա­տա­սէր, ստեղ­ծա­գոր­ծող եւ տա­ղան­դա­ւոր նկա­րագ­րի տէր ըլ­լա­լը եւ գո­յա­տե­ւե­լու նպա­տա­կին հաս­նի­լը:

Հե­տա­գա­յին, 1915-ի Ե­ղեռ­նէն ետք, շնոր­հիւ բա­րե­սէր եւ ժրա­ջան մի­սիո­նա­րու­հի­նե­րուն, Քա­րէն Եփ­փէ, Մա­րիա Ճե­քըպ­սըն, քոյր Ժե­նե­ւիա Քա­թի­ւեա­նին, որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ, Հա­լէպ, Պէյ­րութ, Յու­նաս­տան, քա­ջա­լե­րե­ցին հայ­կա­կան  ձե­ռա­գործ­նե­րու աշ­խա­տան­քը՝ կո­րուս­տէ փրկե­լով հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ այլ ար­հեստ­ներ, ստա­ցուած աշ­խա­տան­քը ղրկե­ցին Եւ­րո­պա, Ա­մե­րի­կա գթա­սի­րա­կան եւ ազ­գա­սի­րա­կան նպա­տա­կով տո­գո­րուած, տէր կանգ­նե­լով հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն:

Քոյր Ժե­նե­ւիան Յու­նաս­տա­նի Վա­թի-Սամ­սոն քա­ղա­քը գտնուած ա­տեն, հա­ւա­քած է զա­նա­զան վայ­րե­րէն որ­բու­հի­ներ, ձե­ռա­գոր­ծած են հայ­կա­կան զար­դա­նախ­շեր, Այն­թա­պի հիւ­սուած­նե­րու նախ­շե­րէն քա­նի մը օ­րի­նակ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ: Լիո­նի մէջ իր մա­հէն ետք իր գոր­ծա­կի­ցը եւ օգ­նա­կա­նը Լէյ­լա Գա­րա­կէօ­զեան այս բո­լո­րը նուի­րած է Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար Մխի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան թան­գա­րա­նին:

Գ.- ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ Ա­ՍԵՂ­ՆԱ­ԳՈՐ­ԾԱ­ԿԱՆ ՏԵ­ՍԱԿ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԲՆԱ­ԳԱ­ՒԱՌ­ՆԵ­ՐԸ

Հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծա­կան տե­սակ­նե­րուն բնա­գա­ւառ­նե­րը կը բաժ­նուին ե­րեք գլխա­ւոր մա­սե­րու՝ աշ­խար­հիկ, կրօ­նա­կան (ե­կե­ղե­ցա­կան) եւ թա­գա­ւո­րա­կան:

Ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին դա­սա­կար­գը. գիւ­ղա­ցին, կ՚ա­սեղ­նա­գոր­ծէր տու­նը պատ­րաս­տուած հա­սա­րակ կտա­ւի կամ չի­թի վրայ, մինչ հա­րուստ դա­սա­կար­գը կ՚ա­սեղ­նա­գոր­ծէր մե­տաքս, ատ­լազ, թա­ւիշ կտոր­նե­րու վրայ՝ ոս­կե­թե­լե­րով, ու­լունք­նե­րով, մե­տաք­սա­թել մար­գա­րիտ­նե­րով, ու­լունք­նե­րով բարդ ու նուրբ նախ­շե­րով:

Պատ­կե­րագ­րու­թիւ­նը բաժ­նուած էր չորս գլխա­ւոր մա­սե­րու:

Բու­սա­կան, կեն­դա­նա­կան, երկ­րա­չա­փա­կան եւ երկ­նա­յին մար­մին­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւն­նե­րով.

- Բու­սա­կան նախ­շերն են.- Նուռ - նռ­նե­նի, խա­ղո­ղի հա­տիկ­ներ, ող­կոյզ, կե­ռա­սե­նի, շու­շա­նի նախ­շեր, ո­րոնք խորհր­դա­նիշ էին ար­գա­սա­բե­րու­թեան:

- Կեն­դա­նա­կան նախ­շե­րու սի­րա­մար­գը, սո­խա­կը, ծի­ծեռ­նա­կը, ա­ղաւ­նին խորհր­դա­նիշ էին գե­ղեց­կու­թեան հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թեան, շի­նա­րա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան: Դա­րեր շա­րու­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­կա­ռակ կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն, հա­լա­ծանք­նե­րուն, պա­հած է իր մշա­կոյ­թը, փա­փա­քած է ա­զատ հայ­րե­նիք ու­նե­նալ, խա­ղա­ղու­թեան մէջ ապ­րիլ եւ շի­նած է եւ եր­գած է:

- Երկ­րա­չա­փա­կան զար­դե­րը ընդ­հան­րա­պէս ե­ղած են ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու հա­մար, վան­քեր, խաչ­քա­րեր, գե­րեզ­մա­նա­քա­րեր, նպա­տա­կը ե­ղած է մե­ռել­նե­րու յի­շա­տա­կը ան­մա­հաց­նել:

Հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան մէջ մտած են խորհր­դան­շան­նե­րը, ո­րոնք շատ հի­նէն հա­սած են բարձ­րա­ւան­դակ­նե­րու մի­ջո­ցով:

Յի­շենք ա­նոնց­մէ քա­նի մը հա­տը.

Կե­նաց ծա­ռը.- Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կող­մէ պաշ­տուած է ծա­ռը, իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նե­ցած է ի­րեն յա­տուկ ծա­ռը: Հա­յե­րը կը պաշ­տէին սօ­սի եւ բար­տի ծա­ռե­րը:

Զոյ­գե­րու խորհր­դա­նիշ.- Երկն­քի եւ երկ­րի զու­գա­ւո­րումն է, զի­րար ամ­բող­ջաց­նող եւ կեան­քը ծնո՛ղ աստուա­ծու­թիւն:

Ա­րե­ւի խորհր­դան­շա­նը.- Ութ թե­ւա­նի ապ­րիմ-մեռ­նի­մի տես­քը ու­նի եւ գո­յու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ:

Ան­մա­հու­թեան խորհր­դան­շա­նը.- որ Տ ն­շանն է  ի­րա­րու մէջ ա­գու­ցուած է եւ տուած է պտըտող ա­նի­ւի ի­մաս­տը, որ կը նշա­նա­կէ Տէր, այ­սինքն յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւն:

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան մաս կազ­մած են նաեւ հայ­կա­կան նշա­նա­գիր­նե­րը, ո­րոնք կը ձե­ռա­գոր­ծուին լիցք կա­րով:

Դ.- ԿԱ­ՐԻ ՏԵ­ՍԱԿ­ՆԵՐ

Ընդ­հան­րա­պէս օգ­տա­գոր­ծուած կա­րե­րը ե­ղած են հե­տե­ւեալ­նե­րը.

Հար­թա­կար, օ­ղա­կա­կար, շղթա­յա­կար, լից­քա­կար, հան­գու­ցա­յին կար, թել­քաշ կար, կո­թա­սեղ եւ այլն, նաեւ եւ­րո­պա­կան կա­րի­քէն՝ քրո­շէն, ռե­քո­քոն, ափ­լի­քը կը գոր­ծա­ծէին ա­սե­ղը, հլու­նը, մա­քու­քը: Յա­տուկ գրուած կամ չգրուած կա­նոն­ներ չկա­յին, ձգուած էր ա­սեղ­նա­գոր­ծու­հիին գե­ղա­գի­տա­կան ճա­շա­կին:

Իւ­րա­քան­չիւր գա­ւառ ու­նէր իր յա­տուկ կա­րը, ձե­ռա­գոր­ծուած տա­րա­զը: Տղա­մար­դոց տօ­նա­կան հա­գուստ­նե­րը կը նախ­շէին նշա­ձեւ զար­դա­րանք­նե­րով: Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, կեն­ցա­ղա­յին փո­փո­խու­թեան հետ, փո­խուե­ցան նաեւ կեր­պաս­նե­րու տե­սակ­նե­րը: Հիմ­նա­կան կա­րա­տե­սա­կը մնաց պահ­պա­նուած:

