ԶՐՈՅՑ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
-Երթանք տեղ մը ճաշենք, տղա՛ք,- կ՚ըսէ Սագօ:
-Այո՛, համաձայն եմ, երթանք,- կը յօժարի Վարդան:
Ու հինգ բարեկամներու զրոյցը կ՚ընթանայ ճաշելու վայրին եւ տեսակին շուրջ:
-Անանկ տեղ մը երթանք, որ ճաշերը ինծի ալ յարմարին,- կը մէջբերէ Սարօ:
-Ես ալ չհասկցայ քու vegan ըլլալու որոշումիդ իմաստը,- կ՚ընդմիջէ Խաժակ դատարկ փորը շփելով,- նորոյթ է կ՚երեւի, դուն ալ վարակուեցար: Ուր որ երթամ անպայման այս տեսակներուն կը հանդիպիմ. մէկը կ՚ըսէ vegetairian եմ, միւսը՝ vegan. դաժանութեան դէմ կը պայքարին, միս չեն ուտեր, կաշի կօշիկ չեն հագուիր, մուշտակով ու կենդանիներու մորթերով պատրաստուած արտադրանք չեն գներ...:
-Հապա աղջիկնե՛րը, diet կ՚ընեն այդ ձեւով, կամ ալ, ըսածիդ պէս, նորոյթին կը հետեւին,- կ՚երգիծէ Մինաս:
-Բայց դուն, Սարօ՛, միս կ՚ուտէիր, ինչո՞ւ այս որոշումը առիր,- կը հարցնէ Վարդան:
-Այո՛, կ՚ուտէի եւ ամէն տեսակ միս կ՚ուտէի. պատմած եմ ձեզի, որ նոյնիսկ օձի, ոզնիի միս կերած եմ. հայրս կ՚որսար, կը բերէր. բայց երբ տեսանիւթ մը դիտեցի, ուր օձը մորթազերծ կ՚ընէին կօշիկ, պայուսակ շինելու եւ արտադրելու համար, պատկերացուցի, թէ որքան դաժան արարք մըն է ասիկա՝ կենդանիին, կեանքը խլել, որպէսզի մարդը գեղեցկանայ, պարծենայ բարձրարժէք իրեր կրելով...:
-Ի՞նչ, ես չեմ լսած այս պատմութիւնները: Ոզնիի, օձի մի՞ս կերեր ես ու հիմա հորթի, ոչխարի, հաւու միս չե՞ս ուտեր: Է՜, մինչեւ կեանքիդ վերջը եթէ միս չուտես, չես քաւեր այդ մեղքերդ,- զարմացած կը մէջբերէ աստուածավախ Սագոն:
-Է հապա՛, օձը սատանան էր ի վերջոյ, հահահա,- կը ծիծաղի Վարդան:
-Ուրեմն դուն Մատենադարան ալ չես երթար, Սարօ՛, հոն մեր մագաղաթեայ հին ձեռագրերը ցուցադրուած են: Կենդանիներու մորթերը եթէ չըլլային մեզի կը հասնէի՞ն այդ հարստութիւնները,- կը շարունակէ հայրենասէր Մինաս:
-Ուրիշ ինչի՞ միս կերած ես, պատմէ՛ տեսնեմ,- կը հետաքրքրուի Սագօ Սարոյին ուղղելով հարցումը:
-Խեցգետին ալ կերած եմ: Հայրս օր մը բերած էր, կը սիրէինք այդ ծովային կենդանիին միսը. խաշած ջուրին մէջ ողջ-ողջ կենդանիները կը թափէինք, կաթսային մէջ ջարդ կ՚ըլլար, կենդանիները կը մաքառէին կեանքի համար, մի քանին կաթսային եզերքէն դուրս ելլել կը ջանային, բայց սահելով կ՚իյնային եռացող ջուրին մէջ... ու անոնք մե՛նք կ՚ուտէինք, ի՜նչ դաժանութիւն:
-Որի՜շ, ուրի՜շ,- աչքերը սեւեռած մտիկ կ՚ընէ Սագօ:
-Ուրիշ ի՞նչ ըսեմ՝ խոզի միս, հորթի, ոչխարի միս...:
-Հիմա աս վերջին հաշուածներուդ միսով խորոված ըլլար, սա փորիս ձայնը կը կտրէի,- կը պատկերացնէ անօթի Խաժակ:
-Հապա ձո՛ւկը, զանազան տեսակներով՝ օձաձուկ, փշոտ, անփուշ, ծովի, գետի... բոլոր տեսակները,- կը շարունակէ Սարօ:
-Սեղանը պարպեցէք, տղա՛ք, խորոված ձուկ բերի,- շնչասպառ ներս կը մտնէ Յարութ ընկերներուն անակնկալ ճաշ բերելով,- քեզի համար ալ գետնախնձոր խորովել տուի, Սարօ՛, գիտեմ որ միս չես ուտեր:
-Հա՛, հաւկիթ ալ չ՚ուտեր, կաթնամթերք ալ չ՚ուտեր, բայց ինչ ըսես կերեր է մինչեւ այս որոշումը առնելը,- ծաղրանքով կը շարունակէ Սագօ:
-Հմմմ, ինչ ալ համով է եղեր իշխանաձուկը, որքա՛ն փափաքած եմ համին նայիլ,- պատառը ծամծմելով կը խօսի Յարութ,- բայց գիտէ՞ք որ այս խեղճ կենդանին երկու ժամ առաջ ողջ էր, ձկնավաճառին աւազանին մէջ ի՜նչ աղուոր կը լողար, չէր գիտեր գլխուն գալիքը, այո՛, այո՛, գլխուն գալիքը..., ձկնավաճառը փոքր ուռկանով հանեց ողջ ձուկը ու բիրով գլխուն ամուր մը հարուածեց եւ երբ շարժում նկատեց՝ մէյ մըն ալ՝ աւելի ամուր հարուածով մը կեանքին վերջ տուաւ. քովս կեցող յաճախորդուհին չդիմացաւ տեսարանին դաժանութեան ու՝ «կարգ մը ազգերու պէս ջարդում է, էլի»- ըսաւ...:
Պատմելով կը շարունակէր ծամել իրերայաջորդ պատառները, առանց նոյնիսկ տեղեկանալու քիչ առաջուան ընկերներուն զրոյցին նիւթը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