ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓ ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԿՈՒ ԱՊՏԱԿ ՍՏԱՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Անցեալ ամիս նախագահ Թրամփ երկու նոր մեծ սխալ աւելցուց երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ, ամբողջ տարուան մը ընթացքին գոյացած սխալ որոշումներու երկար ցանկին վրայ:

18 Դեկտեմբեր 2017-ին Միացեալ Նահանգներ վեթօ դրին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի այն որոշման դէմ, որ կոչ կ՚ընէր չեղեալ նկատել նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այնտեղ տեղափոխելու յայտարարութիւնը: Ապահովութեան խորհուրդի միւս բոլոր 14 անդամները, ներառեալ՝ Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, կողմ քուէարկեցին բանաձեւին, որ իրաւացիօրէն կը պնդէր, թէ՝ «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով»: Անիկա նաեւ կոչ կ՚ընէր բոլոր պետութիւններուն՝ ձեռնպահ մնալու իրենց դիւանագիտական առաքելութիւնները Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին մէջ:

Երուսաղէմի կարգավիճակը բաւական վիճայարոյց եւ զգացական հարց է հրեաներուն, մահմետականներուն եւ քրիստոնեաներուն համար:

Իսրայէլ գրաւած էր Երուսաղէմի արեւելեան հատուածը՝ 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին եւ զայն միացուցած էր իրեն՝ խախտելով միջազգային օրէնքը: Իսրայէլ Երուսաղէմը կը նկատէ իր «անբաժանելի եւ յաւերժական մայրաքաղաքը»: Միւս կողմէ՝ պաղեստինցիները արեւելեան Երուսաղէմը կը նկատեն ապագայ Պաղեստին պետութեան մայրաքաղաքը:

ՄԱԿ-ի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պիտի մերժէ տեսակցիլ փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ, Միջին Արեւելք անոր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին: Աւելի ուշ ուղեւորութիւնը յետաձգուեցաւ: Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշման դէմ: Պաղեստինի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի ճանչնար Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ կռուող կողմերու միջեւ խաղաղութեան անաչառ միջնորդ:

Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մլատենով զգուշացուց, որ նախագահ Թրամփի միակողմանի գործողութիւնը կը նուազեցնէ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները՝ «խոչընդոտելով չափաւորականները եւ ուժեղացնելով արմատականները»:

Նախագահ Թրամփ իր որոշումը արդարացուց՝ հիմք ընդունելով Գոնկրէսին կողմէ 1995-ին ընդունուած օրէնքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին: Սակայն այդ ժամանակէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները ազգային անվտանգութեան մտահոգութիւններէ մեկնած՝ վեց ամիսը անգամ մը յետաձգած են տեղափոխումը: Անոնք չեն փափաքած վնաս հասցնել արաբ-իսրայէլեան խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կամ բորբոքել արաբական եւ իսլամական աշխարհի կիրքերը:

Այն փաստը, որ Թրամփ իր նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ խոստացած էր ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրել, չի կրնար արդարացնել անոր վերջին որոշումը: Մէկ տարի առաջ ես գրած էի, որ Թրամփ անխոհեմ խոստում մը տուած էր, որուն կատարումը կրնար վտանգաւոր ըլլալ:

Միացեալ Նահանգներու համար հարցը աւելի խորացնելով՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը, ուր Միացեալ Նահանգներ վեթոյի իրաւունք չունի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը ընդունեց՝ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող նախագահ Թրամփի որոշումը «անվաւեր» յայտարարելով: Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութեան մը համար շատ վիրաւորական է ունենալ դէմ քուէարկած 128 երկիր, միայն 8 թեր, 35 ձեռնպահ եւ 21 բացակայ երկիրներ: Այսպէսով, Թրամփ Միացեալ Նահանգները ծիծաղի առարկայ դարձուց ամբողջ աշխարհին առջեւ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի աջակցեցան միայն անծանօթ եւ փոքր երկիրներ, ինչպէս՝ Թոկօ, Միքրոնեզիա, Մարշալեան կղզիներ, Նաուրու եւ Փալաու:

Ընդհակառակն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ շատ մեծ երկիրներ դէմ քուէարկեցին Միացեալ Նահանգներու, օրինակ՝ Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Պելժիա, Դանիա, Ֆինլանտա, Յունաստան, Թուրքիա, Իտալիա, Ճաբոն, Հոլանտա, Նորվեկիա, Փորթուգալ, Հարաւային Քորէա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Շուէտ եւ տասնեակ այլ երկիրներ:

Կարծես թէ այս ծանր կացութիւնը քիչ էր, նախագահ Թրամփ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի հպարտօրէն յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնեն իրենց կողմէ տրամադրուող օգնութիւնը այն երկիրներուն, որոնք իրեն դէմ քուէարկեցին: Ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր իրենց օգնութիւնը դադրեցնելու այս 128 պետութիւններէն գոնէ մեծ մասին ուղղուած: Աւելի՛ն. երբ Միացեալ Նահանգներու նման հզօր պետութիւն մը կը տրամադրէ արտաքին օգնութիւն, այդ կ՚ընէ՝ մեկնած իր սեփական շահերէն: Դադրեցնելով օգնութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ վտանգի տակ կը դնեն իրենց ազգային շահերը: Ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներ ինքնաբերաբար կը գնեն այլ երկրի մը անկախ իրաւունքը այն մասին, թէ ան ինչպէ՛ս պէտք է քուէարկէ ՄԱԿ-ի մէջ, կամ կը փորձէ ստիպել տուեալ երկրին՝ հնազանդիլ իրեն:

Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի հարցին, հայկական մամուլին մէջ շատ քննարկումներ եղան Հայաստանի՝ ՄԱԿ-ի մէջ 21 Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն դէմ կատարած քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին: Մտավախութիւն կար, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն պիտի չստանայ արտաքին օգնութիւն եւ Իսրայէլի կողմէ պիտի դիտուի իբրեւ թշնամի:

Իմ կարծիքով, այս երկու տեսակէտները հիմնաւորուած չեն: Համոզուած եմ, որ Գոնկրէսին մէջ Հայաստանի կողմնակիցներուն մեծ մասը պիտի վերահաստատէ օգնութիւնը՝ ընդդէմ Սպիտակ տան ցանկութեան, եթէ, անհաւանականօրէն, Թրամփ իրականացնէ իր սպառնալիքը:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն, ապա Հայաստան ոչ մէկ վտանգ պիտի դիմագրաւէ, քանի որ Իսրայէլ ցարդ բարեկամաբար տրամադրուած չէ Հայաստանի նկատմամբ: Իսրայէլ դեսպանատուն չունի Երեւանի մէջ, կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ մահացու զէնքեր կը վաճառէ Ատրպէյճանին՝ հայեր սպաննելու համար: Նոյնիսկ Ատրպէյճան, հակառակ Իսրայէլի հետ իր ջերմ յարաբերութիւններուն, դէմ կը քուէարկէ Ամերիկայի որոշումին: Թուրքիա նոյնպէս դէմ քուէարկած է այդ որոշումին:

Բացի այդ, ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկութենէ ձեռնպահ մնալը կամ բացակայ ըլլալը անկէ՝ Հայաստանը պիտի մեկուսացնէր աշխարհի մնացեալ պետութիւններէն, արաբական եւ իսլամական երկիրներու հայ համայնքներէն եւ պիտի հակասէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի ցանկութեան. հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու որոշումը:

Վերջապէս, Իսրայէլի ղեկավարները պէտք չէ ողջունեն Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը, քանի որ այդ մէկը չի բխիր Իսրայէլի շահերէն՝ թշնամանալ մնացեալ աշխարհին հետ եւ մեկուսացնել ինքզինք: Իսրայէլ պէտք է դէպի իր կողմ թեքէ այլ երկիրներ, յատկապէս պաղեստինցիները՝ բանակցութիւններու միջոցով հասնելով հարցի խաղաղ կարգաւորման, այլ ոչ թէ՝ ուժի կիրարկման կամ բռնութեան ճամբով…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արեւելահայերէնի թրգմ. ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018