ՀԱԼԷՊԻ «ՅԱՂԹԱՆԱԿ»ԷՆ ԵՏՔ, Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՍՊԱՍԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Այլեւս զարմանալի չէ լսել այն մասին, որ Սուրիոյ նախագահը անձմաբ պիտի այցելէ Հալէպ: Ճիշդ է նաեւ, որ երկրի նախագահ Պեշար Էսատի Հալէպի տալիք այցը փրկութիւն մը պիտի չըլլայ ծանրօրէն աւերակուած քաղաքին, բայց նման նախաձեռնութիւն մը բազմակի իմաստներ կը կրէ իր մէջ:
Զինուորական բաւական թէժ մարտերէ ետք սուրիական բանակը յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել Հալէպի համար քանի մը «բանալի» կեդրոններ համարուող թաղամասերը, նոյնիսկ «Հին Հալէպ» անունով ճանչցուած հատուածը:
Գաղտնիք ալ չէ, որ ռուսական օդուժի անմիջական ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին կողմէ բանակին թիկունքը ապահովելու գործողութիւնները մեծապէս նպաստեցին, որպէսզի անցնող չորսուկէս տարիներուն համար անիրականանալի համարուած Հալէպի «մաքրագործում»ը դառնայ իրականութիւն:
Բացի այս բոլորէն, Սուրիոյ տագնապի ծալքերուն հետեւող վերլուծաբաններուն համար ալ շատ յստակօրէն կ՚երեւի, որ Հալէպի մէջ եղած արագ փոփոխութիւնները արդիւնք են շրջանային համաձայնութիւններու, որոնք նոյնպէս իրենց «սնունդը» կը ստանան միջազգային հանրութեան համար կարեւոր համարուող որոշման մայրաքաղաքներէ:
Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւն կը բաշխէին այն մասին, որ այսօր՝ 10 Դեկտեմբեր, Շաբաթ, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին Ժընեւի մէջ հանդիպում մը կայացնել՝ քննարկելու համար սուրիական թղթածրարի վերջին զարգացումները:
Ճիշդ է, որ նախարարները առաջին անգամը չէ, որ պիտի հանդիպին, բայց հետաքրքրական է, որ բաւական «սառն» վիճակներու մէջ ըլլալէ ետք Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն մտադրած են միասին քննել Հալէպի հարցը: Խնդիրը միայն երկու գործիչներուն Սուրիոյ մասին բանակցութիւններ վարելը չէ, այլ յատկանշական է, որ անոնց ժողովին պիտի միանան երկու կողմերու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ նշանակուած զինուորական դիտորդներ:
Այս բոլորը պիտի կատարուին պահու մը, երբ մէկէ աւելի սուրիական ընդդիմադիր կայքէջեր («Մարդկային իրաւանց դիտարան» եւ այլ) լուր կը փոխանցեն այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգներ հետամուտ է Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած զինեալներուն հետ բանակցիլ եւ անոնցմէ խնդրել լքել իրենց դիրքերը եւ… հեռանալ:
Անշուշտ այս բանաձեւումը գետին կը շահի մանաւանդ, որ վերջին օրերուն իրենց կրած ծանր հարուածներուն տակ կքելով ընդդիմադիրները սկսան մտածել Հալէպէն հեռանալու տարբերակներուն մասին ու այդ առումով է նաեւ, որ անոնք կարիքն ունէին յարմար միջնորդի մը:
Յստակ է նաեւ, որ այս վիճակը սաղմնաւորուեցաւ Մոսկուայի անզիջող կեցուածքներէն ետք, երբ ռուսաստանեան կողմը կտրականապէս մերժեց խօսիլ Հալէպի մէջ եօթնօրեայ հրադադարի մը մասին եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այդ առիթով յայտարարեց, թէ Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ գտնուող զինեալները, որոնք պատրաստ չեն իրենց զէնքերը պետութեան յանձնել, կը համարուին ահաբեկիչներ եւ իրենք բաւական արդիւնաւէտ միջոցներ ունին պայքարելու համար այդ զինեալներուն դէմ:
