ԼԻԲԱՆԱՆ. «14 ՄԱՐՏ»Ի ՆԱՒԸ Կ՚ԸՆԿՂՄԻ՞

Լի­բա­նան­ցի­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սին հա­մար «14 Մարտ» քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ա­ւար­տած են ի­րենց դե­րը:

Այս մա­սին բա­ցա­յայտ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ան­դին յստա­կօ­րէն սկսած է ու­րուագ­ծուիլ այդ ու­ժե­րուն ընդ­հա­նուր «խա­ղա­դաշտ»էն դուրս գա­լու ե­րե­ւոյթ մը, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րով:

Նախ­քան այդ մա­սին խօ­սի­լը, հարկ կը հա­մա­րեմ յի­շեց­նել, որ իբ­րեւ «14 Մարտ» հան­դէս ե­կած ու­ժե­րը կազ­մա­ւո­րուե­ցան եւ հրա­պա­րակ ե­լան Լի­բա­նա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպա­նու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք:

Հա­րի­րի, որ զոհ կը դառ­նար ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մի մը (14 Փետ­րուար 2005), եր­կի­րը կը կի­սէր եր­կու­քի:

Մինչ Հա­րի­րիի մօ­տիկ շրջա­նակ­նե­րը ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կը վե­րագ­րէին Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ան­դին այդ երկ­րի դաշ­նա­կից կող­մե­րը գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ին, ա­րագ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տա­լով ի­րենց հա­մա­կիր­նե­րը հրա­պա­րակ «կը կան­չէին»: Հեր­թա­բար 8 եւ 14 Մարտ 2005-ին տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին բո­ղո­քի եր­կու կեդ­րո­նա­կան հա­ւաք­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին կը մասն­կա­ցէր ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն հո­գի:

Այդ օ­րե­րէն ետք էր, որ եր­կու քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը «կը մկրտուէին»՝ «8 եւ 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժեր» ա­նու­նով:

Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշել, որ 8 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մաս կը կազ­մէին երկ­րի շիի եր­կու գլխա­ւոր ու­ժեր՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ն ու «Ա­մալ»ը, ինչ­պէս նաեւ եր­կու քրիս­տո­նեայ ու­ժեր՝ «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք»ն ու «Ալ Մա­րա­տա» հո­սանք­նե­րը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի 14 Մար­տի ու­ժե­րուն, ա­պա այդ քա­ղա­քա­կան թե­ւին գլխա­ւոր ու­ժերն էին՝ վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի «Ալ Մուս­թաք­պալ» (սիւն­նի), ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նէա­կան «Լի­բա­նա­նեան ու­ժեր» եւ «Փա­ղան­գա­ւոր» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: Բա­ցի այս խմբա­ւո­րում­նե­րէն, եր­կու կող­մե­րուն մէջ ալ կա­յին տաս­նեակ մեծ ու փոքր խմբա­ւո­րում­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին դուրս կու գա­յին «դա­շինք­ներ»էն:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի ար­դի շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ կազ­մուած այս դա­շինք­նե­րը իւ­րօ­րի­նակ էին:

Նախ ա­նոր հա­մար, որ ստեղ­ծուած դա­շինք­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կա­յին թէ՛ քրիս­տո­նեայ եւ թէ իս­լամ տար­րեր: Այս ձե­ւա­չա­փը «պայ­քա­րի դրօշ» կը դառ­նար յատ­կա­պէս 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան կող­մին հա­մար, ո­րուն «ճար­տա­րա­պետ­ներ»ը կ՚ու­զէին հան­դէս գալ ոչ թէ կրօ­նա­կան, այլ ազ­գա­յին մօ­տե­ցում­նե­րով: Խոր­քին մէջ, ի՛նչ էր այս եր­կու կող­մե­րուն ու­զա­ծը եւ ինչ հիմ­քե­րով է, որ ա­նոնք կը մտնէին քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի դաշտ:

Նախ պէտք է հասկ­նալ, որ յատ­կա­պէս 14 Մար­տի ըն­կա­լում­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր դեր կ՚ու­նե­նար Ա­րեւ­մուտ­քի այն ըմբռ­նու­մը, թէ Լի­բա­նան պէտք է ա­մէն գնով «ա­զա­տէր» սու­րիա­կան լու­ծէն: 14 Մար­տի հիմ­նադ­րու­մէն շատ ա­ռաջ 1990-ա­կան­նե­րուն, երբ Լի­բա­նա­նի ղե­կը ստաձ­նած փո­խանց­ման զի­նուո­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն ստի­պուած կ՚ըլ­լար լքել Պաապ­տա­յի պա­լա­տը եւ ա­պաս­տա­նիլ Պէյ­րու­թի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նա­տուն։ Այդ ժա­մա­նա­կէն սկսեալ յստակ կը դառ­նար, որ սու­րիա­կան ու­ժե­րու Լի­բա­նան մէջ գո­յու­թեան դէմ պայ­քա­րը դար­ձած է երկ­րի քրիս­տո­նեայ թե­ւը ներ­կա­յաց­նող հիմ­նա­կան ու­ժե­րուն գլխա­ւոր խնդիր:

Ու այդ պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ էր նաեւ, որ մա­րո­նիթ հա­մայն­քի եր­կու կա­րե­ւոր գոր­ծիչ­ներ՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եւ Սա­միր Ժաա­ժա «սուղ գին» կը վճա­րէին այդ պայ­քա­րին հա­մար: Նոյ­նը չէր պա­րա­գան իս­լամ հա­մայն­քե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, ո­րոնց հա­մար սու­րիա­կան ու­ժե­րու գո­յու­թիւ­նը ե­րաշ­խիք դար­ձած էր Լի­բա­նա­նի ա­րա­բա­կան դի­մագ­ծի պահ­պան­ման, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ մէջ գտնուող պա­ղես­տի­նեան ու­ժե­րու (ա­ւե­լի վաղ) «ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան» ե­րաշ­խա­ւոր­ման:

Տար­բեր փու­լե­րէ ան­ցած Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի գլխա­ւոր հանգ­րուան­նե­րուն Հա­ֆըզ Է­սա­տի ա­ռաջ­նոր­դած Սու­րիան կա­րո­ղա­ցած էր ոչ միայն «հսկիչ»ի դեր խա­ղալ, այլ նաեւ իր ձեռ­քին պա­հել «լի­բա­նա­նեան խա­ղա­քարտ»ը:

Ան­շուշտ այս բո­լո­րը չէր պայ­մա­նա­ւորուած այդ տա­րի­նե­րուն Սու­րիոյ ու­նե­ցած «շրջա­նա­յին դեր»ով, այլ նաեւ տար­բեր գոր­ծօն­նե­րով եւ 10.452 քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր հան­դի­սա­ցող Լի­բա­նա­նի մէջ առ­կայ բա­ւա­կան խոր­քա­յին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով եւ կրօ­նա­կան-հա­մայն­քա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով։

Սու­րիոյ բա­նա­կի ուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թեան շնոր­հիւ էր նաեւ, որ 1976 թուա­կա­նին Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նէա­կան ու­ժե­րը հե­ռու կը պա­հուէին ամ­բող­ջա­կան պար­տու­թե­նէ: Նոյն այդ օ­րե­րուն էր, որ պա­ղես­տի­նեան ՊԱԿ-ի («Պա­ղես­տի­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ճա­կատ») ա­ռաջ­նորդ եւ Պա­ղես­տի­նի ա­պա­գայ նա­խա­գահ Եա­­սէր Ա­րա­ֆաթ կը յա­ջո­ղէր իր շուրջ հա­ւա­քագ­րել բո­լոր իս­լա­մա­կան ու­ժե­րը եւ կազ­մել՝ «Ազ­գա­յին ու­ժե­րու ճա­կա­տ»ը, ո­րուն գլխա­ւոր նպա­տակն էր գրո­­հել եւ գրա­ւել ա­րե­ւե­լեան Պէյ­րու­թը, որ այդ օ­րե­րուն (ցայ­սօր ալ) երկ­րի քրիս­տո­նեայ ու­ժե­րուն կեդ­րո­նա­տե­ղին էր: Սու­րիա­կան ու­ժե­րու շնոր­հիւ էր, որ կը տա­պա­լէր այդ փոր­ձը եւ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հի հրա­մա­նով սու­րիա­կան բա­նա­կի հա­զա­րա­ւոր զի­նուոր­ներ Պէյ­րութ կը ժա­մա­նէին «պահ­պա­նե­լու» հա­մար՝ «ա­րե­ւե­լեան» կամ քրիս­տո­նէա­կան Պէյ­րու­թը:

Պատ­մա­կան հա­կիրճ պատ­կե­րը տա­լէ ետք պարզ կը դառ­նայ, որ Լի­բա­նա­նի վեր­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ալ երկ­րի քրիս­տո­նեայ հա­տուած­նե­րուն եւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ե­ղած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ե­ղած է ար­դիւ­նա­ւէտ: Ու քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու շարք մը ղե­կա­վար­նե­րու ա­ռողջ մօ­տե­ցում­նե­րով կա­րե­լի ե­ղած է եր­կի­րը հե­ռու պա­հել մեծ ցնցում­նե­րէ:

Ճիշդ է, որ սու­րիա­կան կողմն ալ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով թոյլ տուած է մեծ սխալ­ներ, բայց շրջա­նա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­քով անհ­նար էր (յատ­կա­պէս 1970-ա­կան­նե­րէն մին­չեւ 2005 թուա­կա­նը), որ ներ­քին բա­խում­նե­րու եւ ա­րիւ­նա­լի պա­տեր­զա­մի են­թա­կայ Լի­բա­նա­նը «գո­յա­տե­ւէր» ա­ռանց Սու­րիոյ նե­ցու­կին:

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ յատ­կա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Սու­րիոյ հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի Ի­րա­քի դէմ շղթա­յա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք հեր­թա­կան ան­գամ Լի­բա­նան «պահ կը տրուէր» Սու­րիոյ:

Ա­մե­րի­կեան վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար շատ ա­ւե­լի հեշտ էր Լի­բա­նա­նի «բա­ւա­կան բարդ» պատ­կե­րը «ըն­կա­լել»՝ «սու­րիա­կան պա­տու­հան»ով մը: Ա­մե­րի­կեան հա­շուարկ­նե­րու մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը Իս­րա­յէ­լի «գե­րա­գոյն շա­հեր»ուն եւ անվ­տան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւնն էր ու այդ ա­ռու­մով Լի­բա­նա­նի մէջ «սեր­մեր ցա­նած» պա­ղես­տի­նեան դի­մադ­րու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը:

Ու այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուէր սու­րիա­կան ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ եւ Սու­րիան Լի­բա­նա­նի «գլխուն» ոս­տի­կան կար­գե­լով: Այս գոր­ծըն­թա­ցին ըն­թաց­քին էր նաեւ, որ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րէին Սու­րիոյ «օգ­նու­թիւն»ը խնդրած քրիս­տո­նէա­կան ու­ժե­րուն մօտ կը սկսէր ա­ճիլ սու­րիա­կան ու­ժե­րուն դէմ հետզ­հե­տէ «անզս­պե­լի» դար­ձող հա­կակ­րանք մը ընդ­հուպ, մին­չեւ այդ ու­ժե­րուն Լի­բա­նա­նէն հե­ռաց­ման պա­հան­ջը: Սու­րիոյ հա­մար ալ շատ կա­րե­ւոր էր ա­ռըն­չուիլ ու «կեր­տել» քրիս­տո­նեայ այն­պի­սի դաշ­նա­կից­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ներք­րիս­տո­նէա­կան շեր­տե­րուն մէջ կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւն ա­պա­հո­վել:

Շրջա­նին մէջ կա­տա­րուող ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ եւ «Ա­մե­րի­կա-Սու­րիա» սի­րա­բա­նու­թեան ա­ւար­տին Լի­բա­նան կը մտնէր նոր շրջա­փուլ:

Մէկ կող­մէ Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­պա­լու­մը եւ միւս կող­մէ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նա­յին դե­րին ա­ճը կը ստեղ­ծէին նոր նա­խադ­րեալ­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ ի­րենց ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նա­յին երկ­րին վրայ:

Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը կը դառ­նար «գե-­րին» նոր դրոյ­թի մը, ո­րուն տրուած էր «Ա­րա­բա­կան գա­րուն» խո­րա­գի­րը: Այդ «ա­րիւ­նոտ գար­նան» գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին Պէյ­րու­թի մէջ եւ տար­բեր մեկ­նա­բան­նե­րու կար­ծի­քով ալ՝ 14 Մարտ 2005 թուա­կա­նին Պէյ­րու­թի «Նա­հա­տա­կաց հրա­պա­րակ»ին վրայ հա­ւա­քուած հան­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րուէր այդ գար­նան «ա­ւե­տա­բեր»ը: Ա­ւե­տա­բե­րը խոր­քին մէջ ժո­ղո­վուր­դը չէր, ո­րուն հա­մար այդ օ­րե­րուն հիմ­նա­կան թե­ման Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպա­նու­թեան բա­ցա­յայ­տումն էր, այլ Ա­րեւ­մուտ­քի թե­լադ­րանք­նե­րով «յա­ռա­ջա­ցող» քա­ղա­քա­կան «ճար­տա­րա­պետ­նե­րը», որ ա­ւե­լի ուշ Լի­բա­նա­նի մէջ սկիզբ ա­ռած «շար­ժում»ը կը կո­չէին «Մայ­րի­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն»:

Այս բո­լո­րին մէջ կա­յին տար­բեր, զի­րար հա­կա­սող դրուածք­ներ, դէպ­քեր, պա­տա­հար­ներ եւ նոյ­նիսկ սպա­նու­թիւն­ներ: 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ա­ռա­ջին ձեռ­քե­րու­մը կը հա­մա­րուէր սու­րիա­կան ու­ժե­րու տար­բեր շրջան­նե­րէն դէ­պի Պե­քաա (Սու­րիոյ սահ­մա­նին մերձ լի­բա­նա­նեան դաշ­տա­յին շրջան, ուր կը գտնուի նաեւ հայ­կա­կան Այն­ճար գիւ­ղը) հե­ռա­ցու­մը ու ա­ւե­լի ուշ Լի­բա­նա­նէն դուրս գա­լը:

Բա­ւա­կան սեղմ, պա­տա­հար­նե­րով հա­րուստ այդ շրջա­նին էր նաեւ, որ 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը կը դառ­նա­յին եր­կի­րը ղե­կա­վա­րող գլխա­ւոր քա­ղա­քա­կան ուժ: Կը հրա­ժա­րէր վար­չա­պետ Օ­մար Քա­րա­մէ­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր ղե­կը կը ստանձ­նէր Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի ա­մե­նէն սերտ գոր­ծա­կի­ցը՝ Ֆուատ Սի­նեո­րան:

Բնա­կա­նա­բար այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուէին Լի­բա­նա­նի հան­րու­թեան գրե­թէ կէս հա­տուա­ծին հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, իսկ միւս կէ­սը, ո­րուն գլխա­ւոր ու­ժը «Հիզ­պուլ­լահ»ն էր, կը մնար ձեռն­պահ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

շար. 1

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017