ԽԱՂԻ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը շարունակէ յամառ ջանքերով իշխանափոխութիւն ապահովել Հայաստանի մէջ։ Բազմակի առիթներ բաց թողնելէ ետք աւելի քան յստակ է, որ երէկ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հերթական հանրահաւաքին զուգահեռ, մայրաքաղաքի կեդրոնին դարձեալ բողոքի ցոյցեր սկսած են, ընդդիմադիր ցուցարարները կը գիշերեն փողոցը։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան կը մնայ շարժման ղեկին։ Ան երէկուան հաւաքէն վերջ բոլոր առումներով այս շարժման նոր փուլի մը երթալու ուղղութեամբ հիմնաւոր ազդանշան մը տուաւ։ Խօսքը, նախ եւ առաջ, յառաջիկայ օրերուն ցուցարար հանրութիւնը փողոցը պահելու առաջարկին կը վերաբերի։ Բաց աստի, վաղը, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս արտակարգ օրակարգ մը գոյացնելու նպատակը որդեգրուած է։ Այսպէսով, Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը՝ յենլով ընդդիմադիր պատգամաւորներու նեցուկին վրայ, պիտի փորձէ գործող կառավարութեան հրաժարականը պահանջել։ Պարզ է նաեւ, որ Բագրատ սրբազանի հազարաւոր աջակիցները կը հասնին խորհրդարանի շէնքը, որ կը գտնուի Բաղրամեան պողոտայի վրայ։ Բոլորը յառաջիկայ իրադարձութիւններուն պիտի հետեւին այդ կէտին վրայ։
Հարկ է յիշեցնել, որ հակառակ զանազան առիթներով հնչած դիտարկումներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ խորհրդարանին մէջ, շատ ամուր փակած է բոլոր դռներն ու պատուհանները նման առաջարկներու եւ ձեւաչափերու առջեւ։ Իշխանական կուսակցութեան մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ մինչեւ այս պահը կը վստաեցնեն, թէ իրենք ամուր ու կայուն են եւ կը սատարեն Փաշինեանի կառավարութեան, հետեւաբար նաեւ իշխանութեան։ Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի կարեւոր հարցում մը, թէ արդեօք յառաջիկայ ժամերուն բան պիտի փոխուի՞։ Իշխանական պատգամաւորները ստիպուած պիտի ըլլա՞ն վերատեսութեան ենթարկել իրենց ամուր կեցուածքը։
Հայաստանի մէջ՝ յատկապէս անցնող քաղաքական մեծ փուլի օրերուն, անշուշտ, բոլորը ականատես եղած էին «Հանրապետական» կուսակցութեան ճակատագիրին՝ մինչ ան անասելիօրէն կայուն եւ ամուր ուժ մը կը համարուէր։ Ինչ իրադարձութիւններ եղած էին՝ այդ կուսակցութեան ո՛չ թէ նօսրացման, այլ ամբողջապէս փլուզման համար։ Այդ փլատակներուն տակ մնացած էին քաղաքական վերնախաւի հիմնական դէմքերը:
Այս օրերուն ալ չի բացառուիր, թէ նման իրադարձութիւններ պատահին՝ պայմանաւ, որ ընդդիմութիւնը եւ յատկապէս Բագրատ սրբազան, համաժողովրդային զօրակցութեան առընթեր կարողանան ապահովել նաեւ արտաքին որոշակի ազդակներ, որոնք մինչեւ այս պահը դեռ երեւելի չեն։
Եթէ չկան այդպիսի գործօններ, ապա ինչո՞ւ այս յապաղումը։ Բագրատ սրբազան ինչո՞ւ մինչեւ օրս սպասեց եւ ինչո՞ւ այս փուլին կը բացայ իր փակագծերը։ Ան դիմեց կրթական ոլորտի գործիչներուն, ուժային կառոյցներուն ու ամենակարեւորը՝ երկրի գործարար խաւին, որոնք շատ բան կրնան իրականացնել, եթէ դէպի փողոց մղեն իրենց շրջանակներու աշխատաւորները եւ մէկ խօսքով՝ հասարակութիւնը։
Վճռորոշ փուլ մը կը բոլորէ այս շարժումը ու աւելի քան յստակ է, որ ներկայ փուլերը որոշիչ պիտի ըլլան թէ՛ անոր ճակատագրին եւ թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական համայնապատկերին համար։
Սպասենք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024