ԵՐԵԽԱՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Գաղթականութեան դառնութիւնները ճաշակած հայ ազգը ամենէն լաւ գիտցողներէն է այն տառապանքը, որ կը դիմագրաւէ անհատը՝ այդ փորձանքին մէջ հասակ առնելով, եւ անշուշտ կ՚ուրախանայ, երբ մանաւանդ երեխային ծնողը վառ կը պահէ անոր մէջ ազգային պատկանելիութիւնը եւ գաղթականը, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու բարդոյթները, կեանքի մէջ կը յաջողի, կը վերադառնայ իր հայրենիքը՝ մինչեւ իսկ նախագահի պաշտօնին բարձրանալով:

«Պի.Պի.Սի.» հետաքրքրական յօդուածով մը անդրադարձած է Լաթվիոյ նախագահ Վայրա Վայք-Ֆրեպերկայի ոդիսականին:

*

Աղջիկը, որ փախուստ տուաւ պատերազմի մէջ ընկղմած Լաթվիայէն, 50 տարի մնաց աքսորի մէջ, բայց վերադառնալէն անմիջապէս ետք նախագահ եղաւ:

Ոչ միայն ատիկա. Վայրա Վայք-Ֆրեպերկա եղաւ առաջին կին նախագահը՝ նախկին խորհրդային պլոքի պետութեան մը:

«Իմ ծնողներս բնաւ չձգեցին, որ ես մոռնամ լաթվիացի ըլլալս», կ՚ըսէ ան:

Պալթեան երկիրը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ներխուժեց նացիական Գերմանիա եւ Խորհրդային Միութիւն:

Վայրա վառ յիշատակներ ունի այդ քաոսի ժամանակէն, մանաւանդ՝ 1944-ին, երբ խորհրդային ուժեր (համայնավար Կարմիր բանակ) վերադարձան Լաթվիա:

«Ես տպաւորուած էի կարմիր դրօշներ կրողներով եւ անոնց բռունցքներով: Այնպէս որ, երբ զինուորներու շքերթը կը յառաջանար, ես բռունցքս բարձրացուցի եւ հուռա՜ պոռացի», կ՚ըսէ ան:

«Այդ պահուն ես տեսայ մայրս, որ կռթնած էր ելեկտրականութեան սիւնին, ամբողջովին ընկճուած, տխուր: Անոր աչքերէն արցունքները այտերուն վրայ կը հոսէին: Մայրս ինծի ըսաւ. «Հաճի՜ս, հոգի՛ս, մի՛ ըներ ատիկա: Լաթվիոյ համար ասիկա շատ տխուր օր մըն է»:

ԴԱԺԱՆ ԴԱՍԵՐ

Դէպի Արեւմուտք ընտանիքին ոդիսականը 7 տարեկան Վայրան տարաւ նախ քանդուած Գերմանիա: Ապա անոնք տեղափոխուեցան ֆրանսական իշխանութեան տակ գտնուող Մարոք: Ան Լաթվիա վերադարձաւ միայն երբ 60 տարեկան էր, 1998 թուականին, եւ ապա նախագահ ընտրուեցաւ:

Վայրա կը յիշէ, որ իր հայրը կ՚ունկնդրէր «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանը, 1944-ին, յուսահատօրէն փորձելով տեղեկանալ, թէ պատերազմը դէպի ո՞ւր կ՚ուղղուի:

Այդ տարեվերջին Վայրայի ընտանիքը ցաւոտ որոշում մը տուաւ հեռանալու Լաթվիայէն:

«Մենք նաւ բարձրացանք Ամանորի գիշերը, 1945-ին: Փոխադրանաւ մըն էր, բանակայիններով, սպառազինութեամբ, եւ անշուշտ, եթէ ռմբակոծուէր, ամբողջ նաւը կը պայթէր: Բայց անոնք իրենց հետ առած էին որոշ թիւով քաղաքայիններ, որոնք նոյնպէս կ՚ուզէին որեւէ գնով խուսափիլ համայնավարութենէն: Լաթվիացիները հաւաքուեցան նաւուն կամրջակին վրայ եւ Լաթվիոյ քայլերգը երգեցին»:

Ընտանիքը հասաւ Գերմանիոյ մէջ հաստատուող գաղթակայան: Պայմանները շատ դաժան էին, եւ իր նորածին քոյրը հիւանդացաւ ու մահացաւ, հազիւ 10 ամիս ետք:

Տարի մը ետք ծնաւ Վայրայի եղբայրը: Բայց Վայրային համար այս իրադարձութիւնը նսեմացաւ այլ դաժան դասով մը:

«18-ամեայ աղջիկ մը մօրս հետ նոյն սենեակին մէջ կը պառկէր: Ան ծննդաբերած էր աղջնակ մը, բայց չէր ուզեր զայն: Ան չէր ուզեր անուանակոչել զայն, ոչինչ կ՚ուզէր ընել անոր հետ, որովհետեւ նորածինը արդիւնքն էր ռուս զինուորներու կողմէ կատարուած խմբային բռնաբարութեան», կ՚ըսէ ան:

«Ամէն անգամ երբ հիւանդապահուհիները այդ խեղճ նորածինը կը բերէին իր մօրը, ան երեսը կը դարձնէր պատին, կու լար եւ կը մերժէր խօսիլ անոր: Հիւանդապահուհիները նորածինը կոչեցին Մարա, որ իմ քրոջս անունն էր»:

«Եւ ես մտածեցի, որ ասիկա իսկապէս շատ եղաւ, որովհետեւ ահաւասիկ կար Մարա մը, որ ծնած էր, որ կը գոյատեւէր, եւ որ բացարձակապէս անբաղձալի էր այս աշխարհին մէջ: Եւ մեր Մարան, որ մեզի համար շատ բաղձալի էր, մեզմէ առնուած էր: Ես անդրադարձայ, որ կեանքը իսկապէս շատ տարօրինակ եւ վստահաբար շատ անարդար է»:

ՄԱՆՈՒԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՐՍԱՓ

Վայրա 11 տարեկանին կրկին պէտք էր տեղափոխուէր դէպի Քազապլանքա, ֆրանսական Մարոք:

«Մենք բեռնատարէ մը դուրս շպրտուեցանք, փոքր գիւղ մը: Ատիկա մանրակերտ աշխարհ մըն էր», կ՚ըսէ ան:

«Գիւղին մէջ կային ֆրանսացիներ, ամէն տեսակ օտարականներ, սպանացիներ՝ այդ երկրի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն, իտալացիներ եւ հին Ռուսաստանի գաղթականներ Շանկհայի եւրոպական հատուածէն»:

Վայրայի հօր արաբ պաշտօնակիցներէն մէկը ըսած է, որ Վայրա պատրաստ է ամուսնանալու, թէեւ ան տակաւին երեխայ էր:

Հայրը տուն գալով՝ ըսած է. «Ան ինծի 15 հազար ֆրանք օժիտ պիտի տայ: Նոյնպէս ինծի նախ առաջարկեց երկու աւանակ եւ արջառ եւ աւելի ուշ, երբ սկսաւ բարձրացնել գինը, ես ըսի, որ բայց աղջիկս տակաւին երեխայ մըն է եւ դպրոց պէտք է երթայ, ան ըսաւ, որ ինք պատրաստ է թոյլատրելու, որ աւարտէ դպրոցը»:

Ծնողքը ատոր վրայ խնդացած են, սակայն Վայրա սարսափած էր:

ՍԵՌԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ

Ընտանիքը շուտով Գանատա տեղափոխուեցաւ:

Վայրա աշխատանք գտաւ դրամատան մէջ, 16 տարեկանին, եւ յաճախեց գիշերային դպրոց:

Ան ի վերջոյ ընդունուեցաւ Թորոնթոյի համալսարանը, ուր հանդիպեցաւ այն մարդուն, որ պիտի ըլլար իր ամուսինը՝ Իմանց Ֆրայպըրկս, լաթվիացի այլ աքսորեալ մը:

Վայրա հոգեբանութիւն ուսանեցաւ եւ տոքթորական կոչումը ստացաւ 1965-ին: Սակայն ինք կ՚ըսէ, որ իր աւարտաճառին ընտրութիւնը պարզապէս «ճակատագիրի փոփոխական մատն էր»:

«Արձանագրութեան պաշտօնեան նիւթերու երկար ցանկ մը ունէր: Ես վերէն վար նայեցայ ատոր եւ տեսայ բան մը, երկար բառ մը, որ կը սկսէր հ-ով եւ կ՚աւարտէր ն-ով: Ես մատս դրի այդ բառին վրայ եւ ըսի, որ ատիկա կ՚ուզեմ առնել»:

Վայրա շուտով սորվեցաւ, որ կիները աւելի հանդուրժուած են, քան՝ ողջունուած:

Անոր դասախօսը սեմինարի մը ատեն ըսած է.

