ԹԱԳՒՈՐ ՊՈՅԱՃԵԱՆ. «ՍՈՒՐԻԱՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ԵՐԲ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԷՐՔԵՐԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻՆ»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Պոյաճեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
*
-Պր. Պոյաճեան, տեղեակ ենք, որ 2017 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի աւարտին դուք դարձաք լիիրաւ անդամը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, որ կը գործէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ տնօրինութեամբ։ Խնդրեմ, մեր ընթերցողներուն կը պատմէք այս մասին։
-Ինչպէս նշեցիք, 2017 թուականի յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ ազգային-եկեղեցական ժողով։ Ժողովի պաշտօնական բացումէն ետք, տեղի ունեցան աշխատանքային նիստեր, որոնք ալ աւարտեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նոր կազմի ընտրութեամբ։ Ընտրութեան արդիւնքով՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը համալրուեցաւ 21 անդամներով, որոնց երկու երրորդը կղերականներ էին, իսկ մէկ երրորդը՝ աշխարհականներ: Անոնցմէ երկու երորդը ընտրովի էր, իսկ մէկ երրորդը կը նշանակուէր Վեհափառը Տիրոջ կողմէ։ Ընտրուած 21 ազգայիններուն կողքին ներկայ էին նաեւ երեք նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներ՝ Պոլիսէն, Երուսաղէմէն եւ Անթիլիասէն: Ուրեմն այդ առիթով էր, որ եօթ պատգամաւորներ ընտրուեցան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Ընտրուողներու մէջ ես ալ կայի եւ կը ներկայացնէի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմը: Ներկայացուցչական ժողովին ես ընդհանրապէս Դամասկոսի թեմը կը ներկայացնեմ, որովհետեւ թեմի ատենապետն եմ եւ քանի որ յայտնի պայմաններու բերումով մեզի համար նոր ընտրութիւններու կայացումը դարձած է անիրականանալի եւ այդ պատճառով ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը վարեմ թեմի ատենապետի պաշտօն։
Մեր առաջին ժողովը եղաւ հոկտեմբերին, Լոս Անճելըս: Տարուան ընթացքին ընդհանրապէս երկու գլխաւոր ժողովներ կ՚իրականացուին՝ մէկը պահքի երկրորդ շաբթուան ընթացքին, իսկ միւսը՝ աշնանշրջանին, որ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձի օրերուն կը համընկնի: Կը կազմակերպենք նաեւ երրորդ եւ չորրորդ ժողով, եթէ կարիքը զգանք: Օրինակ՝ այս տարի մայիսին ալ ժողով մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերուն։ Այս այցելութիւնս նոյնպէս ժողովի համար էր, որ այս անգամ քիչ մը երկար տեւեց՝ չորս օր: Անկէ ետք Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձն ալ նշեցինք: Ընդհանրապէս միշտ նիւթեր կան սփիւռքի եւ Հայաստանի թեմերու հետ կապուած, կանոնագրութեան առընչութեամբ, որոնց լուծումը միշտ ալ ապահովուած է:
-Ձեր խօսքէն իմացանք արդէն, որ դուք կու գաք Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսէն։ Առիթէն օգտուելով հարցնեմ. Ի՞նչ է իրավիճակը այսօր Դամասկոսի մէջ: Յաճախ տեղեկութիւններ կը ստանանք, որ վերջին շրջանին սուրիական բանակը կարեւոր քայլ մը առաւ եւ զինուորական թէժ գործողութիւններու շնորհիւ ահաբեկիչներէ մաքրեց Դամասկոսի մերձակայ շրջանները։ Այն ահաբաեկիչ զինեալները, որոնք կը դիմադրէին գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ, ստիպուած եղան հեռանալ... Եւ այսպէս Դամասկոսը կարծես թէ սկսաւ նոր շունչ մը քաշել: Ի՞նչ է իրական պատկերը:
-Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն քիչ անց ընդդիմադիր զինեալներ տեղակայուած էին Դամասկոսի արուարձաներէն համարուող Հայ Ժոպարի եւ անոր յարակից հատուածներուն մէջ։ Ընդդիմադիրները, որոնք ունէին արտաքին ուժերու նիւթական նեցուկը յաջողած էին Ժոպարի տակ, երկրորդ գետնափոր քաղաք մը ստեղծել։ Երբ կարավառական ուժեր կործանիչներով կը հարուածէին, անոնք այդտեղ կը թաքնուէին եւ կրնային ապահովել իրենց անվտանգութիւնը։ Վիճակը իրապէս դարձած էր ահաւոր, որովհետեւ ահաբեկիչները յաջողած էին գործի դնել այնպիսի մարտավարութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ կը յաջողէին անընդհատ թիրախ դարձնել մայրաքաղաքի անզէն բնակչութեան թաղամասերը։ Այդ շրջանին էր, որ շատեր զոհուեցան եւ զոհերուն մեծ մասը անզէն քաղաքայիններ էին։ Եկեղեցիներ, դպրոցներ քարուքանդ եղան, մեր եկեղեցւոյ վրայ իսկ քանի մը հրթիռներ ինկան: Յատկապէս քրիստոնէաբնակ այդ շրջաններու բնակիչները մեծ տագնապ ապրեցան։ Պատկերացուցէք, որ ճամբան քալած ժամանակ կրնար հրթիռ մը իյնալ եւ անցորդը կրնար վայրկեանի մը մէջ զոհուիլ... վիճակը երթալով կը վատթարանար, հետեւաբար վերջ մը պէտք է դրուէր այս բոլորին: Ռուսաստանի աջակցութեամբ եւ Սուրիոյ բանակին կամքով Դամասկոսը եւ անոր յարակից շրջանները ազատագրուեցան։ Այսօր ալ ահաբեկիչներու փոքր բոյներ տակաւին գոյութիւն ունին, սակայն յոյսով ենք, որ անոնք ալ պիտի վերանան շուտով: Քաղաքին մէջ բազմաթիւ անցարգելներ կային, անոնք ալ սկսան վերանալ, հետեւաբար ապահովահական վիճակը աստիճանաբար աւելի կայուն սկսաւ դառնալ: Ներկայիս վտանգաւոր շրջաններն են հիւսիս-արեւմուտքը՝ Իտլիպի բաժինը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէկ հատուածը։ Այլ խնդիր է քիւրտերու պարագան, որոնք կը փորձեն իրենց տիրապետութեան տակ եղած շրջանները անպայման պահել։
-Դուք լաւատե՞ս էք Սուրիոյ ապագային նկատմամբ:
-Ներկայիս, ո՛չ:
-Չէք կարծե՞ր, որ այս իշխանութիւնը յաղթեց Սուրիոյ մէջ:
-Այդպէս կ՚ըսեն, յաղթած ենք... բայց տակաւին այդ ստացուած վէրքերը չեն բուժուած եւ աւերները չեն վերականգնուած եւ հազիւ քիչ մը դրական տրամադրութեամբ կը լեցուինք եւ կը կարծենք, որ քիչ մը յառաջացում կայ՝ չսպասուած մէկ վայրկեանին, չսպասուած մէկ տեղէ կրկին հարուած մը կը ստանանք: Հետեւաբար դեռ շատ կանուխ է բան մը ըսելու համար: Ինծի համար Սուրիոյ վիճակին մէջ յառաջացում կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ դեսպանատուները կրկին սկսին գործել Դամասկոսի մէջ: Ինչպէս նաեւ օդակայանի պարագային, երբ օտար ընկերութիւններու օդանաւերը սկսին վայրէջք կատարել մեր օդակայանը:
-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն։
-Ինչպէս որ նշեցի, ներկայիս ահաբեկչական բոյներու մեծամասնութիւնը մաքրուեցան, շատ քիչ տեղեր մնացած են: Բայց վերաշինութեան պարագային, բարեսիրական միութիւնները չեմ կարծեր որ իրագործեն։ Ներկայ պահուս ընթացող վերանորոգումները միայն անհատական մակարդակի վրայ են։ Տեղի կ՚ունենան անհատական նորոգութիւններ, ամէն մարդ իր տունը պիտի նորոգէ, կրնայ ըլլալ որ փոքր օգնութիւններ կը տրամադրուին, բայց մեծամասնութեամբ վերանորոգումներ կամ շինութիւններ տեղի չեն ունենար։