Այն­քան բազ­մա­զան էր ա­սեղ­նա­գոր­ծա­կան ա­րուես­տը, որ աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք­նե­րուն ա­նուն­նե­րով բա­ցուե­ցան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան դպրոց­ներ, ո­րոնց­մէ նշա­նա­ւոր­ներն էին՝ Այն­թա­պի կար, Մա­րա­շի կար, Սվա­զի կար եւ այլն: Այս դպրոց­նե­րը բնո­րո­շող գե­­ղարուես­տա­կան ըն­տիր ի­րեր պահ­պա­նուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի գան­ձա­տու­նը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թան­գա­րա­նը, Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար եւ Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան­նե­րու միա­բա­նու­թիւն­նե­րու մօտ, Պոլ­սոյ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քա­րան, Նոր Ջու­ղա­յի Ա­մե­նափր­կիչ վան­քը, Հա­լէ­պի Զա­րե­հեան գան­ձա­տու­նը, Տիթ­րո­յի­թի Ա­լեք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան­նե­րու թան­գա­րա­նը, Ե­րե­ւա­նի հա­ւա­քա­ծո­նե­րու թան­գա­րան­նե­րուն մէջ: Ա­ռան­ձին օ­րի­նակ­ներ կը գտնուին Վար­շա­ւիոյ, Պու­տա­փեշ­տի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու աշ­խար­հահռ­չակ թան­գա­րան­նե­րուն մէջ:

Հա­կիրճ ձե­ւով ներ­կա­յաց­նենք կարգ մը կա­րեր.

- Այն­թա­պի կար­

Այն­թա­պի բնա­կիչ­նե­րը շատ լաւ ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ վա­ճա­ռա­կան­ներ էին: Կը զբա­ղէին գոր­գա­գոր­ծու­թեամբ, կար­պե­տա­գոր­ծու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեամբ: Կ՚ա­սեղ­նա­գոր­ծէին թաշ­կի­նակ­ներ, սփռոց­ներ, ան­ձե­ռո­ցիկ­ներ, գլխա­շո­րեր, հա­գուս­տի զա­նա­զան հա­տուած­ներ, «օ­յա» ա­նու­նով ժա­նեակ­ներ: Կա­րե­ւո­րը կտա­ւը ըլ­լայ թա­փան­ցիկ, ուր­կէ կա­րե­լի ըլ­լայ ուղ­ղա­հա­յեաց գի­ծե­րով թե­լեր քա­շել, ա­պա ձե­ռա­գոր­ծել կեր­կա­հին վրայ: Պէտք էր եր­կու կող­մե­րը ի­րա­րու նման ըլ­լա­յին: Կա­րը կը կրէր հայ­կա­կան ճեր­մակ գործա­նու­նը, որով­հե­տեւ ընդ­հան­րա­պէս կը գոր­ծա­ծէին ճեր­մակ կեր­պաս:

- Մա­րա­շի կար­

Եր­կու տե­սակ կա­րեր ու­նի: Հար­թա­կա­րը՝ կո­թա­սեղ կամ Զէյ­թու­նի կար եւ հիւ­սա­ծոյ կար, որ յա­տուկ է միայն Մա­րա­շին:

Նախ թա­ւիշ կտո­րին վրայ նշուած գծագ­րու­թիւ­նը կը դրոշ­մեն, ա­պա չորս շար­քե­րով, ա­ջէն ձախ կա­րե­րը կ՚ա­սեղ­նա­գոր­ծեն գծուած նախ­շե­րը: Ընդ­հան­րա­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծեն կար­միր, կա­պոյտ, երկ­նա­գոյն եւ ճեր­մակ գոյ­նե­րով բամ­պա­կէ, բուր­դէ, մե­տաք­սէ եւ թոյլ ո­լո­րուած թե­լեր:

- Ուր­ֆա­յի կար­

Ուր­ֆա­յի հա­յե­րը նշա­նա­ւոր կտա­ւա­գործ­ներ, դրոշ­մատ­պող­ներ եւ ա­սեղ­նա­գործ­ներ էին:

Ուր­ֆա­յի կա­րը լիցք կը կո­չուի, ընդ­հան­րա­պէս բնու­թիւ­նը բնո­րո­շող նկար­ներ են եւ գոր­ծա­ծուած մեղմ գոյ­նի թե­լեր, հա­ւա­նա­բար բնա­կիչ­նե­րուն նկա­րա­գի­րին եւ ճա­շա­կին հա­մըն­կած: Ուր­ֆա­յի գոր­ծե­րը մեծ շու­կայ գտած են քիչ մը ա­մէն տեղ, շնոր­հիւ Հա­լէ­պի աշ­խա­տա­նոց-որ­բա­նո­ցի եւ մի­սիո­նար­նե­րու ջան­քե­րուն:

- Ս­վա­զի գործ

Ս­վա­զի կա­րը ու­նի խա­չա­սեղ լիցք եւ հար­թա­կար: Կը գոր­ծա­ծեն ճեր­մակ կամ բնա­կան գոյ­նի կտաւ, ո­րոնց ծակ­տիկ­նե­րը կա­րե­լի ըլ­լայ հա­շուել, քա­նի որ համ­րան­քի վրայ հիմ­նուած է, եւ եր­կու ե­րես­նե­րը պէտք է ըլ­լան նման:

- Վա­նի կար­

Եր­կու տե­սակ կար ու­նի.

ա.- Ե­րեք թե­լե­րով կ՚աշ­խատ­ցուի, գոր­ծող թե­լը սեղ­մե­լով կը ստա­ցուին ցան­ցի նախ­շեր, ա­պա շուր­ջը՝ ոս­կե­թել հար­թա­կար:

բ.- Շղթա­յա­կա­րը, որ շատ փոքր եւ խիտ շար­քե­րով գոյնզ­գոյն մե­տաք­սէ թե­լե­րով կ՚աշ­խա­տին:

- Քի­լի­սի կար

Կ­՚ընտ­րեն եր­կու տար­բեր գոյ­նի կեր­պաս­ներ: Մէ­կուն վրայ կը գծեն նա­խընտ­րած նախ­շը եւ ո­րոշ գի­ծե­րը կը կտրեն: Երկ­րորդ կտո­րը կը տե­ղադ­րեն կտրուած գի­ծե­րուն հա­մե­մատ եւ կող­քա­կա­րով կ՚ամ­րաց­նեն կտո­րին վրայ կտրուած գծան­կար­նե­րու հե­տե­ւո­ղու­թեամբ:

- Պոլ­սոյ կար

Շ­քեղ հար­թա­կարն ու ու­ռու­ցիկ կա­րը, որ կը կո­չուի նաեւ «գա­զազ» կար: Այս եր­կու կա­րե­րը կը զու­գադ­րուին վե­րա­դիր կա­րին հետ, օգ­տա­գոր­ծե­լով ոս­կե­թել, ար­ծա­թա­թել եր­բեմն մար­գա­րի­տը: Այս կա­րով ա­սեղ­նա­գոր­ծուած Ս. խո­րա­նի վա­րա­գոյր մը եւ խոյր մը պահ­պա­նուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի գան­ձա­րա­նին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի թան­գա­րա­նին մէջ:

- Սե­բաս­տիա­յի կար

Կը կո­չուի թարս­կար: Թա­փան­ցիկ կտո­րի վրայ թարս կող­մէն լիցք կա­րով ա­սեղ­նա­գոր­ծուած է մե­տաք­սա­թե­լով, այն­պէս մը, որ ու­ղիղ ե­րե­սը կը ստա­նայ իս­կա­կան զար­դա­նախ­շը:

Յի­շուած կա­րե­րէն բա­ցի, Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան գա­ւառ­ներ ու­նե­ցած են յա­տուկ կա­րեր, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս օգ­տա­գոր­ծած են ծի­սա­կան (ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռար­կա­ներ) ձե­ռա­գոր­ծե­լու հա­մար, ինչ­պէս՝ սկի­հի ծած­կոց, Ս. խո­րա­նի վա­րա­գոյր, ու­րար­ներ եւ այլն, Քրիս­տո­սի, ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րու պատ­կեր­նե­րով նախ­շուած:

Չմոռ­նանք Մու­սա լե­րան եւ Քե­սա­պի նուրբ եւ գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ­նե­րով ձե­ռա­գոր­ծուած ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը, ժա­նեա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը, մա­քու­քի գոր­ծեր, զորս մին­չեւ օրս, այն­ճար­ցի­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հիւ­սել, ձե­ռա­գոր­ծել. թուան­շան­ներ, տա­րուան թի­ւը, հայ­կա­կան նշա­նա­գիր­ներ եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան քա­ռեակ­ներ ու այս­պէս սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով պահ­պա­նուած կ՚ըլ­լան ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը տար­բեր գաղ­թա­վայ­րե­րու տա­րած­քին:

