ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ․ վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

Բ.

ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՈՒ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻՆ

Վարակիչ ցաւերը ընդհանրապէս այսպէս կ՚երեւին: Գիւղի կամ քաղաքի մէջ հիւանդութիւն չկար, ամէն մարդ իր գործին էր, յանկարծ օր մը կը լսուի, թէ այս ինչին տունը ցաւ ինկած է: Տնեցիներէն մէկը տաքութիւն ունի, գլուխը կը ցաւի, մէջքը կը կտրտուի, սաստիկ թուլութիւն եկած է վրան ու մարմինը դուրս տուած է: Հիւանդը անհանգիստ է, գիշերը քունէն վեր կը թռի, կը բղաւէ, կը զառանցէ, իսկ ցերեկը ախորժակ չունի, կը փսխէ, եւ այլն:

Երկու-երեք օր չ՚անցնիր, եւ հիւանդը խնամողներէն մէկը կամ երկուքը նոյն ցաւով կը հիւանդանան: Այսպիսով ամբողջ տունը կրնայ նոյն հիւանդութեամբ վարակուիլ:

Այդ ընթացքին դրացիին տունը կամ հիւանդին ազգականներուն մէջ ալ հիւանդացող կ՚ըլլայ: Եթէ հարցաքննէք, կ՚իմանաք, որ կամ այդ տուներէն հիւանդին տուն եկած են, կամ հիւանդին մօտէն մէկը այդ տուները գացած է եւ ցաւը տարած ու այնտեղ ալ նետած է, կամ ալ այնտեղէն իրեր բերած են (աման-չաման, տեղաշոր, հագուստ, եւ այլն):

Գիրքի մը մէջ այսպիսի բան մը պատմուած է.

«Գիւղին մէջ տիֆթերիտ (բգացաւ) կար: Կէս վերստի1 վրայ անտառապահ մը կ՚ապրէր. ասիկա չէր ձգեր որ գիւղացիներէն ոեւէ մէկը իր տուն մտնէ. կը վախնար, չըլլայ թէ հիւանդութիւնը բերեն եւ իր երեխաներուն մէջ նետեն: Ինքն ալ գիւղ ոտք չէր դներ: Օր մը անտառապահը կ՚իմանայ, որ գիւղին մէջ իր սանիկն ալ հիւանդացած է. ցաւ կը զգայ եւ իր 12 տարեկան Մարիամիկը կը ղրկէ, որպէսզի երթայ եւ պատուհանէն հարցնէ երեխայի առոջութեան մասին, բայց տուն չմտնէ: Բամպակէ կտորով պատրաստուած սրբիչներ ալ նուէր կը ղրկէ: Աղջիկը կ՚երթայ, պատուհանը կը թխթխկացնէ, կ՚իմանայ հիւանդին մասին, կը յանձնէ նուէրը եւ շտապ կը հեռանայ: Ո՞վ կը կարծէր, թէ այդ մէկ վայրկեանի ընթացքին երեխան պատուհանէն պիտի վարակուէր. բայց եկուր եւ տես, որ խեղճ Մարիամիկն ալ բգացաւ ինկաւ ու մեռաւ»:

Տեսէ՛ք, թէ ի՜նչքան զգոյշ պէտք է ըլլալ:

Ուրիշ դէպք մըն ալ պատմեմ.

Ամարանոցին մէջ զիս կը կանչեն հիւանդ երեխայի մը մօտ: Գեղեցիկ գիրուկ հինգ տարեկան աղջնակ մըն էր, քութէշ (սկարլատինա) ստացած էր: Հարցաքննեցի եւ իմացայ, որ ամարանոցին մէջ տակաւին այդպիսի հիւանդ չէր եղած: Ոչ ոք ալ գիտէր, թէ այդ խեղճ երեխան ուրկէ՞ վարակուած է:

Լաւ ուրկէ՞, երկինքէն չիջաւ ցաւը:

Շատ փնտռեցի, եւ ահաւասիկ թէ ինչ իմացայ: Անցեալ տարի այդ ամարանոցին մէջ ընտանիք մը ապրած է ու երեխաներէն մէկը հիւանդացած է քութէշով եւ առողջացած: Ծնողները հիւանդին անկողինը, հագուստներն ու սպիտակեղէնները մասամբ այրած են, եւ մասամբ ալ եռացուցած են դեղերով ու Թիֆլիզ վերադարձած: Անոնք հեռացած էին, սակայն հիւանդութեան թոյնը մնացած էր ամարանոցին մէջ, եւ երբ Լուզուկին ծնողները այնտեղ տեղափոխուած էին, այդ սարսափելի թոյնը կպած էր խեղճ երեխային եւ հիւանդացուցած էր զայն:

Հետեւաբար, վարակիչ հիւանդութիւնները հիաւնդէն առողջներուն կը փեխուին եւ ասոնց ալ կը հիւանդացնեն: Այս ձեւով երբեմն ցաւը կը տարածուի գիւղի մը կամ քաղաքի մը մէջ եւ բազմաթիւ զոհեր կը խլէ: Շատ արագ կը տարածուին մանաւանդ երեխաներուն հիւանդութիւնները:

Այսքանը տակաւին ամբողջը չէ: Եթէ մէկը այդ գիւղ մտնէ ու հիւանդի մը հետ յարաբերութիւն ունենայ, կրնայ պատահիլ, որ երբ իրենց գիւղ վերադառնայ, հիւանդութիւնը իր հետ կը տանի եւ այնտեղի երեխաներուն մէջ ալ կը նետէ զայն:

Հիմա հակառակը վերցնենք:

Եթէ առողջները ո՛չ մէկ յարաբերութիւն ունենան հիւանդին կամ անոր մօտիկ մարդոց հետ, այսինքն՝ ո՛չ հիւանդին տունը մտնեն, ո՛չ ալ այնտեղէն մարդ ընդունին, ատոնք առողջ կը մնան: Եթէ առողջ գիւղ մը իր կապը ամբողջութեամբ կտրէ հիւանդ գիւղերու հետ, օրինակ, եթէ ճամբաները փակէ, որպէսզի հիւանդ վայրերէ ո՛չ ոք գիւղ մտնէ, այդ գիւղը ցաւէն ազատ կը մնայ, թէեւ անոր չորս կողմի գիւղերը բոլորն ալ վարակուած ըլլան:

Գ.

Ի՞ՆՉ ՀԱՍԿՑԱՆՔ ԱՅՍՔԱՆ ՊԱՏՄԱԾՆԵՐԷՆ

Հասկցանք, որ վարակիչ (փոխանցուող կամ կպչող) հիւանդութիւնները միշտ հիւանդէն առողջին կ՚անցնին:

Օրինակ, եթէ գիւղի մը մէջ տիֆ (փորհարինք), քութէշ, տիֆթերիտ կամ խոլերա, եւ այլն կ՚երեւի, հիւանդութեան սկիզբը լա՛ւ փնտռեցէք ու կը տեսնէք, որ ամենէն սկիզբը հիւանդացած է մէկը, ու այդ մէկէն փոխանցուած են երկուքը, այդ երկուքէն ուրիշներ, ու այսպիսով ցաւը ինկած է խեղճ գիւղին ու քաղաքին մէջ: Ուրեմն, հիւանդին մէջ, անոր սենեակին մէջ, անոր իրեղէններուն մէջ թոյն մը պիտի ըլլայ, որ առողջ մարդու վրան կ՚իյնայ ու այն ալ կը թունաւորէ:

Այս թոյնին անունը վարակիչ թոյն դրած են, կամ կարճօրէն՝ վարակ:

Մինչեւ վերջին ժամանակները բժիշկները չէին հասկնար, թէ ի՞նչ բան է այդ վարակը. բայց հիմա մենք գիտենք:

Հիմա գիտենք, որ բոլոր վարակիչ հիւանդութիւններուն պատճառը զարմանալի փոքր էակներ են, որոնք հիւանդէն դուրս կու գան եւ առողջ մարդու մարմինին մէջ կը մտնեն, այդտեղ կ՚աճին ու կը բազմանան եւ կը հիւանդացնեն զինք:

Այդ էակները այնքան մանր են, որ աչքով անկարելի է տեսնել, այլ՝ զանոնք մեծցնող ապակիներու միջոցով կը դիտեն:

Անոնց անունը պաքթերիա (փայտիկ, ցուպիկ) կամ միքրոպ է (մանր էակ կամ մանրիկ):

Այս անունները պէտք է միտք պահել, որովհետեւ մենք բազմաթիւ անգամներ պիտի գործածենք այս գրքոյկին մէջ:

Պէտք է նաեւ իմանանք, որ իւրաքանչիւր հիւանդութիւն իր սեփական միքրոպն ունի, տիֆթերիտի միքրոպը մի միայն տիֆթերիտ կրնայ յառաջացնել, խոլերայինը՝ խոլերա, տիֆինը՝ տիֆ:

Հիմա, տեսնենք թէ ընդհանրապէս ի՛նչ բան է պաքթերիան կամ միքրոպը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Ճանապարհի չափ (1067 մեթր):

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022