ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ե.
ԹԷ ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆ Է
Իսկ հիմա կ՚ըսենք, թէ ինչպէս մեր Աւազանին օրինակն է:
Կ՚ըսենք, թէ չորս բանով.
Նախ՝ ինչպէս որ այն աւազանը մարմինը ցաւերէն կը մաքրէր, այդպէս ալ մեր Աւազանը կը մաքրէ հոգին ու մարմինը սկզբնական եւ ներգործական մեղքերէն, ինչպէս որ Աբգարի ու Կոստանդիանոսի մարմինները բժշկուեցան:
Երկրորդ՝ ինչպէս որ այնտեղ ո՛չ թէ ջուրն էր, որ առողջութիւն կու տար, այլ՝ հրեշտակին էջքը, նոյնպէս ալ այստեղ ո՛չ միայն ջուրն է, որ կը մաքրէ, այլ՝ Սուրբ Հոգիին էջքը:
Երրորդ՝ ինչպէս այնտեղ ջուրը զգալի կերպով կը շարժուէր ու ծածուկ զօրութեամբ հիւանդները կ՚առողջանային, նոյնպէս ալ այստեղ ջուրին զգալի տարրը մարմինին վրայ կը հաստատուի ու Բանին ծածուկ զօրութիւնը հոգին կը մաքրէ:
Չորրորդ՝ ինչպէս այնտեղ մէկ անգամ կը բժշկուէր իջնողը ու չէր կրկնուեր, այդպէս ալ այստեղ մէ՛կ է մկրտութիւնը եւ ո՛չ կրկնակի, ըստ Պօղոսի. «Մէ՛կ է Տէրը, մէ՛կ՝ հաւատքը եւ մէ՛կ՝ մկրտութիւնը» (Եփ 4.5):
Իսկ եթէ մէկը ըսէ, «թէական մկրտութեամբ կը մկրտեմ, որովհետեւ եթէ մկրտուած է, մկրտութիւն չէ ուրեմն [ըրածս], իսկ եթէ չէ մկրտուած՝ կը մկրտուի»: Կ՚ըսենք, արեւորդիներուն կը նմանի, որոնք արեգակին կ՚երկրպագեն թէականութեամբ. եթէ դուն աստուած ես՝ քեզ, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ ըլլայ: Առաքեալը ի՞նչ կ՚ըսէ Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, անոնց մասին, որոնք երկրորդ անգամ կը մկրտուին. «Իրենք իրենց համար վերստին խաչը կը հանեն Աստուծոյ Որդին, զայն հրապարակաւ խայտառակ ընելով» (Եբր 6.6):
Ասիկա ըստ մեր Աւազանին նմանութեան, որովհետեւ օրինակը անկատար է քան՝ օրինակեալը, որ ճշմարիտ է:
Այն եւս տեսնենք, թէ վեց բանով նորին խորհուրդը աւելի բարձր է. նախ՝ որովհետեւ այնտեղ հրեշտակը կ՚իջնէր, որ ծառայ էր, իսկ այստեղ՝ հրեշտակներուն Տէրը: Երկրորդ՝ այնտեղ մէկ հոգի միայն կը մաքրուէր, իսկ այստեղ՝ ամբողջ աշխարհը: Երրորդ՝ այնտեղ մէկ ցաւի առողջութիւն, իսկ այստեղ՝ բոլորին մաքրութիւնը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Չորրորդ՝ այնտեղ տարին կամ ամիսը մէկ անգամ, իսկ այստեղ՝ հանապազ կը մաքրուին, որոնք մկրտուած չեն: Հինգերորդ՝ այնտեղ միայն սոսկ խաչին փայտը դրուած էր աւազանին մէջ, իսկ այստեղ՝ Քրիստոսի ճշմարիտ խաչը, Սուրբ Աւազանին մէջ դրուած է, որովհետեւ Քրիստոսի մահով կը մկրտուինք: Վեցերորդ՝ այնտեղ ախտը արգելք կ՚ըլլար մկրտութեան, «մինչ ես կը դանդաղիմ, -կ՚ըսէ, այսինքն՝ կամաց-կամաց կ՚ընեմ ու կը սողամ-, ուրիշը ինձմէ առաջ կ՚իջնէ աւազան» (Յհ 5.7), իսկ այստեղ անոնք որոնք կ՚ուզեն, կը մաքրուին:
Այսքանը այս մասին:
ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾԻՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Հոն մարդ մը կար, որ երեսունութը տարիէ ի վեր հիւանդ էր» (Յհ 5.5):
Մեկնութիւն. Յայտնի է, մեղքերու պատճառով այնպիսի ախտի մը մէջ ինկած էր, ու երեսունութը տարիէ ի վեր համբերութեամբ կրած էր զայն, այսինքն՝ այդքան ժամանակուան հիւանդութիւնը գոհութեամբ տարաւ, այդ պատճառով ալ Քրիստոսի կողմէ ողորմութեան արժանացաւ: Ասկէ մեկնելով, ոմանք Յոբի մասին կ՚ըսեն, թէ երեսունութ տարի փորձութեան մէջ մնաց, եւ ինչպէս ան համբերութեամբ տարաւ, նոյնպէս ըրաւ եւ անդամալոյծը: Եւ ինչպէս անոր հետ ամպին մէջէն խօսեցաւ ու բժշկեց զայն, այդպէս ալ մարմինով ասոր հետ խօսեցաւ ու բժշկեց զինք: Իսկ անոնք որոնք ուղիղ կերպով իմացան, Յոբին փորձութիւնը եօթ տարի ըսին, ինչպէս ցոյց տրուած է իր գիրքին մէջ:
