ՉԵՄ ՅԻՇԵՐ

Աս ի՞նչ է, բոլոր հանրախանութներուն մէջ ուտեստեղէնի պակաս կայ, եղածին ալ չես վստահիր, մանաւանդ՝ կաթնեղէններուն, որոնք ընդամէնը մի քանի օրուան կեանք ունին: Ահա, տարին սկսելէն մի քանի օր անցաւ ու դեռ հին թուականներով կաթնեղէն կը վաճառուի: Հապա մսեղէ՞նը, ընդհանրապէս չքացած է: Հահահա, մսեղէնի սառնարաններուն փեղկերը բացուած, միսի փոխարէն քաղցրեղէնի տուփեր տեղաւորուած են, իսկ խմիչքի շիշերը՝ կը վխտան ու իւրաքանչիւր այցելու շիշ մը առած, տուփ մըն ալ քաղցրեղէն վերցուցած կը մօտենայ հաշուիչի սնտուկին, այո՛ սնտուկին, քանի միայն մէկը կ՚աշխատի, է՜, պաշտօնեաներն ալ արձակուրդի են, տօնական է ամէն ինչ, Յունուարը այսպէս է հայրենիքի: Ուրեմն ուրկէ՞ պէտք է ճարել կտոր մը միս, կամ նոյնիսկ հաց, թէեւ օթեկ, թէեւ մէկ-երկու օրուան...: Չէ՛, պէտք է Յունուար ամիսներուն սառնարանը լեցնեմ մէկ ամսուան պաշարով, ասոր ալ համակերպիլ պէտք է:

Այսպէս խորհելով ու հազիւ հաց մը եւ քիչ մըն ալ պանիր ճարած դուրս կ՚ելլեմ հանրախանութէն: Մայթին վրայ, տակաւին ներսի վիճակէն շշմած, կը քալեմ ու ահա գեղադէմ երիտասարդ մը կը կանգնի դէմս, բուրդէ գլխարկը գլխէն հանելով կը բարեւէ ու.

-Օրիո՛րդ, ինչպէ՞ս էք, դո՞ւք ալ հոս էք, երբեք չէք փոխուած...:

Փայլուն աչուկներուն մէջէն կը փնտռեմ զինք, բայց՝ չեմ գտներ: Ինչպէ՞ս կարելի է, տարիներ առաջ ինծի աշակերտած, գոնէ երկու տարի տեսած ըլլալու եմ զինք, դասի հանած, ուղղագրութեան տետրը սրբագրած, հրաժեշտի հանդիսութեան հետը զուարճացած, գրաւորի հարցարանը սրբագրած, աշակերտական տօնախմբութիւններու ներկայ գտնուած...: Ինչպէ՞ս չեմ յիշեր: Յիշողութեանս դաւաճանութիւնը նկատել չտալու համար կը զրուցեմ հետը, հարցումներ կը հարցնեմ, ինչպէս պիտի հարցնէի ոեւէ հալէպահայ երիտասարդի: Կը պատասխանէ ջերմ նայուածքներով, ու կը բացայայտէ դժուարութիւնները՝ ծնողքէ հեռու ըլլալը, առանձնութիւնը, ուսումը անաւարտ թողուլը...

-Ո՛չ, տղաս,- կ՚ըսեմ յանկարծ,- վկայականը կարեւոր է, պէտք է ուսանիլ անպայման, զէնք է անիկա ձեռքիդ ուր ալ ըլլաս:

-Ո՞ւր կրնամ երթալ որ, օրիո՛րդ,- կ՚ըսէ տխուր շեշտով,- ամէն կողմ դիմեցի, մերժուեցայ, ալ յոյսս կտրած հոս պիտի հաստատուիմ: Լաւ է հոս, միայն պէտք է քիչ մը ժամանակ անցնի, որ ապրուստի միջոցները գտնենք, ընտելանանք: Հիմա barman եմ, վարպետս կ՚ըսէ, որ այս գործը հազար ուսանողէ աւելի շահ կը բերէ...:

Ու bar-երու անուններ կը շարէ, որոնք շա՜տ են այս գիշերային քաղաքին մէջ, որոնց մէջ կ՚աշխատին, կամ առաջին տարիներու աշխատանքը հոն միայն կը ճարեն պատերազմէն փախուստ տուող, զինուորական ծառայութենէն փախուստ տուող մեր երիտասարդները: Աշխատանքը ամօթ չէ հարկաւ, բայց այս պարագային ուսման հաշուոյն է որ տեղի կ՚ունենայ: Իսկ ինչպէ՞ս ուսանի երիտասարդը, երբ գիշերուան ուշ ժամերուն հազիւ հազ կը գտնէ անկողին մը տաքնալու, ե՞րբ պիտի կարողանայ յաճախել ուսումնարան կամ համալսարան, ստիպուած պիտի զոհէ բան մը, բանի մը հաշուոյն, պիտի ընտելանայ ու հարազատ ալ զգայ այն միջավայրը, որուն օտարն էր ատենին, որուն մէջ գտնուիլը մտքին մէջ իսկ տեղ չէր գտած...:

Կը նայիմ աչուկներուն, սեւաչեայ այս երիտասարդին աչուկները կ՚որոնեմ տակաւին անուն մը տալու անոնց տիրոջ, յիշելու թերեւս, կը պտտիմ մտովի դասարաններուն մէջ, դպրոցին բակին մէջ, կը գտնեմ կարծես զանոնք աւելի մանրակազմ մանչուկի մը դէմքին վրայ, սակայն անունը, ի՞նչ էր արդեօք անունը՝ Սեդրա՞կ, Յովի՞կ, Սագօ՞, Մովսէ՞ս, Յարո՞ւթ...: Չեմ յիշեր...:

Սառնորակ կլիմային մէջ իսկ կը բուրէ անոր տարազը ծուխ, գիշերային բոյրեր, վերարկուին վրայ տեղ մը պատռուածք ու կոշտ կարերով կարուածք կայ: Առձեռն հեռաձայնը կը ճչայ, կը լռեցնէ անմիջապէս, կարծես չ՚ուզեր որ բան մը խանգարէ այս պահը, կարծես դէմս կեցած անցեալէն պատկերով մը կ՚ուզէ երթալ հոն, կարօտ մը թափել ու ետ վերադառնալ, ու կը շարունակէ զուարթ դէմքով զրուցել.

-Barista-ի վկայական ալ առի, օրիո՛րդ, աշխատավարձս քիչ մը բարձրացաւ այդ վկայականով, հիմա այս գործն է որ կը փնտռուի, եթէ յառաջանամ, թերեւս դուրսէն ալ փնտռուիմ:

Կը շարունակէ իր կեանքին անորոշ ուղիին անուն մը տալու ջանքով, ինքզինք արդարացնելով թերեւս, ուսման փոխարինող բան մը գտած ըլլալու համոզումով: Առձեռն հեռաձայնը կրկին կը սկսի ճչալ: Դժգոհութեամբ դարձեալ կը լռեցնէ ու.

-Գործիս տեղէն է, կը կանչեն, պէտք է երթամ:

Վերջին նայուածք մըն ալ կը նետեմ ու հրաժեշտիս անուն մը փակցնել կ՚ուզեմ, սակայն ջանքերս ի զուր են, չեմ յիշեր...:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018