ԱԿՆԱՐԿ - 86 - ԾՆՈՂՆԵՐ, ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑԷՔ ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

Ներկայ ժամանակաշրջանին զաւակ դաստիարակելը ամենէն դժուար մասնագիտութիւնը դարձած է, նկատի ունենալով արժէքներու փոփոխութեան, սրբութիւններու ոտնակոխումին, նորարարութեան լայնամաշտաբ տիրակալութեան եւ նիւթի ու նիւթականին գերիշխանութեան հանգամանքները:

Այսօր այլեւս գաղտնիք չէ, որ բացայայտօրէն փորձ կը կատարուի ընտանիքի աւանդական դրուածքը խախտելու, խարխլելու համար: Զաւակներուն կը փորձեն ինքնանկախ եւ ինքնուրոյն դարձնել, անոնց մէջ ներարկելով եսասիրութիւն: Ծնողներ կան, որոնք անընդհատ կը գանգատին իրենց զաւակներէն, կը մեղադրեն զանոնք: Նոյնը կ՚ընեն նաեւ զաւակները: Այս եւ նմանատիպ այլ բաներ ուղղակիօրէն կը խաթարեն ընտանեկան յարկը:

Այս բոլորին տեղ տուուղ գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ այսօր ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութիւնը խաթարուած է: Այսօր ո՛չ ծնողները կը լսեն իրենց զաւակները եւ ո՛չ ալ զաւակները կը լսեն իրենց ծնողները: Մէկ յարկի տակ կ՚ապրին, բայց կարծէք ամբողջութեամբ իրարմէ օտար ըլլան:

Մօտիկ անցեալին, երբ հայրը գործէն վերադառնար, ինչքան ալ յոգնած ըլլար ան, ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքէր սեղանին շուրջ, միասին կ՚ուտէին, կը զրուցէին, իրարու կը պատմէին օրուայ անցուդարձերէն, կը կատակէին, կը խաղային, կ՚երգէին. մէկ խօսքով անմիջականութիւն կար, առողջ յարաբերութիւն կար: Ճիշդ է, որ այսօրուան կարելիութիւնները եւ հնարաւորութիւնները չկային անցեալին, բայց այդ ազնիւ ու անկեղծ յարաբերութիւնը կար, որ ընտանիքը ամուր կը պահէր:

Այսօր ի՞նչ է իրավիճակը: Ամէն տեսակի կարելիութիւն եւ հնարաւորութիւն կայ, բայց ընտանեկան տաքուկ յարկ չէ՛ մնացած:

Մէյ մը նկարագրենք այսօրուան ընտանիքը:

Առաւօտ կանուխ հայրը կ՚արթննայ, կտոր մը հաց կ՚ուտէ եւ աշխատանքի կը մեկնի առանց իր ընտանիքի անդամներէն ոեւէ մէկուն հանդիպելու: Քիչ մը աւելի ուշ զաւակներէն մէկն ու մէկը կ՚արթննայ, նոյն ձեւով: Յետոյ միւսը՝ դարձեալ նոյն ձեւով: Վերջաւորութեան մայրը կ՚արթննայ, կը սկսի իրմէ շուտ ելլողներուն ետեւէ հաւաքել, յետոյ եթէ սիրտ ունենայ ճաշ պատրաստելու՝ ճաշ մը կը պատրաստէ, այլապէս կ՚անցնի իր առօրեայ զբաղմունքներուն (հեռախօս, համակարգիչ, թարթիչներ, եղունգներ, ընկերուհիներու հետ խօսիլ-խնդալ, եւ այլն: Բնականաբար այս կը վերաբերի այն մայրերուն, որոնք չեն աշխատիր): Կէսօրը, կամ աւելի ճիշդ երեկոյեան ժամերուն կը սկսին վերադառնալ տուն…: Դարձեալ նոյն կացութիւնը՝ ինչպիսին էր առաւօտեան: Ամէն մէկը ինչ որ կ՚ընէ՝ առանձինն կ՚ընէ, առանց կողքինին հետ շփուելու, խօսելու: Լուացուելու եւ ուտելու պարտականութիւնը կատարելէն ետք, տան իւրաքանչիւր անդամ իր հեռախօսը կամ համակարգիչը գրկած, մէկ անկիւն կը քաշուի եւ կը սկսի նաւարկել իր ձեռքին ու գիրկին մէջ, մինչեւ քնանալու ժամանակը գայ:

Երբ փորձենք հասկնալ այս կացութեան պատճառը, դարձեալ պիտի գանք այն եզրակացութեան, որ ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութիւնը խաթարուած է, որովհետեւ երկու կողմերն ալ զիրար լսելու եւ իրարու հետ խօսելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած են:

Զաւակները կը պատճառաբանեն ըսելով, որ ի՜նչ խօսինք մեր ծնողներուն հետ: Ժամանակը փոխուած է, իրենք հին մտածելակերպ ունին, մեր մտածելակերպը, մեր ժամանակը տարբեր է, մեզ միացնող ո՛չ մէկ գիծ կայ, ինչո՞ւ համար մեր ժամանակը զուր տեղը վատնենք, եւ հազար ու մէկ նմանատիպ պատճառաբանութիւններ կը բերեն:

Ծնողներուն պատճառաբանութիւնն ալ այն է, որ անոնք անձնուիրաբար կ՚աշխատին, կը յոգնին, որպէսզի լաւ կերպով կարենան պահել իրենց զաւակները, լաւ դաստիարակութիւն եւ լաւ ուսում տան անոնց: Ծնողները կը մոռնան սակայն, որ լաւ դաստիարակութիւն եւ լաւ ուսում տալու համար իրենց զաւակներուն նիւթը՝ դրամը այդքան կարեւոր չէ, ինչքան ծնողական սէրը, քնքշութիւնն ու հոգատարութիւնը: Այսօրուան երիտասարդութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կը տառապի այն պատճառով, որ իրենց ծնողները ժամանակ չունին իրենց համար: Ծնողները դժբախտաբար այս կէտը չե՛ն հասկնար, որով դուռ կը բանան զաւակներու անտարբերութեան եւ սխալ ուղղութիւն որդեգրելու: Որովհետեւ, երբ զաւակը ուզէ իր ծնողքին հետ որեւէ մէկ նիւթի մասին խօսիլ, կամ խորհրդակցիլ, սակայն իր ծնողները ժամանակ չտրամադրեն անոր, երկրորդ եւ երրորդ փորձ մըն ալ կը կատարէ, եթէ նոյն վերաբերմունքին արժանանայ, իր հարցումներուն պատասխանը ընտանիքէն դուրս կը փնտռէ, իսկ այսօրուան աշխարհի պայմաններուն բերումով, այդ պատասխանները պարզապէս կործանիչ են զաւակներուն համար:

Ծնողներ, միշտ մտաբերեցէք, որ դրամը ամէն ինչ չէ: Միշտ մտածեցէք, որ ամէն ինչին լաւը եւ ամէն բան ապահովելով ձեր զաւակներուն ո՛չ թէ լաւութիւն ըրած կ՚ըլլաք, ընդհակառակը՝ շատ յաճախ կը քայքայէք անոնց մէջ պայքարելու եւ նպատակ ունենալու ունակութիւնը: Այնպէս չէ որ ամէն ինչ ունենալը ձեր զաւակներուն լաւը պիտի դարձնէ, ընդհակառակը, շատ յաճախ այդ ամէն բան ունենալը, ձեր զաւակները սինլքորներու կը վերածէ: Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ այս մասին հետեւեալը կը գրէ. «Այն ծնողները, որոնք մտադիր են եւ հետամուտ իրենց որդիները հասցնելու այն աստիճանին, որ ամէն տեսակի աշխատանքէ ազատ ըլլան, անոնք իմաստութեան եւ հաւատքի հոգիին կը հակառակին, որովհետեւ, ամենէն մեծ ժառանգութիւնը, որ ծնողները կրնան իրենց որդիներուն ձգել, է նախ՝ Աստուծոյ սէրը, եւ ապա՝ աշխատասիրութիւնը: Աշխատասիրութիւնը աղքատ տունը կը կանգնեցնէ, հարուստը կը պահպանէ. իսկ ընդհակառակը, անգործութիւնը շինած տունը կը քանդէ, հարստութիւնը կը վատնէ, եւ այս պատճառով ահաւասիկ մատաղ հասակէն պէտք է մանուկները աշխատաիրութեան վարժեցնէլ, որպէսզի կարողանան նեղութիւններու համբերել, իրենց անձին եւ ուրիշներուն ծառայել»:

Դրամէն, լաւ ուտելիքէն ու լաւ հագուստէն, լաւ խաղալիքներէն ու լաւ հեռախօսներէն եւ համակարգիչներէն առաջ, ձեր զաւակներուն ԺԱՄԱՆԱԿ տրամադրեցէք: Ժամանակ տրամադրեցէք անոնց հետ ըլլալու, անոնց հետ ձեր առօրեայի ընթացքին գէթ 10-15 վայրկեան անցընելու: Ժամանակ տրամադրեցէք լսելու անոնց հարցումները: Ժամանակ տրամադրեցէք երբեմն-երբեմն առանց ոչ մէկ պատճառի կամ առիթի ձեռքերէն բռնել ու դուրս գալ պտտելու: Ժամանակ տրամադրեցէք զանոնք գրկելու, գգուելու, սիրելու: Անոնց լաւ զաւակ դառնալու բուն բանալին ձեր տրամադրած ԺԱՄԱՆԱԿն է, որու հետեւանքով ձեր զաւակները պիտի գնահատեն ձեր իւրաքանչիւր մանրադրամը, որ անոնց կու տաք, կամ իւրաքանչիւր հագուստը, խաղալիքը կամ հեռախօսը, որ անոնց կը բերէք եւ զգուշութեամբ եւ գուրգուրանքով պիտի վարուին անոնց հետ, եւ ո՛չ թէ անտարբերութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 հոկտեմբեր 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024