ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆՈՎ

Մարդ ա­րա­րա­ծը իբր մտա­ծող էակ յայտ­նուե­լէն ետք, ինչ­քա՜ն աշ­խա­տած է իր նմա­նը գե­րե­վա­րե­լու, եւ ա­նոր հա­կա­դիր՝ ա­զա­տուե­լու հա­մար ան­կէ. եր­կու գլխա­ւոր հա­տուած.- իշ­խող ու են­թար­կուող եւ եր­թը կը շա­րու­նա­կուի:

Ծա­նօթ մեծ կրօն­նե­րու մէջ միշտ ալ քա­ջա­լե­րուած է մարդ­կայ­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ հա­ւա­սար կեան­քի ջա­տա­գով եւ սա­կայն ե­կուր տես, որ խօսքն ու­րիշ ու գոր­ծադ­րո­ղը ու­րիշ: Հա­կա­ռակ հա­մե­մա­տու­թիւն, ո­րուն գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը մարդ­կա­ռոյցն է. երբ ստո­րին Ես-ը, կամ բնազ­դը ու­ժեղ է ա­ւե­լի՝ քան բա­նա­կա­նու­թիւ­նը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին գիր­քի մը մէջ, այս ե­րե­ւոյ­թը կը բա­ցատ­րուի վե­րին ու­ղե­ղի կազ­մա­ւոր­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շատ կարճ ըլ­լա­լուն ու հինգ հա­րիւր հազար տա­րիով, ո­րով ան­կա­րող կ՚ըլ­լայ ի­րեն են­թար­կել ի սկզբա­նէ ծնունդ՝ Բնազ­դը… ա­հա այս է գաղտ­նի­քը գու­­ցէ, որ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն (մահ ու կե­նաց) ժո­ղո­վուր­դի բնազ­դը՝ ա­նաս­նա­կան կիր­քը, իր գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նի, ուր իր գե­րա­գոյն ուժգ­նու­թիւ­նը կը հրաբ­խի… եւ կը վե­րա­ծուի այս­պէս կո­չուած «ան­կոտ­րում կամք»ի:

Սա­կայն այս նոր դա­րուն, ուր ժա­մա­նա­կի շուն­չը զինուո­րա­կան ու­ժի մաս­նա­գի­տու­թեան տի­րա­նալ է, իսկ ա­նոր մի­ջո­ցը լու­ման ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ շա­հա­դի­տա­կան ո­լորտ­նե­րը, որ­մէ՝ քա­ղա­քա­կան մտքի հա­սու­նու­թիւն: Հոս տեղ չու­նի Ե­րա­զան­քը, այլ՝ գի­տա­կից հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցա­կա­նու­թիւնն ու գոր­ծառ­նու­թիւ­նը:

Եւ սա­կայն դա­րե­րու ըն­թաց­քին մարդ ա­րա­րա­ծը իր հետ բե­րաւ եւ դեռ ու­նի զա­նա­զան տե­սա­կի վար­չա­ձե­ւեր, ո­րով կը ղե­կա­վա­րէ պատ­կան ժո­ղո­վուր­դը, թա­գա­ւո­րա­կան կամ հան­րա­պե­տա­կան, ռամ­կա­վա­րա­կան կամ ըն­կեր­վա­րա­կան. այս վեր­ջի­նը լեռ­նա­ցաւ ան­ցեալ դա­րուն իբ­րեւ Խորհր­դա­յին Միու­թեան վար­չա­ձեւ, որ տե­ւեց միայն եօ­թա­նա­սուն տա­րի­ներ, ա­պա փլու­զում. ա­սոր պատ­ճառ­նե­րը բազ­մա­թիւ են ի հարկէ, բայց գլխա­ւո­րը կը խոր­հիմ, թէ այն մարդ-կա­ռոյ­ցի ան­հա­մե­րաշ­խու­թիւնն է, հուսկ՝ խո­տոր հա­մե­մա­տու­թիւն, ա­պա վի­ժում: Իսկ այն­քան ա­տեն, որ գոյ է ներ­քին բնազ­դը իր ուժգ­նու­թեամբ, ինչ վար­չա­կարգ ալ որ­դեգ­րուի ան­պայ­ման պի­տի ու­նե­նայ իր ակ­նա­ռու թե­րու­թիւն­նե­րը, նոյ­նիսկ երկ­րէ եր­կիր եւ ան­հա­տէ ան­հատ պի­տի տար­բե­րին գոր­ծադ­րու­թեան մէջ, ու­նե­նա­լով տար­բեր են­թա­հող ու կա­ռոյց:

Այս ան­խու­սա­փե­լի է. մարդն է, որ դա­րե­րէ ի վեր կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի նոյն կեր­պով, որ ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ գե­րա­կա­յու­թեան զգա­ցու­մի յա­գե­ցու­մը: Ուս­տի պի­տի գո­յա­նան դա­սա­կար­գա­յին խա­ւեր ու պի­տի ըլ­լան ծայ­րա­գոյն աղ­քա­տէն մին­չեւ յղփա­ցած ու ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի հարս­տու­թիւն ու­նե­ցող­ներ նոյն ռամ­կա­վա­րա­կան վար­չա­ձեւ ու­նե­ցող եր­կի­րին մէջ, ինչ­պէս Խորհր­դա­յին օ­րե­րուն ալ գոյ էր, թէեւ ոչ նոյն հա­մե­մա­տու­թեամբ…։

Ու իր գե­րա­կա­յու­թիւ­նը ի գործ ա­ծե­լու, ե­թէ սկսաւ քա­րով, ա­պա նետ, հրա­ցան, թնդա­նօթ, հրթիռ եւ… ա­թո­մա­կան ռում­բի, միշտ մարդ­կա­յին յա­ռա­ջըն­թա­ցի ար­դիւնք…։

Ու պա­տե­րազմ­ներ, պա­տե­րազմ­ներ օ­ղա­կուած ի­րա­րու եւ ե­րե­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին ու­նե­ցանք եր­կու հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­ներ… ու երկ­րոր­դի ա­ւար­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Օ­գոս­տոս վե­ցին, քա­ղաք մը ամ­բողջ զո­հը ե­ղաւ ռում­բի մը՝ Ա­թո­մա­կան… Հի­րո­շի­մա… եօ­թա­նա­սուն տա­րի ա­ռաջ հսկայ եւ ե­ռուն քա­ղաք՝ տա­կա­ւին մո­խիր ու ա­ւե­րակ…։

«Ա­ւե­տեաց Եր­կիր», Նա­խա­գա­հի հրա­մա­նով եւ ի հարկէ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով նե­տուած ռում­բը՝ քեզ մոխ­րա­ցուց Հի­րո­շի­մա. այ­լեւս հողդ բոյս չի տար:

Բայց դեռ վեր­ջը չէր…։

Նա­կա­զա­քին ալ պի­տի են­թար­կուէր նոյն ճա­կա­տա­գի­րին ե­րեք օ­րեր ետք…։ Այս ալ պե­տա­կան չա­փա­նի­շի ա­հագ­նա­ցում…։

«Ո՛վ մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւն…»։

­Մի ա­ղա­ւա­ղէք Աս­տու­ծոյ ա­նու­նը իբ­րեւ «ԿԱՏ» կամ «ԱԼ­ԼԱՀ»…։­

ԱՍ­ՏՈՒ­ԾՈՅ ՍԻ­ՐՈՅՆ…։

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք», Պէյ­րութ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016