ՍԱ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ Է

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Յարութ Կիւլիւզեանի անդրադարձը Պէյրութի «Բագին» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Ռուբէն Խաժակ ստորագրութեամբ բանաստեղծութեան մը  («Ժամանակ», 8 Փետրուար, 2021) (*)։ Գնահատելի է, որ հեղինակը իր լուսարձակը ուղղած ըլլայ գրական հարցի մը։ Այս օրերուն, երբ ընթացիկ մամուլը գրական-մշակութային կարծիքներու արտայայտութեան սովէ կը տառապի, բացառութիւնները խիստ յարգելի են։

Յ. Կիւլիւզեան դիտել կու տայ, որ պարտաւորիչ չէ, որ բանաստեղծութեան մը լեզուն «բանաստեղծական հանդիսաւորութեամբ ու վերամբարձութեամբ» յատկանշուի, բերելով հայ դասականներու եւ պոլսահայ յայտնի նորագոյն բանաստեղծներու օրինակը։ Ասոր համար պայման կը դնէ, սակայն, որ «բանաստեղծը իր տողերուն տայ երաժշտութեան մը անուշութիւնը», աւելցնելով, թէ «չեմ կրնար ըմբռնել արձակունակ բանաստեղծութիւններու իմաստն ու նպատակը»։ Արդ, իրօք երաժշտականութիւնը անխուսափելի պայմա՞ն է։ Իսկ անկէ զուրկ բանաստեղծութիւնը՝ արձակունա՞կ։ Կը թուի, որ վերադարձած ենք այն ժամանակներուն, երբ յօդուածագրի յիշած բանաստեղծներէն մէկուն՝ Զահրատի Կիկոյի շարքը կը մեղադրուէր որպէս թէ, անոր խօսքերով, «բանաստեղծութիւն է առանց բանաստեղծութեան»։

Կիկօ կամուրջին վրայ է
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ
Կիկօ բազրիքին յենած կը նայի

Ամէն շոգենաւ գալուն Կիկօ կ՚ուրախանայ
Կամուրջին վրայ է Կիկօ
Քիթը վեր վեր կը քաշէ

Մարդիկ կու գան - մարդիկ կ՚երթան
Կիկօ կամուրջին վրայ է

Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ

Համաշխարհային բանաստեղծութեան աւանդներուն եւ ուղղութիւններուն մեզմէ աւելի հմուտ անձեր հաւանաբար պիտի վկայեն, որ այս բանաստեղծութիւնը զուրկ է երաժշտականութենէ, բայց ունի այլ արժանիքներ, որոնք զայն բանաստեղծութիւն կը դարձնեն։ Միւս կողմէ, ունինք բազում օրինակներ բանաստեղծութիւններու, որոնք երաժշտականութեան պայմանը կը լրացնեն, բայց որպէս բանաստեղծութիւն՝ զերօ արժէք ունին։

Դառնալով Յարութ Կիւլիւզեանի երկրորդ հռետորական հարցումին, թէ «ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը, եթէ ոչ համակ զգացում, իսկ ի՞նչ է անոր պաշտօնը, եթէ ոչ երգել», անշուշտ, ամէն ոք ազատ է քերթողութեան մէջ փնտռելու բացառաբար զգացում ու երգ, բայց 2021-ին հնչող այդ հարցին հիմնաւոր պատասխան չի տրուիր Թէքէեանէն կամ Չօպանեանէն (որուն «մեր մեծագոյն քննադատը» ըլլալու գնահատումին կը մօտենանք վերապահութեամբ) քաղուած 80-ամեայ կամ 100-ամեայ մէջբերումներով։ Հակառակ յօդուածագրի պնդումին, բանաստեղծութեան ո՛չ միայն արտայայտչաձեւերը փոխուած են, այլ նաեւ՝ չափանիշները։ Եթէ գետը երկու անգամ նոյն տեղէն չ՚անցնիր, ինչպէս ըսած է յոյն փիլիսոփան, կարելի է պնդել, որ բանաստեղծութիւնն ալ «անթօթափելի ու անձեռնմխելի» օրէնքներու չի հպատակիր, ինչպէս անցեալ դարու փորձը արդէն ցոյց կու տար։ Պարոյր Սեւակի արտայայտած տեսակէտները արդի բանաստեղծութեան ի՞նչ ըլլալուն մասին չեն կորսնցուցած իրենց այժմէութիւնը՝ հակառակ յիսնամեայ վաղեմութեան։

Ի դէպ, եթէ յօդուածին խնդրոյ առարկայ բանաստեղծութիւնը՝ զգացումէ գրեթէ զուրկ ըլլալով, մօտեցած է բեմբասացութեան, ըստ Յ. Կիւլիւզեանի պնդումին, ի՞նչ պէտք է ըսել այն բանաստեղծութիւններուն մասին, որոնք զգացական կառոյցի մը վրայ յեցած՝ ամբողջովի՛ն բեմբասացութիւն են, եւ որպէս այդպիսին կը զարդարեն մեր բեմերը անընդհատ։

Վերջին հաշուով, «բանաստեղծութիւն» բառը իր արմատով կը նշանակէ «խօսքի ստեղծում»։ Ռ. Խաժակի բանաստեղծութիւնը գոյութեան իր ուրոյն իրաւունքը ունի, անկախաբար անկէ, թէ «սեւագրութիւն» կամ աւարտուն գործ նկատուի։ Կ՚ենթադրենք, որ անոր հեղինակը վերջին կարծիքին կողմնակից է, ու այդ համոզումով է, որ զայն հրատարակութեան տուած է։   

Անշուշտ, գրականութիւնը ազատութեան փորձադաշտն է, իսկ անոր մասին կարելի է դատել ամենատարբեր ձեւերով։ Ահա այստեղ է, որ բոլորս տեւաբար կը գտնուինք մեր կարծիքները հիմնաւորելու եւ ժամանակի հոսքին հետ թարմացնելու պարտադրանքին առջեւ։

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Նիւ Ճըրզի, Միացեալ Նահանգներ

(*) Առ ի լուսաբանութիւն, նուաստս «Բագին»ի փոխ-խմբագրի պաշտօնը կը վարէ, բայց այս գրութեան մէջ արտայայտուած բոլոր կարծիքները զուտ անձնական են։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021