Սուրիոյ հայութեան պարագային այսօր երկու տեսակի խաւ կայ. անոնք՝ որոնք հազիւ իրենց օրապահիկը կ՚ապահովեն եւ ի վիճակի չեն երկրէն դուրս գալու, օրինակ՝ Ճարամանայի շրջանի հայութիւնը, ուր շատ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Կը կարծեմ, որ Հալէպի պարագան ալ նոյնն է, այսինքն ցարդ Հալէպ մնացած հայերը կը պատկանին չքաւոր խաւին։
Այստեղ պարտիմ նշել, որ Սուրիոյ տագնապի ողջ տեւողութեան Մայր Աթոռը շատ մեծ օժանդակութիւններ կատարեց։ Մայր Աթոռի կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները նախ Անթլիաս կ՚ուղարկուէին եւ հոնկէ ալ Դամասկոս, Հալէպ եւ Հոմս: Խաւ մըն ալ կայ, որ նիւթական կարողութիւն ունի, սակայն կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ մեծ յոյսով կը սպասէ, որպէսզի վիճակը բարելաւուի, որ աշխատանքը առաւել մեծ թափով շարունակէ:
-Յաճախ Երեւան կ՚այցելէք եւ ձեր շրջանակին մէջ տրամադրութիւններ կը շօշափէ՞ք. կա՞ն հալէպահայեր կամ դամասկոսահայեր, որոնք կը փափաքին Սուրիա վերադառնալ:
-Կը կարծեմ, որ շատ քիչեր են, որոնք կը փափաքին վերադառնալ, շատեր ալ կ՚ըսեն, երբ լաւանայ եւ վիճակը բարելաւուի պիտի վերադառնան. բայց կը կասկածիմ, որ վերադառնան, որովհետեւ աշխատանք ունին եւ իրենց կեանքը հունի մը մէջ դրած են:
-Սուրիայէն անցնինք մեր եկեղեցին յուզող հարցերուն։ Ձեր տեսակէտը ինչ էր, անցեալ ամառ Հայաստանի մէջ եղած դէպքերուն։ Խօսքը մեր եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին դէմ ծաւալած շարժումին մասին է։ Ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին։
-Ես կ՚այպանեմ այդ շարժումը իրագործողները, սակայն ըստ իս, առաւել պախարակելի է կառավարութեան կեցուածքը, որ առիթ տուաւ այսպիսի իրադարձութիւններու, ցոյցեր իրականացնելու երկրի մը կրօնքին գլխաւոր խորհրդանիշին դէմ: Մենք հայ եղած ենք եւ միշտ հպարտութեամբ կը յիշենք, թէ առաջին քրիստոնեայ ազգը եղած ենք... Արդեօք մէկը կը համարձակէ՞ր Վատիկանի մէջ, Հռոմի Պապին դէմ այսպիսի բողոքի ցոյցեր կազմակերպել: Պատասխանը՝ երբեք: Ես մեծ ակնկալանք ունէի, որ պետութեան կողմէ արագօրէն կը կ՚ասեցուին այս ցոյցերը...:
-Եկէք անկեղծ ըլլանք. որեւէ տեղեկութիւն կամ վերլուծում ունի՞նք, որ ներսէն է այս շարժումը, որ սկիզբ առաւ:
-Ոչ, բայց կրնամ ըսել, որ Ազնաւուրի թաղման Հայաստանէն պատուիրակութիւն ալ մեկնեցաւ Փարիզ, ուր վարչապետ Փաշինեան խօսք առաւ եւ յիշեց բոլորին անուները՝ բացի Վեհափառ Հայրապետէն... Այսպիսի արարք կարելի չէ: Այս կառավարութիւնը լաւ գործ մը իրականացուց, այո՛, ժողովուրդը պոռթկաց, նոյնիսկ յոյսի նշոյլ մը տեսաւ իր շնորհիւ, սակայն վստահ եմ, որ կարիք ունի մեծ փորձառութեան։
-Ըստ ձեզի, այսօր այդ տագնապը վերացա՞ծ է մեր եկեղեցւոյ մէջ:
-Անշուշտ։ Պէտք է նշեմ նաեւ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շատ մեծ համբերութեամբ դիմակայեց եւ ցոյց տուաւ կրօնական բարձր մակարդակի առաջնորդի խոհեմութիւն։ Վեհափառ Տիրոջ անձին եւ գործին շուրջ ի սկզբանէ առկայ սէրն ու հաւատարմութիւնը այսօր աւելի ուռճացած է եւ ես վստահ եմ, որ մեր եկեղեցին շատ աւելի զօրեղացած դուրս եկաւ այս շինծու տագնապէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան