Թովմաս Չերմէ՝ Մարտին քաղաքի հայազգի վկայագրողը

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ շրջանակներուն քաջածանօթ անուն հանդիսացող, արմատներով մարտինցի՝ Թովմաս Չերմէ:

Չերմէ, որ երկար տարիներ զբաղած է ոսկերչութեամբ, մեծ սէր ունէր իր ծննդավայր քաղաքին՝ Մարտինի հանդէպ: Զինք մօտէն ճանչցողները կը վկայեն, որ ան հետամուտ եղած է ուսումանասիրելու իր ծննդավայրը եւ այդ առումով ալ կը համարուէր Մարտինի անխոնջ վկայագրողը:

Իր կեանքի կարեւոր մէկ հատուածն ալ ան նուիրած էր իր սիրած ասպարէզին՝ ոսկերչութեան եւ կը համարուէր Պոլսոյ Գոց շուկայի ամենէն յայտնի եւ յարգուած արհեստաւորներէն մին: Երկար տարիներ այդ ասպարէզին մէջ ըլլալով վաստկած էր հայ եւ տեղացի արհեստաւորներուն ու վաճառականներուն յարգանքն ու մանաւանդ վստահութիւնը: Կը պատմուի, որ տեղացի յայտնի վաճառականներ երբ իմանային, որ որեւէ ոսկեղէն թանկարժէք գոհարեղէն անցած էր հայ վարպետի ձեռքէն, ապա կ՚ըսէին. «Եթէ վարպետը տեսած է այդ ոսկիի կտորը, ապա կարիք չկայ նորէն զննելու»:

Պատմական արժէք ունեցող բացիկներ, վկայութիւններ, յուշեր, գիրքեր եւ պատառիկներու մեծ շտեմարան ունեցող Չերմէ, տարբեր առիթներով ալ իր ունեցած ժողովածոյէն կարեւոր մասեր նուիրած է նաեւ Հայաստանի գրադարաններուն:

Տակաւին կը պատմուի, որ շատ մը մարտինցի հայեր, որոնք տարբեր պայմաններու տակ հեռացած էին իրենց արմատներէն, Թովմաս Չերմէի Մարտինի հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն ու հետաքրքրութեան շնորհիւ ներքին զարթօնք մը ապրելով վերադարձած էին իրենց արմատները:

Քիչ խօսող, շատ խօսիլը չսիրող Չերմէ ունեցած է աշխարհասփիւռ ծանօթութիւններ եւ անոր հաստատած բարեկամական կապերն ու յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրը եղած է սէրն առ իր ծննդավայրը՝ Մարտին:

Սուր աչք, հմուտ հայեացք եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան քաջածանօթ անձնաւորութիւն՝ Թովմաս Չերմէ պայմաններու բերումով հայախօս չէր, սակայն ան ամէն ջանք եւ ճիգ թափեց, որ իր երեք զաւակներն ալ աճին ու մեծնան հայկական շրջանակի մէջ ու հայերէն լեզուին լաւապէս տիրանալէ անդին դառնան նաեւ օրինակելի, վստահելի եւ յարգուած անձնաւորութիւններ:

Ի վերջոյ անոր միակ երազն էր, որ իր երեք որդիները՝ Յարութը, Մասիսը եւ Ռաֆֆին մայր Հայաստան հաստատուին ու այդ երազին իրականացման ճամբուն վրայ ան կարեւոր եւ շօշափելի քայլեր ձեռնարկեց:

Ան այսօր կը հեռանայ մեզմէ: Աչքերուն մէջ պահելով իր պաշտած Մարտին քաղաքի յիշողութիւններն ու անոր պատմական անցեալին վերաբերող բոլոր հիմնական տուեալները:

Աչքը հողին կը դառնայ՝ դէպի հողը ոսկեայ օղակ մը աւելցնելով, այդ հողը սիրողներուն ամրակուռ շղթային վրայ:

Արդար էր ան եւ արդարներու յիշատակը յաւերժ պիտի ըլլայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018