ՄԵՏԻԱ

«Եւ ոսկեփայլ պատիւը անարժանին զուր տրուած». Շէյքսփիր։

Արդարութեան սիրահարները անպայման պիտի յուսախափուին այս աշխարհի մէջ: Ի սկզբանէ այդպէս է. միշտ ալ ուժեղը  «արդար» է: Այլ խօսքով՝ «մեծ ձուկը կը կլլէ պզտիկ ձուկը»: Դարուս վերջին «ձուկ»երէն է ՄԵՏԻԱն:

Շատոնց ինծի հարց եղած է ԿԱՆՏԻն ՄԱՀԱԹՄԱ… «ՄԵԾ ՀՈԳԻ» չէի կրնար հաւատալ եւ տակաւին չեմ ալ հաւատար, որ Անկախութիւն կարելի է ունենալ կրաւորական դիրքորոշումով, ան ալ  Բրիտանական թագաւորութենէն: Թակոր ալ իր դժգոհութիւնը  յայտնած էր… Անկախութեան գինը գուցէ երկրին բաժանումն էր… ի զուր չէ, որ Կանտի զոհը գնաց ազգայնական երիտասարդի մը սուրին…:

Մահաթմա Կանտի փառաւորուած է համայն աշխարհի մէջ: Թերեւս ես միակ անձն եմ, որ կը տեսնեմ իր տկարութիւնը: Կը քարոզէր ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ միեւնոյն պահուն կը պաշտէր Շրիմատ Պհակաւատ Կիթա Հինտու Սուրբ Գիրքը, որ միակ գիրքն է աշխարհի մէջ, որ կը սորվեցնէ ՎԱՅՐԵՆՈՒԹԻՒՆ: Ես չեմ կրնար ընկալել, թէ ինք ինչպէս չէր տեսներ հակասութիւնը:

Քրիշնա, Պհակաւատ Կիթայի մէջ յարատեւօրէն կ՚ըսէր Արժունայի. «Աստուծոյ կամքն է որ երթաս եւ պատերազմիս եւ ոչնչացնես թշնամիներդ», բայց քանի որ վէճը ընտանեկան էր, մօտիկ ազգականներ, եղբայրներ պիտի պատերազմէին իրարու դէմ։ Տարօրինակ պատերազմ արդարեւ: Արժունա եւ Տիւրեոտհանա հօրեղբօր որդիներ: Երկու կողմն ալ ազգականներ իրարու դէմ յանդիման պիտի պատերազմէին: Մէկ ընտանիքի անդամներ, մեծ հայրն իսկ պէտք էր ընտրէր կողմնորոշուիլ, նոյնիսկ՝ ուսուցիչը, որ երկու կողմերուն ալ սորվեցուցած էր մարտարուեստը, ստիպուած էր կոմնորոշուիլ:

Պհիշմա ծանօթ էր իբրեւ Հնդկաստանի մեծ մարդոցմէ մին, քանի որ ամբողջ կեանքը անցուցած էր սրբութեամբ, եւ Տրոնաչարեայ նետարձակներու վարպետը կը սիրէր Արժունան, քանի որ ան կարողութիւն ունէր ըլլալու վարպետ մը իրաւասութեամբ: Բայց հակառակ անոր, երկուքն  ալ ընդդիմացան Արժունային եւ իր եղբայրներուն, քանի որ անոնք միայն թիւով հինգ էին, իսկ հակառակ կողմը կը բաղկանար հարիւր եղբայրներէ: Իրենց ընտրութիւնը իմաստութեամբ էր, նկատի առնելով վաճառաշահութեան տեսանկիւնը, տեսնելով հարիւր եղբայրներու թուաքանակը: Մարդիկ ընդհանրապէս զօրաւորին զօրավիգ կը կանգնին… այս ալ լաւ է շուկայի գետնի վրայ…

Պատերազմի պահը եկաւ՝ Արժունա ըսաւ. «Ես չեմ նկատեր, թէ այս պատերազմը արժանի է բռնկման։ Իմ հարազատ ժողովուրդս պիտի սպաննուի, մեծ հայրեր, ուսուցիչներ, բարեկամներ, ազգականներ, եթէ նոյնիսկ յաղթանակը իմս ըլլայ սպաննուած մարմիններու վրայով, ուրախ պիտի չկարենամ ըլլալ։ Կը նախընտրեմ յանձնուիլ, ըլլալ ճգնաւոր Հիմալայայի լեռներու մէջ, ի՞նչպէս կրնամ սպաննել իմ հարազատներս»: Իսկ Քրիշնա սկսաւ համոզել Արժունան ըսելով. «Ռազմիկի կրօնը կռուիլ է, իսկ դուն կը տկարանաս, այս վայել չէ քեզի, ռազմիկը զգայական պէտք չէ ըլլայ»… Արժունա չհամաձայնեցաւ, բայց վերջապէս Քրիշնա ըսաւ. «Այս Աստուծոյ կամքն է, եթէ մեռնիս, երկինքի մէջ փառք կ՚ունենաս, եթէ յաղթես՝ կը շարունակես թագաւորել»:

Վերջապէս ամբողջ գիրքը, Պհակաւատ Կիթա, լի է վէճերով, վայրագութիւններով… նոյնիսկ Աստուած վայրենութեան կողմնակից է:

Հարցը այն է, թէ Մահաթմա Կանտի ամբողջ աշխարհի մէջ նկատուած է իբրեւ խաղաղութեան ռահվիրայ… Հուսկ՝ փառաւորուած իբրեւ բացառիկ ռազմավարական ռահվիրայ…. առանց արիւնահեղութեան անկախութեան տիրացող մը, մինչդեռ ան իր հետ կը կրէր Պհակաւատ Կիթան, կը պաշտէր այդ գիրքը, ամէն առաւօտ իր աշրամին մէջ անկէ մաս մը կը հնչէր… եւ ինք չանդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ՄԻԱԿ գիրքը, որ բացորոշ պատերազմ կը պատգամէ, ներառելով զԱստուած՝ ՊՀԱԿԱՒԱՏ ԿԻԹԱՆ Է:

ՕՇՕյի ՄԵՍԱԵԱՅ գիրքէն:

Յ.Գ.- Պհակաւատ Կիթա գիրքը անգլերէնէ հայերէնի թարգմանուած է  ՏԷՏԷԵԱՆԻ կողմէ, 1940-ին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017