ՎԱԹՍՈՒՆԵՐԵՔ

Դուրսը անձրեւ էր։ Ծառերը լաւ լոգանք կ՚առնէին։

Աննան նստած էր խոհանոցի սեղանին, փայտէ քառակուսի աթոռակին վրայ։ Քանի՞երորդ օրն էր։ Հաշուեց. ճիշդ տաս։ Դեռ ընելիք չէր գտած. աւելին, յոյս ալ չէր գտած առ այն, որ ընելիք պիտի կարենար գտնել։

Յանկարծակի, իրեն համար բոլորովին անսպասելի ձեւով փակեր էին դպրոցը գիւղի։ Տնօրէնը կանչեր էր բոլորը, կէսօրուայ դադարին, ու յայտարարեր էր. չոր, շիտակ, անզգամ կերպով գրեթէ։ Աննան սկիզբը լուրջի չէր առած. կամ չէր ուզած առնել։ Օրուայ վերջին, դուրս գալով շէնքէն, սպասեր էր տնօրէնին։ Բոլորը հեռացեր էին, ու կէս ժամ ետք դուրս ելեր էր ան, սեւ բաճկոնը նետած ուսին, կղպեր էր դարպասը ետեւէն։ Աննան գտեր էր համարձակութիւն, ու դիմեր էր տնօրէնին.

-Անգո՞րծ պիտի մնանք։

-Ես՝ ոչ, քաղաքի դպրոցի փոխտնօրէնի պաշտօնը խոստացան ինծի... բայց ուսուցիչները բոլորը քաղաքէն են... տես երիտասարդ ես դեռ...վստահ եմ, որ բան մը կը գտնես... թերեւս այլ ասպարէզի մէջ...

Կմկմացեր էր մարդը, եւ նեղ վիճակէն դուրս փախելով «մնաս բարեաւ» մը տուեր ու քալեր էր դէպի գիւղամէջ։

Երիտասարդ էր։ Քառասուն տարեկան...

Եւ ամուրի։

Ծեր մօրը չէր ըսած մէկ օր, երկու օր։ «Հիւանդ եմ» ըսեր էր, «լաւ չեմ զգար»։ Բայց խոստովաներ էր ի վերջոյ։

-Տարուայ կէսի՞ն։

Չէր հաւատացած մայրը։ Հաւատալու չէր որ։ Յաջորդ օրը թերթը ցոյց տուեր էր անոր։ Երեք գիւղերու դպրոցները փակեր, միացուցեր էին քաղաքի նոր դպրոցին, տարեշրջանի ճիշդ կիսուն։

Ընկճախտի մէջ էր ինկեր։ Ուշ կ՚արթննար ամէն օր, ոչինչ ընել չէր ուզեր։ Չորրորդ օրէն սկսեալ մօրմէն արդէն կը խուսափէր, քանի վերջինս, յոյսը կտրած, թէ՞ նոր յոյս գտած, ամուսնութեան նիւթն ու վէճը հաներ էր դուրս՝ ընտանեկան քսանամեայ դարակներէն փոշոտ։

Մինչեւ կէսօր խոհանոցի գործերով կը զբաղէր, բան մը ըրած ըլլալու համար։ Կէսօրէ վերջ քալելու կ՚ելլէր, կ՚երթար մինչեւ ծայրն իրենց գիւղին, ձորի բերնին, ժայռի մը վրայ կը նստէր։ Մութը չինկած ետ տուն կու գար, շուտ անկողին կը մտնէր։

Այսօր ալ, տասներորդ առտուն, խոհանոցն էր նորէն։ Թուռշի դնէր պիտի։

Հանեց վարունգները տոպրակէն, լուաց պաղ ջուրով, չորցուց, նստաւ սեղանին դիմաց։ Առաւ հատ մը, կտրեց զայն երկայնքին, երկուքի բաժնեց։ Դարձուց փորը դէպի վեր, ու նայեցաւ։ Կեանքին մէջ առաջին անգամ։ Ուղեղը դատարկ էր բոլորովին, ոչ մէկ գործողութեամբ զբաղած։ Եւ յանկարծ, անկախ կամքէն, կուտիկները հաշուել սկսաւ։ Մէկ, երկու, երեք, մինչեւ վերջ. վաթսուներեք։ Կանգ առաւ. անդրադարձաւ դատարկութեանն ուղեղին, որ ընելու բան չունէր։ Ուսերը թուլցան, մռայլեցաւ հոգին։

«Վաթսուներեք», մտածեց։ Եւ պարզեց, որ մինչեւ այնտեղ քսաներեք տարի ունէր։ Ու յանկարծ, մէկէն իրաւ երիտասարդ զգաց ինքզինք։ Ի՞նչ կ՚ընէր, հարց տուաւ ինքն իրեն։ Կեանքին մէջ ե՞րբ էր վարունգի կուտիկ հաշուեր։ Այդ ե՞րբ էր այդքան փոքրացուցեր միտքն ու հոգին։ Ու մռայլութիւնը սաստիկ բարկութեան փոխակերպուեցաւ, ինքն ի՛ր հանդէպ։ Յետոյ ծիծաղ, խենթ քաթարսիս, ու ցցուեցաւ ոտքի։ Նետեց բերանը կէսը վարունգին, ծամեց վաթսուներեք կուտերը ուժգին, ու քալեց դուրս։

Դէպի քաղաք։

Հիմա։

Անմիջապէս։

Ապրէր պիտի։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021