ՇՐՋՈՒՆ ՎԱՃԱՌՈՂՆԵՐ
-Աւել, աւե՜լ, մեծ ու փոքր աւելնե՜ր…
Կրկներգի պէս, յատուկ երաժշտութեամբ մը կը կրկնէ նոր վարձած տանս պատշգամին տակէն ամէն օր անցնող այս շրջուն վաճառականը: Ձեռքն ալ մէկական նմոյշ բռնած՝ պտըտելով կ՚երգէ: Ի՜նչ ալ անոյշ է ձայնը: Հոս ալ կան եղեր շրջուն վաճառողներ:
Կը յիշեմ Հալէպի շրջուն վաճառողները: Շատ փոքր տարիքիս գալայճի (կլայեկագործ)ները շաբաթը օր մը կանգնած կ՚ըլլային մեր թաղի մուտքին: Թաղեցի կանայք, մեծամասնութեամբ՝ հայեր, կը փութային անոնց մօտ, իւրաքանչիւրը խոշոր պղնձեայ կաթսայ մը շալկած: Կարգով այդ կաթսաները կը փայլեցուէին, կը նորոգուէին կարծես ու պատրաստ կ՚ըլլային ճաշ եփելու: Տարին անգամ մը կը կլայուէին պղնձեայ կաթսաները: Շատ անախորժ բոյր մը կը տարածուէր փողոցը՝ այդ գործողութեան ընթացքին: Ես մեծ հաճոյքով կը դիտէի այդ գործողութիւնը:
Մեր տունը գետնայարկ էր այդ ժամանակ, մօրս գիրկէն չէի իջներ, հանգիստ չէի ձգեր զինք, երբ արթուն ըլլայի, զիս գրկած կը կանգնէր մեր տան պատուհանին դիմաց, ուրկէ փողոցի անցուդարձը դիտելով կը զուարճանայի: Օր մը, երբ կլայեկագործները եկած էին ու կը հետեւէի անոնց մեր տան դուռը զարնուեցաւ ու մայրս զիս տեղաւորեց այդ պատուհանի լայն քարին վրայ, ուր յաճախ կը նստէի, ու գնաց դուռը բանալու: Հիւրին հետ մայրս դիմաւորեց նաեւ զիս Եանասիպ (լօթօ՝ վիճակահանութեամբ նիւթական պարգեւներ շահող թուագրեալ տոմսեր) վաճառողին գիրկէն: Հետաքրքրութեամբ դիտած պահուս կքած ու մայթին վրայ ինկած էի:
Եանասիպ ծախողները շատ կը շրջէին մեր թաղերը, հայ արհեստաւոր երիտասարդներու խանութներէն անպայման գնորդներ կ՚ունենային անոնք:
Ամրան կը լսուէր թութ վաճառողներուն ձայնը: Անոնք կառքին վրայ բլրաձեւ թութին կողքին շարած կ՚ըլլային նաեւ թութի հիւթերը՝ ապակեայ շիշերով: Նորածիններ ունեցողները անմիջապէս կը փութային գնելու այդ հիւթէն, քանի նորածիններուն լեզուին վրայ կաթէն գոյացած սպիտակ հետքը կը մաքրէր այս հիւթը: Յաճախ ալ վաճառողը կը շշմէր, թէ զինք կանչողը ո՞ւր է, կամ ալ իր ձայնը ուրկէ՞ կ՚արձագանգէ, քանի որ մանուկները տուներէն կը կապկէին անոր ձայնը, անշուշտ մինչեւ անոնց մայրը նկատէր ու լռեցնէր զիրենք.