Հոս կը ծագի հարց մը, որ կը վերաբերի «չափաւորական ընդդիմադիր» յորջորջուած զինեալներուն, թէ որո՞ւ կը ծառայեն անոնք եւ ի՞նչ հաշիւներէ մեկնելով է, որ կը կատարեն իրենց «դաւանած» կողմին հրահանգները:
Սուրիոյ ընդդիմութեան ամենէն «յառաջադէմ» համարուող գործիչները սկսած են հերթի կանգնիլ ամէն օր յայտարարելու այդ երկրին համար «նախատեսուած» իրենց ծրագրին մահուան մասին: Անոնցմէ մին է Միշէլ Քիլօ, որ վերջին օրերուն յայտարարութիւն մը ընելով կ՚ըսէր, թէ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը «մահացած է»:
Այլ խօսք, որ նոյն Քիլոն 2011 թուականէն ու նոյնիսկ անկէ առաջ (իր բանտարկուած օրերուն) ընդդիմութեան «գաղափարական դրօշակիր»ն էր եւ կը համարուէր այդ «չափաւորական» տարազով հրապարակ ելած ընդդիմութեան «գաղափարական հայր»ը:
Խնդիրն այն է, որ Քիլօ եւ անոր նման մտածող հարիւրաւոր գործիչներ այսօր իրենք զիրենք խաբուած կը զգան:
Խաբուած կը զգան, որովհետեւ 2011 թուականին սկիզբ առած բողոքի թէժ ալիքներէն ետք Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան նախատեսած բոլոր «ծրագիրները» ջուրը ինկան:
Ճիշդ է նաեւ, որ երկրին մէջ որոշ խմբակ մը (առաւելաբար սիւննի) խոր դժգոհութիւն ունէր Նախագահ Պեշար Էսատի վարչաձեւէն, բայց արեւմտեան երկիրներու «մութ սենեակ»ներուն մէջ Սուրիոյ համար «պատրաստուած» ծրագիրը կը միտէր ոչ թէ փրկել, այլ քաոսի եւ արեան մէջ խեղդել Միջին Արեւելքի երկիրներու շարքին բաւական լաիք եւ բարգաւաճ ընթացք մը ունեցող այդ երկիրը:
Աւելի՛ն. կար այլ «մութ» նպատակ մը եւս. վերջնականապէս վերացնել Ռուսաստանի ազդեցութիւնը եւ խզել Սուրիան շիիներու մեծ մայրաքաղաքէն՝ Թեհրանէն:
Անշուշտ այս բոլորը պիտի կատարուէին նաեւ ապահովելու համար Իսրայէլի թիկունքը եւ ընկճելու՝ շրջանին մէջ բաւական կարեւոր հաւասակշռութիւն ստեղծած Սուրիոյ արաբական բանակը:
Վերադառնալով Հալէպի մէջ տեղի ունենալիք հաւանական զարգացումներուն՝ պէտք է շեշտադրել, որ սուրիական բանակի արձանագրած երեւելի յաղթանակներէն ետք ընդդիմադիրներուն առջեւ մնացած է մէկ ճանապարհ, որն է հեռանալու ճանապարհը:
Ճիշդ է, որ ցարդ այդ առումով անոնք յստակ պատասխան մը չեն տուած, բայց յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչամեքենային համար նախընտրելի է, որ Հալէպի մէջ նոր արիւնահեղութիւն տեղի չունենայ եւ ընդդիմադիրներու գտնուած վայրերուն մէջ ալ, ուր մարդկային ծանրագոյն վիճակներ կան, կարելի ըլլայ կացութիւնը շրջանցել եւ նստիլ բանակցութեան սեղան:
Այս բոլորէն զատ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին՝ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ հանդէպ ունենալիք նոր մօտեցումը, որուն հիմամբ այս բոլոր հարցերը պէտք է կարգի դրուին Ուաշինկթըն-Մոսկուա ուղղակի «թէժ գծով»: Թրամփի համար կարեւոր չէ, որ ո՞վ պիտի մնայ Սուրիոյ իշխանութեան գլուխը, այլ կարեւոր է, որ ո՞վ թիկունք պիտի տայ իրեն սուր պայքար մղելու համար ԻՇԻՊ-ին («Իրաքի-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ:
Յստակ է նաեւ, որ երբ ԻՇԻՊ-ի մասին կը խօսինք, մեր աչքերը պիտի ուղղուին դէպի Ռաքքա։ Բնականաբար միայն Հալէպի հարցին կարգաւորումէն ետք է, որ Ռաքքան ԻՇԻՊ-էն մաքրագործելու գործընթացը սկիզբ կրնայ առնել:
Ինչ կը վերաբերի Մոսկուա-Ուաշինկթըն համագործակցութեան հեռանկարներուն. յստակօրէն երեւելի կը դառնայ, որ երկու կողմերը (խօսքը մասնաւորաբար նորընտիր նախագահ Թրամփի եւ անոր համախոհներուն մասին է) իրարու դրական նշաններ կ՚ուղարկեն:
Կարեւոր է նաեւ, որ երկու կողմերը կը գիտակցին, թէ յատկապէս Սուրիոյ այդքան խճճուած ու բարդ թնճուկի լուծման համար անհրաժեշտ է բաց եւ անկեղծ համագործակցութիւն մը:
Հալէպի մէջ Պեշար Էսատի յաղթանակը բնականաբար նոր իրավիճակ մը պիտի ստեղծէ:
Շատեր այդ յաղթանակը կը վերագրեն Էսատի հետ անմիջական գործակցութեան մէջ եղող շիի ջոկատներուն, լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին, նաեւ ռուսաստանեան օդուժին:
Կան այս բոլորը: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Էսատն ու իր բանակը առանձինն պիտի չկարողանային այս կարեւոր յառաջընթացը իրագործել: Բայց այստեղ գոյութիւն ունի հիմնական կէտ մը, որ Էսատի քաղաքական կամքն ու տոկունութիւնն է:
Այս հիմնական կէտը յառաջիկայ շրջանին համար պիտի ստանայ իր դրական միաւորները եւ Սուրիոյ վերանորոգուած իշխանութիւնը պիտի վերադառնայ ամբողջ շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարի նախկին դերին:
Ճիշդ է, որ Հալէպի յաղթանակը Սուրիոյ տագնապը իր լրումին պիտի չհասցնէ: Տակաւին կա՛ն, գոյութիւն ունին տասնեակ շրջաններ, որոնք վերջին հինգ տարիներուն դարձան ամենէն արմատական իսլամներու բնակավայրն ու բոյնը:
Կա՛յ՝ Տէր Զօրը, կա՛յ Ռաքքան եւ կայ մանաւանդ Իտլիպը: Սուրիոյ բանակին համար ալ կայ երկար եւ բաւականին բարդ ու դժուար ճանապարհ մը:
Բացի այս բոլորէն, սակայն կա՛յ մեծ վտանգը ԻՇԻՊ-ին, որ այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս եօթգլխանի հրէշ, որուն ոտքերն ու ձեռքերը թաղուած են անտեսանելի հողերու տակ ու ծածկուած են բաւական թանձր ու մուգ շղարշներով: Այս միաւորումը կը գործէ մարմնին մէջ տարածուած քաղցկեղի սկզբունքով եւ ատոր համար է նաեւ, որ կը հանդիսանայ վտանգաւոր: Անոր ահաբեկչական մարմնի օրկանները կը գործեն համահունչ եւ ըստ պահանջի պարզ համարուող կեդրոնը կը դառնայ հրամանատարութեան դեր կատարող օճախ, իսկ վտանգի պարագային ղեկավար տարրեր ներգրաւող ԻՇԻՊ-ի որեւէ կեդրոնատեղի արագօրէն կը լուծարուի եւ «կ՚ոչնչանայ»:
Այս պատճառով է նաեւ, որ CIA-ի կողմէ հրապարակուած եւ անցնող երկու տարիներուն ԻՇԻՊ-ի 50 հազար զինեալներու սպաննութեան մասին տեղեկագիրները կը դառնան անիմաստ, որովհետեւ ԻՇԻՊ-ը սիւննի աշխարհին մէջ դադրած է իբրեւ մարմին ներկայանալէ եւ դարձած է ոգի:
Հոս է վտանգը: Ու վտանգը կը կայանայ անոր մէջ, որ սիւննի աշխարհին Հալէպի մէջ կրած պարտութիւնը կրնայ իր ծանրագոյն եւ երկար ծրագրի վրայ երեւցող հետեւանքները ունենալ:
Այսինքն չէ բացառուած, թէ նոյն ԻՇԻՊ-ը, որ իր գործունէութեան սկիզբէն ի վեր յաջողեցաւ խաղի «իր» կանոնները պարտադրել, չի բացառուիր, որ այս անգամ ալ ընտրէ նո՛ր խաղի նո՛ր կանոններ ու նոյնիսկ վայրեր:
Այդ վայրերէն ամենէն հաւանականը կրնայ ըլլալ Լիբանանը, ուր կայ սիւննի-շիի մեծ սրացում եւ ուր Պեշար Էսատի եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ եղող պաղեստինեան եւ սուրիական գաղթակայանները կրնան դառնալ ԻՇԻՊ-ին համար սիրելի «հնոց»ներ:
Այս բոլորը կան եւ այս բոլորը սպասելի են:
Բայց հիմնականը երեւումն է Սուրիոյ տագնապի նոր փուլին, որ անշուշտ պայմանաւորուած է Հալէպի «անկում»ով կամ «յաղթանակ»ով եւ երկու պարագային ալ կան բաւական մեծ ու վտանգաւոր հարցադրումներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան