ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

ԱՆՉԱՓ ՇՆՈՐՀՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Աստուած իր հոգին ամբողջապէս անոր տուած է» (Յհ 3.34):

Մեկնութիւն. Տալ, ղրկել եւ լսել. ասոնք մեր մէջ զիջանելով են, ինչպէս յայտնի է մեկնիչին մօտ: Դարձեալ, ըստ Աստուածաբանին. «Ո՛չ թէ չափով կու տայ, այսինքն՝ որովհետեւ ոչ կու տայ եւ ոչ կը չափէ, քանի որ Իր էակիցն է», ասիկա Արիոսին դէմ կ՚ըսէ: Այս երրորդ պատճառն է, որովհետեւ Քրիստոսի անունը պէտք էր հռչակուէր շնորհքներու լրումին համար, քանի որ ինչպէս մարմինին զգայարանքը գլուխն է, այդպէս ալ մեր Գլուխին՝ Քրիստոսի մէջ է շնորհքներուն լրումը: Իսկ միւս բոլոր սուրբերը շնորհքը մասնակի կերպով ունին, ըստ այնմ՝ շնորհներուն բաժիններ են եւ յաջողութիւններուն բաժիններ, եւ այլն, որ Հոգին ըստ կարողութեան կը բաժնէ: Իսկ Քրիստոս, որովհետեւ երկինքէն է ու ինչ որ լսեց եւ տեսաւ, պատմեց, այդ պատճառով ալ շնորհներու կատարումն ու լրումը ունի, եւ կատարեալ ձեւով կը պարգեւէ ուրիշներուն: Իսկ միւս սուրբերը շնորհքները մասնակի կ՚ընդունին եւ մաս մը ուրիշներուն կը պարգեւեն:

Հարցում. Ի՞նչ պատճառով:

Պատասխան. Այս է պատճառը, որովհետեւ բոլոր մարդիկը չափաւոր են, քանի որ էութիւնը [մարդկային] չափաւոր է, այդպէս ալ անոր բոլոր շնորհքները, որովհետեւ երբ ենթական կը չափաւորէ, հնարաւոր չէ, որ պատահումը անչափ ըլլայ: Իսկ Քրիստոսի մարդկութիւնը անչափօրէն ունի շնորհքները, որովհետեւ ամբողջ ներգործութիւնը եւ շնորհքներուն տեսակները ունի՝ Աստուծոյ Բանին հետ միութիւնով, որ անչափ է եւ նոյն Բանն Աստուածը Քրիստոսի մարդկութեան ենթակայ եղաւ անքակ միութեամբ եւ անշփոթ խառնումով:

ՀՕՐ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հայրը կը սիրէ Որդին» (Յհ 3.34):

Մեկնութիւն. Այս չորրորդ պատճառն է, թէ պէտք էր որ Քրիստոս այէր ու մեծնար, իսկ Յովհաննէսը քաշուէր, որովհետեւ Քրիստոս բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է, իսկ միւս բոլոր սուրբերը, հրեշտակներն ու երանելիները որդեգրութեան շնորհիւ: Եւ տես Մկրտիչին աստուածաբանութեան կարգը. նախ բարձրագոյնը ըսաւ՝ երկինքէն է: Եւ ապա ըստ մեզ իջաւ, ինչ որ լսեց ու ղրկուեցաւ եւ Հոգին տուաւ: Հիմա դարձեալ Բանին ամենէն բարձրերը կը հանէ, որպէսզի չկարծես թէ փոքրացաւ եւ կամ արարած ըսել Իրեն: Կ՚ըսէ. «Հայր եւ Որդիին եւ ո՛չ՝ Արարիչ, եւ Որդի է Հօր ու ո՛չ՝ արարած», իսկ ըսելը՝ Հայրը կը սիրէ Որդին, ցոյց կու տայ, թէ նոյն կարողութիւնը ունի Հօր հետ եւ նոյն Աստուածութիւնը: Իսկ որ կ՚ըսէ՝ կը սիրէ, պատճառաբար պէտք չէ իմացուի ըսելը՝ Հայրը կը սիրէ Որդին, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին ո՛չ թէ կամաւորաբար Հօրմէն կ՚ելլէ, այլ՝ բնականաբար, այդ պատճառով Հօր սէրը Որդիին ելման պատճառը չէ, այլ՝ պէտք է զայն կցորդաբար եւ նշանակաբար իմանալ, որովհետեւ Հօր Աստուծոյ սէրը կցորդ է ու յաւէտակից՝ Որդիի ելման:

ՀՕՐ ՏԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Իսկ ըսելը. «Ամէն ինչ Անոր յանձնած է» (Յհ 3.35), այսինքն՝ Աստուածութիւնը, կարողութիւնը, իշխանութիւնը, շնորհը, եւ միւս բաները: Տալ ունենալ կը նշանակէ, որովհետեւ էութեամբ Հօրմէն ունի, ինչպէս բնութիւնը, այդպէս ալ կարողութիւնը, նորգործութիւնը, եւ այլն:

Ասիկա ըստ Աստուածութեան:

Դարձեալ, ըստ մարդկութեան ամէն ինչ տրուած է Անոր ձեռքը՝ Աստուծոյ Բանին հետ միաւորութեամբ, ինչպէս որ Ինք կ՚ըսէ Մատթէոսի մէջ. «Ինծի ամէն իշխանութիւն տուաւ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ» (Մտ 28.18), եւ այդպէս ալ պէտք է այս խօսքը իմանալ, այսինքն՝ Հօր սէրը: Այստեղ պատճառաբար կը դնէ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը Քրիստոսի մարդկութեան նկատմամբ պատճառ է բոլոր պարգեւներուն, որ Հայրն Աստուածը Քրիստոսը մարդկութեան տուաւ:

Յովհաննէս երբ չորս պատճառով ցոյց տուաւ, թէ պէտք էր որ Քրիստոս փառքով եւ համբաւով մեծնար, ատկէ ետք կ՚եզրակացնէ խօսքը, թէ շատ բարի բան է Քրիստոսի հաւատալը, եւ ատով աշակերտները Քրիստոսի մօտ կը բերէ:

ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՎԱՐՁՔԸ

Խօսք. «Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ յաւիտենական կեանքը կ՚ունենայ» (Յհ 3.36):

Մեկնութիւն. Այս մէկը պէտք է իմանալ կատարեալ հաւատքին համար, որ Աստուծոյ սիրով կենդանացած է: Այդ հաւատքը յաւիտենական կեանքի սերմն ու արմտան է, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի յոյսը: Տե՛ս աստուածաբանութիւնը, թէ ըսաւ՝ Որդի է եւ ամէն ինչ ունի ու հաւատալի է, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի տուող է, հետեւաբար Աստուած է եւ Արարած [փխ. Արարիչ]: Ասիկա Արիոսին ընդդէմ: Դարձալ, Նեստորին հակառակ, որովհետեւ Քրիստոս մարմինով՝ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է եւ մարմինով ունի ամէն իշխանութիւն, եւ մարմինով կը հաւատանք Քրիստոսի, եւ մարմինով է՝ յաւիտենական կեանքի Տէրը, հետեւաբար Քրիստոս մարմինով է ճշմարիտ Աստուած, եւ այսպէս խոստովանողներուն յաւիտենական կեանք կու տայ: Իսկ անոնք որոնք Բանը մարմինէն կը բաժնեն, եւ անոնք որոնք Որդիին Աստուածութիւնը կ՚ուրանան, եւ անոնք որոնք Քրիստոսի չեն հաւատար, այդպիսիներուն պատիժը ցոյց կու տայ:

Խօսք. «Իսկ ան որ չի՛ հնազնադիր Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 3.36):

Մեկնութիւն. Նոյն է, որովհետեւ Բանին հաւատալն ու հնազանդիլը կամքին կը վերաբերի, իսկ չհաւատալն ու չհնազադիլը նոնպէս կամքէն յառաջ կու գան:

Այստեղ կրկնակի պատիժ կը ցուցնէ. նախ՝ որ բնաւ չեն կրնար Երկինքի Արքայութեան հասնիլ, ինչպէս կ՚ըսէ՝ «յաւիտենական կեանքը պիտի չտեսնեն» (Հմմտ. Յհ 3.3, 36): Երկրորդ՝ այն, թէ Աստուծոյ բարկութիւնը այդպիսիին վրայ կը մնայ:

Այսքանը այս մասին:

Այստեղ է աւարտը Քրիստոսի չորս փրկագործութիւններուն. նախ՝ որ մկրտութեան խորհուրդը կարգեց, ինչպէս Նիկոդեմոսին մօտ: Երկրորդ՝ որ խաչին համար պղնձէ օձին օրինակը տուաւ: Երրորդ՝ որ Իր ղրկուելուն մասին խօսեցաւ՝ աշխարհի փրկութեան համար. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը» (Յհ 3.16):

Չորրորդ՝ Մկրտիչը բազմաթիւ խօսքերէ ետք վկայեց. «Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ յաւիտենական կեանքը կ՚ունենայ» (Յհ 3.36), որ մեզ եւս արժանի ընէ Քրիստոս Աստուած՝ ուղիղ հաւատքով հասնելու Իր մօտ:

Եւ Անոր փառք յաւիտեանս: Ամէն:

ԳԼՈՒԽ Դ.

Խօսք. «Երբ Յիսուս գիտցաւ, թէ փարիսեցիները լսեցին» (տե՛ս Յհ 4.1):

Մեկնութիւն. Վերը խօսեցաւ չորս տեսակի փրկագործութիւններու մասին, որով ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է: Այստեղ, Չորրորդ գլուխին համար կ՚ըսէ, որ անչափութիւն է եւ գաղտնիք մարդոց գիտնալուն համար: Նախ սամարուհի կնոջմով ցոյց տուաւ: Դարձեալ՝ մինչեւ հիմա հրեաներու փրկութեան մասին ըսաւ, այստեղ հեթանոսներուն փրկութիւնը կը կամենայ ցուցնել: Եւ գիտելի է, թէ փարիսեցիներն ու սադուկեցիները կը նախանձէին Յովհաննէսի քարոզութեան, այդ պատճառով թոյլ տուին, որ բանտարկուի, ինչպէս Մատթէոս կ՚ըսէ. «Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին» (Մտ 17.12), նոյնպէս եւ Քրիստոսին ալ կը հալածէին եւ ապա մահուան մատնեցին: Ասոնք սուտ վկայութիւն կու տային Քրիստոսի մասին:

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԿՐՏԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Յիսուս անձամբ չէր մկրտեր» (Յհ 4.2):

Մեկնութիւն. Ինչպէս որ Քրիստոսի սովորութիւնն էր կատարել եւ ուսուցանել, այդպէս ալ նախ Ի՛նք երկու աշակերտները մկրտեց, իսկ անոնք միւսները կը մկրտէին Անոր հրամանով: Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի մկրտութիւնն է, որու ձեռքով ալ որ ըլլայ, քանի որ Քրիստոսի անունով եւ Անոր սահմանածով կը մկրտեն: Իսկ միւս պատճառը նախապէս ցոյց տրուեցաւ:

Խօսք. «Ձգեց Հրէաստանը» (Յհ 4.3):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ հրեաները նախանձի պատճառով կը հալածէին Քրիստոսը: Հրէաստանէն ելաւ ո՛չ թէ հալածանքէն վախի պատճառով, այլ՝ որպէսզի մեղմացնէ անոնց նախանձը: Երկրորդ՝ որովհետեւ եթէ չփախչէր, կը կարծէին ոմանք, թէ պարզապէս աչքին երեւցող մարմին է, այդ պատճառով ոչ ոքէ կը վախնայ, այլ՝ Ան փախուստ կու տար, որովհետեւ ճշմարիտ մարմին ունէր՝ առանց մեղքերու: Երրորդ՝ Յովհաննէսը պատուելու համար: Չորրորդ՝ թէ նախանձի պատճառով եւ փառասիրութեամբ չէր, որ կը մկրտէր ու մարդիկը դէպի Իրեն կը քաշէր:

Մեր մօտ այս բանի մասին երկու օրինակ կայ. նախ՝ թէ նորագոյն վարդապետները ինչքան ալ իմաստուն ըլլան, պարտաւոր են առաջին [իրենցմէ առաջ եղող] վարդապետները պատուել, եւ ատով ճշմարտութիւնը չի՛ կորսուիր: Եւ երկրորդ՝ ինչպէս որ Քրիստոս հրեաներուն հակառակութեան պատճառով Հրէաստանէն ելաւ, այդպէս ալ յետագային առաքեալները ըրին: Պօղոսն ու Բառնաբասը կ՚ըսէին. «Պէտք էր նախ ձեզի քարոզէինք Աստուծոյ խօսքը. բայց քանի կը մերժէք զայն..., ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք» (տե՛ս, Գրծ. 13.46): Այդպէս ալ պէտք է բոլոր վարդապետներուն հետ վարուիլ եւ չարին հակառակ չըլլալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 31

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019