«Այո՛, ճիշդ է, մենք հոս, դոքթորականի ծրագրին մէջ փաստօրէն ունինք երեք ամուսնացած կիներ, ատիկա ուղղակի մսխում է, որովհետեւ անոնք կը պատրաստուին ամուսնանալ, երեխաներ ունենալ, եւ անոնք իրականութեան մէջ կը գրաւեն այն դիրքը, ուր կրնար տղայ մը ըլլալ եւ դառնալ իսկական գիտնական»:

Վայրա կ՚ըսէ. «Սեմինարին մասնակցող մենք՝ բոլոր աղջիկներս, այդ խօսքը միշտ կը յիշենք, չենք մոռնար: Մենք որոշած ենք ցոյց տալ այդ սեռային խտրական դասախօսին, որ կիները կրնան նոյնիսկ աւելի լաւ յաջողութեան հասնիլ, քան՝ իր սիրած տղաները»:

Վայրա 33 տարի պաշտօնավարեց Մոնրէալի համալսարանին մէջ: Ան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու եւ գրած է 10 գիրքեր:

ԿՐԿԻՆ ՏՈՒՆ… ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ

1998 թուականին, 60 տարեկանին, Վայրա պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչումը ստացաւ եւ որոշեց հանգստեան կոչուիլ:

Բայց երեկոյ մը հեռաձայնեցին անոր: Լաթվիոյ վարչապետն էր: Եւ Վայրա առաջարկ ստացաւ գլխաւորելու լաթվիական հաստատութիւնը:

Անոր ըսուեցաւ, որ իրենք կ՚ուզեն «սփիւռքէն մէկը, որ քանի մը լեզուներ գիտէ, կը հասկնայ արեւմտեան մտայնութիւնը, բայց քաջածանօթ է Լաթվիոյ մշակոյթին»:

Բայց գրեթէ անմիջապէս Վայրա յայտնուեցաւ Լաթվիոյ նախագահական ընտրութեան մրցավազքին մէջ: Ան հրաժարեցաւ իր գանատական անցագիրէն, որպէսզի թեկնածու առաջադրուի նախագահական ընտրութեան: Վերադարձէն ութ ամիս ետք Վայրա Վայք-Ֆրեպերկա Լաթվիոյ առաջին կին նախագահը եղաւ:

Ատեն մը որպէս նախագահ անոր վարկը բարձրացաւ 85 առ հարիւրի:

«Ես մէկն էի, որ հետաքրքրուած չէի դրամ շահելով, կամ՝ այդպիսի որեւէ բանով մը, այլ պարզապէս աշխատանք մը կատարողն էի»:

«Եւ որոշ թերթերու մէջ մեծ ոգեւորութիւն կար բան մը գտնելու, որպէսզի քննադատեն, օրինակ, իբր թէ ես շռայլ ծախսող, մսխող մըն եմ՝ Արեւմուտքի մէջ շքեղ կեանք մը ապրած ըլլալով: Ամբողջովին շինծու», կ՚ըսէ ան:

«Ես բացայայտեցի, որ եթէ լրատուամիջոցներուն չկարենաս վստահիլ, պէտք է ուղղակի ժողովուրդին խօսիս»:

Հիմնականին մէջ, Վայրայի առանցքային դերակատարութեամբ, Լաթվիա 2003 թուականին միացաւ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի:

«Կին ըլլալը առաւելութիւն մըն էր: Կը յիշեմ ՆԱԹՕ-ի Պոլսոյ գերաստիճանը, նախագահ Ճորճ Պուշ (կրտսեր) թեւս մտաւ, որովհետեւ ես բարձր կրունկներ հագած էի եւ խճաքարով ճամբայ մըն էր: Մենք միասին դանդաղ քալեցինք»:

«Ես ինչ որ կրնայի, ըրի անոր ըսելու համար, թէ որքա՛ն կարեւոր էր ընդարձակել ՆԱԹՕ-ն եւ անպայման Լաթվիան ներառել, եւ թէ՝ որքա՛ն յառաջընթաց արձանագրած ենք մենք եւ բարի կամեցողութեամբ օժտուած»:

«Մենք դանդաղ կը քալէինք եւ կը վայելէինք մթնոլորտը: Ես իմ լաւագոյնս կ՚ընէի անոր ականջին կարելի եղածին չափ շատ քարոզչութիւն ընելու Լաթվիոյ մասին: Չեմ կարծեր, թէ ատիկա որեւէ վնաս տուաւ», կ՚ըսէ ան:

Վայրայի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը աւարտեցաւ 2007 թուականին, իր 70-րդ տարեդարձէն քանի մը ամիս առաջ:

Ան համահիմնադիրն է «Մատրիտ ակումբ»ին, նախկին ղեկավարներու կազմակերպութիւն մը՝ ժողովրդավարական ղեկավարութիւն եւ կառավարում յառաջացնելու յանձնառութեամբ:

Վայրա յատուկ կերպով կեդրոնացած է կիներու վիճակի բարելաւման աշխատանքին վրայ:

Կարծես թէ տակաւին հալածուած Գանատայի մէջ այդ դասախօսին ըսածէն՝ Վայրա գիտէ, որ «պատերազմին» մէջ յաղթանակը դեռ հեռու է:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019