Ե.- ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ Ա­ՍԵՂ­ՆԱ­ԳՈՐ­ԾՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԱՅ­ՍՕՐ

Ա­հա­ւա­սիկ, հայ­կա­կան կա­րե­րը դա­րե­րու ըն­թաց­քին պահ­պա­նուած են շնոր­հիւ ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րուն սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցու­մով: Այդ փո­խան­ցու­մը հե­տապն­դած են ընդ­հան­րա­պէս Սու­րիոյ (Հա­լէպ) եւ Լի­բա­նա­նի (Պէյ­րութ) գաղ­թօ­ճախ­նե­րը:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին, երբ տնտե­սա­կան վի­ճա­կը բա­ւա­կան վատ էր, գոր­ծա­րան­նե­րը դպրոց­նե­րը, փակ էին, ԼՕԽ-ի օ­րուան Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փա­րը յղա­ցաւ, իր շուրջ հա­ւա­քել կի­ներ, օ­րիորդ­ներ սոր­վեց­նե­լու հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը, հրա­ւի­րե­լով կի­ներ, ո­րոնք քա­ջա­ծա­նօթ էին հայ­կա­կան կա­րե­րու: Երբ աշ­խա­տող­նե­րու թի­ւը բարձ­րա­ցաւ, ԼՕԽ-ը յա­ջո­ղե­ցաւ աշ­խա­տա­նոց մը բա­նալ, եւ լաւ կազ­մա­կեր­պուած աշ­խա­տե­ցան ու ստա­ցան ի­րենց աշ­խա­տան­քի ար­դար վար­ձատ­րու­թիւ­նը:

ԼՕԽ-ի ձե­ռա­րուես­տի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը հե­տապն­դէ ե­րեք նպա­տակ­ներ:

- Պահ­պա­նել եւ տա­րա­ծել հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը,

- Գործ հայ­թայ­թել կա­րի­քա­ւոր ի­գա­կան սե­ռին,

- Ե­կա­մուտ ա­պա­հո­վել, նպաստ բե­րել ԼՕԽ-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան բա­րե­սի­րա­կան կա­րիք­նե­րուն:

Ա­ւե­լի ուշ, աշ­խա­տան­քի ձե­ւը կը փո­խուի ար­տադ­րու­թեան քա­նա­կը կը բարձ­րա­նայ, կա­րի­քը կը զգա­ցուի խա­նու­թի մը, ցու­ցադ­րե­լու հա­մար գե­ղե­ցիկ ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը: Շնոր­հիւ բա­րե­սէր մար­դոց, խա­նութ կը գնուի Պուրճ Հա­մու­տի շրջա­նի հա­յա­հոծ կեդ­րո­նին մէջ, կը կազ­մուի ձե­ռա­րուես­տի յանձ­նա­խումբ մը, աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի յա­ռաջ տա­նե­լու: Կը  կազ­մա­կեր­պուի ցու­ցա­հան­դէս­ներ, զորս մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կուի ու պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ հիաց­մունք պատ­ճա­ռե­լով հայ թէ օ­տար այ­ցե­լու­նե­րուն, ո­րոնք կը գնա­հա­տեն ու կը քա­ջա­լե­րեն ԼՕԽ-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ձե­ռա­րուես­տը: Նոյ­նիսկ հայ կամ օ­տար ա­րուես­տա­գէտ­ներ, երբ այ­ցե­լեն ցու­ցաս­րահ,  սքան­չա­ցու­մով եւ զար­ման­քով կը դի­տեն ու կը գնա­հա­տեն աշ­խա­տան­քին սէ­րը դէ­պի հայ­կա­կան կա­րե­րը՝ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան հրա­շա­լիք­նե­րը, յու­զե­լով զի­րենք, նա­խան­ձե­լի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար:

Հա­մադ­րեց՝

ՅԱՍ­ՄԻԿ ՍԱՐ­ԳԻ­ՍԵԱՆ-ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր՝
ԼՕԽ-ի «Հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւն» գիր­քէն

21, Նո­յեմ­բեր, 2016,
Պէյ­րութ

«Ազդակ», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016