ԿՈՏՐԱԾ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Մեզմէ շատեր գիտեն, որ ճամբորդի մը համար կարեւոր ուղեկից մըն է կողմնացոյցը: Հին ժամանակներէ ի վեր անապատային, ծովային, օդային թէ ցամաքային ճամբորդութեանց ընթացքին, միշտ ալ կարեւոր եղած է կողմնացոյցը: Բ. Աշխարհամարտի մասին փաստավաւերագրական ֆիլմ մը կը դիտէի. իր կայանը ձգելէն 20 վայրկեաններ ետք, պատերազմական օդանաւի մը կողմնացոյցը կը խանգարուի, եւ ճամբան կորսնցնելով կ՚անհետանայ ու կը կորսուի:
Յայտնի հեղինակ եւ դասախօս Սթեֆան Քովի, օր մը դասարան կը մտնէ եւ իր աշակերտներուն հետ փորձ մը կը կատարէ: «Պիտի խնդրեմ բոլորէդ, որ ձեր աչքերը փակէք», կ՚ըսէ ան: Ապա կը շարունակէ՝ «մինչ ձեր աչքերը փակ են, իւրաքանչիւրը թող իր ձեռքով մատնացոյց ընէ հիւսիսային կողմը»: Բոլորը իրենց ձեռքերը կ՚ուղղեն դէպի հիւսիս: «Թող ձեր ձեռքերը մնան ինչպէս որ են, եւ ձեր աչքերը բացէք», կ՚ըսէ Քովի: Երբ աշակերտները իրենց աչքերը կը բանան կը տեսնեն, որ իւրաքանչիւրը տարբեր ուղղութեամբ երկարած է իր ձեռքը: «Երբ ճշգրիտ կողմնացոյց չունենաք կեանքի մէջ, նման ձեր ձեռքերուն պիտի ուղղուիք սխալ ճամբաներով՝ կարծելով, որ ձեր ընտրութիւնը ճիշդ է», կ՚եզրափակէ Քովի:
Ներկայիս նման պատկեր մը կ՚ապրի մարդկութիւնը, որ առանց կողմնացոյցի՝ կեանքի ճամբով կորսուած ուղեւորներու հաւաքածոյ է: Բոլորը անսխալական են, բայց եւ այնպէս բոլորը արմատապէս սխալական: Արժէքներու եւ սկզբունքներու փլուզումի մասին խօսիլն անգամ ձանձրացուցիչ եղաւ: Տեղ մը ծրագրեալ է այս մէկը: Սխալն ու ծուռը այնքան շատցան, որ այլեւս սովորական դարձան, իսկ ճիշդն ու արժէքաւորը ժամանակավրէպ: Օրինակ մը տամ ձեզի մեր ապրած բարոյական անկումի մասին, որ մարդկութիւնը կ՚առաջնորդէ յիմարութեան: Ամերիկայի Թենըսի նահանգի Պելվիու քաղաքին մէջ մարդ մը ճաշարանի մը դէմ դատ կը բանայ, որովհետեւ ճաշարանին գետինը թաց ըլլալուն պատճառաւ, ան սահած եւ ձեռքը կոտրած էր: Դատարանը իր վճիռը ի շահ այս անձին կու տայ, եւ ճաշարանին տիրոջ կը ստիպէ 7000 ամերիկեան տոլար վճարել վնասուող կողմին, որպէս հատուցում: Մինչեւ հիմա տարօրինակ ոչինչ կայ: Բայց ծիծաղելին հոն է, որ ջուրով սահած եւ ինկած է ու ձեռքը կոտրած: Հարցը այն չէ, որ վնասուող անձը փորձած է իրեն պատահածը շահագործել. հարցը այն է, որ դատախազը իր կողմնացոյցը կորսնցուցած էր եւ կամ զայն կոտրած ըլլալով՝ անկարող էր արդար վճիռ արձակելու:
Հայ արդի հեղինակ մը բարոյագիտութեան նիւթով գիրք(եր) հեղինակած է: Գիրքը գնեցի բան մը սորվելու նպատակով: Երբ կարդացի չկրցայ զսպել բարկութիւնս. անմիջապէս նամակ մը յղեցի այս «բարոյագէտին» հարցնելով, թէ ի՞նչ էր իր կողմնացոյցը՝ բարոյական դասեր տալու մէջ: Առանց չափազանցութեան կրնամ ըսել, որ գիրքը այն տպաւորութիւնը թողուց վրաս, թէ պատահական մարդիկ առանց ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունենալու, հարցեր կը վերլուծեն. ճիշդ նման լիբանանցիներուն, երբ քով-քովի գալով քաղաքականութիւն կը վերլուծեն: Մեր այս հեղինակը հպարտանալով իր ստեղծագործութենէն, անգլերէնի ալ թարգմանած էր իր գիրքը, որպէսզի խայտառակութիւնը համաշխարհային ըլլար:
Եթէ իրենք զիրենք «ղեկավար» կոչող մարդիկ նման սխալներ կ՚ընեն, ի՞նչ մնաց մեզի պէս հասարակ մահկանացուներուն:
Կը պատմուի, որ ծովային ճամբորդութեան մը ընթացքին, նաւու մը կողմնացոյցը կը խանգարուի: Նաւաստիները օգնութեան համար նաւապետին կը դիմեն: Նաւապետը կը հրամայէ, որ նաւուն առջեւ խաչաձեւ մետաղի կտոր մը տնկեն եւ այդ մետաղին նայելով ուղղեն նաւը: Ներկայ մարդկութեան իրավիճակն է այս՝ կողմնացոյցը կոտրած ըլլալուն պատճառաւ, իրենց կենաքի նաւերու առջեւ մետաղ մը տնկած, անոր նայելով կ՚ուղղուին: Երանի կարենանք հասկնալ, որ կողմնացոյցի կարիքը ունինք:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Զարթօնք»