Խօսք. «Կ՚ուզե՞ս աջողջանալ» (Յհ 5.6):
Մեկնութիւն. Քրիստոս չհարցուց անոր գիտնալու համար, այլ՝ նախ անոր ցանկութիւնը յօժարցնելու համար, որպէսզի Աստուծոյ փրկութիւնը ընդունի: Երկրորդ՝ ճանապարհ տայ խօսքին, որպէսզի զինք Քրիստոսի հաւատքին արթնցնէ: Երրորդ՝ հարցուց անոր, որպէսզի անոր պատասխանելովը հիւանդին կարիքները յայտնէ:
Խօսք. «Տէ՛ր, մէկը չունիմ որ ջուրերը շարժած ատեն զիս աւազան իջեցնէ» (Յհ 5.7):
Մեկնութիւն. Նախ՝ տկարութեան չափը ցոյց կու տայ:
Երկրորդ՝ որովհետեւ անօգնական էր, որպէս թէ ըսել. «Ես անկարող եմ իջնել ու ո՛չ ոք ունիմ, որ զիս իջեցնէ»: Հիւանդը այս բանը կ՚ըսէր, որովհետեւ կը տեսնէր թէ Քրիստոս զօրաւոր ու յաջողակ էր ու կրնար զինք աւազան իջեցնել, իսկ Քրիստոս փոքր փափաքումին համար մեծ պարգեւները շնորհեց անոր՝ կատարեալ առողջութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ անոր.
Խօսք. «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛» (Յհ 5.8):
Մեկնութիւն. Աւելի զօրաւոր է ըսել՝ ե՛լ, քան թէ՝ առողջացի՛ր, որովհետեւ միտք բանին այս է. այնպէս կատարեալ առողջ եղիր, որպէսզի իսկոյն կարողանաս առողջութեան գործերը կատարել:
Նախ հարցում. ինչո՞ւ համար անկէ հաւատք չխնդրեց, ինչպէս որ երկու կոյրերուն ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք, թէ կրնամ բժշկել ձեզ» (Մտ 9.28):
Պատասխան. Ըսելի է, թէ այն կոյրերը լսած էին Քրիստոսի մասին ու Յիսուսի համբաւէն կը ճանչնային զԻնք, այդ պատճառով ալ պարտաւոր էին հաւատալ անոր, իսկ այս հիւանդը չէր ճանչնար Յիսուսը, այդ պատճառով ալ անկէ հաւատք չխնդրեց:
Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար «մահիճդ առ» ըսաւ:
Պատասխան. Չորս բանի համար. նախ՝ որպէսզի հրամանը արդիւնաւորուած երեւի, եւ աչքին երեւցող ու ստութեամբ եղած բան մը չկարծուի: Երկրորդ՝ առողջացածին օգուտին համար, որովհետեւ մնալու պատճառ չունէր, ինչէս նաեւ պատճառ ալ չունէր իր մահիճը այնտեղ ձգելու, որովհետեւ աղքատ էր: Երրորդ՝ որովհետեւ նախապէս որպէս անամալոյծ էր, որ չէր կրնար կանգնիլ ու իր ձեռքին մէջ բան չէր կրնար բռնել, այդ պատճառով այս բանին հակառակ Քրիստոս ըսաւ՝ «ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛»: Չորրորդ՝ այն ցոյց կու տայ, թէ մէկ խօսքով կատարելապէս նախկին առողջութեան բերաւ, եւ ոչ թէ բժիշկի մը նման՝ կամաց-կամաց առողջութիւն կու տան:
Նոյնպէս, մեռելները երբ կը յարուցանէր, կը հրամայէր, որ անոնց ուտելիք տան. առաջին՝ որպէսզի աչքին երեւցող չկարծուի, իսկ երկրորդ՝ թէ կատարեալ առողջութեան հասցուց բոլոր հիւանդներն ու մեռածները: Ասիկա մեզի կը ցուցնէ, որովհետեւ երբ Բանն Աստուածը Կոյսին արգանդին մէջ իջաւ, իսկոյն բնութիւնները միաւորելով Աստուած ըրաւ՝ անապական մարմինով եւ անմեղ հոգիով, ինչպէս էր դրախտին մէջ՝ նախքան մեղանչելը, եւ ո՛չ թէ յետոյ՝ մկրտութեան կամ յարութեան ժամանակ, ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն:
Խօսք. «Մարդը վայրկեանին առողջացաւ, ելաւ առաւ մահիճը եւ սկսաւ քալել» (Յհ 5.9):
Մեկնութիւն. Լաւ կ՚ըսէ վայրկեանին, որովհետեւ աստուածային զօրութիւնը իր անչափութեան պատճառով անմիջապէս կը ներգործէ, իսկ բնական զօրութիւնը՝ ժամանակը ընթացքին կը ներգոծէ:
Ասիկա առաջին խօսքը, որ ըստ գործին ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Աստուած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 43
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024