ԵՐԵՒԱՆԸ, «ՔՈՐՈՆԱ»Ն ԵՒ… ՄԱՅԹԵՐՈՒՆ ԴՐՈՒԱԾ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ

Մարտի 8-ը նոր գոյներ կը բերէ իր հետ։

Բոլոր կանայք, անձկութեամբ կը սպասեն այս տօնին, որ ինքնին խորհրդանշական երանգներ ալ ունի։

Նոյնը հոս՝ Երեւանի մէջ, երբ արդէն գարնան առաջին ծիծեռնակները կու գան զարդարելու համար ձմրան մառախուղէն նոր դուրս եկած մարդոց հոգիները։

Մարտի 8-ը այդպէս էր, մարդիկ միամիտ չեն, գիտեն, որ օրուան աւարտին ալ մեծ սպասումներու բոլոր յոյսերը պիտի մարին եւ իրենք ճարահատեալ դարձեալ պիտի նետուին առօրեային գիրկը։

Անցնող շաբաթը առհասարակ սպասողական էր երեւանցիներուս համար։ Ամէն րոպէ, թերեւս հիմա այս տողերը գրելու ատեն ալ, տեսակ մը անձկութեամբ եւ յոռետեսական շեշտերով կը սպասէին, որ Հայաստանի վարչապետը, կամ առողջապահութեան նախարարը ուղիղ եթեր մը կատարէր, ու յայտարարէր «Քորոնա»ի նոր վարակով բռնուած հիւանդի մը մասին։

Ցարդ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով բռնուած մէկ հիւանդ կայ, որ Թեհրանէն Երեւան հասած վերջին օդանաւու ուղեւորներէն էր եւ որուն առողջական վիճակը մինչեւ հիմա կը գնահատ-ւի բաւարար։

Ի դէպ, այս բաւարար բառն ալ տեսակ մը անհասկնալի է. ի՞նչն է բաւարար՝ արդեօք կեա՞նքը ապրելուն, իսկ մուսան հարց պիտի տայ այդ ապրելուն մէջ սիրելու բառը, սիրելու արարքը կա՞յ, կամ գոնէ սիրելու յոյս մը կա՞յ։

Բաւարար, մաս կը կազմէ երեւանեան «քոլորիտ»ին մէջ մտած բառերու հոյլին, որոնք ո՛չ պաղ, ո՛չ տաք վիճակ մը կը մատնեն, ճիշդ այն մարդոց պէս, որոնք շատ-շատ են եւ որոնց «թերս սուրաթներ»ուն նայելէդ ետք, որպէս քաղաքավարութիւն հարց կու տաս, թէ պարոն այսինչ, ինչպէ՞ս ես. եւ պատասխանը կ՚ըլլայ «նորմալ»։

Դուն հիմա եկուր, այդ «նորմալ»ին տակէն դուրս ելիր ու հասկցիր, կամ առնուազն փորձէ հասնկալ, թէ այդ «թերս սուրաթ»ով մարդուն, պարոնին, կամ անցորդին, ո՛ր մասը «նորմալ» է...։

Անշուշտ այս նիւթերուն տակաւին առիթ պիտի ունենամ անդրադառնալու, սակայն աւելի քան յստակ է, որ երեւանեան այս օրուան առօրեային մէջ, տակաւին կայ շատ բան, որ ժառանգուած է հինէն, հին օրերէն, «երջանիկ» սովետներու օրերէն, երբ բոլորը «նորմալ» էին, ու այդ «նորմալ» ըլլալու երանութիւնը ձեւով մը դարձած էր կեանքի մօտեցում, կամ քաղաքացիական բացայայտ դրսեւորում եւ կամ դիտաւորութիւն։

Բոլորս լաւ ենք, կամ բոլորս «նորմալ» ենք, հաւաքական վիճակ մը ստեղծելու եւ մարդկային բոլոր տեսակի յարաբերութիւններուն տալով մէկ ու միակ ուղենիշ մը, որն է «վսեմաշուք պարոն՝ նորմալութիւն»։

Ի դէպ, այսօր Երեւանի մէջ նոր պայծառ օր պիտի ըլլայ նաեւ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն համար, որոնք մէկ շաբթուան պարտադիր «նորմալ» հանգիստէ մը յետոյ պիտի վերադառնան իրենց դպրոցներն ու համալսարանները։ Տրուած մէկշաբաթեայ արձակուրդը անշուշտ կապ ունէր «Քորոնա» ժահրին տարածման մտավախութիւններուն հետ եւ կառավարութիւնը, որ այս առումով բոլոր կարեւոր կարգադրութիւնները կատարած էր, ճարպիկ քայլով մը գարնանային արձակուրդներէն շաբաթ մը «խլեց», որպէսզի աշակերտ- ծնող-ուսանող եռեակը վարակի տարածման հետ, բողոքի աղմուկ մը չհանէ։

Ամէն պարագայի լաւ ըրաւ կառավարութիւնը ու մենք, որ վարչապետին խօսքով՝ պիտի ապրինք «ազատ եւ երջանիկ» վաղուան Հայաստանին մէջ, գէթ «Քորոնա»ի պահը այդ երջանկութիւնը ցմրուր վայելեցինք...։

Գեղեցիկ էր Երեւանը երէկ, կանայք գեղեցիկ էին, կինս, որ վարսերը յարդարեց գեղեցիկներուն վսեմագոյնն էր, իսկ ծաղիկները, որոնք փռուած էին Մաշտոց փողոցին վրայ, բոլորն ալ Հայաստանի ծնունդ էին, հմայիչ, վառ ու նաեւ առողջ։

Ծաղիկները զուրկ էին «Քորոնա»ի վարակէն, մեր հոգիներուն պէս, որոնք միշտ ալ դէպի բարին կը ճախրեն։

Առողջ եղէ՛ք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020