-Լռեցէ՛ք, ամօթ է, հիմա անտոճին կը կանչեմ հա…
Անտոճին ալ այլ շրջուն մըն էր, որ պարապ պարկը ձեռքին, մայթ-մայթ, փողոց-փողոց կը շրջէր եւ մայթերուն վրայ կենալով ու վերերը դիտելով երգ մը կ՚երգէր, որ կը սկսէր՝ «Ըլլի անտօ…» (որուն որ քովը կայ…)ով, մի քանի տողանի երգ մըն էր, որ տան հինցած իրերու, հագուստներու, կահ-կարասիներու, ելեկտրական հին գործիքներու մասին էր, զորս կը գնէր ջնջին փոխարժէքով մը:
Ամէն տեսակ բանջարեղէն ու պտուղ կը վաճառուէր այս ձեւով: Լոլիկը, վարունգը, ձմերուկը, պտուղներուն տեսակները…: Առաջ, գրեթէ բոլորը ձիակառքերով կը շրջէին, ապա, հետզհետէ արդիականացաւ անոնց փոխադրամիջոցը: Ոմանք եռանիւ մոթորներ սկսան օգտագործել, որու զիլ ձայնը ետեւի թաղերէն կը լսուէր, իսկ եթէ մօտենար՝ խլացնելու աստիճան կ՚ըլլար: Վաճառողներէն ոմանք ալ աւելի համեստ, դարձեալ եռանիւ կառքեր կը գործածէին, զորս իրենք կը քալեցնէին: Ու մէյ մըն ալ կը նկատէիր, որ հայ տարեց կին մը, քիչ մը հեռուէն կը կանչէ, զոր օրինակ՝ լոլիկ ծախողը. «Ապու պանատորա՜», ծախողը կանգ կ՚առնէր, անշուշտ գիտնալով որ կանչող յաճախորդը հայ կին մըն է, վստահ որ մտքէն ալ բաներ մը կը մռմռար՝ «Ուլէք, անա ապու պանատո՞րա» (Ծօ՛, ես լոլոկին հա՞յրն եմ) ըսելով:
Ապու մասնիկը արաբերէնով հայրը կը նշանակէ, որ ընդհանրապէս կը կցուի տղոց անուններուն, ինչպէս օրինակ՝ Ահմատին հայրը կը կոչուի՝ ապու Ահմատ: Այս մասնիկը կը կրէին բոլոր երիտասարդները, նոյնիսկ երբ տակաւին չեն ամուսնացած, իսկ ամուսնանալէ ետք, եթէ նոյնիսկ տղայ զաւակ չունենան՝ անոնց անունը անփոփոխ կը մնայ: Մենք՝ հայերս ալ որդեգրած ենք այս մէկը հոն, ու մեր տղաքը իրենց հայրերուն անուններով կը կոչուին՝ ապու Յակոբ, ապու Խորէն, եւ այլն:
Վառելանիւթ (մազօթ) վաճառողներուն իւրաքանչիւրը ունէր իւրայատուկ ձայներանգ մը: Կազի շիշեր վաճառողներն ալ մաս կը կազմէին աս փաղանգին, կը նեղանայինք անոնց անախորժ ձայնէն, մետաղեայ գործիքով շիշերուն հարուածելով կը շրջէին անոնց կառքերը կամ ալ բեռնատար ինքնաշարժները:
Ու դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր: Մէկ խօսքով բաբախուն կեանք կար ամէնուրեք, շարժում, եռուզեռ, օտար չէինք զգար երբեք, թերեւս անոր համար, որ մենք ունէինք մեր թաղամասերը, մեր շրջանները:
Վերջին տարիներուն, սակայն փափաքելի էր լսել մանաւանդ երկու վերջին շրջուն վաճառողներուն ձայները: Պատերազմի պատճառով չքացած էր նաեւ վառելանիւթի եւ կազի շիշերու վաճառքը փողոցներուն մէջ: Կազի շիշերը կ՚օգտագործուէին ո՛չ թէ մարդուս կեանքի գոյատեւման օժանդակելու, անոր սնունդի ապահովման տեսանկիւնէն, այլ անոնց կեանքը խլելու եւ բնակարանները աւերակներու վերածելու համար:
Խաղաղութիւն կ՚որոնէինք երբեմն այդ ձայնեղ ու մարդառատ քաղաքին մէջ, մինչ հիմա՝ այս խաղաղ կեանքին անվարժ՝ կրծող կարօտով կ՚որոնենք այդ օրերը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